Շնորհաւոր նոր տարի

Կեանքի անխափան հոլովոյթը շատ յաճախ կը տանի միապաղաղութեան։ Թէեւ միշտ կան ելեւէջներ, վերիվայրումները կը զուգորդեն կեանքը։ Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն, խորքին մէջ, այս է մարդ արարածի դիմագրաւածը։ Վերելքներն ու նահանջները ընդելուզուած են, միահիւսուած, միաձուլուած։ Մէկու մը վերելքը երբեմն կրնայ պայմանաւորել ուրիշի մը նահանջը կամ ընդհակառակն։

Մարդ արարածը հակուած է նաեւ ատեն-ատեն ընդհատել կեանքի ընթացիկ հոսքը։ Այդ ընթացիկին մէջ նոր փուլեր ստեղծել, նոր էջեր բանալ եւ միապաղաղութեան փակ շրջանը յաղթահարել մարդկային կենցաղին մէջ միշտ եղած են կարեւոր։ Այն աստիճան, որ սա ընկերային ամբողջ ապրումներու, հասարակական դիմագծի եւ տակաւին մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու տեսակէտէ կը համարուի յատկանշական։

Կեանքը որքան որ ալ իր ընթացքով ըլլայ միապաղաղ, իր բովանդակութեամբ նաեւ յարափոփոխ է։ Շատ յաճախ այս որակումը կը տրուի աշխարհի համար, յարափոփոխ աշխարհ կ՚ըսուի։ Եկուր-տես, որ մարդն է աշխարհի շարժիչը, մղիչ ուժը։ Մարդը, որ կ՚ապրի այս աշխարհի վրայ, հակուած է նորութեան, փոփոխութեան։ Մարդ արարածը կը վերանորոգէ իր կեանքը եւ ընթացքին ալ կը կերտէ՝ իր իսկ ապրած յարափոփոխ աշխարհը։ Կրկնութիւններուն իմաստ կը վերագրէ եւ կը պայծառակերպէ իր մտահորիզոնը։ Կեանքը միապաղաղ է, որովհետեւ մարդու կարիքները անփոփոխ են։ Սակայն մարդ արարածը այդ կարիքները դիմագրաւելու զանազան եզրեր, միջոցներ կը գտնէ եւ այդպէսով չ՚ընկճուիր այն հոգեվիճակին տակ, թէ իր կարիքներու գերին է։ Այդ միջոցները առաւել եւս կը բաւարարեն մարդը, եթէ ուրիշներու իրաւունքը չէ յափշտակուած եւ եթէ բնութիւնը չէ վնասուած։ Այդ միջոցները կը գոհացնեն մարդը, նոյնիսկ պատմութեան մէջ հետք կրնան թողուլ, եթէ ընդհանրական կերպարանափոխութեան մը կրնան նպաստել։ Ստեղծագործական մտքի դրսեւորումներու մասին է խօսքը, հանճարներու միջամտութիւնը մարդկային կեանքի երթին։

