ԱՄՄԱՆԷՆ ՄԱՐԱԼ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ. «ԱՅՍՈՒՀԵՏԵՒ, ԱՌԱՆՑ ԴՊՐՈՑԻ, ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄԸ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ Է»

Մայիսին Ամմանի միակ հայկական վարժարանը կը միանար ցանկին սփիւռքի այն վարժարաններուն, որոնք զանազան պայմաններու տակ, յաճախ անսպասելիօրէն վերջնականապէս կը լռեցնէին իրենց զանգերը եւ կը փակէին մեծ դարպասները։

Ամմանի «Եիւզպաշեան-Կիւլպէնկեան» վարժարանի հարցերը նորութիւն չէին։ Այո՛, նիւթական դժուարութիւններ, որոնց վրայ կը բարդուէր մարդուժի եւ աշակերտութեան նօսրաթիւ ըլլալու հիմնահարցերը, սակայն ամէն պարագայի Յորդանանի նման փոքր բայց կենսունակ գաղութին համար վարժարան մը փակելու որոշումը արդիւնք էր սխալ գործունէութեան, չըսելու համար, որ այդ համազօր էր յանցագործութեան։

Բազմաթիւ ամպիոններէ խօսուեցաւ այս խնդրին մասին, լարուածութիւնը բոյն դրաւ Ամմանի հայկական շրջանակներուն մէջ, մինչեւ որ Յորդանանի հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Ծ. Վրդ. Իբրաճեան հանդէս կու գար դիմատետրի իր պատուհանէն ու որպէս լուծում, ինչպէս նաեւ ստեղծուած լարուածութիւնը փարատելու ու մեղմացնելու փորձ կը յայտարարէր, որ ամէնօրեայ վարժարանը պիտի դառնայ շաբաթօրեայ դպրոց, ուր ամմանցի հայորդիները շաբաթը միայն մէկ անգամ առիթ պիտի ունենային հայեցի դաստիարակութիւն ստանալ։

Այս բոլորը անշուշտ նորութիւն չեն. այսօր հայկական սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ իր գլուխը սկսած է ցցել հայկական կրթօճախներու սուր տագնապը, որ ամէն օր կ՚աճի եւ մէջտեղ կը բերէ սփիւռքի հայութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան շարունակութիւնը ապահովելու լուրջ հարց։

Պիտի կարողանա՞յ սփիւռքը քայլ պահել այսօրուան կրթական համակարգերու պահանջներուն հետ, պիտի կարողանա՞ն սփիւռքեան մարմինները արագ եւ խոհեմ լուծումներ բերել այսօրուան ծանր վիճակին։ Հարցադրումները աւելի քան այժմէական ու կարեւոր կը դառնան, երբ հաշուի առնուի վերջին տասն-քսան տարիներուն կամաց-կամաց նահանջի ճամբան բռնած սփիւռքեան կրթական մարմիններու պատասխանատուները։ Հաւանաբար անոնք չեն հասկցած, որ այս մէկը համընդհանուր տագնապ է, որուն լուծման համար ալ կարիք կայ ոչ միայն նիւթական ներուժի, այլ մանաւանդ այսօրուան կեանքին ու պայմաններուն հետ քայլ պահելու անհրաժեշտութեան։

Ամէն պարագայի Ամմանի հայկական համայնքի ու այդ համայնքի միակ վարժարանի հարցերը աւելի յստակ ձեւով ներկայացնելու փափաքով՝ կարողացայ շահեկան զրոյց մը իրականացնել Յորդանանի հայկական համայնքի աշխոյժ եւ երիտասարդ անդամներէն՝ օրդ. Մարալ Ներսէսեանին հետ։

Ստորեւ հարցազրոյցը՝

-Յարգելի օրդ. Մարալ, ինչպիսի՞ն է իրադրութիւնը Յորդանանի եւ մասնաւորապէս մայրաքաղաք Ամմանի մէջ, պայմանաւորուած քորոնա համաճարակի տարածման հետ, ի՞նչ են վերջին տուեալները, ի՞նչ կրնաս պատմել մեր ընթերցողներուն։

