ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Պաքու, ուր կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան-Ալիեւ հանդիպման օրակարգին վրայ կը գտնուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ընթացիկ իրավիճակի քննարկումը։ Անոնք կ՚անդրադառնան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի դիտարկման նպատակով հիմնադրուելիք Ռուսաստան-Թուրքիա համատեղ ռազմական կեդրոնի գործունէութեան վերաբերեալ հարցեր։ Վաղը Պաքուի մէջ նախատեսուած է յաղթանակի տողանցք մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի վերջին լայնածաւալ պատերազմի ժամանակ երկրի բանակի արձանագրած յաջողութիւնով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։

Էրտողանի Պաքու այցելութեան զուգահեռ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի հետ՝ միշտ քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը եւ յետպատերազմեան պայմաններու մէջ ստեղծուած կացութիւնը։ Վերջին օրերուն Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան Մոսկուա եւ Փարիզ այցելելով իրերայաջորդ հանդիպումներ ունեցած էր Սերկէյ Լաւրովի եւ Ժան-Իվ լը Տրիանի հետ։ Այդ հանդիպումներուն հետ գրեթէ նոյնաժամանակ տեղի ունեցած են Չավուշօղլուի հեռախօսազրոյցները իր ռուս եւ ֆրանսացի պաշտօնակիցներուն հետ։

Նախագահ Էրտողանի Պաքու այցելութեան ընդառաջ Սերկէյ Լաւրով հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ՝ անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի համաձայնութեան իրագործման։ Հարկ է նշել, որ Պայրամով այս օրերուն կ՚այցելէ Թեհրան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2020