ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՄԱԼՐՈՒՄՆԵՐ

Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները կարեւոր ճամբաբաժանի մը շեմին կանգնած են։ Ոչ-իսլամ համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութիւնը առանցքային նշանակութիւն ունի, միանշանակ։ Թէ ինչպէ՞ս կ՚երեւի թրքահայութիւնը այս համայնապատկերին վրայ։ Չէ՞ որ փոքրամասնութիւններու ողնայարը կը կազմէ թրքահայութիւնը՝ որպէս ամենաբազմանդամ համայնքը։

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս տասնամեակներէ ի վեր կուտակուած են հարցեր, որոնց հետեւանքները ծանր են եւ թէ շա՜տ... Համայնքի կենսունակութիւնը նուազած է, հաստատութիւնները՝ լճացած բոլոր առումներով։ Այս բոլորը կը զուգորդուին վարչական փակուղիով մը, ինչ որ կը կանխէ, կը վիժեցնէ ամէն տեսակ բարեփոխման նախաձեռնութիւն։ Ընդհանրացած, դասականացած բանաձեւումով հարցը այն է, որ մեծ հաշուով համայքի ղեկավարման դրութիւնը կ՚ընկալուի միայն անոր հաստատութիւններու կառավարման սահմանափակ շրջանակին մէջ։ Այս խնդիրը ծնունդ տուած է բազմաթիւ հակասութիւններու, որոնք կաթուածահար ըրած են թրքահայ կեանքը։ Ժամանակի ընթացքին թրքահայ հաստատութիւնները թէ՛ այլասարեծ են եւ թէ հետզհետէ ժողովրդական հակակշիռէ դուրս մնացած։ Այս երկու հանգամանքը բազմապատկիչ գործօն է՝ մէկը միւսին համար։

Նոր հաստատուած ընտրական դրութիւնը հասկնալի պատճառներով ընկալուած է որոշ վերապահութիւննարով։ Բայց եւ այնպէս, իրապաշտ մօտացումով կարելի է դիտարկել նաեւ, որ կ՚ապահովէ նաեւ անանտեսելի ձեռքբերումներ։ Պետութեան կողմէ առնուած է քայլ մը եւ եթէ համայնքն ալ, իր հերթին, համարժէք քայլ մը առնէ, ապա վերոյիշեալ փակ շրջանը յաղթահարելու, պատեանէն դուրս գալու հնարաւորութիւն մը պիտի գոյանայ։

Այս պահու դրութեամբ համայնքին համար կեդրոնաձիգ կառավարման համակարգ մը ստեղծելու հնարաւորութիւնը չկայ։ Սա առարկայական ճշմարտութիւն է։ Մետայլի միւս երեսակին, սակայն, համայնքի հաստատութիւններուն վրայ ժողովրդական հակակշռին վերահաստատումը կենսական է, անհրաժեշտ ու տարրական։ Ինքնագլուխ, սանձարձակ վարչայիններու քմահաճոյքը այս համայնքէն ներս դուռ բացած է քաոսի։ 

Երբ չկայ կեդրոնաձիգ վարչական բուրգ մը ​ունենալու հնարաւորութիւնը, իր բոլոր հակակշռման լծակներով, ապա զայն փոխարինելու լաւագոյն միջոցը առաջին հերթին ժողովուրդի կամքի վերահաստատումն է, այդ կամքի դրսեւորման խոչընդոտներուն վերացումը, ինչ որ գործնականօրէն կրնայ միասնականութիւն եւ համագործակցութիւն ապահովել, մանաւանդ՝ հաւաքական հարստութեան տնօրինումը որոշ մարդոց գրաւէն ազատել։ Գոնէ տեսականօրէն. միթէ չարժէ՞ր՝ քանի այսքան ներուժով սկզբունքային ըլլալու փոխարէն, չափէն աւելի առաւելապաշտ ըլլալը կրնայ արկածախնդրութիւններու պատճառ դառնալ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2022