ՔԱՐԻՒՂԻ ԵՒ ԲՆԱԿԱՆ ԿԱԶԻ ԵՐԿԻՐ

Պաքուի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մասնաւոր հանդիսութիւն մը, որ ձօնուած էր Ատրպէյճանէ ներս ցայսօր արտադրուած քարիւղի 2 միլիառ թոնի մակարդակի հասնելուն։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, «Հայտար Ալիեւ» կեդրոնի երդիքին տակ կազմակերպուեցաւ այս հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցաւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ SOCAR-ի եւ BP-ի իրաւասուներն ալ, քարիւղի արդիւնաբերութեան բնագաւառի աշխատաւորներուն առընթեր մասնակցութիւն բերին այս հանդիսութեան։ 

Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթ մը ունենալով Իլհամ Ալիեւ մատնանշեց, որ աշխարհի վրայ առաջին անգամ քարիւղի արդիւնաբերական արտադրութիւնը 1846 թուականին տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի մէջ։ Այդ թուականէն ի վեր 2 միլիառ թոն արտադրութիւն կատարուած է եւ այս կապակցութեամբ Իլհամ Ալիեւ շնորհաւորեց Ատրպէյճանի ժողովուրդը։

1994 թուականին ստորագրուած «Դարու համաձայնութիւնը» նոր ուժ մը տուած է Ատրպէյճանին, որովհետեւ երկրի քարիւղի հանքերու արժեւորման համար օտար ներդրողներ մուտք գործած են Ատրպէյճան։ Ալիեւի խօսքերով՝ Ատրպէյճան ներկայիս ծանօթ է՝ որպէս քարիւղի եւ բնական կազի երկիր։ «Աշխարհի վրայ մեր դերակատարութիւնն ու զօրութիւնը կը բարձրանայ։ Այս երեւոյթի հիմքին կը գտնուի Հայտար Ալիեւի քարիւղի ռազմավարութիւնը», ըսաւ Ալիեւ։

«Սեւ ոսկի» որակեալ քարիւղի հասոյթը, Իլհամ Ալիեւի խօսքերով, Ատրպէյճանի մէջ կը վերածուի մարդկային դրամագլուխի։ «Մենք մեր քարիւղի հասոյթը օգտագործեցինք արդիւնաւէտ։ Այլ բազմաթիւ երկիրներ եւս ունին նաւթի հարուստ պաշարներ, սակայն անոնք կ՚ապրին թշուառութեան մէջ։ Քարիւղը աղէտ կը բերէ այդ երկիրներուն։ Իսկ Ատրպէյճանի մէջ քարիւղը կ՚ապահովէ զարգացում, կայունութիւն եւ հզօրութիւն։ Որպէս անկախ երկիր՝ այսօր մեր կեանքին, տնտեսական ներուժի ձեւաւորման մէջ մեծ դեր կը խաղայ քարիւղի եւ բնական կազի գործօնը», ըսաւ Իլհամ Ալիեւ։

Իր ելոյթին տեւողութեան Իլհամ Ալիեւ անդրադարձաւ նաեւ TANAP ծրագրին, որու շնորհիւ Ատրպէյճանի բնական կազը Եւրոպա պիտի փոխադրուի Հարաւային կազի նրբանցքի միջոցաւ։ Ալիեւ յիշեցուց, որ սա համաշխարհային մակարդակով ծրագիր մըն է, որու համար ներդրուած է 40 միլիառ ամերիկեան տոլար։ «Շահտենիզ 2 եւ Հարաւային Կովկաս խողովակաշարները գրեթէ աւարտած են։ TANAP-ի պարագային ալ գործերու 80 տոկոսէն աւելին աւարտած է», տեղեկացուց Իլհամ Ալիեւ երէկուան ելոյթին մէջ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017