ԵՍ ԻՄ ՀԵՔԻԱԹՍ Կ՚ՈՒԶԵՄ...

Շուտով, շուտով, շուտով Նոր տարի է...

Եւ ամէն տարի անկրկնելի հեքիաթ...

Արդեօ՞ք...

Ամիս մը ու աւելի պատրաստութիւններ... Նոր տարի է շուտով։ Նոր տարի, նոր հագուստ, նոր խաղալիք, չիր ու չամիչ...

Այսպէս էր մեր մանկութեան Նոր տարին... Հեքիաթը մեր մանկութեան...

Եւ իմ հեքիաթս այսօր բաւարար չէ Նոր տարին նորացնելու...

Ես անսահման տխուր եմ...

Այնքան տխուր, որ սիրտս պիտի պայթի այս խոշոր աշխարհին նեղութենէն... Այնքան տխուր, որ այս ճոխութիւններուն մէջ անօթի եմ...

Այնքա՛ն տխուր, քանզի չեմ գիտեր, թէ Նոր տարին ինչ նորութիւն պիտի բերէ...

Ո՞ւր է իմ հեքիաթս, որուն հաւատալով սրբութեամբ պահած եմ...

Մեր մանուկ օրերուն հեռուստացոյցը դեռ այսքան ճոխ չէր, երկու կամ երեք կայան ունէինք եւ Յորդանանի կայանը ամէն դեկտեմբեր 24-ի կը ցուցնէր «Լուցկի ծախող աղջիկը»ին հեքիաթը... Եւ ես ամէն տարի կու լայի այդ աղջկան համար... Ան իմ Նոր տարուան հեքիաթի ամենատխուր մասն էր...

Մինչեւ մայրս ելք մը գտաւ, ան հեքիաթային սուտ մը յօրինեց, որ «Լուցկի ծախող աղջիկը» չի մեռնիր, պարզապէս երազին մէջ կը բարձրանայ իր մօր քով, Նոր տարիին ետ կու գայ, որ յաջորդ տարին դարձեալ լուցկի ծախէ եւ չէ՞ որ Ծննդեան Հրաշքը կրնայ փոխել հեքիաթը...

Շատ համոզիչ չէր, սակայն կը հաւատայի, որովհետեւ կ՚ուզէի հաւատալ... Եւ անհամբեր կը սպասէի...

Նոր տարուան սեղանին մոմերը ես կը վառէի մի՛շտ եւ հրեշտակէ փոքրիկ մոմակալին մոմը նուիրած էի Լուցկի ծախող աղջկան, իրեն համար կը վառէի, իսկ լուցկին Կաղանդի ծառին վրայ կը զետեղէի...։

Հեքիաթս կը շարունակուէր, որովհետեւ մահը չըմբռնող փոքրիկ ուղեղիս մէջ Լուցկի ծախող աղջիկը երբեք չէր մահանար...

Ես նաեւ կը հաւատամ տակաւին, որ Կաղանդ պապան Հայաստանէն կու գայ, այո՛, միայն Հայաստանէն։ Ան ծերուկ է եւ շատ զօրաւոր, որովհետեւ ԲԱՐԻ է... Եւ ան ալ չի մեռնիր...։

Հիմա փոխուեր է հեքիաթը... Հիմա շատ բան փոխուեր է։ Կրնանք ամէն օր նոր հագուստ եւ նոր խաղալիք ունենալ, հիմա լուցկիով չենք վառեր մոմերը Նոր տարուան սեղանին եւ ընդհանրապէս... Հիմա յատուկ հրահաններ կան, իսկ Նոր տարուան համար Կաղանդ պապայի նկարով հրահաններ։

Ես տխուր եմ...

Հիմա հեռուստացոյցով Լուցկի ծախող աղջիկն ալ չկայ... Արդեօք վերջին անգամ ե՞րբ տեսայ՝ ալ չդարձաւ... Ոչ, ոչ, հեքիաթը այլ աւարտ ունեցաւ, որովհետեւ կը հաւատամ Ծննդեան Հրաշքին...

Բայց ես շատ տխուր եմ... Տխուր եմ որովհետեւ ՀԵՔԻԱԹԸ ԴԱՐՁԵՐ Է ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ... Որովհետեւ հիմա այնքան շա՜տ են լուցկի ծախող աղջիկները։

Ես արդէն չեմ ուզեր հաւատալ, որ Կաղանդ պապան Հայաստանէն կու գայ, եթէ այդպէս է՝ ան չի՞ տեսներ, թէ որքան փոքրիկներ իրեն կը սպասեն, ինչո՞ւ անոնց չ՚այցելեր...

Արդէն շատո՜նց հեռուստացոյցէն Լուցկի ծախող աղջիկը չեմ տեսներ, բայց հիմա դիմատետրը կայ եւ ես ամէն օր լուցկի ծախող երեխաներու կը հանդիպիմ... Ա՜խ, չէ՜, անոնցմէ ոմանք լուցկի ալ չունին տաքնալու համար, իսկ երբ լուցկի չկայ վառելու, ուրեմն երազ ալ չունին...

Ինչո՞ւ շատցան լուցկի ծախող փոքրիկները հայրենիքիս մէջ... Իսկ անոնք՝ որոնք լուցկի ալ չունին՝ ինչպէս պիտի տեսնեն Հանրապետութեան հրապարակի ծառն ու Նոր տարուան զարդարանքները...

Ո՛չ, ո՛չ Կաղանդ պապա, առաջինը չունեւոր երեխաներուն այցելէ, խաղալիքներ, նոր զգեստներ, չիր ու չամիչին հետ չմոռնաս անպայման լուցկի մըն ալ դնելու չմոռնաս տոպրակներուն մէջ, որ պէտք եղած ժամանակ վառեն, որ իրենց երազն ալ վառ մնայ...

Կաղանդ պապա, եթէ ինծի նուէր չհասնի, հաւատա՛ ես չեմ տխրիր, ես լուցկի ունիմ, իմ հեքիաթս կը շարունակուի...

Բայց կ՚աղաչեմ Քեզի, մինչեւ չայցելես ու չուրախացնես Քու կարիքդ ունեցող, Քեզի սպասող փոքրիկներուն՝ չայցելես ինծի...

Ես կը վառեմ իմ լուցկիս... Կը տեսնեմ Քեզ... Որովհետեւ հեքիաթս պէտք է շարունակուի...

ԱՅՍ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՍ ՉԵՄ ՈՒԶԵՐ...

ԵՍ ԻՄ ՀԵՔԻԱԹՍ Կ՚ՈՒԶԵՄ...։

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

31 դեկտեմբեր, 2019

Երուսաղէմ

Չորեքշաբթի, Յունուար 1, 2020