Որդիական ամենախորին երախտագիտութիւն Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի կողմէ առաջին անգամ աշխարհաբարի վերածուած Նարեկի վերահրատարակութեան առթիւ որդիական զգացումներով կու գանք մեր ամենախորին երախտագիտութիւնը յայտնել Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, որու օրհնութիւնով ու հրամանով վերահրատարակուած է գիրքը։ Վեհափառ Հայրապետի ցուցաբերած վերաբերմունքը մեզ կը խրախուսէ Քասիմի աւանդին հաւատարիմ մնալու ճանապարհին։

Անկեղծ շնորհակալութիւն կը պարտինք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանի եւ Հրատարակչութեան բաժնի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեանին, որ ջանք ու եռանդ չխնայեց այս ծրագրի իրագործման ճանապարհին։

Իսկապէս երախտապարտ ենք նաեւ պատմաբան փրոֆեսէօր Հրաչիկ Միրզոյանին, որ գիտական վիթխարի աշխատանքով ապացուցանեց Քասիմի այս գործին անանց արժէքն ու նշանակութիւնը ժամանակներու մէջ։ Իր ներդրումը անգնահատելի եւ անփոխարինելի եղած է այս նախագիծը կեանքի կոչելու ճանապարհին։

Չենք կրնար մոռնալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութեանց գրասենեակի տնօրէն Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեանը, որ մօտաւոր անցեալին կը գլխաւորէր Հրատարակչութեան բաժինը եւ այդ փուլին իր մասնագիտական հետաքրքրութիւնը, ցուցմունքներն ու նպաստը չէր զլացած այս ծրագրէն։

Խորապէս շնորհակալ ենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական խոր-հուրդի անդամներուն՝ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեանի, Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեանի, Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեանի, Արշակ Մադոյեանի եւ Գէորգ Տէր-Վարդանեանի, որոնց հայեացքն ու դատողութիւնը կարեւոր դեր խաղացած է այս ծրագրին տեսակէտէ։

Շնորհակալութիւններ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժնէն Տ. Ղեւոնդ Ա. Քհնյ. Մայիլեանի, որ կատարած է էջադրութիւնը։

Կ՚ուզենք զուտ զգացական առումով յիշել նաեւ մեր թերթին տեսակէտէ հարազատ երկու անուն։ Անոնցմէ մին է յայտնի մտաւորական ու հասարակական գործիչ Տիգրան Պասկեւիչեանը, որ թերթիս դարադարձի շրջանին պատրաստուած «ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ժամանակը» փաստավաւերագրական ժապաւէնի բեմագիրը եղած էր։ Այդ ատենուան իր ուսումնասիրութիւններէն ու տարած խտացեալ աշխատանքէն վերջ, առաջին անգամ ան մեզի խորհուրդ տուած էր՝ մտածել Քասիմի աշխարհաբարի վերածած Նարեկի վերահրատարակութեան մասին։ Այսինքն ան էր ձեւով մը այս գործի գաղափարը յղացողը։ Միւս անունն է «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարի պատասխանատու, բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան, որ եւս մասնակցութիւն բերաւ այդ գաղափարի հասունացման գործին։

Բոլորին վարձքը կատար ու կրկին շնորհակալութիւն բոլորին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2018