Սուրբ Յարութեան տաղաւար

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց...

Սուրբ Յարութեան տաղաւարի մեծ աեւտիսը մեր շուրթերուն, այսօր դարձեալ զիրար կ՚ողջունենք ուրախութեամբ, սիրով եւ անկեղծութեամբ։ Սուրբ զատկուան առթիւ համակուած ենք բարձր տրամադրութեամբ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զանգերը կը ղօղանջեն դարձեալ տօնական հրճուանքով՝ ազդարարելով Տէր Յիսուսի հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը։ Անգամ մը եւս ականատես ենք՝ իր կողմէ մահուան պարտութեան մատնուելուն, կեանքի յաղթութեան։ Սա մեծագոյն հրաշքն է, հիմքը քրիստոնէական լոյս հաւատքի, որով պայմանաւորուած փիլիսոփայութիւնը ուղղութիւն տուած է ու կը շարունակէ տալ համամարդկային արժեհամակարգի մը, մեծ քաղաքակրթութիւններով հանդերձ։ Սա բերկրանքի ու խնդութեան տօնն է, որու խորհուրդը հաւատացեալին առջեւ կը բանայ հոգեւոր վերածնունդի դուռը։

Եթէ մարդ արարածին տեսակէտէ մեծագոյն հարցականն է մահը, ապա Սուրբ Յարութեան աւետիսը կանչ մըն է՝ անոր դիմաց չընկճուելու եւ վեր յառնելու յոյսը արթուն պահելու համար։ Յարութեան յոյսը քրիստոնեայ հաւատացեալի դիմադրութեան ծառը կը ջրէ։ Տիրոջ Սուրբ Յարութիւնը զօրութեան աղբիւր մըն է մարդուն համար, որպէսզի իր երկրային կեանքը արժեւորէ, լեցնէ շնորհներով եւ երկնային արքայութեան պատկերը իր մտքին մէջ հաստատած՝ կարողանայ տոկալ ամէն տեսակ տագնապի դէմ։ Եւ այդ ամբողջի առանցքին դարձեալ սէ՛րն է, ամենայաղթ սէրը։ Եւ Սուրբ Զատիկը սիրոյ յաղթանակին տօնն է։ Մարդ արարածը որքան փարած մնայ այդ սիրոյն, այդքան եւ հաղորդ կը մնայ անոր յաղթանակի անկրկնելի հոգեւոր ցնծութեան։ Քանի որ, մեր հայրերու լոյս հաւատքով միայն Քրիստոս կրնայ պարգեւել ճշմարիտ սէրը՝ ակն ու զուլալ աղբիւրը կենսունակութեան։

Ուրեմն, տօնական աւետիսը մեր շուրթերուն՝ թէ՛ իրարմէ եւ թէ մեր անձերէն չզլանանք Յիսուս Քրիստոսի անպարտելի սէրը։ Առատացնենք զայն մեր կեանքին մէջ՝ բաժնելով անկեղծօրէն։ Իրարու հետ ողջագուրուինք՝ Փրկչի սիրոյ անպարտելի զօրութեամբ ու ձգողականութեամբ։

Քրիս­տոս յա­րեաւ ի մե­ռե­լոց...
Ձե­զի, մե­զի մե՜ծ ա­ւե­տիս...

Շաբաթ, Մարտ 31, 2018