ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՐԷԿ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՈՒՂԱՐԿԵՑ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆԻՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ նամակ մը ուղարկեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան խնդրեց, որ Վլատիմիր Փութին աջակցութիւն ցուցաբերէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծման համար։ Նամակին մէջ Արմէն Սարգսեան նշեց, որ երկու երկիրներու միջեւ առկայ է նոր վէճերու ի յայտ գալու հաւանական վտանգը՝ կապուած սահմանագծման հարցին հետ։ Հաշուի առնելով այս խնդրին բացառիկ կարեւորութիւնն ու արդիականութիւնը՝ Արմէն Սարգսեան խնդրած է, որ Վլատիմիր Փութին աջակցի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծման գործընթացին եւ այդ մէկուն աւարտին հասցուելուն, բացառելով ապագայ լարուածութիւնն ու բացասական իրադարձութիւնները։ Նոյն նամակին մէջ Արմէն Սարգսեան հերթական անգամ շնորհակալութիւն յայտնած է Վլատիմիր Փութինի այն ջանքերուն համար, որոնք ապահոված են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արիւնահեղութեան դադրեցումը եւ հրադադարի հաստատումը։

ՍԻՒՆԻՔԻ ՊԱՐԱԳԱՆ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծման գործընթացին մէջ առանձնապէս կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Սիւնիքի մարզը։ Այս մէկը կը գտնուի Հայաստանի ամենահարաւին եւ Իրանի սահմանին վրայ է։ Նկատի ունենալով, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութիւնը կը նախատեսէ Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջանցքի մը բացուիլը՝ այս շրջանին Սիւնիքի մարզի ապագային վերաբերեալ մտահոգութիւնները հասած են գագաթնակէտին։ Լաչինի շրջանի ամբողջութեամբ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցնիլն ալ սահմանազատման գործընթացին մէջ բարդութիւններ կը յառաջացնէ եւ այդ իրավիճակն ալ յաւելեալ վտանգներ կը սպառնայ այս մարզին տեսակէտէ։ Հայաստանի ընդդիմադիր շրջանակները օրերէ ի վեր ահազանգ կը հնչեցնեն համապատասխան խնդիրներուն շուրջ։

Հայաստանի Ազգային ժողովի անկախ երեսփոխաններէն Թագուհի Թովմասեան երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յստակեցուած սահման մը գոյութիւն չունի։ «Մեր հայրենիքի սահմանները GPS-ով կը յանձնուին եւ եռակողմ պայմանագրի երկրորդ եւ երրորդ կողմերը ներկայ չեն այդ գործընթացին», յայտնեց Թագուհի Թովմասեան։

Իր կարգին, Արցախի նախագահի անվտանգութեան հարցերով նախկին խորհրդական Տիգրան Աբրահամեանն ալ յայտնեց, որ Հայաստանի տեսակէտէ նոր սպառնալիքներ ստեղծուած են՝ մանաւանդ Սիւնիքի, Վայոց Ձորի եւ Գեղարքունիքի մարզերու պարագային։ Դժբախտաբար, չկայ իշխանութիւն, որ կրնայ բանակցիլ ստեղծուած իրավիճակին մէջ։ Պէտք է հասկնալ, որ երկրէն ներս նոր իրադրութիւն մը ստեղծուած է, իշխանութիւնը օրինականութիւն չունի եւ հանրութեան վստահութիւնը էականօրէն նուազած է անոր դէմ։ «Ունինք սահմանային հատուածէն ներս մեծ թիւով վերադիրքաւորումներ։ Առկայ մարտահրաւէրները մեզ կը ստիպեն արագ վերակազմաւորուիլ եւ պատրաստուիլ դիմակայութեան», ըսաւ Տիգրան Աբրահամեան, որ ներկայիս կը ղեկավարէ «Յենակէտ» վերլուծական կեդրոնը։ «Մեր ու ձեր Արցախէն բան չէ մնացած։ Այսպէս շարունակելու պարագային՝ ամէն ինչ պիտի կորսնցնենք։ Ընդհանրապէս մենք կ՚ուզե՞նք պետութիւն ունենալ, թէ ոչ», ան ահազանգ հնչեցուց ընկերային ցանցերու վրայ։

Մինչ այդ, Հայաստանի կառավարութեան որոշումով երէկ Սիւնիքի նոր մարզպետ նշանակուեցաւ Մելիքսեթ Պօղոսեան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2020