ՅԵՏՔՈՐՈՆԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ ՀՍԿՈՒԱԾ ՇՈՒԿԱՅԻ ԱՇԽԱՐՀՆ Է

1928-ի համաշխարհային ֆինանսական ճգնաժամէն ի վեր եւ իբրեւ անոր հետեւանք, անգլիացի տնտեսագէտ Ճոն Մայնըրտ Քէյնզի տեսութիւնը կը դիտուի իբրեւ «տնտեսական ճգնաժամերու ժամանակ որդեգրուած քաղաքականութիւն»:

Քէյնզ կը հաւատար, որ շուկան միայն իր սեփական միջոցներով չի կրնար բարգաւաճում ապահովել հանրութեան, այլ ան նաեւ կարիքը ունի պետական միջամտութեան՝ կանխարգիլելու համար գործազրկութեան վտանգը: Պետութիւնը այս պարագային ներդրումներ կը կատարէ հանրային ծառայութեանց մարզին մէջ, այսպիսով աշխատաուժ կ՚ապահովէ ճգնաժամի ենթարկուած երկրին համար, իսկ միւս կողմէ ալ հարկ վճարողներու թիւը կ՚աւելցնէ՝ զօրացնելու համար ընկերային բարօրութիւնը:

Վերոյիշեալը լոկ թուղթի վրայ գրուած տեսութիւն մը չէ, այլ տեսութիւն մըն է, որ գործնականացման ենթարկուած է զանազան տնտեսական ճգնաժամերու ժամանակ. անիկա որդեգրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ 1930-ական թուականներուն, դեմոկրատական նախագահ Ֆրանքլին Ռուզուելթի «Նոր պայմանագիր»ին ժամանակ՝ Միացեալ Նահանգները ազատելու համար տնտեսական աղէտէն, Սկանտինաւեան երկիրներու (Շուէտ, Նորվեկիա եւ Դանիա) ընկերվար-ժողովրդավարական կառավարութիւնները նոյնպէս որդեգրեցին զայն՝ կերտելու զօրաւոր հիմքերով կառուցուած տնտեսութիւն մը, 2008-ին Աւստրալիոյ աշխատաւորական կառավարութիւնը եւս որդեգրեց զայն՝ փրկելու Աւստրալիան համաշխարհային ֆինանսական ճգնաժամին ենթարկուելէ, եւ ցանկը երկար է…

Այսօր քորոնաժահրին տարածումին պատճառած՝ գործունէութիւններու ընդհանուր կանգ առնելուն իբրեւ հետեւանք, պետութիւններ տնտեսական վիճակը փրկելու համար խթանիչ ծրարներ որդեգրելու ժամանակ նորէն դիմեցին քէյնզականութեան: Աշխարհի գրեթէ բոլոր կառավարութիւնները իրենց պիւտճէական ծախսերը աւելցուցին առողջապահութեան մարզին մէջ: Գանատայի, Շուէտի, Դանիոյ եւ Նոր Զելանտայի յառաջդիմական կառավարութիւնները աշխատաւորներուն ապահովեցին վճարովի արձակուրդ, ձեռնարկութիւններուն (ներառեալ՝ միջին եւ փոքր ձեռնարկութիւնները) ապահովեցին նիւթական օժանդակութիւններ, Սպանիան իր կարգին պետականացուց հանրային սեփականատիրութեան մարզին տակ գտնուող հիւանդանոցները: Մեկուսացման բերումով տուն մնալով՝ Գանատան իր որդեգրած միջոցառումներուն մէջ ներառեց նաեւ բռնութեան ենթարկուած աղջկանց օժանդակութիւն:

Հարցը հետեւեալն է. ո՞ւր էր պետութեան դերակատարութիւնը քորոնաժահրին տարածումէն առաջ:

Արեւի շողերուն պէս յստակ է, որ ներկայ միջազգային առողջապահական ճգնաժամին պատճառը (որ իր կարգին պիտի ստեղծէ տնտեսական նոր ճգնաժամ) ազատ շուկայական տնտեսութիւնն է:

Ազատ շուկայական տնտեսութեան խաչակիրները (նոր-ազատականութեան երկրպագուները) տասնեակ տարիներ շարունակ սեփականաշնորհեցին առողջապահական հիմնարկները, անհոգ մօտեցում ցուցաբերեցին հանրային հիւանդանոցներուն նկատմամբ, իսկ քորոնաժահրին յայտնուելէն ետք, նոյն այդ նոր-ազատականութեան երկրպագուները խուճապի ենթարկուեցան, թէ ինչպէ՛ս այն գումարը, որ նուիրեցին մեծ ընկերութիւններուն (ցած հարկեր ապահովելու համար բազմազգեան մեծ ընկերութեանց) կամ դիւրացուցին հարկային փախուստներու ճամբաները, պիտի ներդրեն առողջապահութեան վրայ:

Աւելի՛ն…

Միայն մեծ ընկերութիւններու արդար հարկումով չ՚աւարտիր հարցը: Կլիմայական փոփոխութիւնը հերքողները, որոնք տարիներ շարունակ կա՛մ կաշառք ստանալով բնութեան վնաս հասցնող մեծ ընկերութիւններէն, կա՛մ ալ ուղղակիօրէն նոյն այդ ձեռնարկութիւններուն մէջ մխրճուելով՝ ժխտեցին կլիմայական փոփոխութեան գիտական փաստը, մերժեցին կլիմայական փոփոխութեան հարցի լրջութիւնը եւ ծիծաղի ենթարկեցին բնապահպանական գործիչները, հանրութեան պիտի ներկայանան տեսնելով, թէ բնութեան ապականումը իրեն հետ հիւանդութիւններ կը բերէ:

Ինչպէս Քէյնզ կ՚ըսէ՝ «Դժուարութիւնը չի ծագիր նոր գաղափարներուն մէջ, այլ հինէն փախուստ տալու մէջ»: Այսօր նորն ու առաջնահերթը առողջապահութիւնն է, անկէ կախուած կլիմայական փոփոխութիւնը եւ իբրեւ հետեւանք՝ հոգեկան հիւանդութիւնը: Այն կազմակերպութիւնը կամ կառավարութիւնը, որ փախուստ կու տայ այս իրականութենէն, չի պատկանիր ներկային եւ յետքորոնական աշխարհին մէջ կը կորսնցնէ իր ազդեցիկ դերակատարութիւնը:

Կանխարգիլելու համար ապագային տեղի ունենալիք ճգնաժամերը, պետութիւնները պէտք է հսկողութեան ենթարկեն բազմազգեան մեծ ընկերութիւնները, դրամատնային հատուածը, բնութեան վնաս հասցնող ձեռնարկութիւնները, վերջ տան հարկային փախուստներուն ու մեծցնեն պիւտճէական ծախսերը առողջապահութեան մարզին մէջ:

Եզրակացութիւն. յետքորոնական աշխարհը հսկուած շուկայի աշխարհն է:

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2020