ՀԱԶՈՒԱԴԷՊ ԵՐԵՒՈՅԹԸ

4 յուլիս 2020.

Կարկուտի տարափով սկսաւ շքերթը: Կարկուտ. շքահանդէսի մը բացման ծափահարութիւնը կրնայ ըլլալ, կամ, եթէ այլաբանօրէն մտածենք, կարկուտի հատիկները կրնան տեղ չհասած աղերսներ ըլլալ, իրար հակասող ցանկութիւններ, օրինակ՝ հետզհետէ աճող հարկերուն թեթեւութիւնը աղերսող ժողովուրդին կրնան հակադրուիլ պետական շահերուն համար հարկերը աճեցնողներուն աղերսները, անձնականը գերադասողի մը աղերսը կրնայ հակադրուիլ իր հակառակորդին աղերսը... եւ տեղ չհասած աղօթքները մէկիկ-մէկիկ թափեցան, կարծես տիեզերքէն մարդը զգաստացնելու եւ բարութեան հրաւիրելու կոչ մըն էր. տիեզերքը թափահարեց ծանրութիւնը, մաքրել ցանկաց երկիրը նիւթին աճող ու ապականող իշխանութենէն, փոխել, ջնջել աղտը, նորոգել... Կարկուտը փոխարինուեցաւ անձրեւով, երկնքի մէջ կայծակն ու շանթը իրարու հետ կը պարէին եւ իրենց ընթացքը կը գծուէր կրակէ կօշիկներուն կրունկներով: Ժամեր տեւեց հանդիսութիւնը, որուն աւարտին թարմութիւն տիրեց ամէնուր:

Ատենին, մեր նախահայրերը չարիքը կը հալածէին հմայական խօսքերով եւ այդպիսով թերեւս կուտակում տեղի չէր ունենար, յիշենք Մշոյ բարբառով հմայակ մը՝

Չար աչքն՝ ի չար փուշ,
Չար փուշն՝ ի չար կրակ,
Չար կրակն՝ ի ծով,
Ծովն՝ ի յանատակ։

 («Հայ հմայական եւ ժողովրդական աղօթքներ», ՀՀ ԳԱԱ Երեւան, 2006, էջ 84)

Չար աշխարհին մասին յիշենք մեր դիւցազնավէպէն Մհերին Ագռաւաքարի ժայռէն հնչած պատգամը՝

Քանի աշխարհքը չար է,
Հողն է ղալբցեր է,
Մէջ աշխարհքին ես չեմ մնայ,
Որ աշխարհք աւերուի, մէկ էլ շինուի,
Երբոր ցորեն եղաւ քանց մասուր մի,
Ու գարին եղաւ քանց ընկուզ մի,
Էն ժամանակ հրամանք կայ, որ էլնենք էստեղէն:

Հասա՞ծ է արդեօք պահը...

Այլաբանութենէն անցնինք իրականութեան: 4 յուլիս 2020, թուական մը, որ աստղագուշակներուն, աստղագէտներուն ու գիտնականներուն մտահորիզոնին մէջ բազմաթիւ վարկածներ ուրուագծեց: Գուշակութիւններն ու վարկածները ամիսներ առաջ սկսան շրջիլ համացանցի էջերուն վրայ, տարբեր-տարբեր մեկնութիւններով դիտուեցաւ տիեզերական հազուադէպ երեւոյթը՝ մոլորակներուն հաւասարութիւնը արեւին հանդիպակաց դիրքով:

Ոմանք կանխագուշակեցին երկիր մոլորակի վերջաւորութիւնը, ոմանք քորոնայէն բացի նոր համաճարակի մը գալուն կամ համաշխարհային պատերազմի մը սկիզբին մասին վարկածներ տարածեցին: Գիտնականներ, աստղաբաններ տարածեցին դարաւոր քնացած հրաբուխներու արթննալուն ու երկիրը դժոխքի վերածուելուն մասին տեղեկութիւններ:

Սարսափազդու վարկածներ են վերոնշեալները, համաճարակին ազդեցութիւնը չմարսած երկիր մոլորակի բնակիչը ստիպուած պիտի նախապատրաստէ ինքզինք նոր սարսափի, նոր վարակի, կամ, Աստուած մի արասցէ, նոր բնական աղէտներու կամ պատերազմներու:

Բազմաթիւ են նաեւ դրական վարկածները, թէ մեծ փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան երկրի վրայ, թէ այսպիսի հազուադէպ երեւոյթով միայն սկիզբ կը դրուի նոր, տիեզերական դարաշրջանի: Կ՚ապրինք, կը տեսնենք:

Վարկածները սակայն, ըստ վերլուծաբաններուն, հիմնուած են փորձուած դիտարկումներու վրայ. ինչպէս օրինակ՝ Առաջին աշխարհամարտին սկիզբը՝ 1914, արեգակնային դրութեան մոլորակներուն մէջ փոքր շքերթ մը տեղի ունեցաւ՝ Երեւակ եւ Բլութօ մոլորակները հաւասար դրութեան մէջ էին, նոյն ատեն սկսաւ Առաջին աշխարհամարտը: Նոյնը տեղի ունեցաւ նաեւ Երկրորդ աշխարհամարտի սկիզբը՝ 1939: Ահա թէ ինչո՞ւ գիտնականներն ու աստղագէտները այդ կարծիքը ունին, թէ եթէ արեգակնային դրութեան մոլորակները իրենց շարժումներով իրարմէ հեռու են, ամէն ինչ սովորական ընթացք կ՚ունենայ, իսկ եթէ փոքր կամ մեծ շքերթներ տեղի ունենան՝ կը խախտի երկիր մոլորակի անդորրը, տեղի կ՚ունենան պատերազմներ, երկրաշարժներ, հրաբուխներ, համաճարակներ..., թերեւս այլ մոլորակներու մէջ եւս նման երեւոյթներ տեղի կ՚ունենան, ո՞վ գիտէ:

Սակայն այս բոլորը վարկածներ են եւ կրնայ ոչ մէկ բան տեղի ունենալ: Ինչպէս օրինակ՝ 1982-ին արեգակնային դրութեան տեղի ունեցաւ մեծ շքերթ, որմէ տարիներ առաջ Միացեալ Նահանգներու մէջ տպուեցաւ «The Jupiter Effect» գիրքը, որ կը բացատրէ տարիներ ետք տեղի ունենալիք մոլորակային շքերթին հետեւանքները, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ երկրաշարժներ եւ աննախադէպ աւերներ պիտի ըլլան...: Գիրքը իսկոյն կլանուեցաւ ընթերցողներուն կողմէ եւ ամերիկացիք նախապատրաստուեցան երեւոյթին. ոմանք իրենց տուները վերանորոգեցին, ամրացուցին հիմքերը, ոմանք խնայողութիւն ըրին գալիք աղէտին դիմանալու համար...: Սակայն տեղի ունեցաւ չսպասուածը՝ ոչինչ պատահեցաւ, կեանքը շարունակուեցաւ իր խաղաղ ընթացքով:

Այնպէս որ ուսումնասիրութիւններուն, հետազօտութիւններուն արդիւնքը վարկածներ են, ոչ ոք գիտէ կամ կրնայ գիտնալ տիեզերքին գաղտնիքները: Բայց գիտէ՞ք ինչն է հետաքրքրական եւ ուրախալի, որ մենք ականատեսն ենք այսպիսի հազուադէպ երեւոյթի մը եւ անոր հետեւանքներուն մաս կազմողները:

Այս բոլորը իմանալէ ետք, կարելի չէ նոյն օրը չզգաստանալ ու չհետեւիլ երկնքի մէջ տեղի ունեցած շարժումներուն: Առտուան ժամը վեցին էր մոլորակներուն հաւասարութեան պահը, բայց շքերթը կարծես յետմիջօրէին սկսաւ, թերեւս առտուընէ պատրաստութեան մէջ էին մոլորակները մեծ իրադարձութեան մը ձեռնարկը կարգի բերելու:

Գէշ բան մը կրնա՞յ «Շքերթ» կոչուիլ: Մարդիկ «շքերթ» կը կազմակերպեն ուրախ առիթներու համար՝ մեծ շուքով տօնախմբութիւններ տեղի կ՚ունենան պետութիւններու ռազմական կարգերուն ներկայութեամբ...:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020