ՀԱԼԷՊԻ «ՅԱՂԹԱՆԱԿ»ԷՆ ԵՏՔ, Ի՞ՆՉ ԲԱՆԻ ՍՊԱՍԵԼ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ

Այ­լեւս զար­մա­նա­լի չէ լսել այն մա­սին, որ Սու­րիոյ նա­խա­գա­հը անձ­մաբ պի­տի այ­ցե­լէ Հա­լէպ: Ճիշդ է նաեւ, որ երկ­րի նա­խա­գահ Պեշ­ար Է­սա­տի Հա­լէ­պի տա­լիք այ­ցը փրկու­թիւն մը պի­տի չըլ­լայ ծան­րօ­րէն ա­ւե­րա­կուած քա­ղա­քին, բայց նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը բազ­մա­կի ի­մաստ­ներ կը կրէ իր մէջ:

Զի­նուո­րա­կան բա­ւա­կան թէժ մար­տե­րէ ետք սու­րիա­կան բա­նա­կը յա­ջո­ղե­ցաւ իր տի­րա­պե­տու­թեան տակ առ­նել Հա­լէ­պի հա­մար քա­նի մը «բա­նա­լի» կեդ­րոն­ներ հա­մա­րուող թա­ղա­մա­սե­րը, նոյ­նիսկ «Հին Հա­լէ­պ» ա­նու­նով ճանչ­ցուած հատուա­ծը:

Գաղտ­նիք ալ չէ, որ ռու­սա­կան օ­դու­ժի ան­մի­ջա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ լի­բա­նա­նեան «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ին կող­մէ բա­նա­կին թի­կուն­քը ա­պա­հո­վե­լու գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը մե­ծա­պէս նպաս­տե­ցին, որ­պէս­զի անց­նող չոր­սու­կէս տա­րի­նե­րուն հա­մար ա­նի­րա­կա­նա­նա­լի հա­մա­րուած Հա­լէ­պի «մաք­րա­գոր­ծու­մ­»ը դառ­նայ ի­րա­կա­նու­թիւն:

Բա­ցի այս բո­լո­րէն, Սու­րիոյ տագ­նա­պի ծալ­քե­րուն հե­տե­ւող վեր­լու­ծա­բան­նե­րուն հա­մար ալ շատ յստա­կօ­րէն կ­­՚ե­րե­ւի, որ Հա­լէ­պի մէջ ե­ղած ա­րագ փո­փո­խու­թիւն­նե­րը ար­դիւնք են շրջա­նա­յին հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք նոյն­պէս ի­րենց «սնուն­դը» կը ստա­նան մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան հա­մար կա­րե­ւոր հա­մա­րուող ո­րոշ­ման մայ­րա­քա­ղաք­նե­րէ:

Մին­չեւ այս յօ­դուա­ծին գրուի­լը մէ­կէ ա­ւե­լի լրա­տուա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­ներ տե­ղե­կու­թիւն կը բաշ­խէին այն մա­սին, որ  այ­սօր՝ 10 Դեկ­տեմ­բեր, Շա­բաթ, Ռու­սաս­տա­նի եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը կը պատ­րաս­տուին Ժը­նե­ւի մէջ հան­դի­պում մը կա­յաց­նել՝ քննար­կե­լու հա­մար սու­րիա­կան թղթած­րա­րի վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը:

Ճիշդ է, որ նա­խա­րար­նե­րը ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ, որ պի­տի հան­դի­պին, բայց հե­տաքրք­րա­կան է, որ բա­ւա­կան «սառն» վի­ճակ­նե­րու մէջ ըլ­լա­լէ ետք Մոս­կուա եւ Ո­ւա­շինկ­թըն մտադ­րած են միա­սին քննել Հա­լէ­պի հար­ցը: Խնդի­րը միայն եր­կու գոր­ծիչ­նե­րուն Սու­րիոյ մա­սին բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րե­լը չէ, այլ յատ­կան­շա­կան է, որ ա­նոնց ժո­ղո­վին պի­տի միա­նան եր­կու կող­մե­րու պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն կող­մէ նշա­նա­կուած զի­նուո­րա­կան դի­տորդ­ներ:

