ՔԻՄ ՔԱՐՏԱՇԵԱՆ ԿԱԽԱՐԴԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ

Այս օրերուն Հայաստանը հեքիաթի մէջ է։ Հայութիւնը կը ցնծայ։

Ինչո՞ւ չըլլայ։ Պատճառը ակնբախ է, քանզի իր հօրենական տուն այցի եկած է հայու անունը աշխարհին ամենէն շատ ճանաչելի դարձնող, հայութեան ցաւն ու վիշտը աշխարհի տիրակալներու ուշադրութեան ներկայացնող՝ Քիմ Քարտաշեան։

Յիրաւի, աշխարհահռչակ հայուհի, գեղեցկուհի Քիմը կախարդած է Հայաստանը։ Ներկայիս հայոց աշխարհը, հայ ժողովուրդը կ՚ապրի իր ամենաերանելի ու երջանիկ օրերը։ Ինչպէ՞ս սկիզբ առաւ այս կախարդանքը։

Օրեր առաջ, ընկերային ցանցերու վրայ 250 միլիոն հետեւորդ ունեցող Քիմ Քարտաշեան կատարեց գրառում մը, թէ յառաջիկային կը պատրաստուի այցելել Հայաստան։ Աս գրառմամբ համաշխարհային աստղը կարծես կախարդանքի փոշի ցանեց Հայաստանի վրայ։ Գրառումը կարդացողները սկսան սրտատրոփ սպասել հոկտեմբերի 6-9 թուականներու միջեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովին («WCIT-2019»), ուր հրաւիրուած է Քիմ, որպէս պատուաւոր բանախօս։

Ահաւասիկ, եկան շատ սպասուած օրերը։ Մարդիկ ինն ժամ Զուարթնոց օդակայանին մէջ սպասեցին, որպէսզի դիմաւորեն իրենց կուռքը։ Սակայն Քար-տաշեանի օդանաւը 16 ժամուայ յոգնեցուցիչ թռիչքէ մը վերջ վայրէջք կատարեց Կիւմրիի օդակայանը, ինչեւէ…

Քիմ Քարտաշեան իր չորս զաւակներուն ու աւագ քրոջ՝ Քորթնիի ու անոր երեք զաւակներուն հետ այլեւս Հայաստան է։ Սա կը նշանակէ, թէ Հայաստան աշխարհը քանի մը օր կ՚ապրի, կը շնչէ Քիմով։ Մարդիկ հաճելիօրէն չունին քուն ու դադար։ Աշխարհահռչակ մեծութեան հետ կը քնանան ու կ՚արթննան… Քիմի իջեւանած պանդոկի սենեակի լոյսերը չմարած տուն չեն վերադառնար, այն յոյսով, թէ գուցէ գէթ անգամ մը Քիմը պատուհանէն կրնայ դուրս նայիլ, կամ կրնայ յանկարծ որոշել՝ երեկոյան ճեմել երեւանեան փողոցներուն մէջ։

Այսպէսով, բոլորը կը հետեւին համաշխարհային աստղի իւրաքանչիւր քայլին, թէ ան ե՞րբ արթնցաւ, ո՞ւր գնաց, ո՞ր ճաշարանի մէջ ճաշեց, ի՞նչ համտեսեց եւ այլն։ Քիմ Քարտաշեանի երկրպագուներն ու սիրահարները թողած են իրենց բանն ու գործը, բոլոր հոգերն ու նոյնիսկ հանապազօրեայ հացի խնդիրը, կը զբաղին անով։ Հայաստանի մէջ կարծես կեցած է ժամանակը, երկրագունդը չի դառնար, միայն Քարտաշեանն է, որ կը դառնայ եւ իր շուրջը սփռելով ժպիտներ եւ ուրախութիւն։ Մարդիկ նոյնիսկ չեն անօթենար, անոնք յագեցած են երջանկութեամբ։ Երբեւէ կարելի չէ Հայաստանի մէջ տեսնել այսքան երջանկութիւն ու խանդաղատանք։ Երկիրը պարզապէս կը ցնծայ… Քիմը այստեղ է, ուրեմն տօն է, քէֆ-ուրախութիւն մարդոց սրտերուն ու հոգիներուն մէջ։

Ինչպէս վերը նշեցի, ոմանք օր ու գիշեր դարձած են Քարտաշեանի ստուերը։ Համաշխարհային մամուլը, առաջատար լրատուամիջոցները այս օրերուն կը խօսին Քարտաշեանի եւ Հայաստանի մասին։ Չքնաղագեղ, համեստ ու շլացուցիչ արտաքին տուեալներով հայուհի-գեղեցկուհին աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռած է Հայաստանի վրայ։ Քանզի Քարտաշեան ինքը՝ աշխարհի կեդրոնին է, ուր որ դնէ ոտքը, այնտեղը կը լուսաւորէ։

Իսկ Հայաստանի սահմաններէն դուրս գտնուող հայութիւնը՝ ինծի պէս, հեռուէն, համացանցի միջոցաւ, աւելի ճիշդ՝ դիմատետրէն կը հետեւի Քարտաշեանի ու իր գեղեցիկ հայկական աւանդական ընտանիքի ամէն մէկ քայլին։ Այո՛, այո, ճիշդ կարդացիք, վրիպում մը չկայ՝ գեղեցիկ հայկական աւանդական ընտանիք։

Յամենայնդէպս, ինծի համար այդպէս է, քանզի սա հանրածանօթ ընտանիքը իր մէջ կը կրէ հայկական նահապետական ընտանիքներու համայնապատկերը. Քարտաշեան ընտանիքի բոլոր անդամները անքակտելի կապով մը կապուած են իրարու։ Նուիրեալ բազմազաւակ մայր՝ Քիմի համար առաջնային է իր ընտանեկան երջանկութիւնը, իր երեխաներու պայծառ ապագան։ Մայր, որ կը ջանայ իր զաւակները կապել Հայաստանի հետ։ Եւ ամենակարեւորը՝ Քիմ Քարտաշեան իր բոլոր զաւակները՝ հայաստանցիներու պէս, պարզ ու հասարակ, առանց աւելորդ ճոխութեան մկրտեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Միայն աւագ դստրիկն է, որ մկրտուեցաւ Երուսաղէմի հայկական եկեղեցւոյ մէջ։

Օրինակները կարելի է բազմացնել, սա պահուն այսքանը կրցայ մտաբերել։ Եթէ անկեղծ ըլլամ, ունիմ քիչ մը աճապարանք… Կ՚ուզեմ վայրկեան մը առաջ աւարտին հասցնել իմ այսօրուան գրութիւնը, շտապել բանալ դիմատետրս ու տեսնել, թէ Քիմէն ի՛նչ նորութիւն կայ, այսօր ի՛նչ ըրաւ եւ ո՛ւր գնաց…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2019