112

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօր կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 112-րդ տարին։ Սովորաբար տարեդարձի մեր խմբագրականներուն մէջ կ՚անդրադառնանք թերթիս առաքելութեան եւ զանազան երեսակներով լուսարձակի տակ կը բերենք անոր գործունէութիւնը եւ ձեռքբերումները։ Մեր այս տարուան տարեդարձը կը նշենք թրքահայ համայնքին տեսակէտէ արտասովոր իրավիճակի մը մէջ։ Արդարեւ, պատրիարքական ընտրութիւնը մեր առջեւն է եւ անոր վերաբերեալ իրադարձութիւնները ամբողջութեամբ ողողած են մեր հաւաքական օրակարգը։ Նախընտրական գործընթացին մէջ ինքնաբերաբար կը բիւրեղանայ նաեւ համայնքային մամուլի առաքելութեան եւ դերակատարութեան նշանակութիւնը։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այս ամբողջին մէջ կը ձգտի ընել լաւագոյնը՝ մեր ժողովուրդի ապագայի որոնումներու ճանապարհին վրայ բերելու համար իր նպաստը անոր հաւաքական մտքի ձեւաւորման։

*

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 112-րդ տարեդարձը նշանաւորուեցաւ նաեւ պատմական իրադարձութիւնով մը։ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու եւ Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայա երէկ այցելեցին թերթիս խմբագրատունը։ Այս այցելութիւնը ինքնին շատ բան կը նշանակէ այս թերթի մարմնաւորած արժէքներուն, ժամանակներու մէջ արդարացած առաքելութեան եւ գործունէութեան խոր իմաստին տեսակէտէ։ Ուստի, տարեդարձի օրով կ՚ուզենք յայտնել մեր խոր երախտագիտութիւնը այս այցելութեան համար։ Վստահ ենք, թէ սա իսկապէս կարեւոր խթանի մը պիտի վերածուի մեր առաքելութեան ճանապարհին։

*

Տարեդարձի օրուան յուզումով՝ երանութեամբ կ՚ոգեկոչենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յաւէտ ողբացեալ մեծանուն հիմնադիրները՝ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրները։ Բի՜ւր յարգանքով կը խնկարկենք հանգուցեալ Արաքսի Գօչունեանի ազնիւ յիշատակին առջեւ։ Անսահման երախտագիտութեամբ կը վերյիշենք ողբացեալք Մարտիրոս, Մելիք եւ Արա Գօչունեան եղբայրները, որոնք երկար տասնամեակներ կայուն պահեցին այս թերթը։ Անսահման երկիւղով կը խոնարհինք անմոռանալի եւ ամենասիրելի Լիլի Գօչի բարոյական ներկայութեան առջեւ՝ վերստին արձանագրելով անոր անուրանալի ներդրումն ու վաստակը այս թերթին համար։ Մեր սրտի տրոփին մէջ են՝ Էլիզա, Սիրարփի, Մարի եւ Ալին Գօչունեան քոյրերը, որոնք անմասն չէին այս թերթի ելեւէջներէն։ Կ՚աղօթենք Գարագաշեան, Սեպուհեան, Մանուկեան, Պօղոսեան, Գալփաքճեան եւ Էպէօղլու գերդաստանաց մեզմէ անդարձ բաժնուած անդամներուն համար։ Մեր խոհերուն մէջ են թերթիս անցեալի բոլոր խմբագիրները, սիւնակագիրները, աշխատակիցները, լուսանկարիչ կամ գծանկարիչները, գրաշարները, էջադրողները, ամէն տեսակի թեքնիկ պատասխանատուները, մեքենավարները, ցրուիչները, վարչային սպասաւորները, որոնք իրենց մտքին լոյսով, բազկին ուժով, աչքին լոյսով անխնաօրէն ու ազնուութեամբ վաստակ ներդրեցին այս թերթին համար։ Առանձնապէս պարտականութիւն կը համարենք մեր հանգուցեալ ընթերցողներուն ոգեկոչումը, որովհետեւ անոնց հաւատարմութիւնը եղած էր այն անխախտ վէմը, որ ապահովեց այս թերթին անխափան գոյութիւնը՝ արդէն 112 տարիէ ի վեր։

*

Երբ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բոլորած տարիներու ոսկէ շղթային վրայ նոր օղակ մը կ՚աւելնայ այսօր՝ կը յուսանք, թէ Նախախնամութիւնը մեզի յաջորդ տարի ալ կը պարգեւէ նոյն ուրախութիւնը, տարեդարձի բարձր տրամադրութեամբ մեր սիրեցեալ ընթերցողներուն հետ ժամադրուելու անբացատրելի երջանկութիւնը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2019