-Յորդանանի Հաշիմական թագաւորութիւնը, համաշխարհային այս համաճարակի յաղթահարման ճիգերու առումով, ճանչցուեցաւ որպէս՝ ամենախիստ միջոցները կիրառող երկիր։ Մինչ օրս երթեւեկութիւնը սահմանափակուած է, նահանգներու միջեւ ընդհանրապէս արգիլուած է եւ, մերթ ընդ մերթ, ըստ պահանջի, արտակարգ իրավիճակի ընդհանուր արգելափակում կը յայտարարուի։ Մայիսի 23-ի դրութեամբ յայտարարուած վարակակիրներու թիւի մեծամասնութիւնը արձանագրուած է Ամմանէն դուրս, վարակեալները 700 են, իսկ արձանագրուած մահերը՝ 9-ը։ Արտաքին սահմանները կը մնան փակ, չուերթներ կ՚իրականացուին բացառապէս երկիր վերադարձնելու նպատակով Յորդանանի քաղաքացիները, որոնք ժամանման պահէն 14-օրեայ ժամկէտով կը մեկուսացուին։ Նշեմ, որ Յորդանան գտնուող հայաստանցի ուսանողները արդէն կարողացան վերադառնալ հայրենիք։

-Խօսելով Ամմանի հայկական փոքր, բայց ազդեցիկ համայնքին մասին, ի՞նչ կրնաս ըսել, ինչպիսի՞ն է հայութեան վիճակը եւ քորոնայի տարածումէն ետք ի՞նչ են գլխաւոր մտահոգութիւնները։

-Յորդանանի հայ համայնքը՝ երկրի փոքրամասնութիւններու եռեակին մէջ է, կը վայելէ հիւրընկալ թագաւորական ընտանիքին վստահութիւնը եւ համակրանքը, որ դրսեւորուած կը տեսնենք Շերիֆ Հիւսէյինի հրովարտակով՝ ուղղուած ի պաշտպանութիւն հայերուն։

Տարիներու ընթացքին թագաւորական ընտանիքի անդամներուն հետ անմիջական շփում պահանջող պաշտօնները, ինչպէս՝ խոհարար, դերձակ, մանկապահ, դայեակ, լուսանկարիչ, վարորդ, անձնական բժիշկ, վստահուած է հայերու: Այստեղ հայերը, տարբեր ժամանակներու մէջ, զբաղցուցած են շատ կարեւոր դիրքեր. ինչպէս՝ Յորդանանի ընդհանուր ոստիկանապետի պաշտօնը, բանակի գլխաւոր ճարտարագէտ, առողջապահութեան նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար, արտաքին գործոց նախարարութեան քարտուղար, Յորդանան հովիտի ջուրի մատակարարման ընդհանուր քարտուղար եւ այլն: Նաեւ հայ եղած է Յորդանան գետին կից եկեղեցիներէ կազմուած բաց թանգարանի՝ Քրիստոսի մկրտավայրի ընդհանուր տնօրէնը, ունեցած ենք փաշայի եւ բէկի տիտղոսներու արժանացած հայեր: Հայերը այստեղ արձանագրած են մեծ յաջողութիւններ, ունեցած՝ արաբական երկիրներու մակարդակով հռչակ վայելած յայտնի դեղագործարաններու նախագծողներ, բժիշկներ, դեղագործներ եւ արհեստաւորներ։

Յորդանանի աշխարհագրական դիրքը՝ Միջին Արեւելքի մէջ եւ երկրի խաղաղ դիրքը՝ հարեւան բոլոր երկիրներու հետ, դիւրացուցած է, որ քանակով փոքր, բայց որակով բարձր Յորդանանի հայ համայնքին մէջ իրականացուին միջհամայնքային ազգային համաժողովներ, երիտասարդական հաւաքներ եւ այլն, որոնք սակայն դժբախտաբար խաթարուեցան տարածքաշրջանի քաղաքական անկայուն դրութեան պատճառով։

Ինչ կը վերաբերի քորոնաժահրի տագնապին, բարեբախտաբար հայ համայնքին մէջ վարակման դէպքեր չկան, որովհետեւ համայնքը միշտ ալ հանդիսացած է օրինապահ եւ այդ առումով ալ լաւ համբաւ ունեցող հաւաքականութիւն: Ինչպէս բոլոր երկրի, այնպէս ալ համայնքի միութենական գործունէութիւնները սառած են։ Մինչ այդ, համակերպուելով ստեղծուած նոր իրավիճակին, համայնքի անդամները առցանց հարթակով հանդէս կու գան իրենց տաղանդներու ցուցադրումով, ըլլայ այն նուագ, երգ, ասմունք. օրինակ՝ համայնքի հայկական քառաձայն երգչախումբը կը շարունակէ իր փորձերը առցանց, նաեւ հայերէն լեզուի դասընթացքներ կը տրուին։ Հայ օգնութեան միութիւնն (ՀՕՄ) ալ իր հերթին կը շարունակէ օժանդակել կարիքաւոր ընտանիքներուն, անոնց տրամադրելով դրամական նպաստներ կամ պարէնային արկղեր։

