ԻՆՉՊԷ՞Ս ԹՕԹԱՓՈՒԻԼ

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի բանբերը՝ Վիկտոր Սողոմոնեան Երեւանի մէջ պատասխանեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր հարցազրոյցին սղագրութիւնը։

*

-Պրն. Սողոմոնեան, Փաշինեան չ՚ընդունիր իր գործած սխալները եւ կ՚ուզէ ամէն գինով պահել իր պաշտօնը։ Ի վերջոյ ի՞նչ է առկայ քաղաքական ճգնաժամէն դուրս գալու ճանապարհը։

-Մենք ակնյայտ ճգնաժամի մէջ ենք եւ անոր յաղթահարման համար շատ տարբերակներ չկան: Ամենէն բնական յաղթահարման տարբերակը, եթէ նոյնիսկ զգացումները թողենք մէկ կողմ, կառավարութեան հրաժարականն է վարչապետի գլխաւորութեամբ եւ նոր կառավարութեան ձեւաւորումը։ Կառավարութիւն մը, որ կը կարողանայ մէկ կողմէն թօթափել այդ պարտութեան բեռը եւ միւս կողմէն նախանշել ծրագիրներ, որոնք կը տանին մեզ դէպի վերականգնում՝ եթէ չըսենք վերածնունդ: Սա բնական տարբերակն է: Ցաւօք սրտի, Փաշինեան անցած է զանազան քաղաքական եւ քաղաքագիտական սահմանները ու խախտած է զանոնք, հիմա ալ կը խախտէ այդ սահմանը, բայց այս անգամ՝ ինչպէս նաեւ կ՚երեւի անցեալ անգամներէն, երկիրը տանելով լուրջ ցնցումներու:

-Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան ամիսներ առաջ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց իր վերադարձը քաղաքական ասպարէզ։ Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք այդ վերադարձը, ի՞նչ քայլերու սպասենք։

-Նախագահը քաղաքականութեան մէջ ըլլալու որոշումը հաստատակամ կայացուցած է եւ փոփոխման որեւէ միտում կամ մտադրութիւն չկայ՝ յատկապէս, գիտենք, որ ինք իր մտադրութիւնները փոխելու սովորութիւն չունի: Այլ հարց է, որ քաղաքական պայքարի շրջափուլը այնպէս մըն է, որ չ՚ենթադրեր իր աշխոյժ մասնակցութիւնը։ Այլ խօսքով՝ ինքը կը մասնակցի այնքանով, որքանով որ այդ բանը կրնայ ընել պաշտօնաթող նախագահ մը՝ որպէս անհատ։ Գիտէք, որ ինք չունի պաշտօն, չկայ կուսակցութիւն մը, որուն կ՚անդամակցի եւ այդ կուսակցութիւնով փորձէ բան մը ընել: Որպէս անհատ՝ կը կարծեմ, որ բաւական աշխոյժ է։ Որպէս Արցախի նախկին եւ Հայաստանի նախկին նախագահ՝ նաեւ բաւականին աշխոյժ է: Հիմա սկսած նոր տարուան եւ քաղաքական նոր շրջափուլին ունիմ այն տպաւորութիւնը, թէ նաեւ իր գործունէութեան ծաւալը պէտք է փոփոխուի:

-Պարոն նախագահը միշտ յայտարարած է, որ իր կուսակցութիւնը ժողովուրդն է։ Օրին մեզի համար՝ որպէս սփիւռքահայութիւն նոր էր այդ մօտեցումը։ Արդեօք կը խախտէ՞ այս «անգիր օրէնք»ը եւ կը ստեղծէ՞ նոր կուսակցութիւն մը։

-Ես կը դժուարանամ ըսելու: Գիտէք, որ քաղաքական կեանքի մասնակցութիւնը, քաղաքական գործընթացներու մասնակցութիւնը՝ յատկապէս ժամանակակից աշխարհին մէջ, բազմազան ձեւեր ու տեսակներ կ՚ենթադրեն եւ այս պատճառով որեւէ բան բացառել կարելի չէ։ Մասնակցութիւնը այն կերպով, որով դուք ըսիք, թէ կուսակցութեան մը ստեղծումը եւ թէ  կուսակցական կառոյցի մասնակցիլը՝ այս բոլոր տարբերակները չեմ բացառեր։ Բայց ուղղակի անոնց մասին խօսելու համար քիչ մը կանուխ է:

