ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը եւ Լոնտոն

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յոբելեանը վերջերս նշուեցաւ Լոնտոնի մէջ։ Սա իսկապէս պատմական իրադարձութիւն մըն էր եւ այս կապակցութեամբ այսօր կը հրատարակենք բացառիկ թիւ մը։ Ինչպէս եղած էր մօտաւոր անցեալի դարադարձին, այնպէս ալ ներկայ 110-ամեակի շրջանին կը պատրաստենք այսպիսի յատկանշական բացառիկներ։ Ինչպէս ուրիշ առիթներով ալ ըսած ենք, սա թէեւ ծաւալով ընթացիկ, սակայն շարժառիթին, բովանդակութեան բնոյթին առումով բացառիկ մըն է։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դարադարձը նշուած էր բաւական լայն աշխարհագրական տարածքի մը մէջ, իսկ տասը տարի անց՝ արդէն 110-ամեակի շրջանին այդ խորհրդանշական քարտէսին վրայ կու գան աւելնալ նոր կէտեր։ Եթէ տարեմուտին Պէյրութի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկներով երանգաւորուած էր այդ աշխարհագրութիւնը, ապա այս տարեվերջին ալ եկաւ յաջորդել Լոնտոնը։ Սովորաբար, յոբելեանները կը նշուին կամ նշուիլ կը սկսին տուեալ տարուան աւարտին, սակայն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պարագային արդէն թեւակոխման փուլը կը բնորոշէ սկիզբը։ Սա հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ՝ որպէսզի հայ մամլոյ նահապետի յոբելեանի շրջանի ոգեւորութիւնը ձգուի որոշ ժամանակաշրջանի մը վրայ։ Ինքնանպատակ կամ արհեստական երկարաձգում մը չէ այս մէկը, որովհետեւ աշխարհի ամենաերկարակեաց հայերէն օրաթերթի անխափան առաքելութիւնը միշտ այժմէական կը պահէ անոր արժեւորումը եւ զանազան երեսակներէ քննարկումը։ Այդպէս էր նաեւ այս վերջին՝ Լոնտոնի փուլը։ Թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանն ալ մասնակցութիւն բերաւ ծրագրին։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 110-ամեայ յոբելեանին ձօնուած Լոնտոնի ձեռնարկները կազմակերպուեցան՝ հովանաւորութեամբ ու նախաձեռնութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեանի, որ եռանդ չէր խնայած իսկապէս։ Ուստի, մեր ամենախորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք նորին սրբազնութեան, որու օրհնութիւնն ու վերաբերմունքը խրախուսական էր իսկապէս։ Ան մեր եպիսկոպոսաց դասու երիտասարդ անդամներէն մին է եւ վստահաբար տակաւին երկար տարիներ կը շարունակէ սպասաւորութիւն մատուցել՝ եկեղեցական անդաստանէ ներս գետին պատրաստելով զանազան ձեռքբերումներու։

Անկեղծօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնենք առաջնորդարանի քարտուղարուհի Հրաչիկ Սարեանի, որ եւս ջանք չխնայեց՝ կազմակերպչական, նախապատրաստական աշխատանքները ի կատար ածելու ճանապարհին։

Նոյնպէս շնորհակալ ենք Լոնտոնի առաջնորդարանի տիկնանց կազմին, որու անդամուհիները պատրաստած էին ընդունելութեան աւանդական սեղան մը՝ թերթիս տարեդարձին առթիւ։

Սրտանց շնորհակալութիւն կը պարտինք նաեւ «Հայաշէն» տեղեկատուութեան եւ խորհրդատուութեան կեդրոնի ղեկավար Միսաք Օհանեանին, որ պատրաստակամ ու ջերմ հիւրընկալութեան վերաբերմունքով բերաւ իր նպաստը Լոնտոնի մեր ծրագրին։

Վերջապէս, անհուն շնորհակալութիւն նախկին պոլսահայ յայտնի լուսանկարիչ Հերման Քոփարանի եւ Sky Blue Photography-ի, որոնք իրենց ասպարէզի վարպետութիւնը ի գործ դրին՝ որպէսզի Լոնտոնի ձեռնարկներու վառ դրուագները անմահանալով գտնեն իրենց տեղը մեր արխիւին մէջ։

Սփիւռքեան համայնապատկերին մէջ, Եւրոպայի հայութեան ողնայարը կը համարուի ֆրանսահայ համայնքը՝ քանակով, մարդուժով եւ ներուժով։ Յամենայնդէպս, այդ ցամաքամասին մէջ կան նաեւ այլ համայնքներ, որոնք թէեւ աւելի սահմանափակ քանակ կամ մարդուժ ունին, սակայն կշիռ մը կը ներկայացնեն՝ իրենց անցեալին, իրեն գտնուած երկրի միջազգային դերակատարութեան եւ այլ շարք մը հնարաւորութիւններու բերումով։ Այսպիսիներու շարքին կրնանք թուարկել անգլիահայութիւնը, զուիցերահայութիւնը, եւ այլն։ Ուստի, եւրոպահայութեան խայտաբղէտ համայնապատկերի երանգներուն ներթափանցելու տեսակէտէ կարեւոր կը համարուի անգլիահայութիւնը, որ երբեք մեծ զանգուած մը չէ կազմած, սակայն իր լինելութեամբ ունեցած է մեծ արժէք ու նշանակութիւն։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յոբելենական ձեռնարկներու ամբողջին մէջ Լոնտոնի փուլը արդէն զբաղեցուցած է ուրոյն դիրք մը։ Սա միայն տարեդարձի մը մակերեսայնութիւնով չի բացատրուիր։ Ուրախառիթ է հերթական անգամ վկայել կամ հաստետել, որ աշխարհի զանազան անկիւններուն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ առօրեայ ժամադրութիւն կը պահեն բազում մարդիկ եւ սա նախեւառաջ մեր համացանցային կայքէջի պտուղն է։
Այս հետաքրքրութիւնը, անտարակոյս, մեր համայնքի ձգողականութեան առումով ալ կարեւոր է՝ որքան որ ալ առկայ տակնուվրայութեան մէջ գրեթէ բոլորի ուշադրութենէն սպրդի կենսական բազում հանգամանքներ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2018