«ԺԱՄԱՆԱԿ-ի չորս Արաներ»էն վերջինը...

Ծանր օր մըն է դարձեալ, բօթը հասաւ երէկ գիշեր, կը սգանք, խորապէս կը սգանք Արա Կիւլէրի մահը։ Կաղնի մը տապալեցաւ՝ բառին բուն իմաստով։ Իր կորուստով քիչ մը եւս կը գունատի պոլսահայ կեանքը։ Մեր իրականութեան իմաստը բնորոշող մեծութիւն մը կը մեկնի այս աշխարհէն։

Արա Կիւլէրի մահը մեծ կորուստ մըն է համայն մարդկութեան, զանգուածային լրատուութեան աշխարհի եւ գեղարուեստական կեանքի տեսակէտէ։ Արա Կիւլէրի մահը մեծ կորուստ մըն է ինչպէս Թուրքիոյ, այնպէս ալ համայն հայութեան տեսակէտէ՝ մասնաւորապէս, անշուշտ, պոլսահայութեան։ Ներկայ պահու դրութեամբ Արա Կիւլէր մեր համայնքէն ներս իր ընդգրկած ասպարէզին մէջ ամենաբարձր յաջողութեան հասած դէմքն էր։ Իր լուսանկարչական մեքենայով իրականացուցած էր հրաշքներ, սակայն մինչեւ կեանքին վերջը նախընտրած էր առաջին հերթին մնալ՝ որպէս լրագրող։ Լուսանկարչական գործիքին չէր զիջեր նաեւ իր գրիչը, որու արգասիքը հաճելի եւ ընկալելի էր ընթերցողներուն համար։

Բայց եւ այնպէս, այսօր խմբագրականի այս սիւնակին մէջ մենք խոշորացոյցի տակ կ՚առնենք այս ծանր կորուստի այլ երեսակներէն մին։ Արդարեւ, Արա Կիւլէրի մահը վիթխարի կորուստ մըն է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին տեսակէտէ։

1930-ական թուականներէն սկսեալ, մինչեւ 1990-ական թուականները՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի պատմութեան մէջ հետք թողած են չորս Արաներ։ Ան-ւանակիցներու խումբ մըն է այս մէկը. Արայ Գօչունեան, Արա Աբրահամեան, Արա Ակինեան եւ Արա Կիւլէր... Եղած է շրջան մը, բաւական երկար, որ անոնք միասին, նոյնաժամանակ աշխատակցած են այս թերթին։ Իրենց վաստակով դրոշմուած է այս թերթի պատմութեան բաւական երկար շրջաններէն մին։ Եւ այդ տարիներուն է, որ անոնք համբաւ ձեռք բերած եւ համակրանքով ընկալուած են՝ որպէս «ԺԱՄԱՆԱԿ-ի չորս Արաները»։ Անոնցէ վերջինն էր Արա Կիւլէր...

Ինն տասնամեակ բեղուն կեանք ապրած այս մեծանուն լուսանկարիչը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին համար խոր-հըրդանշան մըն էր ու մենք գիտենք, որ կեանքի մինչեւ վերջը այս թերթը առանձնայատուկ տեղ մը ունէր իր սրտին մէջ ու միշտ կը մնար անոր բարեկամը։ Միշտ կը յիշէր, որ առաջին լուսանկարները հրատարակուած էին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ։ Միշտ կ՚ոգեկոչէր այն անձերը, որոնք այս թերթի անցեալին ունեցած էին կարեւոր դեր եւ ինքն ալ աշխատած էր անոնց հետ։

Արա Կիւլէր մօտաւոր անցեալին մեծ խանդավառութեամբ ողջունած էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դարադարձը։ Իր լուսանկարներով կազմակերպած էինք ցուցահանդէսներ։ Ամէն անգամ մեծ եռանդով կը դնէր իր ստորագրութիւնը՝ մեզի յանձնած լուսանկարներուն վրայ։ Կարգ մը լուսանկարները ինքնակամ ստորագրած էր հայերէն։ Գլուխ գործոցներ էին անոնք։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի վերջին երեք խմբագրատուներուն մէջ կատարած էր նկարահանումներ, ափսոս, որ չէր կրցած գալ մեր այժմու խմբագրատունը՝ սանդուխ ելլելու դժուարութեան պատճառով։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի միջոցաւ շուրջ երեք տասնեակ ինքնուրոյն գործեր նուիրած էր Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան։ Այդ գործերը յանձնուած էին թանգարան։

Ըսելու, պատմելու, վերյիշելու շատ բան կայ, անտարակոյս, սակայն սուգը կը դժուարացնէ բանաձեւել այդ բոլորը, լռութեան պահն է հիմա։

Արա Կիւլէր վաղուց իր տեղը ապահոված էր պատմութեան մէջ եւ հիմա այլեւս գնաց այդ պատմութեան գիրկը։ Իր նման հանճարները չեն կորսը-ւիր, մոռացութեան չեն մատնուիր պատմութեան մէջ, այլեւ՝ անոնց շնորհիւ պատմութիւն ըսուածը կը վերած-ւի յիշողութեան, կը ստանայ արժէք, իսկ Արա Կիւլէրի պարագային այս հանգամանքը ի զօրու է առաւել եւս։

Այսօր հրաժեշտ կու տանք «ԺԱՄԱՆԱԿ-ի չորս Արաներ»էն վերջինին։ Կը թերթենք քաղցր յիշատակներ պայմանաւորած այս էջը՝ բիւր յարգանքով մեր խոնարհումը բերելով Արա Կիւլէրի վաստակին եւ անթառամ յիշատակին առջեւ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2018