ՎԵՐԱՄԻԱՒՈՐՈՒՄ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան ամենաէական փուլը երէկ ի վերջոյ տեղի ունեցաւ։ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իշխանութիւններու սահմաններուն ներքեւ գտնուող մեր գրեթէ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն, որու հիման վրայ ընտրուեցան աշխարհական պատգամաւորները։ Միայն Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ քուէարկութիւն տեղի չունեցաւ՝ ընտրողի բացակայութեան պատճառով։ Երէկուան ընտրութիւնը եկաւ բնորոշել թրքահայոց համար պատմական հանգրուան մը։ Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ գլխաւորուած Նարնջագոյն խմբաւորումը փայլուն եւ ջախջախիչ յաղթանակ մը ապահովեց՝ հասնելով իսկապէս անվիճելի յաջողութեան մը։ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գլխաւորած Մանիշակագոյն շարժումը ապրեցաւ մեծ յուսախաբութիւն մը։ Մեր հայահոծ թաղերուն՝ Ֆէրիգիւղի, Պաքըրգիւղի, Եշիլգիւղի, Սամաթիոյ, Գատըգիւղի, նաեւ Սկիւտարի, Գումգաբուի նման կարեւոր շրջաններու մէջ երէկ օրուան տեւողութեան քուէարկութեան առթիւ ապրուեցաւ մեծ եռուզեռ։ Մեր ժողովուրդը երկար հերթեր կազմեց քուէարկելու համար։ Առաւօտ ժամը 08.00-ին սկսաւ քուէարկութիւնը եւ շարունակուեցաւ մինչեւ ժամը 17.00-ը։ Զանազան եկեղեցիներու մէջ քուէարկութիւնը յապաղեցաւ՝ մասնակիցներու հոծ բազմութեան պատճառով։ Աւելի վերջ բոլորը սկսան հետաքրքրութեամբ սպասել քուէար-կութեան արդիւնքին։ Շուտով պարզուիլ սկսաւ, որ գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ Նարնջագոյն խմբաւորման կողմէ առաջադրուած թեկնածուները հասած էին առաւելութեան։ Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ ընտրաշրջանէն ներս ալ տեղի ունեցած է ուշագրաւ բացառութիւն մը եւ այնտեղէն ընտրուած է անկախ պատգամաւոր մը։ Նախաձեռնարկ մարմինը ուշ երեկոյեան հրապարակեց պաշտօնական զեկոյց մը, որու հիման վրայ ուրուագծուեցաւ թրքահայութեան առջեւ բացուած նոր շրջանի համայնապատկերը։

Պատրիարքական ընտրութեան վերջին փուլին չորեքշաբթի Ազգային պատգամաւորական ժողովը պիտի գումարուի Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Սա պիտի ունենայ խորհրդանշական, ձեւական բնոյթ մը, որովհետեւ 119 պատգամաւորէ բաղկացեալ ժողովի կազմին մէջ տեղ գտած է 89-ը՝ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմնակից պատգամաւոր։ Մանիշակագոյն շարժումէն միայն 12 պատգամաւոր յաջողած է մուտք գործել ժողովի կազմին։ Շաբաթավերջի Եկեղեցականաց համագումարով ընտրուած հոգեւորական պատգամաւորներն ալ ամենայն հաւանականութեամբ բոլորով քուէարկեն տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի ի նպաստ։ Այսպէսով, Ազգային պատգամաւորական ժողովը կեանքի պիտի կոչէ համայնքին կողմէ արտայայտուած ամուր կամքը եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան պատրիարք պիտի ընտրուի գրեթէ միաձայնութեամբ։

Այսօրուան մեր յարակից սիւնակներուն մէջ կը ներկայացնենք Նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական ցուցակը, որ յստակ վիճակագրական մանրամասն տուեալներ կը ցոլացնէ երէկուան քուէարկութեան արդիւնքին կապակցութեամբ։

*

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ երեկոյեան իր ընտրեալ պատգամաւորներուն, համախոհներուն, համակիրներուն եւ աջակիցներուն հետ մէկտեղուեցաւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, որու թաղային խորհուրդը անվերապահօրէն կը սատարէր իրեն։ Նորին սրբազնութիւնը նախ աղօթեց եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ իր առաջին պատգամը՝ դրական ու շինիչ ոճով։ Աւելի վերջ յարակից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւն՝ ցնծութեան մթնոլորտով։

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Ս. Եպսկ. Մաշալեան վերջին տարիներուն կ՚ատենապետէր Կրօնական ժողովին։ Նորին սրբազնութիւնը ծնած է 1962 թուականին Իսթանպուլի մէջ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Ս. Երուսաղէմի եւ Եւրոպայի մէջ ուսում ստանալէ վերջ 1992 թուականին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ։ 2008 թուականին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եպիսկոպոս օծուած է ձեռամբ՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։

4 յուլիս 2019 թուականին տեղապահ ընտրուած էր Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի Եկեղեցականաց համագումար ժողովին  կողմէ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2019