-Տարածքաշրջանը նոր փուլ մը կը մտնէ։ Պատկերը շատ խճճուած է եւ ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ կայ Թուրքիա-Ռուսաստան ճանապարհային նոր քարտէս մը, որու հիմքը շրջանի երկու հզօրներու փոխգործակցութիւնն է։ Ի՞նչ կրնայ ընել փոքրիկ եւ վիրաւոր Հայաստանը այս իրադրութեան մէջ։

-Քանի մը իրողութիւն կայ եւ մենք ստիպուած ենք անոնց հետ մերուիլ: Առաջին իրողութիւնն է, որ տարածքաշրջանը այլեւս գոնէ չորս-հինգ տարի առաջուան նման չէ: Տարածքաշրջանէ ներս այդ տէրութիւններու մասնակցութեան եւ անոնց ներգրաւուածութեան չափաբաժինները զգալիօրէն փոխուած են։ Տեսանք, օրինակ, որ այս պատերազմին Ռուսաստանի դերակատարութիւնը համեմատելի չէր  ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներէն որեւէ այլ երկրի հետ, Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ներգրաւուածութեան հետ։ Տեսանք նաեւ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը, տեսանք անոր ներգրաւուածութիւնը, ինչ որ բաւականին մեծ է։ Ընդհանրապէս աշխարհաքաղաքական փոխակերպումներու ականատես դարձանք:

Երկրորդը՝ որպէս իրողութիւն մենք պէտք է մերուինք, որ ռազմական գործողութիւններու, ընդհանրապէս ուժի կիրառման տեսանկիւնէն աշխարհի մէջ այլեւս որեւէ սահմանափակում չկայ։ Նկատի ունիմ, որ միջազգային իրաւունքը  չ՚աշխատիր։ Միջազգային իրաւունքը չ՚աշխատիր, սա ակնյայտ է եւ այսօր, ամէն մարդ պէտք է իր գլխի տէրը ըլլայ: Մենք, ցաւօք սրտի, այս ապաշնորհ իշխանութիւններու օրով չկարողացանք այդպիսի ուժ դառնալ՝ նաեւ այն պատճառով, որ հետեւողականօրէն վնաս հասցուեցաւ թէ՛ բանակի հեղինակութեան, թէ՛ Արցախի հեղինակութեան, ճակատագրական սխալներ կատարուեցան բանակցային գործընթացին մէջ։ Այսինքն, մենք ուղղակի «տանուլ տուինք» այս երկուքուկէս տարուան ընթացքին։ Այն ամբողջ դրամագլուխը, որ ձեռք բերած էինք՝ ներառեալ աշխարհաքաղաքականը, որ ձեռք բերած էինք տասնամեակներ շարունակ: Վերջապէս երրորդ իրողութիւնը՝ մեր համագործակցութեան առկայ մակարդակը, որ ունինք Ռուսաստանի հետ, բաւարար չէ այս տարածքաշրջանին մէջ մեր անվտանգութիւնը ապահովելու համար։ Ակնյայտ է, որ մենք պէտք է մտածենք համագործակցութեան աւելի բարձր տեսակներու մասին, յարաբերութիւններու աւելի սերտ աստիճանի մասին՝ քան եղած է մինչեւ հիմա. սա բոլորովին ակնյայտ է:

-Եւ այդ մէկը կ՚ըլլայ ի վնա՞ս Հայաստանի ինքնիշխանութեան:

-Յարաբերութիւններու ամրացումը ինքնիշխանութեան կը վնասէ՝ երբ որ երկրի բանակը չի կարողանար մարտնչիլ մեր ազգային շահերու համար։ Մնացածը խօսքեր են... Եթէ կարող ես պահել բանակ, որ կը պաշտպանէ քու ինքնիշխանութիւնդ, ուրեմն դուն ինքնիշխանութիւն ունիս: Մնացածը, կեանքը ցոյց տուաւ, որ դատարկ խօսակցութիւն է:

-Նախագահ Քոչարեան վերջերս այցելեց Մոսկուա եւ այցի արդիւնքներուն մասին հասարակութիւնը լայն իմաստով չիրազեկուեցաւ։ Կա՞ն փակագիծեր, որոնք կ՚ուզէիք բանալ։

-Ես հաճոյքով կը բանայի այդ փակագիծերը, բայց մենք աւանդոյթ ունինք, որպէսզի Հայաստանի նախկին նախագահի եւ Ռուսաստանի այժմու նախագահի շփումներու մասին մանրամասնութիւններ չհաղորդուին: Ես չեմ հերքեր, որ անոնք շփում ունեցած են բաւական երկար, բայց նախապէս հրաժարած եմ մեկնաբանելէ եւ հիմա ալ այդ պէտք է ընեմ:

-Իշխանութեան որոշ բանբերներ յաճախ յղումներ կը կատարեն այն մասին, որ Ռուսաստանի համար տակաւին պէտք է Փաշինեանը։ Կը համաձայնի՞ք, կա՞յ այդպիսի բան։

-Ես չեմ գիտեր, թէ Փաշինեան որո՛ւ պէտք է, բայց, ակնյայտ է, որ Հայաստանին պէտք չէ։ Ես չեմ գիտեր, կրնայ ըլլալ, որ որոշ շրջանակի մը համար պէտք է, կարող է, որ ինչ-որ մէկուն համար օգտակար է, բայց Հայաստանին ինք պէտք չէ։ Մենք պէտք է դուրս գանք այս իրողութենէն:

-Այս տագնապալի վիճակէն դուրս գալու համար այսօր Հայաստան ի՞նչ գործօններու կարիք ունի։ Որո՞նք են հիմնական դրոյթները։

-Առաջինը՝ մենք պէտք է վերականգնենք մեր ազգային համերաշխութիւնը: Այստեղ նկատի պէտք է առնել նաեւ սփիւռքը։ Այն յայտարարութիւնները, որոնք կու գան սփիւռքէն, երբեւէ չեն եղած։ Անոնք աննախադէպ են։ Նկատի ունիմ նաեւ իշխանութեան հրաժարականի կոչերը, որոնք կու գան սփիւռքէն:

Երկրորդ հարցը, զոր մենք պէտք է կարգաւորենք, իմ խորին համոզմամբ, իրատեսական, զգացմունքներէ զուրկ, չոր, կոշտ ու հասկնալի ժամկէտներով հաստատուած վերականգնման ծրագրի մը ստեղծումն է ու անոր իրականացումը եւ հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներով: Մենք մեր լաւագոյն ներուժը պէտք է օգտագործենք, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի, այդ ծրագիրը ստեղծելու համար։ Ան պիտի ներառէ ռազմական վերածնունդ, տնտեսական վերածնունդ, քաղաքական վերածնունդ, մշակում նոր մոտելներու, որոնք մեզ կ՚ազատեն վայրի ժողովրդավարութեան այնպիսի դրսեւորումներէ, որոնց օրինակն էր Փաշինեանի ընտրութիւնը: Իմ խորին համոզմամբ, մեր տարածքաշրջանին մէջ պետութիւն մը՝ այն ալ Հայաստանը, որ ունի չլուծուած ու չկարգաւորուած Լեռնային Ղարաբաղի խնդիր, չի կրնար ինքզինքին շռայլութիւն թոյլ տալ այսպիսի վայրի ազատականութեան եւ ժողովրդավարական պայմաններու մէջ պետութիւն կառուցել։ Կեանքը ապացուցանած է այս բանը։ Սա ուղղակի դաժան դաս մըն էր բոլորիս համար: Նաեւ մենք պէտք է վերանայինք մեր պետութեան կացութաձեւը, կարողութիւնը եւ ընտրենք այնպիսի մոտելներ, որոնք թոյլ կու տան աւելի արդիւնաւէտ քաղաքական համակարգ ստեղծել։ Ասոր մէջ ես որեւէ ամօթալի բան չեմ տեսներ: Նոյն ԱՄՆ-ի մէջ, որ ժողովրդավարութեան առաջնորդն է, ոեւէ մէկը չի կրնար գալ ու պարզապէս դառնալ երկրի ղեկավար, շատ երկար ճանապարհ կայ անցնելու, յետոյ պէտք է այդ բոլոր դրական փուլերէն անցնիլ, քննութիւն տալ, որպէսզի իրաւունք ունենայ յաւակնորդ ըլլալու: Իսկ մեր մօտ պարզուեցաւ, որ այնքան աւելի ժողովրդավար ենք, թէ կարելի է փողոցային անգրագէտ մը բերել ու դարձնել երկրի ղեկավար քանի մը օրուայ ընթացքին։ Սա անթոյլատրելի է:

