ԻՆՉՊԷ՞Ս ՁԵՌՔ ՉՍԵՂՄԵԼ, ԿԱՄ՝ ԹՐԱՄՓԻ ԵՒ ՄԱՔՐՈՆԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՁԵՌՔՍԵՂՄՈՒՄԸ

Կը նշուի, որ ձեռք սեղմելու արարքը Քրիստոսէ առաջ սկսած է: Մարդիկ, որոնք միշտ զէնքով կը շրջագայէին, ծանօթներու ձեռք կը սեղմէին, որպէսզի անոնց ցոյց տան, որ անզէն են: Ժամանակի ընթացքին տարբեր բնոյթ եւ ձեւեր ստացաւ ձեռքսեղմումը, ոմանց պարագային՝ երբեմն հասնելով արտառոցութեան…: «Ֆիւչըր» կայքը կը գրէ.

*

Մենք կրնանք զգալ, թէ ե՛րբ ձեռքսեղմումը սխալ է, բայց դժուար է ճիշդ հասկնալ, թէ ինչո՞ւ: Եթէ ձեռքսեղմումը երկար կը տեւէ, շատ ամուր է կամ մեզ շատ մօտ կը քաշէ, ատիկա կրնայ սահմանել հանդիպման մնացեալ մասը:

Տանըլտ Թրամփ եւ Էմմանիւէլ Մաքրոն կողք կողքի էին՝ իրարու ձեռք բռնած: Անոնք այդպէս մնացին բռունցքի նման, զիրար քաշքշելով, 29 երկվայրկեան, այն պահուն, երբ համաշխարհային լրատուամիջոցները զիրենք կը դիտէին:

Ֆրանսայի Ազգային օրուան առիթով շքերթի ատեն ատիկա կրնար երկու մեծ պետութիւններու առաջնորդներու միջեւ համերաշխութեան պահ մը ըլլալ: Փոխարէնը՝ վերածուեցաւ վերջին ժամանակաշրջանի մէջ ամենէն անյարմար, երկարատեւ ձեռքսեղմումին: Չկարենալով լսել, թէ անոնք ի՛նչ կը քննարկէին, որովհետեւ շատ մօտ կանգնած էին իրարու, անոնց մարմինի լեզուն դարձաւ տրամադրութեան արտայայտիչ մը:

Այս իրավիճակին մէջ ողջոյնի լաւ խօսքին կրնար մաս կազմել աչքերու բազմաթիւ հաղորդակցութիւնը եւ մարմնի դրական դիրքաւորումը: «Մօտենալու լաւագոյն միջոցը հաւասարութեան ստեղծումն է», կ՚ըսէ Իլինոյսի համալսարանի հոգեբան Սանթա Տոլքոս. «Կարեւորը մօտեցումի բաց վերաբերմունք ունենալն է, այլ ոչ թէ գերիշխանութիւն ցուցաբերելը», կ՚աւելցնէ նոյն համալսարանի անոր պաշտօնակիցը՝ Ֆլորին Տոլքոս: «Միջոցներէն մէկը ափը դէպի վեր ձեռք երկարելն է», կը նշէ ան:

Բայց Մաքրոնի եւ Թրամփի միջեւ ձեռքսեղմումը կարծես կը խախտէ բոլոր այն կանոնները, որոնք ըստ մեզի՝ բնականոն են: Ճիշդ է, որ երկու նախագահներու ձեռքսեղմումի տեւողութիւնը շատ հեռու է համաշխարհային մրցանիշէն՝ 43 ժամ, այդուհանդերձ Թրամփի եւ Մաքրոնի միջեւ շփումը (29 երկվայրկեան) տաղտկալի էր, եւ դիտողները կրնային զգալ ատոր իւրաքանչիւր երկվայրկեանը:

Ատիկա կը սկսի բաւական անմեղ: Մաքրոն կը բռնէ Թրամփի ձեռքը, կը սկսի կռնակին մեղմ զարնել, եւ երկուքն ալ կը քալեն: Հինգ երկվայրկեան ետք Թրամփ մեղմ կը զարնէ Մաքրոնին աջ ձեռքին, կարծես ըսելով՝ «Կը բաւէ»: Մաքրոն դիտմամբ կամ այլապէս չի հասկնար, եւ ութերորդ երկվայրկեանին Թրամփ կանգ կ՚առնէ: Եթէ Մաքրոն չի խաղար Թրամփի խաղը, ուրեմն Թրամփ պէտք է փոխէ խաղը:

«Սովորաբար այն պահուն, երբ կը հասկնաք, որ ձեր դիմացինը հանգիստ չի զգար, բնական է քանի մը երկվայրկեան ետք նահանջելը», կ՚ըսէ Սանթա Տոլքոս: Բայց անոնցմէ ոչ ոք կ՚արձագանգէ:

Երկուքը դէմ դիմաց կը կանգնին եւ կ՚անցնին, ըստ Ֆլորին Տոլքոսի՝ «եղբայրական իրարու ձեռք սեղմելու». Մաքրոն ձախ ձեռքը կը դնէ Թրամփի աջ թեւին վրայ: Թրամփ ձեռքը աջ-ձախ կը շարժէ, բայց տակաւին ազատում չկայ: Թրամփ կ՚երթայ ողջունելու եւ համբուրելու Պրիժիթ Մաքրոնը՝ միաժամանակ շարժելով իր պաշտօնակիցին ձեռքը: Այժմ երեքը միասնաբար կը բռնեն ձեռքերը, տարօրինակ եռակողմանի ձեռքսեղմումով, որ քանի մը երկվայրկեան եւս կը տեւէ՝ նախքան ամբողջ միջանկեալ գործողութեան վրիպումը, անյաջող ելքը: «Ձեռք սեղմելը թափ կու տայ խօսակցութեան: Ան իսկապէս տեղեակ էր, որ բոլորը կը վերլուծէին իր կեցուածքը: Ատիկա ինքնաբուխ, բնական եկած բան մը չէր», կ՚ըսէ Ֆլորին:

Բայց ի՞նչ կ՚ըսէր այս տարօրինակ ողջոյնը: Եւ ի՞նչ ազդեցութիւն կ՚ունենայ ձեռք-սեղմումը յետագայ հանդիպումներու վրայ: Տոլքոսի նման գիտնականներ հետաքրքրուած են պատասխաններ գտնելու այս հարցումներուն, որովհետեւ ատոնք օգտակար են հետազօտական հարցազրոյցներու, գործարքներու, ներդրումներու, մանր առեւտուրի սովորութիւններու եւ այլ բաներու ուսումնասիրութեան: Ձեռքսեղմումը համաձայնութեան, փոխադարձ յարգանքի նշան է կամ պարզ բարեւ է: Բայց ատոնք կրնան նոյնպէս ծանրաբեռնուած ըլլալ իմաստով եւ յարձակողականութեամբ:

ԱՄՈՒՐ ԲՌՆԵՑԷՔ

Երբ ձեռք կը սեղմէք, ամուրը լաւագոյնն է: Ամուր ձեռքսեղմումը դրականօրէն կ՚առընչուի յուզական արտայայտչականութեան եւ բացասաբար՝ ամչկոտութեան եւ յոռետեսութեան: Ձեռքսեղմումը նոյնպէս կ՚առընչուի համարձակ ըլլալու կիներու նոր փորձին: Հաւասարապէս, թոյլ ձեռքսեղմումը ընդհանրապէս չի սիրուիր:

Աշխատանքային հարցազրոյցի մը մէջ ամուր ձեռքսեղմումը կրնայ ձեզի օգտակար ըլլալ, յատկապէս կիներու շրջանակին մէջ: Ասիկա ճիշդ է նոյնիսկ ֆիզիքական գրաւչութեան տարբերութիւնները հակակշռելէ ետք (որ ամբողջովին կ՚աւելցնէ աշխատանքի ընդունուելու ձեր հնարաւորութիւնները) եւ թեկնածուներու հագուստը:

Մաքրոն եւ Թրամփ իրարու հետ ամուր ձեռք սեղմելու պատմութիւն ունին, որոշ պարագաներու՝ նոյնիսկ իրարու վրայ հետքեր ձգելով: Կա՞յ արդեօք շատ ամուր ձեռքսեղմումի նման բան մը: Յստակ չէ: «Եթէ ձեր ձեռքը թոյլ է, ատիկա հետաքրքրութեան պակաս ցոյց կու տայ: Կամ եթէ ձեռք կը սեղմէք մինչեւ որ կտրէք ատիկա գէշ բաներ պիտի ըսէ ինծի ձեր մասին», կը նշէ Ֆլորին:

ԹՈՅԼ ՄԻ՛ ՏԱՔ, ՈՐ ՏՆՏՆԱՅ, ՔԱՇՔՇՈՒԻ

Աշխատանքի ընդունուելու համար հարցազրոյցը վարողին հետ ձեռքսեղմումը ոչ միայն կը փոխանցէ ձեր խառնուածքը, արտայայտչականութիւնը եւ գործունակութեան մակարդակը, այլեւ կ՚օգնէ ձեզի սորվելու այն անձին մասին, որուն հետ կը տեսակցիք: Լաւ ձեռքսեղմումը աշխատանքի թեկնածուն կրնայ դիւրաւ հանդարտ վիճակի մէջ պահել: Նոյնպէս, վատը կրնայ անոնց հանդիպումը անյարմար դարձնել:

Մաքրոն-Թրամփ ձեռքսեղմումը անբնականոն երկարութիւնը կրնայ ցոյց տալ, որ անոնք շատ լաւ ծանօթ են իրարու, բայց անծանօթներու միջեւ ատիկա յետոյ կրնայ յանգեցնել անյարմար զրոյցի:

Ուսումնասիրութեան մը ընթացքին հարցաքննուածները նկարահանուած են, եւ անոնց մարմինի շարժումներն ու արտայայտութիւնները վերլուծուած են, երբ անոնք անբնականոն երկար ձեռքսեղմումէ ետք հարցաքննողները «սառած» մնացած են: Յետագայ հարցազրոյցին մէջ անոնք ցուցաբերած են անհանդարտութիւն եւ աւելի նուազ ծիծաղած կամ՝ նշաններ ցոյց տուած, որ իրենք հաճոյք կ՚առնեն:

ԱՒԵԼՑՆԵԼ ՀՈԳԱՏԱՐ ՀՊՈՒՄ ՄԸ

«Այլ ծիրի մը մէջ, եւ՝ տարբեր մարդոց միջեւ, այն հպումը, որ Մաքրոն կը կատարէ Թրամփի թեւին, կրնայ զարմանալի ազդեցութիւններ ունենալ: Ոեւէ մէկուն թեւին դպնալը կրնայ զանոնք հրահրել վնասակար որոշումներ տալու, բայց՝ միայն այն պարագային, երբ հաւանական կորուստը ստանձնողը, ողջունողը կին մըն է», կը նշէ Ալպերթայի առեւտրական հիմնարկի դասախօս Փրոֆ. Ճենիֆըր Արկոն:

Անոր ուսումնասիրութեան մասնակիցները այդ հիմնարկին ուսանողներն էին, որոնցմէ խնդրած էին դրամական ներդրումներ կատարել: Երբ ուսանողները ժամանեցին, զանոնք դիմաւորեց կին մը կամ այր մը, որ ձեռքը, առանց «առաջնորդելու հպումի» մը, դրաւ թեւին ետեւը կամ ընդհանրապէս՝ առանց ձեռքի հպումի: Ներդրում ընողները, որոնք դիմաւորուեցան կնոջ մը կողմէ եւ առաջնորդուեցան սենեակ մը, հաւանական կորուստի ամենէն շատ որոշումները տուին:

«Թեւի վրայ մեղմ հպումի զգացումը կը յուշէ ապահովութիւն. անիկա կը յիշեցնէ ձեզի հոգատար մէկը: Երբ դուք աւելի ապահով կը զգաք, հաւանական կորուստի աւելի մեծ վտանգներ յանձն կ՚առնէք, տարբեր տեսակի վտանգներ եւ աւելի շատ ներդրումներ կ՚ընէք», կ՚ըսէ Արկօ: Հետազօտողները կը հաստատեն, որ այսպիսի հոգատար հպումը, վերաբերմունքը առընչուած է մանկութեան շրջանի մեր մայրերուն, եւ անիկա կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ նոյն ազդեցութիւնը չ՚երեւիր, երբ ուսանողները ողջունողը այր մըն է:

Այն գաղափարը, որ մայրական գրկախառնութիւնը կրնայ մեզ հրահրել դրամական հաւանական կորուստի որոշումներ տալու հարցին մէջ, հետաքրքրական է, նոյնիսկ դժուար է հաւատալ: Հնարաւո՞ր է, որ կնոջ մը կողմէ ֆիզիքական շփումը ներդրողները սխալ մեկնաբանեն՝ որպէս սեռական ներգրաւուածութիւն, որ կը յանգեցնէ վնասներու դիմելու վերաբերմունքի:

1970-ականներու յայտնի ուսումնասիրութենէն ընդգծուած է «գրգռումի թիւր վերագրումի» հաւանականութիւնը, երբ տրամադրութիւն մը սխալ կը մեկնաբանուի որպէս գրաւչութիւն: Այս ուսումնասիրութեան մէջ վախն ու անձկութիւնը սխալ մեկնաբանուած են՝ որպէս սեռական գրաւչութիւն:

Տղամարդոցմէ խնդրած են հատել երկու կամուրջներէն մէկը: Առաջինը՝ ամուր, հաստատ կամուրջը, երկրորդը՝ կախուած կամուրջ, որ վտանգաւոր կերպով կ՚օրօրուէր, երբ մէկը կը քալէր անոր վրայէն: Կամուրջին վերջաւորութեան կանգնած հարցազրոյցը վարող գրաւիչ տղամարդը կամ կինը այրերէն խնդրած է անոնց անուններն ու հեռաձայններու թիւերը, պայմանաւ որ պատասխանեն որեւէ հարցումի, որ կրնայ յետագային ունենալ փորձին վերաբերեալ: Տղամարդիկ, որոնք անցած էին կախուած կամուրջէն եւ կը դիմաւորուէին հարցազրոյցը վարող գրաւիչ կնոջ կողմէ, որեւէ այլ խումբէ աւելի կ՚ընդունէին հեռաձայնելու առաջարկը: Հետազօտողները այդ մէկը կը վերագրէին արեան ճնշման եւ սիրտի տրոփումի մակարդակի բարձրացման, որ անձկութեան մէջ եղող տղամարդիկ սխալ կը մեկնաբանէին՝ որպէս գրգռումի նշաններ:

Կրնա՞յ նման բան պատահիլ ներդրողներուն: Արկօ կ՚ըսէ՝ ո՛չ: Հաւանական կորուստի ստանձնումի ազդեցութիւնը հաւասարապէս նկատուեցաւ թէ՛ տղամարդ, թէ՛ կին ներդրողներուն մէջ, երբ զիրենք կ՚ողջունէր կին մը, եւ՝ ոչ այն պարագային, երբ ողջունողը այր մըն էր: «Հարցազրոյցը վարող կինը նոյնպէս շատ գրաւիչ չէր. ան սովորական անձ մըն էր: Մենք բացառիկ գրաւիչ մարդիկ չենք օգտագործած», աւելցուց Արկօ: Ան կ՚ըսէ, որ անիկա կրնայ էական ազդեցութիւն ունենալ ներդրումներու սահմաններէն դուրս այլ ասպարէզներու, ինչպէս՝ փոքր առեւտուրի մէջ, երբ առաջնորդելու, օգնելու նպատակով վաճառողին հպումը կրնայ ձեզ մղել դէպի սուղ ապրանք:

ՊԱՀԵՑԷՔ ԱՆՎՏԱՆԳ ՀԵՌԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Թրամփ եւ Մաքրոն գրեթէ կուրծք-կուրծքի են իրենց ձեռքսեղմումի աւարտին: Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ բնական է նոյնիսկ շատ մտերիմ ընկերներու համար հանդիպման ընթացքին առնուազն 30 սմ. հեռաւորութիւն պահելը իրենց միջեւ:

Բայց այս երկարաձգուած ողջագուրումը յատկապէս արտասովոր է Թրամփի նման ամերիկացիին համար, երբ չափանիշը մօտ է 50 սմ.-ին: Ասիկա կ՚ենթադրէ, որ երկու տղամարդիկ զիրար կը նկատեն մտերիմ ընկերներ: Միացեալ Նահանգներու մէջ մարդիկ շատ հաւանաբար ծանօթներու միջեւ կը պահեն 69 սմ. հեռաւորութիւն, իսկ անծանօթներու միջեւ՝ 95 սմ.:

Այս ուսումնասիրութիւնը չէ դիտարկած Ֆրանսայէն ստացուած տուեալները, բայց Սպանիոյ եւ Գերմանիոյ դրացիները իրենց ամերիկացի գործընկերներուն նման թիւեր կը յայտնեն:

Սէուտական Արաբիոյ մէջ բնական երեւոյթ է մօտիկ ընկերոջ միջեւ աւելի քան 95 սմ. հեռաւորութիւն պահելը: Արժանթինի մէջ միայն 70 սմ. հեռու կը մնան անծանօթներէն:

Դիմացինին աւելի մօտենալու նպատակը կրնայ ըլլալ՝ ստանալ այնպիսի լրացուցիչ տեղեկութիւններ, որոնց մենք միայն ենթագիտակցօրէն տեղեակ ենք հոտերու միջոցով: Մենք անընդհատ կը հոտոտենք մեր ձեռքերը, բայց ձեռքսեղմումէ ետք մենք այդ մէկը նոյնիսկ աւելի կ՚ընենք, յատկապէս՝ աջ ձեռքը, որ մենք կը գործածենք ձեռքսեղմումի համար, կ՚օգտագործենք ողջոյնի համար:

«Ձեռք սեղմելը արդէն յայտնի է, որ կը փոխանցէ շարք մը տեղեկութիւններ՝ կախուած արտայայտութիւններէ, շարժուձեւերէ եւ կեցուածքէն», կ՚ըսէ մասնագէտ Նոամ Սոպել, որ կը ղեկավարէր ուսումնասիրութիւնը: Ան կ՚աւելցնէ. «Մենք կը պնդենք, թէ ձեռք սեղմելը թերեւս եղափոխուած է՝ ծառայելով որպէս իրարմէ ընկերային քիմիական նիւթերու նմոյշ առնելու շարք մը միջոցներէն մէկը, եւ որ անիկա տակաւին կը ծառայէ այս նպատակին՝ իմաստալից, թէեւ՝ ենթագիտակից ձեւով»:

ԿԵՂԾ ԺՊԻՏ ԱՒԵԼՑՆԵԼ

Մաքրոն եւ Թրամփ ջղայնութեամբ կը ժպտին, մինչ կը շարունակեն ողջագուրուիլ: Պարզ է, որ անոնք տեղեակ են իրենց շուրջ հաւաքուած լրատուամիջոցներու ներկայութենէն, բայց քննարկելի է այն փաստը, թէ որքանո՛վ այդ ժպիտները իսկական են: Կարելի է նկատել, երբ ժպիտ մը իսկական չէ, քանի որ զզուանք, վախ, կամ տխրութիւն արտայայտող դէմքերու հետ կապուած մկանային շարժումներու հետքերը կարելի է տեսնել ուրախ «դիմակ»ի ընդմէջէն: Այս նուրբ նշանները կրնան չափազանց փոքր ըլլալ, բայց մենք հաստատապէս կրնանք զանոնք տեսնել:

Երկու ղեկավարները աւելի լաւ կ՚ընէին, եթէ խնդալու սկսէին, քանի որ կեղծ խըն-դուքները գրեթէ նոյնքան լաւ են, քան՝ իսկականները: Խնդուքը մեզի կ՚օգնէ ամրապնդելու ընկերային կապերը, եւ կեղծ խնդուքը բաւարար է մեզ աւելի սիրելի դարձնելու (հակառակ որ իսկական ժպիտը միշտ աւելի արդիւնաւէտ է):

Մենք աւելի պատրաստակամ կ՚ըլլանք անձնական տեղեկութիւններ բացայայտելու ծանօթի մը՝ անոր հետ խնդուքի պահ մը բաժնելէ ետք: Հետեւաբար ընդունելի կեղծ խնդուք մը կրնայ երկուքին թոյլ տալ անձնական տեղեկութիւններ փոխանակելու:

Մինչդեռ Թրամփ կը կատարէ ամբողջ արարքի ամենէն տարօրինակ մասերէն մէկը: Մինչ ան դեռ կը շարունակէ սեղմել Մաքրոնի ձեռքը, ան Պրիժիթը կ՚ողջունէ այնպիսի ձեւով մը, որ լիովին կ՚ակնկալուի հակառակ սեռի երկու արեւմտեան գործարարներու համար:

Արեւմուտքի մարդիկը իւրաքանչիւր սեռի բարեւելու յատուկ ձեւեր ունին: Առեւտուրի մարզին մէջ կ՚ակնկալուի, որ տղամարդիկ ձեռք սեղմեն, բայց երբ տղամարդիկ բարեւեն կիները, եւ կիներ զիրար բարեւեն, երեսի համբոյրը ընդհանրապէս օրէնք է: Ուրեմն, մինչ Մաքրոնի հետ չափազանց հարազատ ողջագուրումը կը շարունակուի, Թրամփ միաժամանակ կրնայ բնականոն ձեւով համբուրել Պրիժիթը:

Համբոյրներու բնականոն քանակը կը տարբերի երկիրներու եւ նոյնիսկ շրջաններու միջեւ: Մինչ ոչ արեւմտեան գործարարներու համար ձեռքսեղմումը մեծապէս տարածուած է, քանի որ արեւմտականութիւնը կը ներգրաւուի առեւտուրի մշակոյթին մէջ, տղամարդոց միջեւ համբուրուիլը, կամ խոնարհիլը եւ ոչ մէկ ֆիզիքական շփումը կրնայ օրէնք ըլլալ:

Մաքրոնի եւ Թրամփի ձեռքսեղմումը թերեւս դաս մըն է, որ ինչպէս պէտք չէ բարեւել մէկուն: Երկու քաղաքական գործիչներու համար, որոնք իրենց ասպարէզը կ՚անցընեն մարդոց հանդիպելով, հաւանական է, որ անոնք այնքան տեղեակ են սովորութիւններուն եւ համաձայնութիւններուն, որ անոնք միտումնաւոր կերպով ցուցամոլութիւն կը կատարեն իրենց դիմացինին հետ հաղորդակցելու համար: Բայց ո՞վ գիտէ, թէ կը հասկնա՞ն իրենց նուրբ փոխանակումներու ամբողջական իմաստը:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Փետրուար 10, 2020