-Օրերս ծանր եւ մտահոգիչ լուր մը ստացանք Ամմանէն։ Այն անշուշտ կը վերաբերի Ամմանի միակ հայկական վարժարանի փակման։ Ի՞նչ են իրական դրդապատճառները այս տխուր որոշման եւ արդեօք կարելի է՞ր փրկել կացութիւնը։

-Մանկապարտէզէ եւ վեց նախակրթական դասարաններէ բաղկացած «Եիւզպաշեան-Կիւլպէնկեան» վարժարանը, հիմնուած 1961-ին, կառուցուած էր երեք հաստատութիւններու՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) գործակցութեան շնորհիւ։ Դպրոցը, որ կը պատկանի Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին, տարեկան օգնութիւն կը ստանար՝ ՀԲԸՄ-էն, Ամմանի ՀՕՄ-էն։ Շուրջ քսան աշակերտներու ուսման թոշակը կը հովանաւորէին յորդանանաբնակ բարերարներ եւ մինչեւ չորս տարի առաջ նաեւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը նիւթական կարեւոր աջակցութիւն կը ցուցաբերէր։ Վարժարանի փակման գլխաւոր պատճառը նիւթական խնդիրներ ունենալու երեւոյթն է։ Երկու տարիէ ի վեր գոյատեւման պայքարի մէջ գտնուող դպրոցը պահպանելու վերջին ջանքերով, Համայնքի վարչութիւնները, առաջնորդ՝ Երուսաղէմի պատրիարքական փոխանորդ, Աւետիս Ծ. Վրդ. Իբրաճեանի գլխաւորութեամբ, պատրիարքարանին օգնութեան դիմելով, մերժուեցան եւ Պատրիարքարանի կողմէ օգնութիւն հայթայթելու նախապայմանը դպրոցին նուազագոյնը 70 հայ աշակերտ ունենալու ապահովումն էր։ Անցնող ուսումնական տարեշրջանի ընթացքին, 64 աշակերտներէն միայն 30-ը հայեր էին։ Յաջորդ տարին կ՚ակնկալուէր՝ 17 (2010-ին 88 հայ աշակերտ կար)։ Համայնքը մօտաւոր անցեալին ունեցած է նաեւ կաթողիկէ «Սահակ-Մեսրոպ» վարժարանը։

-Կարծիք կայ, որ դպրոցի փակումը սպասելի էր, բայց եւ այնպէս կայ մտահոգութիւն, թէ դպրոցի փակումը շատ վատ պիտի ազդէ համայնքային կեանքի շարունակականութիւնը ապահովելու տեսակէտէ։ Համաձայն է՞ք այս տեսակէտին, ի՞նչ կրնաք ըսել այդ առումով։

-Դպրոցը աւելի քան տասն տարիէ ի վեր անկումի մէջ էր։ Անոր գոյատեւումը պայմանաւորուած է տարբեր հանգամանքներով։ Դպրոցի մը շարունակականութիւնը ապահովելու համար, անհրաժեշտ է քայլ պահել կրթութեան մէջ նորարարական (միջազգային եւ հայկական) համակարգ-մեթոտներու հետ, ապահովել մրցունակութիւն՝ երկրի այլ վարժարաններու մակարդակով: Բողոքներ կային նաեւ դպրոցի վայրի հետ կապուած։ Այս առումով, նկատի ունենալով, որ Ապտուլլահ Բ. թագաւորը կը կարեւորէ հայ համայնքի ներկայութիւնը, եթէ Նորին Վսեմութենէն հողատարածք մը խնդրուի, կը հաւատամ, որ դրական պատասխան կը ստացուի, ինչպէս եղած է միւս փոքրամասնութիւններու պարագային։ Կար նաեւ դպրոցի շրջանաւարտներուն դիմելու ծրագիր մը՝ տարեկան օժանդակութիւն ստանալու համար, որ եթէ կեանքի կոչուէր, ոչ միայն նիւթապէս, այլեւ բարոյապէս թիկունք պիտի կանգնէին եւ պիտի պահպանէին դպրոցը։ Այս բոլորը նշելէ ետք հարկ կը համարեմ ըսել, որ այսուհետեւ, առանց դպրոցի, համայնքի գոյատեւումը վտանգուած է։