Այս բո­լո­րը պի­տի կա­տա­րուին պա­հու մը, երբ մէ­կէ ա­ւե­լի սու­րիա­կան ընդ­դի­մա­դիր կայ­քէ­ջեր («Մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց դի­տա­րա­ն» եւ այլ) լուր կը փո­խան­ցեն այն մա­սին, թէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ հե­տա­մուտ է Հա­լէ­պի ա­րե­ւե­լեան հա­տուած­նե­րուն մէջ տե­ղա­կա­յ­ուած զի­նեալ­նե­րուն հետ բա­նակ­ցիլ եւ ա­նոնց­մէ խնդրել լքել ի­րենց դիր­քե­րը եւ… հե­ռա­նալ:

Ան­շուշտ այս բա­նա­ձե­ւու­մը գե­տին կը շա­հի մա­նա­ւանդ, որ վեր­ջին օ­րե­րուն ի­րենց կրած ծանր հա­րուած­նե­րուն տակ կքե­լով ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը սկսան մտա­ծել Հա­լէ­պէն հե­ռա­նա­լու տար­բե­րակ­նե­րուն մա­սին ու այդ ա­ռու­մով է նաեւ, որ ա­նոնք կա­րիքն ու­նէին յար­մար միջ­նոր­դի մը:

Յստակ է նաեւ, որ այս վի­ճա­կը սաղմ­նա­ւո­րուե­ցաւ Մոս­կուա­յի ան­զի­ջող կեցուածք­նե­րէն ետք, երբ ռու­սաս­տա­նեան կող­մը կտրա­կա­նա­պէս մեր­ժեց խօ­սիլ Հա­լէ­պի մէջ եօթ­նօ­րեայ հրա­դա­դա­րի մը մա­սին եւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով այդ ա­ռի­թով յայ­տա­րա­րեց, թէ Հա­լէ­պի ա­րե­ւե­լեան հա­տուած­նե­րուն մէջ գտնուող զի­նեալ­նե­րը, ո­րոնք պա­տրաստ չեն ի­րենց զէն­քե­րը պե­տու­թեան յանձ­նել, կը հա­մարուին ա­հա­բե­կիչ­ներ եւ ի­րենք բա­ւա­կան ար­դիւ­նա­ւէտ մի­ջոց­ներ ու­նին պայ­քա­րե­լու հա­մար այդ զի­նեալ­նե­րուն դէմ:

Հոս կը ծա­գի հարց մը, որ կը վե­րա­բե­րի «չա­փա­ւո­րա­կան ընդ­դի­մա­դի­ր» յոր­ջոր­ջուած զի­նեալ­նե­րուն, թէ ո­րո՞ւ կը ծա­ռա­յեն ա­նոնք եւ ի՞նչ հա­շիւ­նե­րէ մեկ­նե­լով է, որ կը կա­տա­րեն ի­րենց «դա­ւա­նա­ծ» կող­մին հրա­հանգ­նե­րը:

Սու­րիոյ ընդ­դի­մու­թեան ա­մե­նէն «յա­ռա­ջա­դէ­մ» հա­մա­րուող գոր­ծիչ­նե­րը սկսած են հեր­թի կանգ­նիլ ա­մէն օր յայ­տա­րա­րե­լու այդ երկ­րին հա­մար «նա­խա­տե­սուա­ծ» ի­րենց ծրագ­րին մա­հուան մա­սին: Ա­նոնց­մէ մին է Մի­շէլ Քի­լօ, որ վեր­ջին օ­րե­րուն յայ­տա­րա­րու­թիւն մը ը­նե­լով կ՚ը­սէր, թէ Սու­րիոյ մէջ ընդ­դի­մու­թիւ­նը «մա­հա­ցած է»:

Այլ խօսք, որ նոյն Քի­լոն 2011 թուա­կա­նէն ու նոյ­նիսկ ան­կէ ա­ռաջ (իր բան­տար­կուած օ­րե­րուն) ընդ­դի­մու­թեան «գա­ղա­փա­րա­կան դրօ­շա­կի­ր»ն էր եւ կը հա­մա­րուէր այդ «չա­փա­ւո­րա­կա­ն» տա­րա­զով հրա­պա­րակ ե­լած ընդ­դի­մու­թեան «գա­ղա­փա­րա­կան հայ­ր­»ը:

