Ո՛Վ ԱՆՑՈՐԴՆԵՐ՝ ԱՆՑՆՈՂ ԲԱՌԵՐՈՒՆ ՄԷՋԷՆ

Ո՛վ անցորդներ՝ անցնող բառերուն մէջէն.
Տարէ՛ք ձեր անունները եւ հեռացէ՛ք,
Ձեր ժամացոյցները քաշեցէք մեր ժամանակէն եւ հեռացէ՛ք,
Առէ՛ք որքան որ կ՚ուզէք ծովուն կապոյտէն եւ յիշատակելի աւազէն,
Առէ՛ք պատկերներ որքան որ կ՚ուզէք, 
Որպէսզի գիտնաք, թէ չէիք գիտեր,
Որ մեր հողէն քար մը ինչպէ՛ս կը կառուցէ երկնքին երդիքը:

Ո՛վ անցորդներ՝ անցնող բառերուն մէջէն.
Ձեզմէ սուր - մեզմէ՝ արիւն,
Ձեզմէ պողպատ ու կրակ - մեզմէ՝ մեր միսերը,
Ձեզմէ ուրիշ հրասայլ մը - մեզմէ՝ քար,
Ձեզմէ հրասանդ - մեզմէ՝ անձրեւ...:
Մեր եւ ձեր վերեւը նոյն երկինքն ու հովն են.
Առէ՛ք ձեզի բաժին ինկածը մեր արիւնէն եւ հեռացէ՛ք,
Ապա պարային երեկոյ մը մտէք... եւ հեռացէ՛ք,
Իսկ մեզի կ՚իյնայ նահատակներուն վարդերուն հսկել,
Մեզի կ՚իյնայ ապրիլ՝ ինչպէս մե՛նք կամենանք:

Ո՛վ անցորդներ՝ անցնող բառերուն մէջէն.
Դառն փոշիի պէս անցէ՛ք, երբ կամենաք,
Սակայն մեր մէջէն մի՛ անցնիք թռչող միջատներու պէս,
Քանի մեր հողին մէջ ունինք մեր աշխատանքը,
Ունինք ցորենը, զոր կ՚աճեցնենք, 
Կը ջրենք մեր մարմիններու ցօղերով
Եւ ունինք այն ինչ որ չի գոհացներ ձեզ՝
Քար մը... կամ ամօթխածութիւն մը:
Տարէ՛ք անցեալը, եթէ կ՚ուզէք, հնութիւններու շուկան
Եւ վերադարձուցէ՛ք յոպոպին կմախքը, եթէ կ՚ուզէք,
Կաւէ ամանով:
Ունինք ձեզ չգոհացնող բան մը՝
Ունինք ապագան,
Մեր հողերուն մէջ ունինք մեր աշխատանքը:

Ո՛վ անցորդներ՝ անցնող բառերւն մէջէն.
Ձեր պատրանքները լքուած փոսի մը մէջ կուտակեցէ՛ք եւ հեռացէ՛ք
Եւ վերադարձուցէ՛ք ժամանակին սլաքը սրբազան հորթին օրինականութեան
Կամ հրացանի երգեցողութեան ժամանակին,
Քանի ունինք ինչ որ ձեզ չի գոհացներ, հեռացէ՛ք:
Ունինք ինչ որ չունիք ձեր մէջ. 
Արիւնահոս հայրենիք մը եւ արիւնահոս ժողովուրդ մը:
Հայրենիք մը, որ արժանի է մոռացութեան եւ յիշատակութեան:

Ո՛վ անցորդներ՝ անցնող բառերուն մէջէն,
Ժամանակն է որ հեռանաք
Եւ հաստատուիք ուր ուզէք, 
Սակայն մի՛ հաստատուիք մեր մէջ:
Ժամանակն է որ հեռանաք
Եւ մահանաք ուր ուզէք, 
Սակայն մի՛ մահանաք մեր մէջ,
Քանի մեր հողին վրայ մեր աշխատանքը ունինք
Եւ մեր անցեալը՝ հոս:
Ունինք առաջին կեանքին ձայնը:
Ունինք ներկան, ներկա՛ն եւ ապագան:
Ունինք աշխարհը՝ հոս... եւ յաւերժութիւնը:
Ուստի հեռացէ՛ք մեր երկրէն,
Մեր ցամաքէն... մեր ծովէն,
Մեր ցորենէն... մեր միսերէն... 
Մեր վէրքերէն...
Ամէն ինչէն, 
Հեռացէ՛ք յիշողութեան բառերէն,
Ո՛վ անցորդներ՝ անցնող բառերուն մէջէն:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Ապրիլ 1, 2022