2024 - ՎԻՇԱՊԻ ՏԱՐԻ

Ամէն տարուայ նման, այս տարի եւս բազմաթիւ աստղագէտներու եւ աստղաբաններու 2024 տարուան յատուկ բազմաթիւ եւ տեսակաւոր կայքէջերու վրայ հրապարակուած գուշակութիւններն ու անոնց մասին զանազան կարծիք-տեսակէտները կարդալէ եւ ծանօթանալէ ետք, փորձեցինք մէկտեղել այդ բոլորը եւ համադրելէ ետք, մեր ընթերցողներուն հրամցնել անոնցմէ ամենէն հետաքրքրականը, ընդհանրականն ու յատկանշականը:

Պէտք է ըսել, որ գրեթէ բոլորն ալ համակարծիք են, թէ 2024-ը բոլորովին տարբեր պիտի չըլլայ 2023-էն:

Շատեր կը պնդեն, թէ նոյնիսկ ոչ միայն անոր շարունակութիւնը պիտի նկատուի, այլեւ պիտի դառնայ անոր աւելի չարագործ տարբերակը:

Սակայն միւս կողմէ կան նաեւ որոշ թիւով բախտագուշակներ, որոնք վերեւ յիշուած ժխտական կէտերուն հակառակը կը հաստատեն:

Այսպէս շատերու համաձայն մարդ արարածը ամէնօրեայ նոր գիտութիւններու եւ գիւտերու շնորհիւ մեծ յառաջդիմութիւններ պիտի արձանագրէ: Ասոնք լաւատեսներն են: Արդ, նորութիւն մը չէ երբ ըսեմ.

Չինական աստղագիտութիւնը մարդոց տարիները բաժնած է 12 կենդանիներու անուններով: Առաջին տարուան անունը սկսած է մուկով, անոր յաջորդած է ցուլը, վագրը, ճագարը կամ նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, ոչխարը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը: Այս ձեւով ամէն 12 տարին անգամ մը նոյն անասունը կը յիշուի չինական օրացոյցին վրայ: 2024 տարին վիշապի տարի է:

Չինական աստղագիտութեան մէջ վիշապը կը գրաւէ հինգերորդ դիրքը: Այս տարին կը սկսի երկուշաբթի, յունուարի 23-ի խանդավառութեամբ, ուրախութեամբ եւ յոյսով, միշտ սէր եւ խաղաղութեան մաղթանքներով եւ վիշապական կամ վիշապներու պարերով եւ եղանակներով:

Կը նախատեսուի, որ վիշապի տարին իր հետ բերէ խաղաղութիւն, համբերութիւն եւ յաջողութիւն: Շատ մը չինացի աստղագէտներու համաձայն, 2024 տարին պիտի ըլլայ փոխանցման տարի մը նախորդ տարուան ընթացքին սկսած պատերազմին եւ 2024 թուականին հաւանական կայանալիք խաղաղութեան միջեւ:

Մէկ խօսքով խաղաղութիւն մը, որուն կը յուսայ համայն մարդկութիւնը եւ որ կը կարծուի, թէ պիտի հաստատուի յառաջիկային եւ պիտի գոյատեւէ ու քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական կայունութիւն ստեղծէ յաջորդող երկար տարիներու համար:

Անցեալ տարուան ընթացքին զանազան եւ բազմազան քաղաքական, տնտեսական ու գիտական իրադարձութիւնները, նորութիւններն ու զարգացումները նկատի ունենալով՝ աստղագէտներ արդէն որոշ պատկերացում մը ունին 2024 թուականին պատահելիք դէպքերուն մասին: Բնականաբար աշխարհը մէկ օրէն միւսը ամբողջութեամբ պիտի չբարեփոխուի, քաղաքական կեանքը յեղաշրջում պիտի չապրի եւ մարդոց տուներուն մէջ յանկարծ ոսկիի, տոլարի եւ կամ այլ տեսակի դրամներու պարկեր պիտի չյայտնուին:

Դէպքերն ու ամէն տեսակի իրադարձութիւնները իրենք զիրենք կը մատնեն արդէն եւ 2023 թուականի քաղաքականութեան հետեւած անձերուն կը յուշեն, թէ ինչպիսի զարգացումներ տեղի պիտի ունենան այս նոր տարուան ընթացքին:

Իսկ գալով վիշապին եւ անով ճանչցուած այս նոր տարուան, աստղաբաշխները կ՚ընդունին, որ վիշապը կը մարմնաւորէ կամ կը պատկերացնէ որոշ չափով կեանք, մեծութիւն, հզօրութիւն, նաեւ օրհնութիւն ներշնչող ու տուող: Իրենց համար վիշապը կը խորհրդանշէ նաեւ կրակ, հմայք եւ խորհրդատու:

Ուստի հիմնուելով իրենց այս տուեալներուն վրայ վիշապի տարին ծնած անհատը կ՚ըլլայ տաղանդաւոր, շատ մը ծրագիրներ իրականացնող, իր ընտանիքին հաւատարիմ, միշտ օգտակար հանդիսացող եւ օգնութեան հասնող, իր «սրտէն» խօսող եւ սակայն յամառ, որուն համար դժուար է իր զգացումները պահել:

Կ՚ըսուի նաեւ, թէ անոնք սիրոյ մէջ դժբախտ կ՚ըլլան եւ ասկէ մեկնած կանուխ ամուսնութեան դէմ են:

Անոնք ընկերութեան մէջ փնտռուածներէն են եւ իրենց ընտրած կամ նախընտրած ասպարէզին մէջ անպայմանօրէն յաջողածներ:

Թէեւ վիշապները գերբնական ուժի յատկութիւններու տէր հսկայ կենդանիներ են, սակայն «երբեմն նոյնիսկ փոքր պատառ մը իսկ չեն կրնար ծամել» ինչպէս կ՚ըսեն:

Բայց, ինչ ալ ըլլան վիշապի մասին գրուած կամ տրուած ածականներն ու մակդիրները, լաւ կամ վատ կողմերը, ան իր յստակ եւ որոշ տեղը ունեցած է եւ տակաւին կը շարունակէ ունենալ չինացիին ու ներկայիս աշխարհի շատ մը ժողովուրդներուն կեանքին մէջ:

Ստորեւ չինական տարիներու բաժանումները իրենց տարիներու դասաւորումով.-

1.- Առնէտ՝ 1900-1912-1924-1936-1948-1960-1972-1984-1996-2008-2020

2.- Ցուլ՝ 1901-1913-1925-1937-1949-1961-1973-1985-1997-2009-2021

3.- Վագր՝ 1902-1914-1926-1938-1950-1962-1974-1986-1998-2010-2022

4.- Նապաստակ՝ 1903- 1915-1927-1939-1951-1963-1975-1987-1999-2011-2023

5.- Վիշապ՝ 1904-1916-1928-1940-1952-1964-1976-1988-2000-2012-2024

6.- Օձ՝ 1905-1917-1929-1941-1953-1965-1977-1989-2001-2013-2025

7.- Ձի՝ 1906-1918-1930-1942-1954-1966-1978-1990-2002-2014-2026

8.-Ոչխար՝ 1907-1919-1931-1943-1955-1967-1979-1990-2003-2015-2027

9.- Կապիկ՝ 1908-1920-1932-1944-1956-1968-1980-1992-2004-2016-2028

10.- Աքլոր՝ 1909-1921-1933-1945-1957-1969-1981-1993-2005-2017-2029

11.-Շուն՝ 1910-1922-1934-1946-1958-1970-1982-1994-2006-2018-2030

12.-Խոզ՝ 1911-1923-1935-1947-1959-1971-1983-1995-2007-2019-2031

Ուրեմն վիշապի տարի նկատուած են 1916, 1928, 1940, 1952, 1976, 1988, 2000, 2012, 2024 եւ 2036 տարիները:

Վերոնշեալ տարիներուն ծնած անձերը իրենց կեանքի տեւողութեան կրնան հանդիպիլ շատ մը անակնկալ վերիվայրումներու: Սակայն միշտ կը գնահատուին իրենց արիութեան եւ յատկապէս արտաքին տեսքին համար:

Վիշապի տարիներուն ծնած նշանաւոր դէմքեր.

Քոլին Փաուըլ, Ռոզան Պար, Սանտրա Պուլաք, Տայանա Շոր, Ճոն Լեէնըն, Հիւսնի Միւպարէք, Ֆրանսուա Միթերան:

«Վիշապի» նախընտարած թիւերը. 3, 4, 21, 35 եւ 45, իսկ նախասիրած գոյնը՝ դեղին:

Նկարագրի կարեւոր գիծեր.

Դժուարութիւններ յաղթահարող, անվախ, քաջ, հնարող, ջղային, ինքնագոհ, ինքնավստահ, ինքնապաշտպան, առողջ, շատ զգայուն, յաճախ շատ անխիղճ, զգացական, ծոյլ, երբեմն զգալիօրէն այլամերժ, շուտ ընկերացող, յաճախ մտերմիկ:

Իրենց նախընտրութիւնն է կամ նախասիրած առարկան կամ գործիքն է՝ հայելին եւ նկարչական գործիքը:

Վիշապի տարին ծնածները իբրեւ ասպարէզ կ՚ընտրեն կամ ալ կ՚ուզեն դառնալ դերասան, աստղագէտ, համակարգիչի մասնագէտ եւ ժողովրդային ծառայական պաշտօնեաներ:

Հաւատք ընծայէ՛ք կամ ոչ, ձեզի կը մաղթեմ հաճելի անակնկալներով լեցուն, բախտաբեր եւ երջանկաբեր տարի մը եւ յոյսով եմ, որ նախատեսութիւններուն դրականները ըլլան իրական եւ ձեր կեանքը լեցուի միայն բարիով, լաւով, առողջութեամբ եւ յաջողութեամբ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 1, 2024