BİRZAMANLAR ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ԼՈՅՍ ԸՆԾԱՅԵՑ ՔԵՄԱԼ ԵԱԼՉԸՆԻ ԳԻՐՔԸ

Կը տեղեկանանք, որ Birzamanlar հրատարակչութենէն լոյս տեսած է Քեմալ Եալչընի նոր գիրքը, որ կը կոչուի՝ «Tek Kanatlı Kartal»։

Յայտնի հեղինակի այս գիրքին մէջ կը պատմուի իր «Seninle Güler Yüreğim» վէպի բեմադրութեան գործընթացը եւ ընթերցողը ճանապարհորդութեան մը կ՚առաջնորդուի Ամերիկայէն դէպի Հայաստան։ Այս ճանապարհորդութեան ընթացքին հեղինակը կը ներկայացնէ զանազան վկայութիւններ կամ անձեր, որոնց ընտանեկան արմատները կը գտնուին այսօրուան Թուրքիոյ տարածքէն ներս, սակայն երկար ժամանակէ ի վեր այս հողերէն հեռու ապրելու պարտաւորուած են։ Անոնք հայեր կամ ասորիներ են, որոնց մասին վառ զգացումներով արտայայտուած է Քեմալ Եալչըն։ Անոնց շարքին կը գտնուին նաեւ սիրելի դէմքեր, որոնք բոլորովին վերջերս զոհ գացած են քորոնաժահրի համաճարակի։

Քեմալ Եալչընի այս գիրքին անունը դրուած է՝ ներշնչուելով այն միաթեւ արծիւի արձանին, որ կը գտնուի Երեւան-Կիւմրի ճանապարհին վրայ։ Նման արձան մըն ալ գոյութիւն ունի Ֆրեզնոյի մէջ, Միացեալ Նահանգներ։ Արծիւը Վասպուրականի հայկական թագաւորութեան խորհրդանշանը եղած է։ Իսկ այս երկու միաթեւ արծիւներու պարագային՝ հրատարակիչները կը յիշեցնեն, որ անոնցմէ մին կը խորհրդանշէ Հայաստանը, իսկ միւսը՝ սփիւռքը։

Հեղինակը, Քեմալ Եալչըն կը նշէ, որ հայ ժողովուրդը մարդկային պատմութեան մեծ նպաստներ բերած է. արտադրող, ստեղծագործ, դիմադրող եւ արժանապատիւ եւ բարձր թեւածող արծիւ մըն է։ Բայց եւ այնպէս, անոր պատուհասած է մարդկային պատմութեան մեծագոյն աղէտներէն մին, մարդկութեան վկայած ամենամեծ ցեղասպանութիւններէն մին։ Աշխարհի վրայ գոյութիւն չունի որեւէ հայկական ընտանիք, որու անցեալին մէջ գաղթականութիւն, պանդխտութիւն չըլլայ։ «Իրականութեան մէջ ամէն հայ արծիւ մըն է։ Իւրաքանչիւր հայու մէկ թեւը իր ապրած հողերուն վրայ, իսկ միւս թեւը՝ գոյատեւած տեղը», բանաձեւած է Քեմալ Եալչըն։

Ընթերցասէրները վստահաբար մօտիկ հետաքրքրութեան առարկայ դարձնեն այս գիրքը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2020