ՎԱՀԱՆ ԹՈԹՈՎԵՆՑԻ ՎԷՊԸ ՌՈՒՄԱՆԵՐԷՆՈՎ

Ռումանիոյ Հայոց միութեան «Արարատ» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է Վահան Թոթովենցի «Կեանքը հին հռովմէական ճանապարհի վրայ» յայտնի վէպը ռումաներէն թարգմանութեամբ, 159 էջ: Թարգմանութիւնը կատարած է ռումանահայ ծանօթ լրագրող, գրող եւ թարգմանիչ, Ռումանիոյ եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ Մատլէն Գարագաշեան։ Ան ծնած է 1934 թուականին Ռումանիոյ Քրայովա քաղաքը, գաղթականի ընտանիքի մէջ: Ստացած է երաժշտական կրթութիւն, երկար տարիներ աշխատակցած է Ռումանիոյ ձայնասփիւռի զանազան ծրագրերուն, ռումանական տասնեակ թերթերու եւ հանդէսներու՝ բազմիցս անդրադառնալով նաեւ հայկական մշակոյթին եւ անոր մեծերուն, Հայաստան կատարած իր ուղեւորութիւններուն: Զուգահեռ աշխատած է նաեւ Պուքրէշի «Արարատ» եւ «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթի խմբագրութեանց մէջ, թղթակցած է «Հայրենիքի ձայն»ին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Մատլէն Գարագաշեան սկսած է թարգմանութիւններ կատարել 1982 թուականին, հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներէ: Հայ գրականութենէն ան թարգմանած է Ալեքսանդր Շիրվանզատէի, Աւետիք Իսահակեանի, Մետաքսէի, Կարինէ Խոդիկեանի, Դաւիթ Մուրատեանի, Ալեքսանդր Թոփչեանի, Էլտա Կրինի գործերը, ինչպէս նաեւ «Հայ ժամանակակից արձակի անթոլոկիայի» համար աւելի քան տասն այլ հեղինակներու: Ֆրանսերէնէ թարգմանած է Յակոբ Խաչիկեանի եւ Ժան-Իվ Սուսիի «Ամառ առանց այգաբացի», Յակոբ Խաչիկեանի «Ճակատագրի ափերը» վէպերը, ինչպէս նաեւ Ռիշար Պալտուչիի «Շարլ Ազնաւուր. Պոհէմի մը զաւկի խոստովանութիւնները» գործը:

Վերջին քառորդ դարու ընթացքին հայ հեղինակներու, մասնաւորապէս Րաֆֆիի, Յովհաննէս Թումանեանի, Պարոյր Սեւակի, Վարդգէս Պետրոսեանի, Աղասի Այվազեանի, Վանօ Սիրադեղեանի, Գրիգոր Պապայեանի գործերը ռումաներէնի թարգմանած են Սարգիս Սելեան, Մելինէ Փոլատեան եւ Արփիար Սահակեան: Հայ ժողովրդական տաղերը ֆրանսերէնէ ռումաներէնի թարգմանած է բանաստեղծուհի Անայիս Ներսէսեան:

Այս թարգմանութիւններու շնորհիւ հայ գրականութիւնը որոշ չափով հասանելի դարձած է ռումէն ընթերցողին: Իսկ ահա ռումանական հարուստ գրականութիւնը, որ յատկապէս ծաղկման հասած է 19-20-րդ դարերուն, բացի հատուկենտ թարգմանութիւններէ, անծանօթ կը մնայ հայ ընթերցողին: Յակոբ Սիրունին ժամանակին, 1939 թուականին թարգմանած է ռումէն ազգային բանաստեղծ Միհայ Էմինէսկուի բանաստեղծութիւններու հատորեակը, իսկ 2012 թուականին Սարգիս Սելեան հայերէնի վերածած է Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու մատեան» վէպը։

Արդի ռումանական գրականութեան ծանօթ դէմքերէն են վիպագիրներ Շտեֆան Յակոբեանը եւ Վարուժան Ոսկանեանը, ինչպէս նաեւ գրող-հրապարակախօսներ Պետրոս Խորասանճեանը եւ Վարդան Առաքելեանը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017