ՎՐԱՍՏԱՆԸ ԿԱՄ ԱՒԵԼԻ ՃԻՇԴԸ «ՎՐԱՑԱԿԱՆ ԵՐԱԶԱՆՔ»Ը ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ

Տակաւին յստակ չէ, որ Վրաստանի մէջ ամէն օր նոր սրացում ապրող դէպքերը ինչ ուղղութեամբ պիտի տանին Հայաստանի հարեւան երկիրը, սակայն յայտնի է, որ 20 յունիսը երկար ժամանակով մը պիտի յիշատակուի եւ դեռ կարեւոր արժեւորումներու ենթակայ դառնայ։ Այդ օրը Վրաստանի խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցած միջադէպէն ետք հայկական պատուիրակութիւնը կը լքէր նիստերու դահլիճը: Թիֆլիզի մէջ տեղի կ՚ունենար Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովը, որուն կը նախագահէր ռուս պատգամաւոր Սերկէյ Կաւրիլով: Սակայն ռուս պատգամաւորներու ներկայութիւնը այնքան ալ միանշանակ չէր ընդունուեր։ Նախ՝ պատուիրակութիւնը դիմաւորած են Թիֆլիզի բողոքարարները ցոյցով մը, որու ընթացքին վանկարկած են. «Ռուսաստանը գրաւող երկիր է»: Այնուհետեւ Կաւրիլովի ելոյթի ժամանակ Վրաստանի մօտ Ուքրայնոյ դեսպան Իկոր Տոլկով լքած է դահլիճը՝ ի նշան բողոքի:

Վեհաժողովին մասնակցած էր նաեւ Հայաստանը` Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ալէն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութեամբ:

Սիմոնեան եղած զարգացումներուն մասին աւելի ուշ խօսած էր Թիֆլիզ հրապարակուող «Ալիք» կայքին ու ըսած՝ «Մեր պատուիրակութիւնը ամբողջական կազմով լքեց նիստերու դահլիճը: Իրաւիճակը ոչ այնքան բնականոն էր եւ հաշուի առնելով, որ մէկ կողմէ դաշնակից է, իսկ միւս կողմէ՝ եղբայրական ժողովուրդ, մենք երկու քարի արանքին մնացինք, ուստի որոշեցինք լքել միջոցառումը»։

Ի դէպ, Վրաստանի խորհրդարանէն ներս վիճաբանութիւն տեղի ունեցած է, քանի որ ռուս պատգամաւոր Սերկէյ Կաւրիլով ներկայ եղած է խորհրդարանի ուղղափառ երկիրներու միջխորհրդարանական վեհաժողովին եւ ղեկավարած նիստը:

«Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովի 26-րդ գլխաւոր նստաշրջանը Վրաստանի խորհրդարանէն ներս չէ շարունակուած», այս մասին յայտարարած է «Վրացական երազանք» խմբակցութեան նախագահ Մամուկա Մտինարածէն:

Անոր խօսքով, ռուս պատգամաւորը Վրաստանի խորհրդարանի նախագահի բազկաթոռին յայտնուած է սխալմամբ: «Մենք ընդունած ենք որոշում, որ Վրաստանի խորհրդարանի դահլիճէն ներս վեհաժողովը պիտի չշարունակուի, այն պատճառով, որ Կաւրիլով առանց համաձայնութեան յայտնուած է Վրաստանի խորհրդարանի խօսնակի բազկաթոռին եւ վարած նիստը», յայտարարած է Մտինարածէ: Ան ներողութիւն խնդրած է վեհաժողովի մասնակիցներէն եւ ըսած է, որ նիստը պիտի կայանայ այլ վայրի մէջ:

Վրաստանի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած միջադէպը պարզապէս սկիզբ մը կը դառնար երկիրը բաւական մեծ լարումներու տանող իրադարձութիւններու։ Խումբ մը վերլուծաբաններ կը հաւատային, որ դէպքերը եւ իշխող՝ «Վրացական երազանք» եւ ընդդիմադիր «Միացեալ ազգային շարժում» կուսակցութեան միջեւ երեւան եկած լարումը նորութիւն մը չէր, սակայն նոյն այդ վերլուծաբաններուն տեսակէտով գետնի վրայ եղած դէպքերը ինչ որ առումով անսպասելի էին։

20 յունիսի երեկոյեան, Թիֆլիզի ապահովական ուժերը երկու անգամով կը փորձէին ցրուել ընթացք առած բողոքի ցոյցերը։ Ջրցան մեքենաներու ձայներու կողքին կը լսուէին կրակոցի ձայներ. Վրաստանի խորհրդարանի շէնքի մօտ ցոյցի հետեւանքով տուժածները կը տեղափոխուէին Թիֆլիզի զանազան հիւանդանոցներ:

Ցուցարարները կը պահանջէին, որ պաշտօնաթող ըլլան Վրաստանի խորհրդարանի խօսնակ Իրակլի Կոպախիծէն, Ներքին գործոց նախարար Կիորկի Կախարիան եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներ։ Ցուցարարներու պահանջը կը հասնէր ընդհուպ մինչեւ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու կայացում։

