ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ՆՈՐ ԲԱԽՈՒՄ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ անհանգիստ կացութիւնը կը շարունակուի։ Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումները երէկ երեկոյեան ժամերուն դարձեալ կրակ բացին Հայաստանի դիրքերուն վրայ։ Անոնք տարբեր տրամաչափէ հրաձգային զինատեսակներով կրակեցին Ներքին Հանդի ուղղութեամբ։ Հայկական կողմը կորուստ մը չունի։ Բախումները տեւեցին շուրջ 1 ժամ 45 վայրկեան, իսկ աւելի վերջ առաջնագծին վրայ իրադրութիւնը յարաբերականօրէն կայունացաւ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2022