ԱՊԱԳԱՅ ԿԵՐՏԵԼՈՒ ՇԱՐԺՈՒՄ

Հայաստան կը շարունակէ քաղաքական փակուղիի մէջ մնալ։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի ձախողումով պայմանաւորուած ծանր կացութեան ներքեւ երկրէն ներս համատարած ձեւով կը պահանջուի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ Ընդհանրապէս, հայաշխարհը վճռականօրէն հետամուտ է այս պահանջին, սակայն Փաշինեանի կառավարութիւնն ալ դիմադրութիւն ցոյց կու տայ՝ արհամարհելով ցասումը եւ անտեսելով պարտութեան մէջ իր իշխանութեան վիճակած անխուսափելի բաժինը։

Ստեղծուած փակուղին իսկապէս անհեռանկար եւ վտանգաւոր է երկրին տեսակէտէ։ Համընդհանուր փոխըմբռնում մը գոյութիւն ունի, որ այս ցնցումը յաղթահարելու համար անհրաժեշտ է արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւն, որու նախապայմանն է Փաշինեանի հրաժարիլը եւ անցումային կառավարութեան մը ձեւաւորուիլը։ Մինչ երկիրը հրատապ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, արդէն բոլոր ազդանշանները ցոյց կու տան, թէ այժմու իշխանութիւնները ի վիճակի չեն համաչափ գործել անոնց դէմ, որովհետեւ կաթուածահար են, չեն յաջողիր լիարժէք բանեցնել պետական համակարգը եւ ամենակարեւորը՝ զրկուած են ժողովրդական յենարաններէն։

Այս համայնապատկերին վրայ կը դիտարկուին Հայաստանի վերջին օրերու բոլոր իրադարձութիւնները։ Երէկուան օրը այս ամբողջին մէջ կարեւոր էր, որովհետեւ ընդդիմադիր «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը վերջնաժամկէտ սահմանած էր կէսօրուան ժամերը Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին համար։ Ինչպէս արդէն կը նախատեսուէր, վարչապետը այդպէս ալ չհրաժարեցաւ։ Անմիջապէս սկսան քաղաքացիական անհնազանդութեան համատարած ցոյցերը։ Մայրաքաղաք Երեւանի առընթեր երկրի այլ զանազան քաղաքներուն մէջ ժողովուրդը հերթական անգամ փողոց դուրս եկաւ արտայայտելու համար իր հակազդեցութիւնն ու բողոքը։ Երեւանի մէջ հանրային փոխադրամիջոցները որոշ ժամանակ չգործեցին եւ կեդրոնի մէջ երթեւեկը կանգ առաւ։ Ընդդիմադիր խմբաւորման կոչով քաղաքացիական անհնազանդութեան այդ ցոյցերը երեկոյեան ժամերուն դադրեցուեցան։ Ոստիկանութիւնը այդ ամբողջ ընթացքին կատարեց ձերբակալութիւններ։

Իր կարգին, առկայ պայմաններուն ներքեւ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիի հետ։ Ուշագրաւ էր, որ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ցոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ ի պաշտպանութիւն Նիկոլ Փաշինեանի։ Պատերազմի յաջորդած օրերուն նման ցոյց մըն ալ տեղի ունեցած էր նոյն վայրին մէջ։ Ցուցարարներու մէկ մասը զինուորական համազգեստ կը կրէր։

