ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարները. «Չար աչք ունեցողին հացը մի՛ ուտեր եւ անոր ազնիւ կերակուրներուն մի՛ ցանկար: «Կե՛ր ու խմէ՛», կ՚ըսէ քեզի, բայց անոր սիրտը քեզի հետ չէ: Կերած պատառդ պիտի փսխես ու հաճելի խօսքերդ պիտի կորսնցնես» (Առ 23.6-8):
Պատասխան. Խորքին մէջ այս համարները իրենց մէջ զգուշացնող հանգամանք ունին: Զգուշացում վատ ընկերութիւններ, մտերմութիւններ մշակելէ: Ճի՛շդ է որ մեր Տէրը կը թելադրէ մեզի մեր նմանները անմնացորդ սիրել, բայց միւս կողմէ սակայն, այդ անմնացորդ սէրը պատճառ պէտք չէ՛ դառնայ, որ մենք տառապինք: Տառապինք հոգեւոր իմաստով, այսինքն՝ կորսնցնենք մեր ներքին անդորրը, մեր կապը Աստուծոյ հետ խաթարուի:
Չար աչք ունեցողին հացը մի՛ ուտեր ըսելով, Իմաստունը մեզ կը զգուշացնէ նախանձոտ մարդոց ընկերութենէն եւ անոնց հետ ո՛չ միայն հաց կիսելէ, այլ՝ ընդհանրապէս անոնց հետ որեւէ մէկ կապ ունենալէ: Մարդ երբ ինքզինք հեռու պահէ այդպիսիներէն, այդպիսով ինքզինք զերծ պահած կ՚ըլլայ մեղքի մէջ յայտնուելէն, մինչդեռ եթէ մարդ ականջ տայ այդպիսիներուն, կամաց-կամաց իր մէջ եղող սէրը առ Աստուած եւ աստուածայինները կը մարի եւ կը սկսի աշխարհին ու աշխարհայիններուն կապուիլ, այդպիսով հեռանալով Աստուծմէ եւ մօտենալով չարին:
Սուրբ Կիւրեղ Մեծը այս մասին կը գրէ. «Իմաստուն է ան մարդը, որ մեզ կ՚արգիլէ նախանձոտին հետ ուտելէ: Իր այս զգուշացումը՝ անոր հետ սեղանին վրայ ընկերակից չըլլալու, կը վերաբերի նաեւ ընկերային այլ յարաբերութիւններու եւս: Արդարեւ, ինչպէս որ նիւթական բաներու մէջ պէտք է զգոյշ ըլլանք, որոնք շուտով կրնան բորբոքիլ, որով մենք կարելի եղածին չափով կը հեռանանք կրակէն, այդպէս ալ վայել է մեզի, որ ինչքան կրնանք դադրինք ընկերութիւններ մշակել բոլոր այն շրջանակներուն մէջ, ուր նախանձոտները անդամ են: Այսպէս վարուելով մենք մեզ անոնց նետերէն հետու կը պահենք: Մենք նախանձի տաղտուկներուն մէջ կը մտնենք միայն այն ատեն, երբ անոր կը մօտենանք»:
Սուրբ Եփրեմ Ասորին հետեւեալ խրատը կու տայ. «Դուք՝ երկնային քաղաքացիութեան մարտիկներդ, ինչքան կարելի է հեռո՛ւ փախէք նախանձէն, ինչքան կարելի է ձեզմէ հեռո՛ւ վանեցէք մրցակցութիւնը եւ նախանձը, որպէսզի սատանային հետ միասին չդատապարտուիք»: Սուրբին խրատը միաժամանակ յստակ ահազանգ է իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար, թէ նախանձը ի՛նչ կրնայ ընել եւ ի՛նչ աստիճանի կրնայ հասցնել մարդը, եթէ ան առիթ տայ անոր իր մէջ ներգործելուն: Արդարեւ, նախանձը մարդուն սատանային ընկերակից ու դատապարտակից կը դարձնէ, հետեւաբար ինչքան կարելի է պէտք է հեռու փախչիլ նախանձէն, որպէսզի մենք մեր վրայ դատապարտութիւն չբերենք:
Տէր Յիսուս նախանձը կը դասէ այն վատ երեւոյթներուն, որոնք մարդս կ՚ապականեն: Այսպէս. «Ի՞նչն է որ մարդս կ՚ապականէ» հարցումին որպէս պատասխան՝ Տէր Յիսուս կ՚ըսէ. «Մարդուս սիրտէն [այսինքն՝ միտքէն] է որ կ՚ելլեն չար մտածումները.- Շնութիւն, պոռնկութիւն, գողութիւն, սպանութիւն, ագահութիւն, չարութիւն, նենգութիւն, գիջութիւն, չար նախանձ, հայհոյութիւն, ամբարտաւանութիւն, անզգամութիւն» (Մր 7.21-22):