ՏԵՍԱԿԷՏ ՎՐԱՍՏԱՆԷՆ

Վրաստանաբնակ վերլուածաբան Եդուարդ Այվազեանի տեսակէտով՝ վերջին օրերուն Թիֆլիզի մէջ տեղի ունեցած սրացումները տասն տարի առաջ պատահած դէպքերու շարունակութիւնն են։

Ըստ Այվազեանի՝ «2008 թուականին Հարաւային Օսեթիոյ մէջ տեղի ունեցած պատերազմէն ետք Վրաստանը դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզեց Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ։ 2012-ին երբ Վրաստանի մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւնները, այն ժամանակուայ նախագահ Միխէյիլ Սահակաշվիլիի կուսակցութիւնը՝ «Միացեալ ազգային շարժում»ը պարտուեցաւ գործարար ու միլիառատէր Պիծինա Իվանիշվիլիի կողմէ ղեկավարուող միացեալ ընդդիմութեան առջեւ, որու դաշինքի անունն էր «Վրացական երազանք»։ Այդ ժամանակուընէ ի վեր «Վրացական երազանք»ը դարձած է անկախ կուսակցութիւն եւ արդէն եօթ տարիէ ի վեր Վրաստանի խորհրդարանէն ներս կը կազմէ մեծամասնութիւն։ Իր հերթին «Միացեալ ազգային շարժում» կուսակցութիւնը, որ կայուն ընդդիմութիւն էր իշխանութեան վերջին տարիներուն, բաժնուեցաւ եւ անոր հիմքին վրայ ստեղծուեցաւ «Եւրոպական Վրաստան» կուսակցութիւնը։ Հաշուի առնելով գաղափարական նմանութիւնները, այժմ տուեալ ուժերը ինչ որ չափով միաւորուած են եւ ձեւաւորած՝ միասնական ընդդիմութիւն։ Ինչպէս ցոյց տուին անցեալ տարի աշնան կայացած նախագահական ընտրութիւնները, Վրաստանի մէջ շարք մը կուսակցութիւններ «Միացեալ ազգային շարժում»ի հետ միասին ձեւաւորեցին միասնական ընդդիմութիւն, որ բաւականին բարդ վիճակի մէջ դրաւ իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը։ Սակայն իրականութեան մէջ խնդիրը ոչ թէ միացեալ ընդդիմութիւնն է կամ նախկին «Միացեալ ազգային շարժում» կուսակցութեան յաջողութիւնները, այլեւ կան խորքային խնդիրներ, որոնք կուտակուած են երկրին մէջ վերջին տարիներու ընթացքին»։

Անշուշտ այս տուեալներուն վրայ պէտք է անպայման հաշուի առնել, որ տասն տարի առաջ եղած զարգացումներու ընթացքին կեդրոնական դեր ստանձնած էր Վրաստանի նախկին նախագահ եւ զանազան առումներով ալ «անկանխատեսելի» գործիչ համարուող Միխէյիլ Սահակաշվիլին։ Այվազեան այդ մասին խօսելով կ՚ըսէ. «2008-ին վրաց-ռուսական պատերազմէն ետք նախկին նախագահ Միխէյիլ Սահակաշվիլի ոչ միայն խզած էր դիւանագիտական յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ, այլեւ կը վարէր ծայրայեղ հռետորաբանութեամբ քաղաքականութիւն մը Ռուսաստանի նկատմամբ»։ Ան նաեւ կը պարզէ, որ յատկապէս 2012 թուականէն ետք, երբ իշխանութեան կը հասնէր «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը, կացութիւնը ընդհանրապէս կը փոխուէր, եւ Վրաստանի իշխանութիւնները յարաբերութիւններու դրական նոր էջ մը կը բանային Ռուսաստանին հետ։ Ան այս կապակցութեամբ կ՚ըսէ. «2012 թուականին իշխանութեան հասած «Վրացական երազանք»ը վերջ տուաւ տուեալ հռետորաբանութեան, սակայն չվերականգնեց դիւանագիտական յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ, որու հետեւանքով Ռուսաստանի եւ Վրաստանի միջեւ կամաց-կամաց սկսան աշխուժանալ տնտեսական կապերը։ Թափ առաւ զբօսաշրջութիւնը։ Հակառակ անոր, որ միջազգային ասպարէզի մէջ Վրաստանի իշխանութիւնները շարունակեցին իրենց ջանքերը Աբխազիայի եւ Հարաւային Օսեթիայի շրջանները ետ բերելու ուղղութեամբ, սակայն Վրաստանի ընդդիմադիր «Միացեալ ազգային շարժում» կուսակցութիւնը սկսաւ աշխոյժ քարոզչութիւն իրականացնել հանրութեան շրջանակներէն ներս, որ իբր թէ Պիծինա Իվանիշվիլին ըլլալով ռուսաստանեան խոշոր գործարար, կամաց-կամաց Վրաստանը կը տանի Ռուսաստանի ուղղութեամբ»։

