ՕՏԱՐ ԲԱՐՔԵՐ

ԱՅՐ ՄԱՐԴԻ՞Կ ԱԼ ԿԸ ՄՏԱՀՈԳՈՒԻՆ ՏԱՐԻՔՈՎ…

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Հոլանտայէն։ Արդարեւ 69 տարեկան մի ոմն՝ Էմիլ Ռէթըլպէնտ, դիմած է դատարան՝ խնդրելով, որ իր տարիքը փոխեն 49-ի։ Բայց ինչո՞ւ: Հիմա թոյլ տուէք, որ բացատրեմ։

Էմիլ հետեւեալ պատճառաբանութիւնը կը ներկայացնէ իր տարիքի փոփոխութեան խնդրանքին առընչութեամբ։ Եթէ մէկը գործի դիմէ եւ կամ պարտամուրհակի, յառաջացած տարիքը արգելք կը հանդիսանայ, որ ան նկատի առնուի այդ խնդրանքին կապակցութեամբ։

Առաւել, Էմիլ դիտել կու տայ, որ եթէ դատարանը կը թոյլատրէ անուան եւ կամ սեռի փոփոխութիւնը, ինչո՞ւ նաեւ չթոյլատրէ տարիքի փոփոխութիւնը: Ան չզլանար նշելու, թէ իր տարիքի փոփոխութիւնը, եթէ դատարանը արտօնէ, նիւթապէս պիտի օգտակար հանդիսանայ պետութեան, հետեւեալ համոզիչ պատճառաբանութեամբ։

Էմիլ՝ որպէս թոշակառու, պետութենէն կը ստանայ ամիսը 1.200 եւրօ, այսինքն՝ 1.370 տոլար։ Իսկ եթէ իր տարիքը փոխուի 49-ի, պետութիւնը պիտի խնայէ ամսական այդ գումարը քսան տարի։ Արդար ըլլալու համար պէտք է ըսել որ բաւական համոզիչ է իր պատճառաբանութիւնը, չէ՞ք խորհիր:

Ըստ ինծի՝ շատ տրամաբանական չէ, որ երկրի դատարանը արտօնէ Էմիլի խնդրանքը, տարիքի փոփոխութեան նկատմամբ։ Ինչո՞ւ: Որովհետեւ եթէ դրական կերպով պատասխանեն այդ խնդրանքին, նմանօրինակ պահանջներով պիտի ողողուի դատական ատեանը, յետ այդ որոշումին։

Որովհետեւ մարդիկ միշտ պատրաստ են զանազան պատճառաբանութիւններ ներկայացնելով խնդրել իրենց ալ տարիքներու փոփոխութիւնը, չէ՞ք խորհիր: Ուստի, ես կը կարծեմ, որ Էմիլ պիտի չհասնի իր նպատակին: Նորէն ալ չես գիտեր, թէ ազատամիտ դատաւորներ ինչե՜ր կրնան որոշել այս դարուն՝ իրենց հպատակներուն հաճելի երեւնալու համար եւ կամ ալ անոնց քուէներով դարձեալ ընտրուելու համար:

ՀԱՐՍԱՆԵԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԻ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆԸ…

Քսանմէկերորդ դարուն հարսանեկան խրախճանքները այլազան են եւ ծախսալից, որովհետեւ միշտ մէկը կայ, որ կ՚ուզէ գերազանցել միւսին։ Իսկ այդ գերազանցելու ճիգին մէջ մուտք կը գործէ նաեւ նորաձեւութիւնը։ Հիմա եթէ թոյլ տաք, պիտի բացատրեմ։

Ուրեմն, Տէնի եւ Զէք կը բնակին հիւսիսային Գալիֆորնիոյ Օքլընտ քաղաքը։ Անոնք 12 տարիէ ի վեր կը բնակին միասին, բայց տակաւին չեն ամուսնացած: Սա նորութիւն մը չէ Ամերիկայի տարածքին։

Անոնք միշտ ուզած էին, որ իրենց ամուսնական խրախճանքը ըլլար տարբեր՝ սովորական խրախճանքներէն։ Այսինքն՝ անոնք կ՚ուզէին, որ իրենց խրախճանքին կարենան հրամցնել թմրեցուցիչներ (marijuana), հիւրասիրութեան աւանդական աղանդերներու կողքին…

Տէնի կ՚աշխատի Harborside ընկերութեան մէջ, որ աշխարհի թմրեցուցիչ արտադրող ամենամեծ գործարանն է։ Ուստի, իրեն համար շատ դիւրին պիտի ըլլայ թմրեցուցիչ հայթայթելը իր հիւրերուն։ Սակայն մինչեւ վերջերս, Գալիֆորնիոյ մէջ թմրեցուցիչ գործածելը արտօնուած էր որպէս դեղ միայն՝ բժիշկի մը դեղագրով։

Ուստի երբ վերջերս թմրեցուցիչ գործածելը պետական հրամանագրով արտօնուեցաւ Գալիֆորնիոյ մէջ, Տէնի եւ Զէք որոշեցին ամուսնանալ եւ իրենց խրախճանքին հրամցնել «մարիուանա», այլ ախորժաբեր ուտեստեղէններու կողքին։

Խրախճանքի հիւրերէն երկու անձեր ինքզինքնին կը հիւրասիրեն թմրեցուցիչով։ Սա ցայտուն մէկ արտայայտութիւնն է այն երեւոյթին, որ սկսած է լայնօրէն տարածուիլ հարսանեկան խրախճանքներու ընթացքին։

Աւելին, ըստ հարսանեկան խրախճանքներ կազմակերպող Ռայըն Սթիլի՝ հիմա հարսանեկան խրախճանքներուն սովորութիւն դարձած է, որ արհեստավարժ անձ մը վարձուի, որուն գործը պիտի ըլլայ սիկարէթի թուղթի մէջ «մարիուանա» փաթթել՝ զայն ծխելու ցանկութիւնը ունեցող հիւրերուն հրամցնելու համար…

Հիմա պիտի ըսէք, թէ վերջը ի՜նչ պիտի ըլլայ այս ցոփութեան: Շիտակը… անոր պատասխանը ես ալ չեմ գիտեր:

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2018