ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՆԱԹՕ-Ի ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎ

Երէկ, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ժողովը։ Այս հաւաքին մասնակցեցաւ նաեւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Նուրետտին Ճանիքլի։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, նախարարը Պրիւքսելի մէջ ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Այս ամբողջին մէջ ան տեսակցեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիսի հետ։

Թուրքիոյ եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ վերջին շրջանին յառաջացած են որոշ տարակարծութիւններ։ Արդարեւ, ամրապնդելու համար իր օդային անվտանգութիւնը՝ Թուրքիա որոշած է Ռուսաստանէն ապահովել Ս-400 հրթիռներ։ Այս մթնոլորտին մէջ, Պրիւքսելի երէկուան ժողովին ընթացքին թրքական կողմը փոխանցեց այն պատգամը, թէ ՆԱԹՕ-ի հետ ներդաշնակ հրթիռային համակարգերուն նկատմամբ կը շարունակուի իր հետաքրքրութիւնը։ Այսպէս, Թուրքիա Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի հետ ներգրաւուեցաւ նոր ծրագրի մը։

Մինչ այդ, Նուրետտին Ճանիքլի Ճէյմս Մաթիսի հետ տեսակցութեան ընթացքին կանգ առաւ Թուրքիոյ անհանգստութեան վրայ՝ Միացեալ Նահանգներու կողմէ առնուած կարգ մը քայլերու բերումով։ Իր կարգին, Մաթիսն ալ շեշտեց, որ ՓՔՔ-ի գլխաւորութեամբ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարի մէջ ԱՄՆ կը զօրակցի Թուրքիոյ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017