-Որպէս Մերձաւոր Արեւելք ծնած ու ապրած հայուհի, մտահոգ էք այդ տարածքաշրջանի հայութեան ապագայով. ի՞նչ են ձեր մտածումները։

-Միջին Արեւելքի մէջ հայութեան ապագայ գոյատեւման սպառնացող հիմնական երեւոյթը կը յամենայ մնալ յարատեւ տարածում գտնող խառն ամուսնութիւններու խնդիրը, որ առաւել թափ ստացած է կարծես տարածքաշրջանի քաղաքական վիճակով պայմանաւորուած՝ զանազան համայնքներու միջեւ փոխյարաբերութիւններու դժուարութեամբ, նուազեցնելով հայ երիտասարդներու իրարու հետ շփումը։ Այս անխուսափելի ձուլման վտանգը յաղթահարելու կամ ինքնութիւնը պահելու միակ միջոցը հայոց լեզուի, պատմութեան եւ մշակոյթի ուսուցումն ու հայեցի դաստիարակութեան ապահովման շարունակականութիւնն է, յատկապէս խառն ամուսնութեան արդիւնք եղող երեխաներուն եւ ոչ հայ ծնողներուն համար։ Այս ծանր պարտականութիւնը կարելի է յաջողցնել շնորհիւ կրթական հիմնարկներու, միութիւններու եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աջակցութեամբ։ Հայ ընտանիքը փրկութեան կարիքը ունի, ինչ որ կ՚ապահովուի հայ ինքնութեան հպարտութիւնը սերմանելով, որ կ՚իրականացուի միայն հայկական դաստիարակչութեամբ։

-Հայաստանէն ակնկալութիւն մը ունի՞ք, առհասարակ Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան հետ կապուած ու մասնաւորապէս Ամմանի հայութեան գոյատեւումը ապահովելու տեսակէտէ։

-Մօտիկ անցեալին սփիւռքի նախարարութիւնը զանազան ծրագրեր կ՚իրականացնէր Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան եւ հայապահպանման աշխատանքներու ուղղուած, ինչպէս՝ «Արի տուն», աւելի վերջ «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրը, ուսումնաօժանդակ նիւթերու տրամադրման ծրագիրը, մասնագիտական համաժողովներ, Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ հայագիտական մասնագիտութիւններով անվճար ուսուցումը, Հայաստան-սփիւռք համաժողովները, որոնք ոչ միայն սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութիւն կը ստեղծէին, այլեւ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ գոյացած համայնքներու ցանցն ու կապը կը հզօրացնէին: Կար նաեւ աւելի նեղ շրջանակի ուղղուած «ՆերՈւժ» երիտասարդներու «սթարթափ» ծրագիրը։ Բարձր կը գնահատեմ յատկապէս «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծրագիրը, որ կ՚ապահովէր Հայաստանի մէջ մատուցուած նորարարական միջոցներու կիրառումը սփիւռքի հաստատութեանց մէջ։ Կը յուսանք, որ Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը կը շարունակէ այս կարեւոր ծրագիրներու իրականացումը։

-Ի՞նչ կրնաք ըսել Երուսաղէմի Պատրիարքութեան դերին մասին. ակնկալիքներ կա՞ն այդ Աթոռէն։

-Վերջին տարիներուն դպրոցի շարունակականութիւնը ապահովելու համար կարիքը կը զգացուէր Պատրիարքութեան նիւթական ներդրումին, նկատի ունենալով, որ Յորդանանի Հայոց Առաջնորդարանը, վարժարանը ներառեալ, կը պատկանին Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան։ Նոյնիսկ պետութեան կողմէ Յորդանանի հայութիւնը ճանչցուած է որպէս Երուսաղէմի Պատրիարքութեան հովանաւորութեան ներքոյ գտնուող համայնք։ Նշեմ, որ անկախ ժամանակաշրջանէ եւ իշխանութիւններէ, Յորդանան գետի երկու ափերուն գտնուող մեր ժողովուրդը կը մնայ շաղկապուած։ Հետեւաբար մեր համայնքը կարիքն ունի ամէն տեսակի աջակցութեան, հովանաւորութեան եւ հետեւողականութեան։

Պատկանելիութեան զգացումի ամրացումը, որ միայն նիւթական ներդրումներով չի յատկանշուիր անպայման, կ՚ապահովէ համայնքի շարունակականութիւնը եւ անոր ինքնութեան պահպանումը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2020