Նախանձէն եւ նախանձոտ մարդոցմէ պաշտպանուելու համար կարիք ունինք Մովսէսի նման վարուելու: Սուրբ Գրիգոր Նիւսացին այս մասին կը գրէ. «Երբ նախանձը այս մարդուն [Մովսէսի] վրայ յարձակեցաւ, փշրուեցաւ [նախանձը]՝ ինչպէս խեցաման մը ժայռի վրայ…: Պարզուեցաւ, որ ան շա՜տ բարձր է, որ աղեղը կարենար հարուածել իրեն…: Նախանձը իր նետերը Մովսէսին դէմ ուղղեց, բայց անոնք չկրցան հասնիլ այն բարձրունքին՝ ուր Մովսէսը կը գտնուէր». եւ. «Մովսէսը ո՛չ միայն իրեն չարութիւն ընողներուն դէմ ինքզինք պաշտպանելու փորձ չըրաւ, այլ՝ Աստուծմէ հանգստութիւն (սփոփանք) խնդրեց անոնց համար: Այդպիսով -կը կարծեմ-, ան ա՛յն մարդն է, որ գիտէ առաքինութեան վահանով պատսպարուիլ, որով նետերուն ծայրերը չե՛ն դպնար իրեն»:
Շնորհք Վրդ. Գալուստեանի [յետագային Պատրաիրք Կոստանդնուպոլսոյ] համաձայն, «նախանձը եւ պառակտումը երբեք Աստուծոյ ներկայութեան նշանները չեն», այսինքն՝ հոն ուր նախանձը կը գործէ, այնտեղ Աստուած ներկայ չի՛ կրնար ըլլալ, որովհետեւ Աստուած հեռու է նախանձէն ու նախանձոտ մարդոցմէ: Հետեւաբար, մեր վարուելակերպին մէջ ուշադիր պէտք է ըլլանք, որպէսզի նախանձի մեղքին մէջ չյայտնուինք, որպէսզի չզրկուինք Աստուծոյ ներկայութենէն:
Աւարտենք, Շնուտա Հայրապետին նախանձի մասին բացատրութեամբ:
«Հարցում. Քրիստոնէութիւնը կը հաւատա՞յ նախանձի գոյութեան:
Պատասխան. Նախանձը -որպէս զգացում- գոյութիւն ունի: Մենք գիտենք, որ Կայէնը նախանձեցաւ իր Աբէլ եղբօր: Յովսէփ Գեղեցիկին ալ իր եղբայրները նախանձեցան: Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ալ հրեայ քահանաները յանձնեցին զԻնք՝ իրենց նախանձին պատճառով:
Հետեւաբար, նախանձը գոյութիւն ունի, սակայն (աչքով դպնալու) գոյութեան չենք հաւատար:
Ոմանք կան, որոնք կը հաւատան, թէ նախանձոտ մարդիկ կան, եթէ աչքով դպնան անոր՝ որուն կը նախանձին, որոշ վնաս մը կը հասնի անոր: Այդ պատճառով, այդպիսիները նախանձէն կը վախնան, ինչպէս նաեւ նախանձոտներէն ու անոնց չարութենէն: Երբեմն ալ կը պահեն այն բարիքները՝ զորս Աստուած կը պարգեւէ անոնց՝ նախանձէն վախնալով: Այդպիսիները այնպիսի հեքիաթներ կը պատմեն այդ տեսակ նախանձին, որ երբեմն առասպելի կը նմանի: Այս տեսակի նախանձին՝ չենք հաւատար, ու զայն վախցնել կամ նախապաշարում կը համարենք:
Նախանձը նախանձուող անձին չի՛ վնասեր, այլ՝ նոյնինքն նախանձողին կը յոգնեցնէ.
Նախանձուողին չի՛ վնասեր, այլապէս բոլոր յաջողակներն ու առաջնեկները նախանձի ու կորսուելու ենթակայ կ՚ըլլային, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք, որոնք լաւ դիրքերու կը տիրանային, կամ պետութեան շնորհած գնահատական նուէրներ ստացողներ նախանձի ու չարիքի հանդիպելու ենթակայ կ՚ըլլային:
Հակառակը կը տեսնենք, սակայն, այն է, որ նախանձողը թախիծի մէջ ու յոգնութեան մէջ կ՚ապրի՝ իր նախանձելուն ու ներքին չարութեան պատճառով. եւ ինչպէս կ՚ըսէ բանաստեղծը.
Համբերէ՛ նախանձողի որոգայթներուն
համբերութիւնդ զինք սպաննողն է,
Կրակը ինքզինք կ՚ուտէ՝
եթէ ուտելու բան չգտնէ:
Արդարեւ, ինչո՞ւ համար կ՚աղօթենք նախանձը հանելու համար, եթէ չի՛ վնասեր:
Մենք չենք աղօթեր այսպէս ըսած (աչք դպնալէն) վախնալով, այլ՝ կ՚աղօթենք, որպէսզի Աստուած արգիլէ փորձանքներն ու որոգայթները, եւ դաւադրութիւնները՝ զորս նախանձողները կրնան ընել իրենց չար սիրտերուն պատճառով:
Յովսէփին եղբայրները երբ իրենց եղբօր նախանձեցան, զայն ջրհորին մէջ նետեցին, ապա որպէս ստրուկ ծախեցին զինք, ու գրեթէ պիտի սպաննէին զինք: Կայէնն ալ իր Աբէլ եղբայրը սպաննեց՝ նախանձելով անոր: Հրեայ ժողովուրդին պարագլուխները երբ նախանձեցան Յիսուսին՝ դաւադրութիւն ըրին Անոր դէմ ու զԻնք խաչելու տուին»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 113
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 10/07/2024