Բնազդային ու կենսական…

Ե­րէկ գի­շե­րուան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը բազ­մա­թիւ ե­րե­սակ­նե­րով պի­տի ար­ձա­նագ­րուին Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան պատ­մու­թեան մէջ։ Տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ յե­ղաշր­ջում­նե­րու թո­հու­բո­հով ապ­րած եր­կիր մը՝ գի­շե­րուան մը մէջ, շատ ալ հա­սուն ձե­ւով թօ­թա­փեց այդ հո­գե­վի­ճա­կը։ Եր­կի­րը մեծ քննու­թե­նէ մը ան­ցաւ ու կա­րե­լի է ը­սել՝ որ պա­տուով դուրս ե­կած է այդ փոր­ձու­թե­նէն։

Այս ամ­բող­ջին մէջ պէտք է ա­ռան­ձին բա­ժին մը վե­րա­պա­հել Թուր­քիոյ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն։ Ե­րէ­կուան դէպ­քե­րը պա­տա­հե­ցան այն­պի­սի մթնո­լոր­տի մը մէջ, երբ Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գէն չի պակ­սիր մամ­լոյ ա­զա­տու­թեան խնդի­րը։ Ե­րէկ գի­շե­րուան ողջ տե­ւո­ղու­թեան երկ­րի հիմ­նա­կան հե­ռուս­տա­կա­յան­նե­րը ի­րենց սփռում­նե­րով ու դրսե­ւո­րած բարձր ար­հես­տա­վար­ժու­թեամբ ան­փո­խա­րի­նե­լի նպաստ մը բե­րին ստեղ­ծուած դի­մադ­րու­թեան մթնո­լոր­տին։ Մամ­լոյ սպա­սա­ւոր­նե­րը յա­ճախ աշ­խա­տե­ցան լուրջ վտան­գի պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, սա­կայն ի գին ա­մէն բա­նի ա­պա­հո­վե­ցին հա­սա­րա­կու­թեան կա­նո­նա­ւոր եւ ար­հես­տա­վարժ մա­կար­դա­կով ի­րա­զե­կու­մը։

Սա լրագ­րո­ղի բնազ­դա­յին վա­րուե­լա­կերպն էր, ո­րու ար­դիւն­քը ե­ղաւ կեն­սա­կան։ Սա վիթ­խա­րի ձեռք­բե­րում մըն է հա­մայն Թուր­քիոյ հա­մար՝ այս ա­ռա­ւօ­տեան դրու­թեամբ։ 

Շաբաթ, Յուլիս 16, 2016