ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԵԼԷ ԱՆԴԻՆ…

Ինչե՜ր կը փոխէ պատերազմը։ Քաղաքներ ու գիւղեր, շէնքեր ու փողոցներ, պողոտաներ ու թաղեր։ Պատերազմը ունի դիմափոխող յատկութիւն մը, որ սովորական յատկութիւն մ՚ըլլալէ անդին իր մէջ կը ներառնէ ընդհանուր կազմաքանդումի հրէշային ամբողջ համակարգ մը։

Շէնքերէն ու կառոյցներէն անդին պատերազմը նաեւ  կը ձեւափոխէ մարդը։ Շատերու սպանութեան պատճառ դառնալէ բացի, այն նաեւ կը կերտէ  հաւաքականութեան նոր հատուած մը, որ այնուամենայնիւ կը համարուի «պատերազմէն ելած» կամ «պատերազմ տեսած» մարդոց հաւաքականութիւն։ Ու նոյն այդ մարդիկ, անոնք յատկապէս այս կամ այն ձեւով առընչուած են այդ պատերազմի ամենատարբեր վիճակներուն հետ,  այդ պատերազմը իրենց հետ կը կրեն ամբողջ կեանքի տեւողութեան եւ այդ մէկը կը դարձնեն վկայութեան մը նմանող փորձառութիւն։

Երբ դիմացինդ ըսէ, որ ինք «պատերազմ տեսած տղայ է», այն ատեն կը զգաս, որ գործ ունիս մէկու մը հետ, որ անցած է դառն ու դժուարին ուղիներէ, թերեւս փրկուած է մահէ ու արիւնէ եւ հասած է նոր կեանք մը ապրելու բախտորոշ ժամանակահատուածին։

Անոնցմէ մէկն է Յակոբ Վանէսեան, որուն ունեցած լուսանկարչական ունակութիւնները եւ յատկապէս սէրը այդ հմտութեան հանդէպ, զինք շատ կարճ ժամանակի մը ընթացքին դարձուցին մրցանակի արժանացած «պատերազմական լուսանկարիչ»։ Կոչումներէ ու պատիւներէ անդին սակայն, Վանէսեան ամենէն աւելի շեշտը կը դնէ այդ պատերազմը ապրած ըլլալու անսպառ եւ իրական փաստարկին վրայ։ Ան ապրած է այդ պատերազմով, այդ ահաւոր օրերու մանրամասնութիւններով, դէպքերով ու մարդոցմով։ Յակոբը դուրս եկած է Հալէպէն, սակայն ոչ մէկ անգամ «լքած» է Հալէպը։ Ցայսօր ալ կ՚ապրի իր ծննդավայրով ու իրեն համար իր նախասիրած քաղաքին մասին լուսնակարներով «պատմելու» յատկութիւնը աւելին է, քան լրագրողական ասպարէզի մէջ ինքզինք փաստել փորձող որեւէ մարդու փորձառութիւն։

*

-Պրն. Վանէսեան, ուրկէ՞ յղացաք լուսանկարելու գաղափարը. ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ սկսաք լուսանկարել:

-Մանկութենէս կը սիրէի լուսանկարչութիւնը։ 1999 թուականին սկսած եմ նկարել, լուսանկարչութիւնը «հոպի» մը ըլլալէ անդին, նաեւ տարբեր աշխարհ մըն է։ Արխիւ կազմելու մղումէ դրդուած սկսայ լուսանկարելու: Յանկարծ մենք մեզ պատերազմի մէջ գտանք եւ ես ուզեցի այդ բոլորը արխիւի մէջ պահպանել։ Դէպքերը անշուշտ ցաւալի էին, բայց կը գիտակցէի, որ կարեւոր գործ մըն է ընելիքս եւ անպայման պէտք էր այդ տեսարանները Սուրիայէն դուրս ալ ցուցադրել:

-Ո՞ր տարիներուն էր, որ լուսանկարումներ կատարեցիք Հալէպի մէջ։

-Ինչպէս գիտէք, պատերազմի շրջանին նկարելը արգիլուած բան մըն էր, երբ Հալէպի մէջ դէպքերը սկսան, մարդ չէի ճանչնար, բախտի բերմամբ զինուորներու ծանօթացայ եւ իրենք զիս քաջալերեցին։ Անկէ ետք ալ, ես զիս իրենց մէջ գտայ, սիրտս ամրացուցի, քանի որ դիւրին չէր, դժուար եւ վտանգաւոր բան էր այդ շրջաններուն մէջ գտնուիլն ու լուսանկարելը, եւ այդպէսով երկուքուկէս տարիի չափ պատերազմը նկարեցի, յատկապէս Հին Հալէպի (Հալապ ատիմէ) թաղերը, Հալէպի շրջակայ գիւղաքաղաքներուն մէջ ալ նկարեցի, մարդոց դժբախտութիւնները, երեխաներուն վիճակը վաւերագրեցի, առաւել համագործակցեցայ Կարմիր մահիկին հետ, կամաւորներուն աշխատանքներն ու համալսարանի հիւանդանոցին մէջի վիրաւորները նկարեցի ու այդ նկարները օգտագործուեցան International committee of the Red Cross-ի կողմէ:

-Իսկ նկարելու ընթացքին քեզի նեղութիւն չպատճառեցի՞ն։ Ինչպէս գիտենք պատերազմական վիճակ կար ամէնուր:

-Ոչ, ընդհակառակը, քաջալերեցին, ինչպէս իրենք իրենց զէնքերը կ՚առնէին կ՚երթային, ես ալ «քամերա»ս կ՚առնէի, այդ ալ իմ զէնքս էր. կ՚երթայի, կը նկարէի, տղաքը միշտ կը քաջալերէին զիս, բայց ափսոս այդ օրերուն եղած ընկերներէս շատերը այսօր արդէն չկան, միայն նկարներուն մէջ կան... Ես երկուքուկէս տարի իրենց հետ ապրած եմ, գիշեր-ցերեկ իրենց հետ անցուցած եմ, մինչեւ ուշ ժամեր թաղերուն մէջ կը նստէինք, մութին ալ բաներ կը նկարէի… ձեւով մը ես ալ անոնց հետ զինուորութիւն ըրի։ Այդ բոլորէն անշուշտ լաւ յիշատակներ ալ մնացին...

-Ինչպէ՞ս որոշեցիր դուրս գալ Հալէպէն։ Ինչո՞ւ որոշեցիր ձգել Հալէպը:

-«Հալէպը ձգել» ըսելը բաւական դժուար բան է... եւ այդ բառը դժուարիս կու գայ, ես Հալէպը բնաւ չեմ ձգեր, ոչ ալ Սուրիան կը ձգեմ:

-Բայց փաստացիօրէն այսօր Սուրիայէն դուրս կ՚ապրիք:

-Ընտանիքիս, երեխաներուս համար Սուրիայէն դուրս եկայ, քանի որ Հալէպը վտանգաւոր էր: Շրջան մը Լիբանան գացին, մտածելով որ կը հանդարտի եւ ետ կու գան, բայց այդպէս չեղաւ։ Շրջան մը ետք Ամերիկա եկանք: Շուտով դարձեալ Սուրիա պիտի մեկնիմ, լուսանկարչական մեծ ծրագիր մ՚ունիմ։ Սուրիոյ հետ կապս ես չեմ կրնար կտրել, Սուրիան մեր հայրենիքն է եւ հայրենիքը չես կրնար մէջէդ հանել։ Ան զգացում մըն է որ մէջդ է, չ՚ելլեր, ուր ալ ապրիս սիրտդ հոն կը մնայ:

-Իսկ այս նկարներով ի՞նչ կ՚ուզէիր ըսել, ի՞նչ էր նպատակդ։ Մեզի ծանօթ է, որ աշխարհի տարբեր երկիրներ շրջեցար եւ մի քանի մրցանակ առիր: Ի՞նչ էր պատգամդ:

-Հիմնական նպատակս Սուրիոյ պատերազմի իրական պատկերը աշխարհին ցոյց տալն էր։ Բոլորս գիտենք, որ մետիան աշխարհի ամենէն զօրաւոր զէնքերէն մին ըլլալով, ինչպէս կ՚օգտագործուի աշխարհի վրայ, գիտենք ինչպիսի կեղծ եւ իրականութենէ հեռու լուրեր կը փոխանցէ, հետեւաբար իմ նպատակս էր իրականութիւնը պարզելը, մարդոց ցաւերը ցոյց տալ: Եւ ես միշտ ջանացած եմ Սուրիայէն դուրս ցուցադրել իմ նկարները։ Սուրիոյ մէջ երկու ցուցահանդէս բացի, լաւ արձագանգներ ունեցաւ, սակայն այդ մէկը՝ մէկ ընտանիքի մէջ իրարու հետ խօսելու նման էր. բայց երբ այդ նկարները դուրսը կը ցուցադրես, տարբեր կ՚ըլլայ։ Օրինակ մը տալու համար յիշեմ ՄԱԿ-ի մէջ իմ բացած ցուցահանդէսը, որուն գլխաւոր հովանաւորն էր ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մշտական դեսպան Պեշար Ժահֆարին։ Շատ մեծ արձագանգ ունեցաւ այդ ցուցահանդէսը, որմէ մէկ ամիս վերջ, ընդդիմադիրները մեր ցուցահանդէսին դիմաց հակա-ցուցահանդէս մը կազմակերպեցին...։ Ես այդպէսով արդէն գիտցայ, որ աշխատանքս հասաւ իր նպատակին։ Ապա Թուրքիոյ մէջ բացի երկու ցուցահանդէս, սկիզբը քիչ մը տատամսեցայ, որովհետեւ նախ հայ էի, երկրորդ՝ սուրիացի, սակայն այդ ալ յաջողցուցի, առանց քաղաքականութեան մէջ մտնելու եւ նկարի միջոցաւ մարդոց պատգամս հասցուցի:

-Գրեթէ եօթ տարի անցած է Սուրիոյ դէպքերէն, Հալէպը այսօր նոր կացութեան մը առջեւ է։ Ի՞նչ ունիս ըսելիք քու հայրենակիցներուդ, ընկերներուդ, սերնդակիցներուդ, անոնց՝ որոնք տարբեր պայմաններու տակ ձգած են Հալէպը, կամ անոնց՝ որոնք մինչեւ հիմա կը պայքարին եւ այդ ծանր վիճակներուն մէջ կը շարունակեն ապրիլ...

-Իրականութեան մէջ հայկական շրջաններուն մէջ աւերուածութեան քանակը մեծ չէր՝ համեմատած ամբողջ քաղաքին: Իմ հոն եղած ժամանակ՝ մինչեւ 2014 թուականի կէսերը, մեր շրջանները կը ռմբակոծուէին, բայց հայաբնակ թաղամասերուն մէջ, բացի Նոր Գիւղի շրջանէն, մեծ աւերուածութիւններ չկային: Ծանր շրջաններ շատ եղան, ես ալ ապրեցայ այդ դժուարին շրջանը, իմ մորթի վրայ զգացի։ Ծնողքս, եղբայրս շատ մը հալէպահայերու նման դուրս չելան քաղաքէն եւ դեռ հոն են...։ Հիմա իրավիճակը տարբեր է, ինչպէս կը տեսնենք, ամէն ինչ դէպի լաւ կ՚ընթանայ, սակայն մէկ դժբախտութիւն կայ, որ գաղութը գնաց։ Մօտաւորապէս 40-45 հազար հայութենէն այսօր միայն 8-9 հազար հայութիւն կայ այդտեղ։ Այս մէկը ինծի ցաւ կը պատճառէ, բայց կեանքը պիտի գոյատեւէ:

Միջին Արեւելքի մէջ ամենազօրաւոր գաղութը Հալէպի գաղութն էր, ուր մեր դպրոցները պահած էինք եւ ամենէն կարեւորը մեր լեզուն պահած էինք, հայերէնը պահած էինք, հիմա որ Միացեալ Նահանգներ կ՚ապրիմ, կը տեսնեմ, թէ ինչպէս հայութեան մեծամասնութիւնը, նոյնիսկ հայկական դպրոցներուն մէջ անգլերէն կը խօսի:

Այս առումով կրնամ ըսել, որ հալէպահայութիւնը Միջին Արեւելքի ամենէն ուժեղ գաղութն էր եւ մինչեւ հիմա կը շարունակէ ամենէն զօրաւոր գաղութը մնալ:

-Իսկ ապագայի նկատմամբ ունի՞ս յոյսեր, որ Հալէպի մայր գաղութը դարձեալ կը վերականգնի:

-Եթէ տրամաբանական մօտեցումով խօսինք, ապա պիտի ըսեմ, որ դժուար է։ Մօտիկ երկիրներ՝ Լիբանան կամ Հայաստան գացողները կրնան ետ դառնալ, բայց անոք, որոնք ովկիանոսը կտրեցին, դժուար թէ վերադառնան, մանաւանդ եթէ զաւակներ ունին: Շատ դժուար է ընդունիլ այս մէկը, սակայն իրականութիւն է։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 1, 2018