ԱՆՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲՔ ՍՈՐԻՆ

Անհանդուրժողականութիւնը մարդ էակին մէջ եղող ամենէն յոռի երեւոյթներէն մէկն է, որ մարդուն գեղեցկութիւնը կը խամրեցնէ եւ անոր փայլքը կը մթագնէ:

Ներկայ մեր ընկերային կեանքը եթէ անգամ մը ուշադրութեամբ աչքէ անցընենք, այնտեղ կը նկատենք, թէ ի՜նչ ահաւոր մակարդակի հասած է անհանդուրժողականութիւնը:

Այսօր, աշխարհի գրեթէ բոլոր անկիւններուն մէջ անհանդուրժողականութեան մթնոլորտ մը կը տիրէ: Աշխարհի զանազան մասերուն մէջ պատերազմներ են, այլ վայրերու մէջ որճրագործութիւններ եւ սպանութիւններ, ուրիշ տեղեր՝ ժառանգութեան եւ իրաւունքի վէճեր ու կռիւներ, ուրիշ տեղեր՝ դիրքի եւ աթոռի տիրանալու մնայուն պայքար՝ որուն ընդհանրապէս կ՚ընկերակցին արիւնն ու շատ յաճախ մարդկային կեանքեր:

Թուարկուած այս երեւոյթներուն պատճառը եթէ փորձենք հասկնալ, ապա մեզմէ շատերը պիտի ունենան նոյն եզրակացութիւնը. անհանդուրժողութիւն:

Պետութիւններ իրարու հետ լեզու չեն գտներ, մէկը միւսին ուզածին կամ առաջարկին համաձայն չ՚ըլլար, չի՛ հանդուրժեր դիմացինին խօսքը, որով անհանդուրժողութեան գետնին վրայ բացասական որոշումներու եւ եզրայանգումներու կը հասնին, որով ծնունդ կ՚առնեն պատերազմներ, հողային, սահմանային եւ իրաւունքի պայքարներ, ունեցուածքի եւ սեփականութեան վէճեր, եւ այլն:

Հաստատութեան մէջ նախանձի հողին վրայ պաշտօնակիցներ վէճերու կը բռնուին, հակառակութիւններու դուռ կը բանան, որով անտանելի մթնոլորտ մը կը ստեղծուի, ուր աշխատիլը անտանելի կը դառնայ: Այս վիճակին պատճառով ալ թէ՛ հասատութիւնը կը տուժէ եւ թէ՛ անձերը՝ իրենք:

Անդին, ազգականներու միջեւ անհասկացողութիւններու եւ կամ ունեցուածքի ու ժառանգութեան համար ծնունդ առած թշնամութիւնները կը յանգին անկանխատեսելի աւարտներու:

Վերը յիշեցինք, թէ այս բոլոր երեւոյթներուն պատճառը անհանդուրժողութիւնն է: Իսկ եթէ փորձենք հասկնալ, թէ անհանդուրժողութեան պատճառը ի՞նչն է, ապա մէկ եւ նոյն պատասխանը պիտի գտնեն մեզմէ շատեր, որ է՝ եսասիրութիւնը, մարդկային ԵՍը:

ԵՍ մը, որու դիմաց ի՜նչ-ի՜նչ աւերներ ու կոտորածներ գործուած են:

ԵՍ մը, որ պատճառ դարձած է արիւնահեղութիւններու:

ԵՍ մը, որ հայրը՝ որդիին, մայրը՝ աղջկան, եղբայրը՝ եղբօր, քոյրը՝ քրոջ դէմ հանած է, աւելին՝ թշնամացուցած է:

ԵՍ մը, որ առաջնորդած է ծնողը իր նորածին մանուկը ամայի վայր մը դնել ու փախչիլ:

ԵՍ մը, որ մղած է զաւակները, որպէսզի իրենց տարիքոտ ծնողները ծերանոցներ դնեն ու «հանգիստ» կեանք մը ապրին:

ԵՍ մը, որ մարդուն այնքան համարձակութիւն տուած է, որ վերջինս հպարտութեամբ յայտարարած է իր անաստուած, կամ անհաւատ ըլլալը:

ԵՍ մը, որ յանուն դրամի, յանուն նիւթականի պատրաստ է ամէն ինչ ծախել, որպէսզի իր սիրտին փափաքած հաճոյքները «վայելէ»:

Ի վերջոյ, ԵՍ մը, որ ինքզինք այլասերած ու ծախած է:

Եսասիրութիւնը, ինչպէս Պալզաք ըսած է, «ընկերութեան համար թոյն է», այլ խօսքով, եսասիրութիւնը ընկերութեան խաղաղ ընթացքը, առօրեան խաթարող երեւոյթ մըն է, որ ամէն ինչ գլխիվայր կ՚ընէ: Ինչքան շատ է թիւը եսասէրներու, թոյնին ազդեցութիւնը այդքան զօրաւոր ու վնասակար է, նոյնիսկ մահացուցիչ: Ինչքան շատ է այդ թոյնը, ապա այդ միջավայրէն առողջ արդիւնքներ եւ հասուն ու առողջ պտուղներ սպասելը, քիչ մը ծիծաղելի է եւ անտրամաբանական, որովհետեւ այդ միջավայրին մէջ մրցակցութիւն կը տիրէ, անառողջ մրցակցութիւն՝ նախանձէ դրդուած եւ ինքնասիրահարուածներու կողմէ տարուած մրցակցութիւն, իսկ Կիկերոնի բնորոշմամբ՝ «ինքնասիրահարուածը մրցակիցներ չունի». այսինքն, ինքնասիրահարուածը իր նպատակին հասնելու համար աջ ու ձախ չի՛ նայիր, այլ՝ ամէն ինչ ոտնակոխելով, առանց նկատի ունենալու իր շուրջինները, կը վազէ դէպի իր նպատակակէտ, դէպի իր «մրցանակ»:

Եսասիրութեան գետնի վրայ տարուած մրացավազքն է, որ մարդը կը հասցնէ անհանդուրժողութեան, որով մարդ իր եսը ամէն ինչէ վեր համարելով, ամէն կերպով կը ջանայ յագուրդ տալ իր եսին, անտեսելով ու ոտնակոխելով ամէն բան, որ կրնայ արգելք հանդիսանալ իր նպատակին հասնելու:

Անհանդուրժողութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկը, չըսելու համար գլխաւոր պատճառը, մարդուն Աստուծմէ հեռանալն է, այսինքն՝ առանց Աստուծոյ ապրուած կեանքն է:

Յիշենք ստեղծագործութեան պատմութիւնը: Աստուած երբ որոշում կը կայացնէր մարդ ստեղծելու, ըսաւ. «Մեր պատկերին ու նմանութեանը պէս մարդ ընենք» (Ծն 1.26): Հիմա կարդանք Յովհաննէս առաքեալին գրածը. «Սիրելինե՛ր, սիրե՛նք իրար,
որովհետեւ սէրը Աստուծոյ պարգեւն է.
ուստի ով որ կը սիրէ՝ Աստուծմէ ծնած է
եւ զԱստուած կը ճանչնայ:
Իսկ ով որ չի սիրեր՝ զԱստուած չի ճանչնար,
որովհետեւ Աստուած սէր է:
Աստուծոյ սէրը հետեւեալ ձեւով
մեզի յայտնուեցաւ.-
Աստուած Իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ,
որպէսզի Անով կեանք ունենանք:
Այս է ահա ճշմարիտ սէրը.
ո՛չ թէ մենք սիրեցինք զԱստուած,
այլ Աստուած Ինք սիրեց մեզ
եւ Իր Որդին ղրկեց
մեր մեղքերը քաւող իբրեւ Զոհ:

Սիրելինե՛ր, եթէ Աստուած այսպէս սիրեց մեզ, ապա ուրեմն մե՛նք եւս պէտք է իրար սիրենք» (Ա. Յհ 4.7-11): Եւ թէ՝ «Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի Անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ՝ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յհ 3.16):

«Վարդապե՛տ, Օրէնքին մէջ ո՞րն է մեծագոյն պատուիրանը:

Յիսուս ըսաւ անոր.