Այս մտահոգիչ հակադրանքներու պայմաններուն ներքեւ երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեան։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը թափ կը հաւաքէ։ Հայաստանի ապագայով մտահոգ մարդիկ Երեւանի եւ երկրի բոլոր մարզերուն մէջ արժանապատուօրէն կը պայքարին անվտանգութեան, արժանապատուութեան եւ վաղուայ օրուան համար։ «Սա նեղ կուսակցական շարժում մը չէ։ Սա միայն իշխանափոխութեան շարժում չէ։ Սա նախ եւ առաջ արժանապատուութեան շարժում է։ Պարտութեան խարանը մեր վրայէն մաքրելու, մեր մէջքը ուղղելու եւ ապագան կերտելու շարժում է։ Թէ ինչո՞ւ պէտք է հեռանայ այս վարչախումբը իր պարագլուխին հետ՝ յաւելեալ բացատրութեան կարիք չունի, որովհետեւ խայտառակ ենթարկութենէ յետոյ այլ բան չի կրնար ընել։ Կը կարեւորեմ գործող Ազգային ժողովի կայունացնող դերակատարումը ստեղծուած քաղաքական տանգապին մէջ։ Մենք չենք ուզեր ցնցումներ։ Մեզի հանրային համերաշխութիւն պէտք է։ Ատելութեան եւ թոյնի մթնոլորտը պէտք է անցեալի մէջ մնան։ Իրաւապահ մարմիններուն կոչ կ՚ուղղեմ պահպանել հասարակական կարգը, չդառնալ քաղաքական գործիք պարտուած իշխանութեան ձեռքին մէջ։ Եկէ՛ք, տէր կանգնինք մեր ապագային, եկէ՛ք, միասին մասնակցինք մեր երկրի վերածնունդին», յայտարարեց Վազգէն Մանուկեան։

«Առանց Նիկոլի Հայաստան» կարգախօսով թափ ստացած քաղաքացիական անհնազանդութեան ցոյցերէն վերջ, այսօր, Երեւանի մէջ ընդդիմութիւնը բողոքի նոր ցոյց մը կը կատարէ՝ այս անգամ խորհրդարանի շէնքին առջեւ։ Յետմիջօրէի ժամերուն նախատեսուած հանրահաւաքի նպատակը անփոփոխ է՝ Փաշինեանի հրաժարականը։

Ընդդիմութեան լրատուամիջոցները երէկ սկսան վիճակագրական տուեալներ ներկայացնել՝ կառավարութեան հրաժարականի պահանջին միացածներուն մասին։ Այսպէս, Հայաստանի 5 մարզերու, 27 համայնքներու 201 բնակավայր կը պահանջէ կառավարութեան հրաժարականը։ Այդ պահանջին միացած են նաեւ այլ տարբեր բնակավայրեր, ինչպէս նաեւ քաղաքական կուսակցութիւններ, դեսպաններ, փաստաբաններ, երեք հեղինակաւոր կրթական հաստատութիւններ եւ այլն։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին միացած համայնքապետներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներ կամ պատասխանատուներ ոստիկանութեան կողմէ կը ձերբակալուին։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի իրաւական յանձնախումբը երէկ յայտարարութիւնով մը դատապարտեց այս բոլորը ու շեշտեց, որ սա քաղաքական հետապնդում կը համարուի։

Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան երկու երեսփոխաններ ալ երէկ ուշագրաւ մեկնաբանութիւններով հանդէս եկան ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ Այսպէս, Գէորգ Գորգիսեան յայտնեց, որ այսօր պետութիւնը անիշխանութեան ճահիճի մէջ կը գտնուի։ Իր կարգին, Էտմոն Մարուքեանն ալ յայտնեց, որ Նիկոլ Փաշինեան քաոսի մասնագէտ եւ սիրահար է, ուստի այս ճանապարհով չի հեռանար։ Ըստ Մարուքեանի, վարչապետի օր առաջ փոփոխութիւնը Հայաստանին հնարաւորութիւն կու տայ յառաջ շարժուելու։ Այլապէս Փաշինեան երկիրը ուղղակի քաոսի մէջ կը պահէ։

Միւս կողմէ, երէկ Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում մը ունեցաւ երկրի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրները զրոյցի բովանդակութեան շուրջ մանրամասնութիւններ չհաղորդեցին՝ տեղեկացնելով նաեւ, որ քննարկուած է երկրի ընդհանուր կացութիւնը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2020