ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՀԱԶԱՆԳ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի հետ։ Աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս նախարարը տեսակցեցաւ նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Օտրի Ազուլէի հետ։

Կը հաղորդուի, որ Արա Այվազեան եւ Ժան-Իվ լը Տրիան բանակցութիւններ վարելէ վերջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Երկու նախարարները այս առթիւ բացատրութիւններ տուին ծաւալուած քննարկումներու բովանդակութեան շուրջ։ Ըստ Արա Այվազեանի, կարծիքներ փոխանակուեցան Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմէն վերջ ստեղծուած մարդասիրական խնդիրներու լուծման մասին։ Բաց աստի, հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ խաղաղ բանակցային գործընթացի ապագային, տարածքաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան ուղղեալ քայլերուն, Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու հայկական բազմադարեան մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան վերաբերեալ հարցերուն շուրջ փոխանակուած են կարծիքներ։ Այվազեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ կատարուած հասցէական յայտարարութիւններուն համար։ Այս ամբողջին մէջ մատնանշուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի փոխադրուած վարձկաններու հարցը՝ միշտ Թուրքիոյ հասցէին ակնարկութիւններով։ Արա Այվազեան, միեւնոյն ժամանակ, շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի կողմէ ձեռնարկուած մարդասիրական օժանդակութեան շարժման համար ի նպաստ Հայաստանին։

Այվազեան դիտել տուաւ, որ ֆրանսացի պաշտօնակցին հետ խօսած են հիմնախնդրի տեւական կարգաւորման շուրջ։ Ան ներկայացուց Հայաստանի մտահոգութիւնները, Արցախէ հեռացած հայ բնակչութեան անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձի, ինչպէս նաեւ ռազմագերիներու անյապաղ փոխանակման եւ զոհերու աճիւններու վերադարձի խնդիրներուն կապակցութեամբ հայկական կողմի դիրքորոշումը։ Այվազեան Փարիզի մէջ ներկայացուցած է Երեւանի մօտեցումները բանակցութիւններու ապագայ ընթացքին շուրջ։ Ան ընդգծած է Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման վրայ հիմնուած կարգավիճակի ճանաչման կարեւորութիւնը։ Հարցումի մը պատասխանելով Այվազեան նշեց, որ ինքնորոշման իրաւունքը եղած է բանակցային գործընթացի հիմնասիւներէն մին եւ ռազմական ուժի կիրառումով հնարաւոր չէ այդ մէկը օրակարգէ դուրս թողել։

«Խստագոյնս դատապարտելի է Ատրպէյճանի զինուորականներու կողմէ հայ ռազմագերիներու եւ պատանդի կարգավիճակի մէջ յայտնուած քաղաքացիական անձերու դէմ անմարդկային վերաբերմունքի դրսեւորումը։ Նման դէպքերը ո՛չ միայն չեն դատապարտուիր Ատրպէյճանի բարձր ղեկավարութեան կողմէ, այլեւ՝ կ՚արժանանան հասարակական աջակցութեան», յայտնեց Այվազեան Փարիզի մէջ։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Ռիքեր երէկ յայտարարութիւններ ըրաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ։ Ըստ իրեն, Ուաշինկթըն չափազանց մտահոգուած է՝ Լեռնային Ղարաբաղի վերջին ռազմական գործողութիւններուն ժամանակ Թուրքիոյ խաղացած դերով։ «ԹԱՍՍ» ռուսական գործակալութիւնն ալ արձագանգ հանդիսացաւ ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտի յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ հերթական անգամ անդրադարձ կատարուեցաւ հակամարտութեան գօտիէ ներս վարձկան ահաբեկիչներու տեղակայման հարցին։ «Այս հարցերը մտահոգութիւն կը յառաջացնեն ու կը շարունակեն մաս կազմել Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի հետ մեր երկխօսութեան», յայտնեց Ֆիլիփ Ռիքեր։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2020