Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ Կեանքեր Ինչպէս Որ Տեսայ» ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ ՍԻՏՆԻԻ ՄԷՋ

Սիտնիի Առաջնորդարանին կազմակերպութեամբ, շաբաթ, օգոստոսի 4-ին, Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ «Էտկարեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդ Տ. Հայկազուն Եպսկ. Նաճարեանի, տեղի ունեցաւ Արաբական Ծոցի Ս. Գրքի ընկերութեան տնօրէն Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ» գրքին շնորհահանդէսը: Հանդիսավարն էր Սեդա Յովակիմեան, որ ներկայացուց Տքթ. Ճէպէճեանը, ապա հրաւիրեց Առաջնորդարանի դիւանապետ Նշան Պասմաճեանը՝ ներկայացնելու համար նորատիպ գիրքը:

Այս առթիւ խօսք առաւ հեղինակը, որ իր յատուկ լաւատեսութեամբ եւ պահանջկոտ կեցուածքով շեշտեց կարեւորութիւնը Հայերէն լեզուին եւ Քրիստոնեայ հաւատքին եւ անոնց պահպանման: Հրայր Ճէպէճեան սփիւռքահայ այն մտաւորականներէն է, որ ոչ միայն մատը մեր ազգի վէրքերուն վրայ կը դնէ, այլեւ լաւատեսութեամբ կը վերաբերի անոնց բուժման եւ գործնական լուծումներ կ՚առաջարկէ ահազանգային կարեւորութիւն ունեցող մեր հարցերուն: Գիրքի խմբագիր Տքթ. Հրայրի տիկինը՝ Տքթ. Արտա Պոյնէրեան-Ճէպէճեան յայտնեց, թէ դիւրին չէր եղած խմբագրելը այս հատորը, հաւաքել Տքթ. Հրայրի 2011-2017 ժամանակաշրջանին հրապարակած բոլոր յօդուածները եւ պահել շարունակականութիւնը անոր փոխանցած պատգամին: Ապա հանդիսավարուհին հրաւիրեց Առաջնորդ սրբազան հայրը, կատարելու փակման խօսքը: Սրբազան հայրը վաղուց ճանչնալով հեղինակը՝ իր գնահատանքը յայտնեց անկեղծ հայ եւ անկեղծ քրիստոնեայ Հրայրին տասնեակ տարիներու հայապահպանման ի նպաստ տարած աշխատանքին, կատարեց մէջբերումներ գիրքէն եւ պատգամեց Հրայրի լաւատեսութեամբ աշխատանք տանիլ՝ կարենալ խորտակելու համար մեր առջեւ կանգնած  խոչընդոտները:

Հեղինակը իր հետ բերած էր 30 գիրքեր, որոնք վաճառուեցան  եւ մակագրուեցան իր կողմէ: Տէր եւ Տիկին Ճէպէճեանները գիրքերէն եկած հասոյթը յատկացուցին Առաջնորդարանի կառուցման ծրագրին: Յիշատակելի երեկոն աւարտեցաւ Առաջնորդարանի տիկնանց յանձնախումբի կազմակերպած հիւրասիրութեամբ: Սիտնիի զանազան հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ շուրջ 70 հայորդիներ մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն, առաջարկելով գաղութին մէջ աւելցնել նման բարձրորակ ձեռնարկներու թիւը:

ՆՇԱՆ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ

Գիրքին վերնագիրը ենթադրել կու տայ, թէ նկարագրութիւն է միայն անոր պարունակութիւնը, այսինքն, հեղինակը պիտի ըսէ միայն այն ինչ որ տեսած է: Ո՛չ սակայն: Հրայրին նկարագրելու տաղանդը իւրայատուկ է: Իւրաքանչիւր յօդուած հարստացած է վերլուծումներով եւ ծածուկ թելադրութիւններով՝ տառապանքով, յուզումով, խանդավառութեամբ, հայ քրիստոնեայի իտէալներով եւ անկեղծ լաւատեսութեամբ խարսխուած:

Պէտք է ճանչնալ Հրայրը: Իր վկայութիւններուն մէջ կ՚արտացոլայ իր նկարագիրը՝ պարզութիւն, աշխատասիրութիւն, խանդավառութիւն, պիտի համարձակէի ըսել՝ «իրապաշտ իտէալապաշտութիւն»: Կը կարդաք էջ 1-էն մինչեւ էջ 548-ը, նոյն բանը կը փաստէք: Յստակ սկզբունքներ, տեսլական, համոզում: Յստակատես, կեցուածքի տէր քրիստոնեայ հայ հեղինակը կարելի չէ չտեսնել գիրքին իւրաքանչիւր էջին եւ տողին մէջ:

Իր պատմուածքներուն մէջ Հրայր միայն տուեալ պատմուածքին նիւթին մասին չոր ու ցամաք չի խօսիր: Եթէ Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ տեղի կ՚ունենայ դէպք մը, ապա այդ քաղաքին պատմութեան, սովորութիւններուն եւ այնտեղ հայութեան խաղացած դերին մասին անպայման ակնարկ կայ: Տափակութենէ հեռու են Հրայրի նկարագրութիւնները: Իր պատմուածքը կարդալով՝ ակամա՛յ աշխարհագրութիւն, պատմութիւն, կենցաղագիտութիւն կ՚ուսանիս. մասնագիտացուած փոքր համայնագիտարան, ուր համարեա՛ ամէն ինչ կը վերաբերի քրիստոնեայ հայուն:

Հակառակ այն իրողութեան, որ հայապահպանումը կնճռոտ հարցերէն մէկն է, հակառակ իր հասկացողութիւն ցոյց տալուն միջավայրի ստեղծած խոչընդոտներուն, զորս ամենայն պարզութեամբ կը բնութագրէ, Հրայր չի յուսահատիր: Իր յօդուածներուն մէջ լաւատեսութիւնը կարմիր թելի նման կ՚երեւայ: Լաւատես Հրայրը սակայն պահանջկոտ հայն է, երբ մանաւանդ հարցը կը վերաբերի հայերէնին: Կարդացէք «Ժառանգին ու արմատին անդրադարձը» եւ հոն կը տեսնէք, որ իրեն համար հայերէն խօսելէն ու լսելէն աւելի՛ն կայ եւ այդ աւելի՛ն կը պահանջէ Հրայր իւրաքանչիւր հայէ եւ անոր փոխարէն: Այդ աւելին՝ հայերէնը պահելն է որպէս ազգային աւանդ, ժառանգ եւ հպարտութիւն:

Իւրաքանչիւր յօդուածով Հրայր կարողացած է տպաւորիչ ու օրիժինալ ըլլալ առանց արուեստական գունաւորումի: Յաճախ իր ըսելիքը կ՚ըսէ ուրիշի՛ մը ըսածին կամ ըրածին իր համաձայնութիւնը տալով: Օրինակ՝ ինք համաձայն է Աթէնքի Ճենազեան վարժարանի Պարոն Եաղճեանին ըսածին, թէ ազգային կառոյցները պահելը բարձր զառիվերի վրայ գտնուիլ է եւ պէտք է մագլցիլ այդ զառիվերը. եւ կամ Առաջնորդ սրբազան հօր՝ Խորէն Տողրամաճեանին ստանձնած զոհողութիւնը 19 աշակերտի հայերէն սորվեցնելու գործին իր տուած ամբողջական համաձայնութիւնը: Սիտնիի Համազգայինի «Գօլստըն» ճեմարանի «Կա՛նք, կը մնա՛նք» նշանաբան-լոզունգը աչքէն չէ վրիպած, եւ երբ Աւստրալիոյ հայ համայնքին մասին իր տպաւորութիւնը կը գրէ՝ զայն կ՚եզրափակէ «կա՛նք, կը մնանք»ով, զայն դարձնելով իր սեփական լոզունգ-նշանաբանը: Նոյնիսկ իր «չէզոքութեան» մէջ, հայապահպանման ի նպաստ կամ անոր ի խնդիր զոհողութիւն պահանջող որեւէ կեցուածք՝ Հրայրին կեցուածքն է:

Ինչ կը վերաբերի հայ անհատին եւ հայրենիքին՝ խտրականութիւն չկայ 548 էջ գրականութեան մէջ այս կողմի կամ միւս կողմի, սփիւռքա թէ Հայաստանա հայուն միջեւ: Ինք հայուն հետ է, ինչ ալ ըլլայ անոր յարանուանական կամ գաղափարական պատկանելիութիւնը, տակաւին՝ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ գործող հայուն կողքին է կանգնած, որովհետեւ Հրայր կը հաւատայ, որ այս բոլոր հայերուն համատեղ ճիգով է, որ կը պահպանուին ու կը զօրանան հայրենիքն ու հայը: Հրայրի գրականութեան մէջ կեղծիք չկայ: Կրկնելու գինով կ՚արժէ հաստատել, որ անկեղծութիւնը իր յատկանիշն է, իր Trade Mark-ը:

Հրայրի տուած պատգամները մտածել տուող իրականութիւններ են: Պատգամ մը չկայ, որուն նախ ինք չհաւատայ: Իր «Արձանին պատգամը» ահազանգ հըն-չեցնող յօդուած է, ուր բացատրութիւններու թուարկումով շատ բան կ՚ըսէ հեղինակը եւ առանց բառերը ծամծմելու՝ պատգամը կու տայ եւ լուծում կ՚առաջարկէ: Ան հայ բոլոր յարանուանութիւններուն կը պատգամէ. «որքան որ երկարենք յառաջ քշուած բոլոր մտահոգութիւնները, կը մնայ օրուան մեծագոյն հրամայականը, որուն համաձայն այսօր հայուն պէտք է հոգեւոր եւ եկեղեցական նոր հայեցակէտ: Անհրաժեշտ է, որ հայկական երեք յարանուանութիւնները վերադասաւորեն իրենց եկեղեցական առաքելութիւնները մեկնելով օրուան տագնապէն ու հիմնահարցէն, որոնք առաւելաբար համազգային են իրենց տարողութեամբ: Անհրաժեշտ է վերատեսել տագնապին տարողութիւնն ու խորքը եւ միասնաբար աշխատիլ հայը քրիստոնեայ պահելու համար»: Հայն ու քրիստոնեան շուրջպարի մէջ տեսնելը՝ տեսլականն է Հրայրին, բայց այդ շուրջպարը պէտք է պահուի համաչափութեան սահմաններուն մէջ: Իսկ այդ համաչափութիւն պահողները այն պարագլուխներն են, որոնց քրիստոնէական վէմը հաստատ է, իսկ հայու վճռակամութիւնը անխախտ:

Հայերս կ՚ապրինք օտար, բարդ միջավայրերու մէջ, ուր մշակոյթները համընթաց չեն եւ չեն համընկնիր մեր մշակոյթին, կրօնին ու կենցաղին հետ: Զանոնք պէտք է ճանչնա՛լ, կը թելադրէ հեղինակը եւ ճանչնալո՛վ միայն կարելի պիտի ըլլայ կերտել ազգային-եկեղեցական-հաւաքական ու համամարդկային մեր կեանքերը: Մէկ խօսքով՝ ճանչցի՛ր մրցակիցդ կը թելադրէ Հրայր: Տեղի՛ն թելադրանք: Պահ մը փոխադրուինք գործարարներու աշխարհ. արդեօք կա՞յ յաջող գործ մը, որուն տնօրէնութիւնը նկատի չ՚առներ իր մրցակիցները, չ՚օգտուիր անոնց փորձառութենէն, չի պայքարիր անոնց լարած դաւերուն դէմ...:

Գրքին յատկութիւններէն մին, աւելի ճիշդը հեղինակին յատկութիւններէն մին flash back-ներով զուգահեռներ եւ հաղորդակցութիւն գտնելն է դէպքերու եւ իրողութիւններու մէջ: Օրինակ՝ Հրայր առիթ չի փախցներ Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ հայոց հարցին մասին արտասանուած ճառ մը կապել Լուտերի ապրած Ուիթենպերկի եկեղեցիին պատէն կախուած նկարին հետ, փաստելու համար, թէ կեանքի ճշմարտութիւնները կարելի չէ թաքցնել: Էջ 491-493 կը գտնէք, թէ այս լաւատես հայը ինչ ակնոցով կը դիտէ մարդկային անարդարութիւնը, որ անշուշտ ծնունդ առած է նոյնինքն մարդկութեան արգանդէն եւ անարդարութիւն իրականութիւնը կարելի պիտի չըլլայ թաքցնել անոր աչքերէն: Բայց ի՞նչ ընել կանխելու համար անարդարութիւնը, Հրայրի պատգամն է՝ «եղի՛ր զօրաւոր շնորհիւ քրիստոնէական հաւատքիդ, քրիստոնէական սիրոյդ եւ միասնականութեան զօրութեան քու ունեցած հաւատքովդ»: Մեծ փիլիսոփայութիւն կայ Հրայրի իւրաքանչիւր պարզուկ պատմութեան մէջ: Թելադրելի է այս յօդուածները անգլերէնի, սպաներէնի, կամ այլ լեզուի թարգմանել, որպէսզի մեր սերունդները կարդան եւ .... հասկնան: (Այս պարտադրանքն ալ ներկայ սփիւռքահայ կեանքի չթաքցուող մէկ այլ ճշմարտութիւն...):

