ԱՐԱԲ ՎԵՐԼՈՒԾԱԲԱՆՆԵՐ ԴԷՄ ԵՆ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑԻՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՐԱՆԳ ՎԵՐԱԳՐԵԼՈՒ

Արցախի մէջ 27 սեպտեմբերին սկիզբ առած ռազմական գործողութիւններու ընդհանուր հունը մտահոգիչ փուլ կը մտնէ։ Մտահոգիչ՝ այն առումով, որ կրակը ունի բաւական «համոզիչ» հիմքեր եւ առկայ հակամարտութիւնը դուրս կու գայ Արցախի շփման գիծի սահմաններէն ու կը տարածուի Կովկասով մէկ։ Երկար տարիներու «աւանդ» ձգած այս արիւնալի հակամարտութիւնը այսօրուան կտրուածքով կը պարունակէ այնպիսի ազդակներ, որոնք կը գլեն կ՚անցնին փոքր հակամարտութեան մը ամէն տեսակի սահմանումները։ Փորձեմ բացատրել. խնդրի էութիւնն է, այս հակամարտութիւնը ունի միջցեղային այնպիսի «ծանրացնող» ականներ, որոնց լուծումը կը կարօտի գերլարուած ամեհի ճիգերու։ Կողմերու իրարու դէմ հակակրանքը եւ խնդրի լուծման համար տարուած ճիգերուն անարդիւնաւէտութիւնը առկայ հրդեհները աճեցնելու մեծ միտում ունին։ Իսկ եթէ մէկ կողմ դնենք երկու կողմերու բաւական կարծր տեսակէտներուն «պատմականութիւն»ը, ապա աւելի քան յստակօրէն կ՚երեւի՝ որ միջազգային հանրութիւնն ալ ոչ մէկ համոզիչ քայլ առած է կողմերու տեսակէտները ի մի բերելու եւ գծելու այնպիսի ճանապարհային քարտէս մը, որուն շնորհիւ ալ կարելի պիտի ըլլայ ապահով եւ մանաւանդ՝ արդար լուծումներու ընդհանուր ընթացակարգի մը ճամբան բանալ։

 Կորուստներ, երիտասարդ զոհեր, աւերուածութիւն եւ մեծ վնասներ… Այս բոլորը կան ու խնդիրը այն է, որ թէ՛ Հայաստան եւ թէ Ատրպէյճան շատ լաւ կը հասկնան ու կ՚ընկալեն, թէ պատերազմի մը ընթացքը, անոր հրէշային զարգացումները, անոր կորուստները ոչ մէկ բան պիտի փոխեն ընդհանուր ուղեծիրին մէջ, այլեւ՝ աւելիով ցաւը պիտի շատցնեն, պիտի թողեն, որ մահուան մանգաղը նոր գարուն հասակներ հնձէ, պիտի նկատեն, որ այդ բոլորը պատճառ պիտի դառնայ նոր մեծ աւերածութիւններու, սակայն, այնուամենայնիւ, խնդիրը պիտի շարունակէ մնալ անլոյծ, շրջան մը պիտի դառնայ սպի, պիտի փակուի, յետոյ նորէն պալարուի, ուռի եւ պայթի։ Ուրեմն, Արցախի հիմնախնդրի էական տարեգրութեան ամենէն ուղենշային դեղամիջոցը նախ եւ առաջ կրակի դադրեցումն է ու հակամարտ կողմերուն փոխադարձ զիջումի սկզբունքի որդեգրումը, նաեւ Արցախի հողին վրայ ապրող քաղաքացիներու իրաւունքին ամբողջական կիրառումը։