Վերջապէս երրորդը, որ մենք պէտք է ընենք, հետեւեալն է. տարածքաշրջանի մէջ ո՛չ թէ պարզապէս գոյատեւել, այլեւ՝ տարածքաշրջանի մէջ զարգանալու, գործօն ըլլալու մեր դերակատարութեան վերականգնման ուղիները գտնենք: Սա արտաքին քաղաքականութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման շրջածիրէն ներս պէտք է փնտռենք: Չեմ ուզեր անցնիլ մանրամասնութիւններու, բայց երեք ուղղութիւնները ասոնք են:

-Մենք վերջին շրջանին, նոյնիսկ մանաւանդ Արցախի պատերազմի օրերուն զգացինք, որ թէ՛ արաբական աշխարհը եւ թէ Եւրոպան ահաւոր ձեւով կը քննադատեն Թուրքիան եւ յաճախ կը փորձեն Հայաստանը ածուխի վերածել Թուրքիոյ հանդէպ՝ որպէս զոհ: Դուք ինչպէ՞ս կը դիտարկէք, ի՞նչ պէտք է ընել, որ այդ կարգավիճակին մէջ չըլլայ Հայաստանը, որովհետեւ բոլորը կ՚ըսեն Թուրքիան սխալ է, բայց ոչ մէկ գործողութիւն: Բոլորը կ՚ըսեն՝ Թուրքիան այստեղ սխալ է, այնտեղ սխալ է, նոյնիսկ Ռուսաստանը կ՚ըսէ, որ էրտողանի հետ լաւ գործընկերներ են, փոխադարձ վստահութեան վրայ կառուցուած զանազան շերտերով յառաջընթաց կ՚արձանագրեն Սուրիոյ, Լիպիոյ կամ այլ տեղերու մէջ: Վերջին պատերազմի ընթացքին աշխարհ Հայաստանին նայեցաւ՝ որպէս Թուրքիոյ զոհը։ Բոլորը ըսին, թէ Թուրքիան սխալ է, բայց քայլ մը չառին: Դուք ինչպէ՞ս կը դիտարկէք, ի՞նչ պէտք է ընել, որ Հայաստան այս կացութեան մէջ չըլլայ:

-Այստեղ կայ երկու հանգամանք, որոնց հաշուի չառնուիլը մեզ այսօրուայ իրավիճակին հասցուցած են: Առաջինը՝ ցաւօք սրտի, որ մեր պետութեան ապաշնորհ ղեկավարները չկարողացան արձանագրել, որ միջազգային իրաւունքը չ՚աշխատիր: Ու հետաքրքրականը այն է, որ մէկ մասով այդ բանը կ՚արձանագրուի երկրէն ներս. օրինակ՝ երբ պաշտօնաթող նախագահը բոլորովին ապօրինի ձեւով կալանաւորած էին եւ ան 500 օր անցուց բանտի մէջ, որեւէ միջազգային կազմակերպութիւն բան չըսաւ՝ այն պարագային, որ երբ ինչ-որ աւելի փափուկ խափանման միջոց մը կը կիրառուէր պայմանական քաղաքական գործիչի մը դէմ, բոլոր արեւմտեան դեսպանատուները յայտարարութիւններ կ՚ընէին: Այս անգամ միջամտեց միայն Ռուսաստանը դեսպանատան իր ներկայացուցիչով ու արդարադատութիւնով։ Մենք այս բանը մոռցանք եւ մեզի այնպէս թուաց, թէ ներսը չաշխատող միջազգային իրաւունքը տարածքաշրջանի մէջ պէտք է բնականոն կերպով բանի եւ սա դաժան սխալ մըն էր արդէն: Առաջ միջազգային իրաւունքը ունէր լուրջ նշանակութիւն։ Այստեղ յիշեմ Թուրքիոյ դժուարութիւնները, երբ հայոց ցեղասպանութիւնը չճանչնալու պատճառով կը խոչընդոտուէր Եւրոմիութեան անդամակցելու ճանապարհին, սա փաստ է: 2005-ին, երբ նախագահ Քոչարեան այցելեց Պրիւքսել՝ Եւրոմիութեան կառոյցներ, բոլոր եւրոպական հեռատեսիլներու լուրերը կը սկսէին այն տեղեկութիւնով, թէ Հայաստանի նախագահի այդ այցելութենէն կախուած էր Թուրքիոյ անդամակցութիւնը։ Մենք այդպիսի իրավիճակի մէջ եղած ենք։ Այդ օրերուն նախագահը յայտարարած էր, որ մենք ո՛չ միայն չենք խոչընդոտեր Թուրքիոյ անդամակցութիւնը, այլեւ՝ կ՚ուզենք, որ ան անդամակցի, որպէսզի դառնայ աւելի տարբեր որակով երկիր մը ու ճանչնայ նաեւ հայոց ցեղասպանութիւնը։ Սա, ցաւօք սրտի այլեւս չկայ. չկայ թէ՛ սխալ քաղաքականութեան պատճառով եւ թէ այն պատճառով, որ միջազգային իրաւունքը չ՚աշխատիր։ Սա մէկ մասն է։

