Խաղաղութիւնը՝ 2017 թուականի տարեմուտի մաղթանքներուն մէջ…

Օ­րա­ցոյ­ցի վեր­ջին էջն ալ կը թեր­թենք եւ այ­սօր կէս գի­շե­րին հրա­ժեշտ կու տանք ներ­կայ տա­րուան։ Ան կը յանձ­նենք պատ­մու­թեան ու կ՚ող­ջու­նենք 2017 թուա­կա­նին գա­լուս­տը։ Հա­ւա­քա­կան կեան­քէ ներս ա­նընդ­հատ կրկնու­թիւն մըն է նոր տա­րի մը դի­մա­ւո­րե­լը, իսկ միա­պա­ղա­ղու­թիւ­նը կու գան կան­խել՝ բա­րի ցան­կու­թիւն­նե­րը, դրա­կան սպա­սում­նե­րը, ազ­նիւ ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը, կարճ խօս­քով, յոյսը...

Ա­մա­նո­րը խորհր­դան­շանն է մարդ­կու­թեան բնա­կա­նոն ձգտու­մին՝ առ բա­րին, դրա­կանն ու լա­ւը։ Որ­քան որ ալ տա­րուան տե­ւո­ղու­թեան այդ ձգտու­մը, ընդ­հան­րա­պէս, խա­թա­րուի՝ իւ­րա­քան­չիւր ա­մա­նո­րին այդ մէ­կը կը վե­րա­կեն­դա­նա­նայ։ Խոր­քին մէջ, ի՞նչն է, որ կը խան­գա­րէ այդ ձգտու­մին լիար­ժէք կեն­սա­գոր­ծու­մը։ Պա­տաս­խա­նը միանշանակ է. խա­ղա­ղու­թեան պա­կա­սը։

Հա­մայն աշ­խարհ 2017 թուա­կա­նը կը դի­մա­ւո­րէ խա­ղա­ղու­թեան մաղ­թան­քով։ Երկ­րա­գուն­դի վրայ խա­ղա­ղու­թեան պա­պա­կը մը մնայ ան­յագ։ Տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւ­նը, դժբախ­տա­բար, չի թա­կեր մի­լիո­նա­ւոր ըն­տա­նիք­նե­րու բնա­կա­րան­նե­րուն դու­ռը։ Տաս­նեակ մի­լիո­նա­ւոր մար­դիկ յայտ­նուած են պա­տե­րազ­մա­կան գօ­տի­նե­րէ ներս։ Նուազ չեն նաեւ ա­նոնք, ո­րոնք կը տա­ռա­պին թշուա­ռու­թեան ճի­րան­նե­րուն մէջ։ Նոյ­նիսկ աշ­խար­հի ա­մե­նա­բա­րե­կե­ցիկ եր­կիր­նե­րուն մէջ, հսկա­յա­կան զան­գուած­նե­րու մօտ կը նկա­տուի յու­սա­հա­տու­թիւն։ Մար­դիկ յո­ռե­տես դար­ձած են ա­պա­գա­յի հա­մար։ Ախ­տա­ճա­նա­չում­նե­րու ցու­ցա­կը կա­րե­լի է եր­կա­րել։ Ին­չո՞ւ այս­պէս...

Պարզ ու միակ պատ­ճա­ռը այն է, որ խա­ղա­ղու­թիւն չկայ աշ­խար­հի վրայ։ Երբ պակ­սի խա­ղա­ղու­թիւ­նը, չես կրնար վա­յե­լել նոյ­նիսկ ու­նե­ցածդ։ Երբ պակ­սի հա­մա­կե­ցու­թիւ­նը, ինք­նա­բե­րա­բար զուրկ ես ու­նե­ցածդ ու­րիշ­նե­րու հետ բաժ­նե­լու ու­րա­խու­թե­նէն։ Երբ չկայ հա­մե­րաշ­խու­թիւն, դժուար թէ մէջդ ուժ գտնես՝ չու­նե­ցածդ ա­պա­հո­վե­լու ե­ռան­դով տո­գո­րուե­լու հա­մար։

Պա­տե­րազ­մը ներ­հակ է մարդ ա­րա­րա­ծի բնազ­դին։ Երբ չկայ խա­ղա­ղու­թիւն՝ չկայ նաեւ անվ­տան­գու­թիւն, չկայ նաեւ ա­պա­հո­վու­թեան զգա­ցում ու չկայ նաեւ ե­րաշ­խա­ւո­րուած բնա­կա­նոն կեանք։ Խա­ղա­ղու­թեան պա­կա­սը յոգ­նե­ցու­ցիչ ու զզուե­լի կը դարձ­նէ ա­ռօ­րեան։ Խա­ղա­ղու­թիւ­նը միակ ա­մուր են­թա­գե­տինն է, ո­րու վրայ մարդ ա­րա­րա­ծը կրնայ ինք­նադր­սե­ւո­րուիլ ա­զատ, ան­կաշ­կանդ ու ար

ժա­նա­պա­տուու­թեամբ։ Պա­տե­րազ­մը հո­մա­նիշն է ստրկու­թեան, կա­խուա­ծու­թեան։ Պա­տե­րազ­մը հա­ւա­քա­կան կեան­քը կ՚ան­դա­մա­լու­ծէ՝ իր առ­թած վա­խով։ Ա­նի­ծեալ­նե­րուն յա­րիր է ա­նոր մթնո­լոր­տը։

Ու­րեմն, 2017-ի տա­րե­մու­տին ալ յա­մա­ռօ­րէն մաղ­թենք խա­ղա­ղու­թիւն։ Հա­ւա­տա­րիմ մնանք խա­ղա­ղու­թեան ձգտու­մին ու վե­րա­նո­րոգ կամ­քով մեր հա­յեաց­քը սե­ւե­ռենք ա­նոր վրայ, ա­ռանց յու­սալ­քուե­լու։
Շնոր­հա­ւոր ա­մա­նոր...

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016