Խնդիրն այն է, որ Քի­լօ եւ ա­նոր նման մտա­ծող հա­րիւ­րա­ւոր գոր­ծիչ­ներ այ­սօր ի­րենք զի­րենք խա­բուած կը զգան:

Խա­բուած կը զգան, ո­րով­հե­տեւ 2011 թուա­կա­նին սկիզբ ա­ռած բո­ղո­քի թէժ ա­լիք­նե­րէն ետք Սու­րիոյ մէջ ընդ­դի­մու­թեան նա­խա­տե­սած բո­լոր «ծրա­գիր­նե­րը» ջու­րը ին­կան:

Ճիշդ է նաեւ, որ երկ­րին մէջ ո­րոշ խմբակ մը (ա­ռա­ւե­լա­բար սիւն­նի) խոր դժգո­հու­թիւն ու­նէր Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սա­տի վար­չա­ձե­ւէն, բայց ա­րեւմ­տեան եր­կիր­նե­րու «մութ սե­նեակ­»նե­րուն մէջ Սու­րիոյ հա­մար «պատ­րաս­տուա­ծ» ծրա­գի­րը կը մի­տէր ոչ թէ փրկել, այլ քաո­սի եւ ա­րեան մէջ խեղ­դել Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի եր­կիր­նե­րու շար­քին բա­ւա­կան լաիք եւ բար­գա­ւաճ ըն­թացք մը ու­նե­ցող այդ եր­կի­րը:

Ա­ւե­լի՛ն. կար այլ «մու­թ» նպա­տակ մը եւս. վերջ­նա­կա­նա­պէս վե­րաց­նել Ռու­սաս­տա­նի ազ­դե­ցու­թիւ­նը եւ խզել Սու­րիան շիի­նե­րու մեծ մայ­րա­քա­ղա­քէն՝ Թեհ­րա­նէն:

Ան­շուշտ այս բո­լո­րը պի­տի կա­տա­րուէին նաեւ ա­պա­հո­վե­լու հա­մար Իս­րա­յէ­լի թի­կուն­քը եւ ընկ­ճե­լու՝ շրջա­նին մէջ բա­ւա­կան կա­րե­ւոր հա­ւա­սակշ­ռու­թիւն ստեղ­ծած Սու­րիոյ ա­րա­բա­կան բա­նա­կը:

Վե­րա­դառ­նա­լով Հա­լէ­պի մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք հա­ւա­նա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն՝ պէտք է շեշ­տադ­րել, որ սու­րիա­կան բա­նա­կի ար­ձա­նագ­րած ե­րե­ւե­լի յաղ­թա­նակ­նե­րէն ետք ընդ­դի­մա­դիր­նե­րուն առ­ջեւ մնա­ցած է մէկ ճա­նա­պարհ, որն է հե­ռա­նա­լու ճա­նա­պար­հը:

Ճիշդ է, որ ցարդ այդ ա­ռու­մով ա­նոնք յստակ պա­տաս­խան մը չեն տուած, բայց յատ­կա­պէս Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի վար­չա­մե­քե­նա­յին հա­մար նա­խընտ­րե­լի է, որ Հա­լէ­պի մէջ նոր ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւն տե­ղի չու­նե­նայ եւ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու գտնուած վայ­րե­րուն մէջ ալ, ուր մարդ­կա­յին ծան­րա­գոյն վի­ճակ­ներ կան, կա­րե­լի ըլ­լայ կա­ցու­թիւ­նը շրջան­ցել եւ նստիլ բա­նակ­ցու­թեան սե­ղան:

Այս բո­լո­րէն զատ կայ նաեւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նոր նա­խա­գա­հին՝ Տա­նըլտ Թրամ­փի Սու­րիոյ հան­դէպ ու­նե­նա­լիք նոր մօ­տե­ցու­մը, ո­րուն հի­մամբ այս բո­լոր հար­ցե­րը պէտք է կար­գի դրուին Ո­ւա­շինկ­թըն-Մոս­կուա ուղ­ղա­կի «թէժ գծո­վ»: Թրամ­փի հա­մար կա­րե­ւոր չէ, որ ո՞վ պի­տի մնայ Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թեան գլու­խը, այլ կա­րե­ւոր է, որ ո՞վ թի­կունք պի­տի տայ ի­րեն սուր պայ­քար մղե­լու հա­մար Ի­ՇԻՊ-ին («Ի­րա­քի-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում) դէմ:

Յստակ է նաեւ, որ երբ Ի­ՇԻՊ-ի մա­սին կը խօ­սինք, մեր աչ­քե­րը պի­տի ուղ­ղուին դէ­պի Ռաք­քա։ Բնա­կա­նա­բար միայն Հա­լէ­պի հար­ցին կար­գա­ւո­րու­մէն ետք է, որ Ռաք­քան Ի­ՇԻՊ-էն մաք­րա­գոր­ծե­լու գոր­ծըն­թա­ցը սկիզբ կրնայ առ­նել:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի Մոս­կուա-Ո­ւա­շինկ­թըն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­նե­րուն. յստա­կօ­րէն ե­րե­ւե­լի կը դառ­նայ, որ եր­կու կող­մե­րը (խօս­քը մաս­նա­ւո­րա­բար նո­րըն­տիր նա­խա­գահ Թրամ­փի եւ ա­նոր հա­մա­խոհ­նե­րուն մա­սին է) ի­րա­րու դրա­կան նշան­ներ կ­­՚ու­ղար­կեն:

Կա­րե­ւոր է նաեւ, որ եր­կու կող­մե­րը կը գի­տակ­ցին, թէ յատ­կա­պէս Սու­րիոյ այդ­քան խճճուած ու բարդ թնճու­կի լուծ­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ է բաց եւ ան­կեղծ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը:

Հա­լէ­պի մէջ Պե­շար Է­սա­տի յաղ­թա­նա­կը բնա­կա­նա­բար նոր ի­րա­վի­ճակ մը պի­տի ստեղ­ծէ:

Շա­տեր այդ յաղ­թա­նա­կը կը վե­րագ­րեն Է­սա­տի հետ ան­մի­ջա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան մէջ ե­ղող շիի ջո­կատ­նե­րուն, լի­բա­նա­նեան «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ին, նաեւ ռու­սաս­տա­նեան օ­դու­ժին:

Կան այս բո­լո­րը: Ու գաղտ­նիք ալ չէ, որ Է­սատն ու իր բա­նա­կը ա­ռան­ձինն պի­տի չկա­րո­ղա­նա­յին այս կա­րե­ւոր յա­ռա­ջըն­թա­ցը ի­րա­գոր­ծել: Բայց այս­տեղ գո­յու­թիւն ու­նի հիմ­նա­կան կէտ մը, ո­ր Է­սա­տի քա­ղա­քա­կան կամքն ու տո­կու­նու­թիւնն է:

Այս հիմ­նա­կան կէ­տը յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին հա­մար պի­տի ստա­նայ իր դրա­կան միա­ւոր­նե­րը եւ Սու­րիոյ վե­րա­նո­րո­գուած իշ­խա­նու­թիւ­նը պի­տի վե­րա­դառ­նայ ամ­բողջ շրջա­նին մէջ կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րի նախ­կին դե­րին:

Ճիշդ է, որ Հա­լէ­պի յաղ­թա­նա­կը Սու­րիոյ տագ­նա­պը իր լրու­մին պի­տի չհաս­ցնէ: Տա­կա­ւին կա՛ն, գո­յու­թիւն ու­նին տաս­նեակ շրջան­ներ, ո­րոնք վեր­ջին հինգ տա­րի­նե­րուն դար­ձան ա­մե­նէն ար­մա­տա­կան իս­լա­մնե­րու բնա­կա­վայրն ու բոյ­նը:

Կա՛յ՝ Տէր Զօ­րը, կա՛յ Ռաք­քան եւ կայ մա­նա­ւանդ Իտ­լի­պը: Սու­րիոյ բա­նա­կին հա­մար ալ կայ եր­կար եւ բա­ւա­կա­նին բարդ ու դժուար ճա­նա­պարհ մը:

Բա­ցի այս բո­լո­րէն, սա­կայն կա՛յ մեծ վտան­գը Ի­ՇԻՊ-ին, որ այ­սօր աշ­խար­հին կը ներ­կա­յա­նայ որ­պէս եօթգլ­խա­նի հրէշ, ո­րուն ոտ­քերն ու ձեռ­քե­րը թա­ղուած են ան­տե­սա­նե­լի հո­ղե­րու տակ ու ծած­կուած են բա­ւա­կան թանձր ու մուգ շղարշ­նե­րով:  Այս միա­ւո­րու­մը կը գոր­ծէ մարմ­նին մէջ տա­րա­ծուած քաղց­կե­ղի սկզբուն­քով եւ ա­տոր հա­մար է նաեւ, որ կը հան­դի­սա­նայ վտան­գա­ւոր: Ա­նոր ա­հա­բեկ­չա­կան մարմ­նի օր­կան­նե­րը կը գոր­ծեն հա­մա­հունչ եւ ըստ պա­հան­ջի պարզ հա­մա­րուող կեդ­րո­նը կը դառ­նայ հրա­մա­նա­տա­րու­թեան դեր կա­տա­րող օ­ճախ, իսկ վտան­գի պա­րա­գա­յին ղե­կա­վար տար­րեր ներգ­րա­ւող Ի­ՇԻՊ-ի ո­րե­ւէ կեդ­րո­նա­տե­ղի ա­րա­գօ­րէն կը լու­ծա­րուի եւ «կ՚ոչն­չա­նա­յ»:

Այս պատ­ճա­ռով է նաեւ, որ CIA-ի կող­մէ հրա­պա­րա­կուած եւ անց­նող եր­կու տա­րի­նե­րուն Ի­ՇԻՊ-ի 50 հա­զար զի­նեալ­նե­րու սպան­նու­թեան մա­սին տե­ղե­կա­գիր­նե­րը կը դառ­նան ա­նի­մաստ, ո­րով­հե­տեւ Ի­ՇԻՊ-ը սիւն­նի աշ­խար­հին մէջ դադ­րած է իբ­րեւ մար­մին ներ­կա­յա­նա­լէ եւ դար­ձած է ո­գի:

Հոս է վտան­գը: Ու վտան­գը կը կա­յա­նայ ա­նոր մէջ, որ սիւն­նի աշ­խար­հին Հա­լէ­պի մէջ կրած պար­տու­թիւ­նը կրնայ իր ծան­րա­գոյն եւ եր­կար ծրագ­րի վրայ ե­րեւ­ցող հե­տե­ւանք­նե­րը ու­նե­նալ:

Այ­սինքն չէ բա­ցա­ռուած, թէ նոյն Ի­ՇԻՊ-ը, որ իր գոր­ծու­նէու­թեան սկիզ­բէն ի վեր յա­ջո­ղե­ցաւ խա­ղի «ի­ր» կա­նոն­նե­րը պար­տադ­րել, չի բա­ցա­ռուիր, որ այս ան­գամ ալ ընտ­րէ նո՛ր խա­ղի նո՛ր կա­նոն­ներ ու նոյ­նիսկ վայ­րեր:

Այդ վայ­րե­րէն ա­մե­նէն հա­ւա­նա­կա­նը կրնայ ըլ­լալ Լի­բա­նա­նը, ուր կայ սիւն­նի-շիի մեծ սրա­ցում եւ ուր Պե­շար Է­սա­տի եւ Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն դէմ ե­ղող պա­ղես­տի­նեան եւ սու­րիա­կան գաղ­թա­կա­յան­նե­րը կրնան դառ­նալ Ի­ՇԻՊ-ին հա­մար սի­րե­լի «հնո­ց»­ներ:

Այս բո­լո­րը կան եւ այս բո­լո­րը սպա­սե­լի են:

Բայց հիմ­նա­կա­նը ե­րե­ւումն է Սու­րիոյ տագ­նա­պի նոր փու­լին, որ ան­շուշտ պայ­մա­նա­ւո­րուած է Հա­լէ­պի «ան­կու­մ­»ով կամ «յաղ­թա­նա­կ­»ով եւ եր­կու պա­րա­գա­յին ալ կան բա­ւա­կան մեծ ու վտան­գա­ւոր հար­ցադ­րում­ներ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2016