Վերջին կէտի պարագային, անշուշտ, Ատրպէյճան կրնայ «վեթօ» տալ։ Հոս է նաեւ, որ միջազգային հանրութիւնը ընելիք ունի եւ Պաքուն համոզելէ անդին՝ պէտք է որդեգրուին այնպիսի դրուածքներ, որոնք Պաքուի տեսակէտէ գոհացուցիչ կարգ մը քայլերու դիմելը պարտաւոր դարձնեն։ Ամէն պարագայի աւելի քան կարեւոր է իմանալ, որ Արցախը շրջապատող ընդհանուր աշխարհագրութեան կարեւոր կէտերուն վրայ ի՛նչ կը մտածեն հարեւան երկիրները։ Այնտեղ գործող վերլուծաբանները ի՞նչ տեսակէտ ունին՝ 1994 թուականէն ի վեր մարած հրաբուխի նմանող եւ այսօր ալ արիւնալի կերպարանք մը ստացած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին։

 Այս ամբողջին մէջ ուշագրաւ է կարդալ համաարաբական մամուլի դաշտին մէջ ուրոյն տեղ ու արժէք ներկայացնող «Ալ Քուտս ալ Արապի» պարբերականի վերլուծականը, ուր առանց բառերու ետին կանգնելու կը նշուի, որ Արցախի գործողութիւնները մեծապէս վտանգաւոր են եւ անոնք կրնան տարածուիլ նոյնիսկ երեւակայելի սահմաններէ շատ հեռուն՝ տուն տալով մեծ հակամարտութեան մը, որ կրնայ ներգրաւել Ռուսաստանը, Իրանը եւ Թուրքիան։ Այս երեք երկիրներն ալ անուղղակի կամ ուղղակի «միջոցներ»ով ներգրաւուած են այս տագնապին եւ կրնան սխալ քայլով մը անկասելի եւ անսրբագրելի հետեւանքներով նոր աղէտի մը դուռը բանալ՝ այն պահուն, երբ այս երեք երկիրներէն իւրաքանչիւրը ունի իր շահերը, մտավախութիւնները եւ անկէ անդին ալ անոնք ունին իրարու նկատմամբ առկայ շահակցական մօտեցում եւ պատկերացումներ։

Արաբական հեղինակաւոր թերթի յօդուածին մէջ կը նշուի, թէ Արցախի վերաբերեալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ լարուածութիւնը ցոյց կու տայ, որ ի տարբերութիւն նախորդ հակամարտութիւններուն՝ 1991-էն սկսեալ, այս անգամ կողմերը կը գործածեն ծանր հրետանի: Յստակ է, որ այս լարուածութիւնը այլեւս միայն սահմանային բախում չէ Ատրպէյճանի եւ անջատուած շրջանին [Ղարաբաղ]՝ միջեւ, որուն կ՚օժանդակէ Հայաստանը։ Աւելի՛ն, այդ բախումները կրնան վերածուիլ լայնածաւալ ռազմական առճակատման, ուր Թուրքիան եւ Ռուսաստանը ուղղակիօրէն կրնան բախում ունենալ՝ տարածքաշրջանային եւ միջազգային տէրութիւններու առկայութեամբ, մինչ անոնք անուղղակիօրէն կ՚աջակցին այս կամ այն կողմին:

Թերեւս այս հակամարտութեան հետ կապուած միջազգային իրաւունքի եւ ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն դիմելը առաջին քայլն է, որ կրնայ տանիլ դէպի լուրջ եւ դիպուկ բանակցութիւններու՝ աւելի քան մէկ դար յետոյ լուծում գտնելու համար սահմանային եւ ժողովրդագրական համապարփակ վէճերուն, որոնք սկիզբ առած էին Խորհրդային Միութեան ժամանակ։ Ժոզէֆ Սթալինի որոշումներով Լեռնային Ղարաբաղ միացուեցաւ Ատրպէյճանին՝ հակառակ իր բնակչութեան ճնշող մեծամասնութեամբ հայ ըլլալուն։ Ասոր փոխարէն մեծ թիւով ատրպէյճանցիներ վերաբնակեցուց Հայաստանի սիրտին մէջ:

Բանակցային նման ուղիի մը մեկնարկին միջազգային հանրութեան, ընդ որում Հայաստանի ելակէտն է՝ այդ անջատ շրջանի միջազգայնօրէն չճանչցուած ըլլալը: Նկատի պէտք է ունենալ նաեւ ինքնակառավարման համակարգերու համախմբումը՝ յատկապէս Լաչինի միջանցքի կպրապատումէն ետք։ Լաչինը այդ շրջանը կը կապէ Հայաստանին: Կայ ՄԱԿ-ի Անվտանգութան խորհուրդի 1993 թուականի թիւ 822 բանաձեւը, որով կոչ կ՚ուղղուի հայկական ուժերուն՝ դուրս գալու այդ շրջանէն։ Կայ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահութիւնը, որ կը բաղկանայ Ռուսաստանէն, ԱՄՆ-էն եւ Ֆրանսայէն եւ լիազօրուած է միջնորդ հանդիսանալու հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ:

Այս խնդրի խաղաղ եւ արագ կարգաւորման գործընթացին մէջ կրնայ մեծ դեր ունենալ՝ մասնաւորապէս ԱՄՆ, որովհետեւ Հայաստան հսկայ օժանդակութիւն կը ստանայ այնտեղէն: Ըստ այդմ, Հայաստան Իսրայէլէն ետք առաջին երկիրն է, որ ԱՄՆ-էն այդ քանակութեամբ օժանդակութիւն կը ստանայ: Սակայն, այս հակամարտութեան պատմութեան տուեալները ամերիկեան լռութեան եւ մասամբ «չէզոքութեան» մասին կը վկայեն՝ հակառակ, որ վերջին ժամանակներուն ամերիկեան մէկէ աւելի հարթակներ Հայաստանի ի նպաստ կարգ մը նախագիծեր ընդունած էին եւ անշուշտ այդ մէկը կապ ունէր Ամերիկայի մէջ մեծ ազդեցութեան տէր «Հայկական լոպիի» գործօնով։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի քաղաքական ամբողջական ներգրաւուածութեան բացակայութիւնը Կովկասի նկատմամբ այլ գործօն մըն է, որ պատճառ կը դառնայ Խորհրդային Միութենէն դուրս եկած բազմաթիւ երկիրներու անկայուն վիճակին։ Այս մասին կը վկայեն Ուքրայնան, Խրիմը, Վրաստանը, Աբխազիան, Չեչենիան եւ Օսեթիան, որոնք մնայուն կերպով ապակայուն են: Սակայն, Ռուսաստանի դերը կրնայ որոշիչ ըլլալ նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի վրայ ճնշում գործադրելու գործին մէջ՝ խաղաղ լուծումի մը հասնելու եւ տարածքաշրջանային ու բոլոր՝ հին կամ նոր սահմանային վէճերու մասին բաց բանակցութիւններու սկսելու համար:

Գաղտնիք չէ նաեւ, որ Թուրքիա հսկայական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ՝ յատկապէս Ատրպէյճանի վրայ, բանակցութիւններուն նպաստելու գործին մէջ։ Հաշուի պէտք է առնել Անգարայի եւ Պաքուի պատմական, մշակութային, տնտեսական եւ ներդրումային յարաբերութիւնները։ Մնաց, որ Թուրքիա ներկայիս այս հակամարտութեան մէջ ռազմական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Ատրպէյճանին, որով ալ անոր դիրքերը կրնան աւելի ու աւելի սրուիլ, եթէ Ռուսաստան կամ տարածքաշրջանային այլ տէրութիւններ Երեւանի միջոցով զարգացնեն իրենց ռազմական աջակցութիւնը հայերուն։

Ի վերջոյ, ականատես կը դառնանք արիւնալի առճակատումներու, որոնք կը սպառնան աւելի շատ զոհեր խլելու եւ էթնիք տեղահանութեան ալիքներու յառաջացման։ Ներկայիս, սակայն, նոյնքան վտանգաւոր է այս հակամարտութիւնը ներկայացնել՝ որպէս իսլամներու ու քրիստոնեաներու միջեւ կրօնական հակամարտութիւն. բան մը, որուն երբեւէ կարիք չունի այսօրուան աշխարհը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2020