-«Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ եւ ամբողջ մտքովդ»: Ասիկա է մեծագոյն եւ կարեւորագոյն պատուիրանը: Երկրորդը ատոր նման է. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»: Այս երկու պատուիրաններէն կախեալ են ամբողջ Օրէնքը եւ մարգարէներուն ուսուցումները» (Մտ 22.36-40):

Վերը մէջբերուած համարները կը խօսին Աստուածասիրութեան եւ մարդասիրութեան մասին: Եսասիրութիւնը, որմէ ծնունդ կ՚առնէ անհանդուրժողութիւնը, հիմնուած է առնելու վրայ, այսինքն՝ առնել, ձեռք բերել բոլոր այն բաները, որոնք եսասէրին միտքէն կ՚անցնին, մինչ Աստուածասիրութիւնը, որմէ ծնունդ կ՚առնէ մարդասիրութիւնը, հիմնուած է տալուն վրայ, այսինքն՝ ուրիշին տալ, օգնել, աջակցիլ: Տեսէ՛ք, Աստուած երբ մարդը պիտի արարէր, Իր պատկերն ու նմանութիւնը ՏՈՒԱՒ (Ծն 1.26) անոր: Երբ Իր ստեղծած մարդը, որ հեռացած էր Իրմէ, որոշեց փրկել, դարձեալ ՏՈՒԱՒ (Յհ 3.16: Ա. Յհ 4.9): Երբ Մովսիսական Օրէնքի մասնագէտներէն մէկը Տէր Յիսուսին փորձելու նպատակով մեծագոյն օրէնքի մասին հարցուց, Անոր պատասխանը ամփոփուած էր երկու կէտերու մէջ, Աստուածասիրութիւն եւ մարդասիրութիւն, այս անգամ ՏԱԼ՝ մարդուն կողմէ, որովհետեւ սիրելը, ճշմարիտ սէրը կը կայանայ ՏԱԼՈՒ մէջ, տալ՝ զոհողութեան, համերաշխութեան, հանդուրժողութեան, ներողամտութեան, զիջողութեան եւ նման յատկութիւններու լոյսին տակ:

Արդարեւ, անհանդուրժողութեան առաջին եւ գլխաւոր դարմանը Աստուածասիրութիւնն ու մարդասիրութիւնն են: Իսկ այս երկուքը մէկը միւսով կ՚ամբողջանան, այսինքն, առանց Աստուածասիրութեան կարելի չէ մարդասէր ըլլալ, եւ հակառակը՝ առանց մարդասիրութեան կարելի չէ Աստուածասէր ըլլալ: Այլ խօսքով, մարդ իր եսէն աւելի եւ եսէն առաջ պէտք է մտածէ ընդհանուրի մասին: Այստեղ խօսքը չի՛ վերաբերիր սեփական անձը անուշադրութեան մատնելուն, ո՛չ, որովհետեւ այդ պարագային ուրիշ ծայրայեղութեան մէջ կ՚իյնանք: Մարդ մինչեւ ինքզինք լաւ չճանչնայ ու ինքզինք չսիրէ, չի՛ կրնար զԱստուած ու մարդիկը սիրել: Բայց զգոյշ, ինքզինք սիրելը պէտք չէ շփոթել եսասիրութեան հետ, որ ախտ մըն է, որով մարդ կ՚ապականի, այլ խօսքը կը վերաբերի մաքուր եւ պարզ սիրոյ մասին:

Անհանդուրժողութեան պատճառած վնասներն ու անհանդուրժողութենէն ձերբազատուելու միջոցը միասնաբար տեսանք, մեզի կը մնայ որոշում կայացնել եւ ընտրութիւն կատարելը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Երկուշաբթի, 23 մայիս 2022, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2022