Կեանքը պայծառակերպելու, նորոգելու կարողութիւնը, ընդունակութիւնը մեծագոյն դիմադրութիւնն է անոր միապաղաղութեան դէմ։ Այնքան ատեն, որ մարդ կը յաջողի մշտանորոգ պահել իր կեանքը՝ կը նշանակէ, որ իր ձեռքը կը պահէ անոր ղեկը։ Որքան որ մարդ դադրի վերանորոգելէ իր կեանքը՝ այնքան արդէն կը յանձնէ անոր ղեկը։ Եւ այդ խաչմերուկին վրայ էական դեր ունին կեանքի վերաբերեալ յստակ պատկերացում եւ սպասումներու վերաբերեալ իրապաշտ մօտեցումներ ունենալը։ Միայն այսպիսի փիլիսոփայութիւնով մը կարելի է կեանքը վերածել երջանկութեան որոնումի մը։ Չես կրնար երջանկութեան ձգտիլ տխրութեամբ։ Երջանկութեան ձգտումը կ՚ըլլայ լաւատեսութեամբ ու բարձր տրամադրութեամբ։ Երջանկութեան ձգտումը ուժ կու տայ ձախողումները եւ յուսախափութիւնները ծաղրելու։ Կեանքը հաճելի է այնքան՝ որքան հաշտ ես անոր բուն պատկերին հետ եւ կը յաջողիս արհեստականին ստուերը հեռու պահել անոր վրայէն։ Մարդ դրական երեւակայութիւն կրնայ ունենալ երջանկութեան ձգտումով։ Եւ ի վերջոյ մարդ կրնայ նոր երազներ հիւսել՝ հայեացքը նոր հորիզոններու սեւեռած։ Մեծ երազները միշտ ծնած են մարդկային պարզ, փոքր աշխարհներու մէջ։ Որքան որ ալ մարդու երջանկութիւնը բխի իր ներաշխարհէն, այդ երջանկութիւնը անկարելի է առանձին։

Եթէ ամանորին պիտի մտածենք մեր ապրած կեանքին, աշխարհին ու մեր յոյզերուն, իղձերուն մասին, ապա թերահաւատ չըլլանք մեր կարողութիւններուն նկատմամբ, թէ կրնանք բարեփոխել, վերանորոգել մեր կեանքը։ Չարտօնենք, որ սարսափելի վիճակները թունաւորեն մեր կամքը՝ կեանքի ծառը մշտադալար պահելու ուղղութեամբ։ Կեանքը տօն է, որքան ատեն, որ ի վիճակի ենք անոր ղեկը պահել մեր ձեռքին՝ առողջութեամբ, բարեկամներու ջերմութեամբ, սիրելիներով շրջապատուած եւ բոլորի նկատմամբ բարի կամեցողութեամբ։ Ուրիշներէ զլացուած սէրը, իրականութեան մէջ, զրկանքի կը վերածէ սեփական կեանքը։ Կեանքը եթէ տօնի մը պիտի վերածուի, ապա այդ բանը պիտի ըլլայ ճոխութեան մէջ. սիրոյ ճոխութեան առթած զգացումներով։ Այդ ճոխութիւնն է, որ պիտի ապահովէ բազմապատկեալ եռանդ մը, առանց որու ճոխութիւնը որքան որ ալ մեծ ըլլայ, զրկանքի տպաւորութիւնը կրնայ խորանալ ահագնացող թափով։ Ամօթալի, տխուր երեւոյթները ո՛չ թէ մոռնալու կամ անտեսելու, այլեւ՝ պահ մը արհամարհելու քաջութիւնը, անոնց դէմ պայքարելու վճռակամութեան հանդէպ հաւատարմութիւնը մարդը կրնայ արդարացնել իր խղճին ու արժանապատուութեան առջեւ։ Հանգիստ խիղճը ուղեցոյցն է վերանորոգ եռանդի։ Տօն է կեանքը, եթէ կը յաջողինք ժամանակներու մէջ բռնել մարդկութեան քննութիւնը՝ պատուով, ազնուութեամբ, ինքնավստահ։ Կեանքի մասին մարդու սահմանած իւրաքանչիւր հանգրուան, ինչպիսին է նոր տարին, այդ մշտական քննութեան մարտահրաւէրներէն մին է նաեւ անտարակոյս։ Չէ՞ որ կեանքը կեա՛նք չէ առանց պայքարի եւ չկայ տօն, երբ չունիս տօնելու բան մը՝ վաստակուած յամառ պայքարով եւ աշխատանքով։

Յոյսի դրօշը յաւերժ կը ծածանի յաղթական, որքան ատեն, որ մարդ արարածը չի հեռանար կեանքը տօնի մը վերածելու բաղձանքէն։

Շնորհաւոր Ամանոր։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2018