Իսկ երկրորդ մասը քաղաքականութեան նկատմամբ մեր կենցաղային նախնական մօտեցման հետեւանքն էր, զոր ցուցաբերած էր Փաշինեան քաղաքականութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ: Այստեղ մենք պէտք չէ մեր ուժը չափենք այլոց ուժեղութեան հետ։ Մենք հիմա պէտք չէ ըսենք, որ Թուրքիան շատ ուժեղացած է, ուրեմն հակառակ համեմատական է, այսինքն ինքը ուժեղացած է, մենք թուլացած ենք։ Սա այսպէս պէտք չէ ըլլայ։ Սա ծայրայեղ սխալ է եւ այս մօտեցման մէջ բարդոյթ կայ, որ ան ուժեղացած է եւ մենք փոքր ենք ու խեղճացած։ Այս նախնական մօտեցումը նաեւ հասցուց այս աղէտը: Հիմա զրոյցներ կան, իշխանութեան սակաւաթիւ պաշտպաններ, հիմնականին ապազգային ուժերու ներկայացուցիչներ, կ՚ըսեն՝ թէ տարիներ շարունակ քանդած են եւ անոր համար Փաշինեան չէ կարողացած պայքարիլ։ Ես ուղղակի տեղեկացնեմ, որ արտացոլացուած էր բոլոր փաստաթուղթերուն մէջ, թէ մինչեւ 2009-2010 թուականի դրութիւնը, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ռազմական պիւտճէի պարագային Հայաստանը առաջ էր. ո՛չ միայն հաւասար էր, այլեւ՝ առաջ էր։ Եւ այս բանը արձանագրուած է միջազգային վիճակագրական տուեալներով: 2016-ի պատերազմին, որքան որ ալ մեղադրենք երրորդ նախագահը եւ այդ ժամանակուայ իշխանութիւնը, մարդիկ դիւանագիտական ճանապարհով չորս օրուայ մէջ կանգնեցուցին պատերազմը, իսկ հիմա տեսանք, թէ ի՛նչ եղաւ: Այս մասով, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու մէջ ինչքան ալ որ մենք նման վիճակի մէջ ենք՝ ինչպէս որ կանք, պէտք է ճիշդ օգտագործելով տարածքաշրջանի իրողութիւնները փորձենք խօսիլ ո՛չ թէ որեւէ փոքր երկրի մը դիրքէն, որ չի գիտեր ինչպէս դիմագրաւէ ուրիշներու ուժեղութիւնը, այլեւ՝ ճիշդ օգտագործելով նաեւ մեր եղբայրութիւնը Ռուսաստանի Դաշնակցութեան հետ, որպէսզի այս տարածքաշրջանին մէջ մեր արժանի տեղը ունենանք:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2021