Ինչ կը վերաբերի լեզուական ճարտարութեան՝ Հրայր հայերէն լեզուն գիտէ եւ զայն իւրացուցած է: Էջ 486-ին մէջ Լուտերի ապրած քաղաքներուն մասին կը խօսի: Միջին երկարութիւն ունեցող նախադասութեան մը մէջ Հրայր կը խօսի Լուտերի բարեկարգումի շարժման մասին, անոր ապրած քաղաքներուն մասին, Գերմանիոյ մասին եւ նախադասութիւնը կ՚աւարտի վերջակէտով մը: Ասոր կը հետեւի կարճ նախադասութիւն մը, ուր կ՚արտայայտուի այլ միտք մը: Անմիջապէս, վերի միտքը կը շարունակուի նոր տողով, նոր նախադասութեամբ մը, որ հետեւեալն է՝ «Լուտերի քաղաքները Ուիթենպերկ, Էյզըլպէն, Էյզինակ, հասնելով մինչեւ Լայփցիկ»: Ինչպէս կը նկատէք՝ ոչ մէկ բայ կամ ստորոգիչ այս նախադասութեան մէջ: Հրայր կարողացած է եւ յաջողած շաղկապել երկու նախադասութիւն առաջ գործածուած միտք մը եւ զայն կապել նոր տողով սկսուած առանց բայի նախադասութեան մը հետ: Սա գեղեցիկ հայերէն է: Հաճելի: Քանի նոր տողի մասին կը խօսինք, Հրայրի մօտ յաճախակի են «Եւ»ով եւ «Իսկ»ով սկսող պարբերութիւնները. ոճ մը, որ աստուածաշնչեան է եւ կարծէք Հրայր իր կառոյցին ու գործին բերումով ազդեցութիւն կրած է այդ ոճէն...:

Հրայր Ճէպէճեան կրցած է իր իրապաշտ յօդուածներով վերլուծել ազգային մեր բազմերես կեանքը, հասարակ յայտարարի բերած սփիւռքի տարածքին ապրող իր գրքին բոլոր հերոսները եւ զանոնք դրած է մեզի, ինչպէս նաեւ իրարու հետ երկխօսութեան մէջ: Այս հերոսներուն սփիւռքի մէջ գոյատեւելու պայքարը Հրայրին պայքարն է, որուն յաղթանակին հաւատացողն է ինք:

 Ինչպէս գիտենք, այս գիրքը խմբագրուած է անձի մը կողմէ, որ ոեւէ մէկը չէ, եթէ ոչ Հրայրի կինը՝ Տքթ. Արտան: Ան կը վկայէ. «Անսակարկելի է Հրայր Ճէպէճեանի հաւատարմութիւնը: Հաւատարմութիւն՝ հայուն, հայրենիքին, եկեղեցիին, մշակոյթին, պահանջատիրութեան, պատմութեան, մամուլին եւ սփիւռքին: Մէկ խօսքով՝ հայկականութեան: Պրպտող միտք, անխոնջ ուժ, անսպառ խանդ եւ իւրայատուկ ընձեռում կ՚արտացոլայ իւրաքանչիւր յօդուածի ընդմէջէն ՄԻՇՏ ԲԱՐՁՐԸ, ՃԻՇԴԸ, ԴՐԱԿԱՆԸ, ՅՈՒՍԱԴՐԻՉԸ ԵՒ ՔԱՋԱԼԵՐԱԿԱՆԸ՝ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿԻ ՏԱԿ ԱՌՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՀԱՅՈՒՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ, ՎԵՐԵԼՔԻՆ, ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ ՄԷՋ»:

Ձեր վարձքը կատար Հրայր եւ Արտա:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 1, 2018