Իսկ խօսելով վերջին օրերուն տեղի ունեցած զարգացումներուն մասին, Եդուարդ Այվազեան կը շեշտէ, որ երկրի ընդդիմութիւնը կը յաջողէր լայն առումով օգտագործել առիթը, ոչ միայն Մոսկուայի դէմ գրգռութիւններ յառաջ բերելով, այլեւ երկրին մէջ ստեղծելով քաղաքական նոր օրակարգ մը, որ ցայսօր ալ կը շարունակէ մնալ վառ եւ նոյնիսկ թէժ զարգացումներու տանող շղթայուած իրադարձութիւններու ամբողջական շարան մը։

Ըստ Այվազեանի՝ «Վերջին սրացումը, որուն այսօր ականատես կ՚ըլլանք Վրաստանի մէջ, անոր հետ ուղղիղ կապ ունի։ Դեռ ամիսներ առաջ պարզ դարձած էր, որ Վրաստանի խորհրդարանէն ներս տեղի պիտի ունենայ Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովը, որուն պիտի նախագահէ Ռուսաստանը։

«Սակայն Վրաստանի ընդդիմութիւնը շատ խելացի կերպով օգտագործեց այս պահը, երբ Ռուսաստանի Պետական տումայի կոմունիստ (համայնավար) պատգամաւոր Սերկէյ Կաւրիլով նստաւ Վրաստանի խօսնակի աթոռին եւ ռուսերէն լեզուով բացաւ վեհաժողովը։ Այդ ժամանակ ընդդիմութիւնը յաջողեցաւ տապալել վեհաժողովը եւ փողոց դուրս բերել Վրաստանի հասարակութիւնը։ Խնդիրը առաւել սրեց այն փաստը, որ Սերկէյ Կաւրիլով Ռուսաստանի Դաշնութեան այն պատգամաւորներէն էր, որ կողմ քուէարկած էր Ռուսաստանի Դաշնութեան կողմէ Աբխազիայի եւ Հարաւային Օսեթիայի անկախութեան ճանաչման։ Հասարակութիւնը տեսնելով այս ամէնը դուրս եկաւ փողոց եւ սկսաւ արժանապատուութիւն պահանջել երկրի իշխանութիւններէն։ 20 յունիսին երբ ընդդիմութեան ուղղորդմամբ հասարակութիւնը փորձեց բռնի կերպով մտնել Վրաստանի խորհրդարան, իրաւապահ մարմինները ուժ կիրառեցին, որու ընթացքին տուժեցին եւ բերման ենթարկուեցան հարիւրաւոր մարդիկ։ Ոստիկանութեան գործողութիւններէն տուժեցին նաեւ լրագրողներ։ Յաջորդ օրը հրաժարական տուաւ խորհրդարանի խօսնակ Իրակլի Քոպախիծէն, սակայն ցուցարարները ունէին եւ ունին այլ պահանջներ եւս։ Պահանջներէն մէկը ներքին գործոց նախարարի հրաժարականն է եւ բերման ենթարկուածներու ազատ արձակումը։ Պահանջի ցանկին մէջ էր գալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու իրականացումը համամասնական կարգով, որ եւս արդէն բաւարարուեցաւ իշխանութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ բերման ենթարկուածներու մեծ մասը ազատ արձակուեցաւ»։

Ուշագրաւն այն է, որ քիչ չեն անոնք, ինչպէս նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այսօրուան խօսակիցս, որոնք կը հաւատան, թէ այս զարգացումները իշխանափոխութեան պիտի չտանին, այլ իշխանութիւնը պիտի շարունակէ մնալ «Վրացական երազանք» կուսակցութեան ձեռքը, սակայն այդ կուսակցութեան մէջ տեղի պիտի ունենան կարեւոր եւ ուշագրաւ բարեփոխումներ։

Այվազեան այս կապակցութեամբ կ՚ըսէ. «Հարկ է նշել, որ այսօրուան բողոքի ցոյցերը հիմնականին կը կրեն ոչ-կուսակցական բնոյթ։ Ցուցարարները 20 յունիսի միջադէպէն ետք կը փորձեն իրենցմէ հեռու պահել ընդդիմադիր «Միացեալ ազգային շարժում» կուսակցութեան «աքթիւիստ»ները։ Այսօրուան շարժումը հիմնականին երիտասարդական շարժում է։ Սակայն հակառակ անոր, որ ցոյցերու հիմնական պատճառը Կաւրիլովի յայտնուիլն էր Վրաստանի խորհրդարանի խօսնակի աթոռին, բայց երկրին մէջ գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ խնդիրներ, որոնք եւս կ՚ազդեն քաղաքական իրավիճակին վրայ։ Կը կարծեմ այս ցոյցերը յեղափոխութեան եւ իշխանափոխութեան պիտի չյանգեցնեն Վրաստանի մէջ, սակայն քաղաքական լուրջ փոփոխութիւններ անընդհատ տեղի պիտի ունենան։ Ես կ՚ըսէի Վրաստանի մէջ այս ցոյցերու արդիւնքով կրնայ տեղի ունենալ ոչ թէ իշխանափոխութիւն, այլեւ իշխանութեան վերափոխում»։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2019