ԿԱՆԽԱՐԳԵԼՈՒՄ ԵՒ ԴԻՄԱԳՐԱՒՈՒՄ

ԵԱՀԿ-ի Աւստրիական նախագահութեան եւ նոյն կազմակերպութեան Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւուքներու գրասենեակի համատեղ նախաձեռնութեամբ վերջերս Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ կարեւոր համաժողով մը։ «Քրիստոնեաներու եւ կրօնական այլ խումբերու դէմ ատելութեան հիման վրայ յանցագործութիւններու կանխարգիլում եւ դիմագրաւում. հեռանկարներ ԵԱՀԿ-էն եւ անդին» խորագրեալ այս համաժողովի բացումին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած այս համաժողովին ներկայ գտնուեցան ԵԱՀԿ-ի մասնակից շարք մը պետութիւններէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ։ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններ, կրօնական կամ ազգային կազմակերպութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ, գիտնականներ եւ վերլուծաբաններ։ Հիւրերու շարքին էին Վատիկանի պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու գծով փոխ-քարտուղար Անթուան Քամիլլերի, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կենատի Քաթիլով, ԵԱՀԿ-ի Աւստրիական նախագահութեան ներկայացուցիչ դեսպան Քլաուս Քոկելէր եւ այլք։

Բացման խօսքին ընթացքին Նալպանտեան բացատրեց, որ պատմականօրէն գտնուելով զանազան քաղաքակրթութիւններու խաչմերուկին վրայ՝ Հայաստան ձեւաւորած է համակեցութեան եւ այլ մշակոյթներու ու կրօններու նկատմամբ յարգանքի խոր արմատներով աւանդութիւններ։ Ըլլալով քրիստոնէութիւնը պետական կրօն ընդունած առաջին պետութիւնը՝ հայերը կը գտնուին քրիստոնէական քաղաքակրթութեան ձեւաւորման ակունքներուն մէջ։ «Մենք մշտապէս ամուր կապեր ունեցած ենք մահմետական եւ այլ ժողովուրդներու ու երկիրներու հետ։ Որպէս աշխարհի հարիւրաւոր երկիրներուն մէջ համայնքներ ունեցող ժողովուրդ՝ հայերը անմիջականօրէն գիտեն թէ՛ հանդուրժողութեան արժէքը եւ թէ խտրականութեամբ եւ այլատեացութեամբ պայմանաւորուած խըն-դիրները։ Այս համաժողովի Երեւանի մէջ կազմակերպուած ըլլալը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ ներկայացնելու մեր ժողովուրդի փորձառութիւնը», ըսաւ Նալպանտեան։

Ելոյթի տեւողութեան նախարարը անդրադարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու եւ այլ կրօնական խումբերու անդամներու դէմ ատելութեան վրայ հիմնուած յանցագործութիւններուն։ Ան ըսաւ. «Այսօր այլ որեւէ վայրի մէջ քրիստոնեաներու եւ այլ կրօնական խումբերու անդամներու դէմ ատելութեան վրայ հիմնուած յանցագործութիւնները տարածուած չեն այնքան՝ որքան Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր սկիզբ առած են աշխարհի երեք մեծ կրօնները։ Հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ տարածքաշրջանի բազմամշակութային եւ բազմակրօն խճանկարին մաս կազմած է։ Մերձաւոր Արեւելքի այս բազմազանութիւնը դարերէ ի վեր նշանակալի արժէք կը ներկայացնէր։ Սակայն ազգայնականութեան եւ կրօնական արմատականութեան ալիքները էականօրէն փոխած են տարածքաշրջանի կրօնական եւ էթնիք կառուցուածքը։ Որպէս հետեւանք՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու թիւը էականօրէն կրճատուած է»։

Աւելի վերջ Նալպանտեան ընդգծեց, որ դժբախտաբար կրօնը յաճախ կը շահարկուի աջակցութիւն ապահովելու նպատակով այն հակամարտութիւններու պարագային, որոնք որեւէ առընչութիւն չունին հաւատքի հետ։ Կրօնական համերաշխութեան վրայ հիմնուած կարգ մը կազմակերպութիւններ կը սատարեն այդ պնդումներուն՝ ըստ էութեան վատթարացնելով արդէն իսկ բարդ հակամարտային իրավիճակները։ «Իրականութեան մէջ, ներկայ աւերիչ հակամարտութիւններէն շատերը տեղի կ՚ունենան ոչ թէ տարբեր, այլ միեւնոյն կրօնի ներկայացուցիչներուն միջեւ եւ սա ակնյայտ է յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի արդի օրինակով»։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2017