ԿԵԴՐՈՆԱՆԱԼ ԻՆՉՊԷ՞Ս, ԱՅԼ ՈՉ` ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՇԽԱՏԵԼՈՒ ՎՐԱՅ

Ներկայիս ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական համաշխարհային երբեմն բազմաթիւ պայմանները աշխատողներուն, անոնց շարքին՝ յատկապէս մայրերուն վրայ ծանր ազդեցութիւններ կ՚ունենան: Բնականաբար ամէն խնդիր իր լուծումը կրնայ ունենալ, եթէ ճիշդ մօտեցումը ցուցաբերուի: «Ֆիւչըր» կայքը անդրադարձած է այս հարցին:

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԱՏԵՆ ԳՈՀԱՑՈՒՄ ՍՏԱՆԱԼ, ՓՈԽԱՆԱԿ ԱՆՀԱՆԳԻՍՏ ԶԳԱԼՈՒ

Ինչո՞ւ ժամանակակից աշխատանքը գոհացում չի պատճառեր: Արդեօք մենք սխալ կընե՞նք՝ փնտռելով արդի աշխատանքին «ինչո՞ւ»ն, երբ մեզի հանար կենսական է պատասխանել «ինչպէ՞ս»ին: Եթէ մենք այսօր աշխատանքի առիթներ ստեղծէինք, մենք պիտի դժուարանայինք ստեղծել բան մը, որ նոյնքան ոչ գոհացուցիչ պիտի ըլլար, որքան՝ 21-րդ դարու սկիզբի աշխատանքները:

Անվերջանալի հանդիպումներ, որոնց ընթացքին մենք կը սկսինք մոռնալ մեր անունը եւ ե-նամակները, որոնք կը թուի, թէ ճիշդ նոյնն են երէկուան մեր ձերբազատածներէն, բոլորը կատարուած՝ ընդդէմ գրասենեակի բաց ծրագիրի բզզոցին:

Ժամանակակից աշխատատեղիներու մարտահրաւէրները միտքի ցրուածութենէ աւելի հեռու կ՚երթան, դէպի՝ աւելի նիւթական, հիմնական բաներու։

Բրիտանիոյ Մտային առողջութեան հիմնարկը կը յայտնէ, որ բրիտանացիներու 74 առ հարիւրը անցեալ տարուան ընթացքին ճնշուած զգացած է գլխաւորաբար աշխատանքի պատճառով: Զարմանալի չէ: Այն պահուն, երբ մենք սկսանք մեր բջիջային հեռաձայններուն վրայ ե-նամակներ ստանալ, աշխատանքային միջին օրը երկու ժամով երկարեցաւ: Որոշ գնահատականներով, աշխատողները, որոնք կ՚ուզեն հաղորդակից մնալ իրենց գործընկերներուն հետ, շաբաթական կ՚աշխատին աւելի քան 70 ժամ, գրասենեակին կապուած:

Աշխատանքային օրուան տեւողութեան վրայ քանի մը ժամ աւելցնողներուն 50 առ հարիւրը ճնշուածութեան ամենէն բարձր աստիճանը արձանագրած է:

Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ Սիմոն Սինեքի նման ինքնավստահ մասնագէտներու թելադրութիւնները, կարծես, աւելի ուղղուած են աշխատավայրի մէջ գտնուողներուն:

Երբ «ինչո՞ւ»ն բաւարար չէ

Սինեք ճանաչում եւ համբաւ շահեցաւ, երբ պնդեց, որ նոր հազարամեակի մարդիկը նախ պէտք է հասկնան աշխատանքին «ինչո՞ւ»ն, նախքան՝ յանձնառութիւն ստանձնելը գործին մէջ:

«Մեծ ընկերութիւնները չեն վարձեր հմուտ մարդիկ եւ զանոնք դրդել, մղել աշխատանքի, անոնք կը վարձեն արդէն իսկ աշխատանքով դրդուած մարդիկ եւ կ՚ոգեւորեն զանոնք», յայտարարած է Սինեք:

«Ներկայիս աշխատավայրերու մարտահրաւէրները հոգեկան տագնապներէ աւելի հեռու կ՚երթան, դէպի՝ էական բան մը»։

Ոգեւորելը կ՚առնէ ձեւը անոնց ըսելու, որ «ինչո՞ւ» այդ գործը կ՚ընեն: Բայց սկսած է յստակ ըլլալ, որ այս յատուկ կեդրոնացումը «նպատակ»ի ուղղութեան սկսած է խառնաշփոթ եւ դժգոհութիւն յառաջացնել աշխատանքի գետնի վրայ: Բոլոր տարիքի աշխատողները կը բախին անխուսափելի «համաշխարհային առաջին խնդրին» հետ հաշտեցման, յարմարելուն. «Ինչպէ՞ս կրնամ այս ազնիւ, նպատակային կազմակերպութեան մէջ աշխատիլ եւ տակաւին երջանիկ զգալ»:

Աւելի մեծ թիւով գործատէրեր այժմ կը սկսին տեսնել, որ իրենց աշխատաւորները կը նշեն այն պարտականութիւնները, որոնք խոստացած են անոնց՝ որպէս թեկնածուներ եւ՝ իրականութեան մէջ իրենց աշխատածը:

«The Google walkout» հետեւեցաւ 2018-ին Սիւզան Ֆաուլըրի պլոկին, ուր աշխատավայրերու մէջ գտնուողները իրենց դժգոհութիւնները արձանագրած են՝ հակառակ «ինչո՞ւ» հարցումին վեհ պատասխաններուն:

Սկսած է աւելի բացայայտ դառնալ, որ աշխատանքի «ինչո՞ւ»ին վրայ կեդրոնացումը գործադիր տնօրէնին համար կրնայ ստեղծել ազդեցիկ մարտիկի կերպար մը, որ չ՚օգներ աշխատողներուն, որոնք իրենց գրասեղաններուն վրայ գամուած՝ յոգնածութեան զգացում ունին:

Հետզհետէ աւելի շատ կը զգացուի, որ ժամանակն է, որ մենք «ինչո՞ւ»ի նեղացուցիչ բռնակալութենէն տեղափոխուինք համեմատաբար աւելի կենցաղային քննարկման. «Ինչպէ՞ս կրնամ աւելի գոհացած զգալ եւ աւելի քիչ մտահոգուիլ իմ աշխատանքիս մէջ»:

Փոքր փոփոխութիւններու ուժը

Ի՞նչ բանի կը նմանի բարելաւուած աշխատանքային մշակոյթի «ինչպէ՞ս»ը: Մինչ յստակ է, որ աշխատավայրերու մէջ Սթիւ Ճոպսեր պիտի չըլլան, աւելի նոր եւ փայլուն աշխատանքային պայմաններ ստեղծելու ատեն սկսած է աւելի պարզ դառնալ, որ մենք անձնապէս կրնանք մեր օրը ծրագրելու մէջ ընել փոփոխութիւններ, որոնք կրնան օգնել աշխատանքը աւելի տանելի դարձնելու:

«Ես ինչպէ՞ս կրնամ աշխատիլ այս ազնիւ նպատակով առաջնորդուող կազմակերպութեան մէջ եւ տակաւին երջանիկ զգալ»։

Երբ աշխատաւորները ընդունին, որ «ինչո՞ւ»ն կարեւոր է, մեզմէ շատեր պիտի աշխուժանան՝ անդրադառնալով, որ մենք ի վիճակի ենք բարեփոխում ստեղծելու:

Աշխատանքի մեծագոյն բեռը մեզմէ շատերուն համար անիծեալ հանդիպումներու համար վատնուած ժամանակն է: Ներկայ մարդոց թիւի հարիւրէն յիսուն նուազեցման պարզ գործողութիւնը կրնայ գութի, շնորհքի արարք մը ըլլալ:

Ներդրումի Պրիճուոթըր ընկերակցութիւնը անդրադարձած է, որ հանդիպումներուն աւելի նուազ թիւով մարդիկ ունենալը քննարկումներու որակը բարելաւելու համար շատ ազդեցիկ կը թուի: Մարտահրաւէրը անշուշտ այն էր, որ մենք համոզուած ենք, թէ մեր բացակայ եղած հանդիպումներո՛ւն կը պատահին բոլոր լաւ բաները: Փաստելու համար, որ այս ենթադրութիւնը անտեղի է, ընկերութիւնը իր բոլոր հանդիպումները կը ձայնագրէ, որուն շնորհիւ ոչ ոք կը բողոքէ, որ իրենք դուրս մնացած են մասնակցողներու ցանկէն:

Այլ հարցեր ալ կան: Աշխատաւորները հետզհետէ աւելի կ՚անդրադառնան երեւոյթի մը. շաբթուան ընթացքին երեք կամ չորս անգամ պատշաճ նախաճաշ ունենալը ուսումնասիրութիւններով ապացուցուած է, որ կը բարելաւէ որոշումներ տալու հոլովոյթը եւ կը նուազեցնէ ուրբաթ օրուան յոգնածութիւնը, որ մեզմէ շատերը կը պատուհասէ:

Աւելի՛ն. փոխ առնելով ֆիքայի շուէտական աւանդութիւնը՝ պաշտօնակիցի մը հետ քալել սուրճ մը խմելու համար, դրական ազդեցութիւններ կ՚ունենայ: Մենք աւելի նուազ կը հետեւինք ե-նամակներուն, եւ մեր միտքերը կը վերաթարմանան աշխատանքային օրուան աւարտին հետ:

Արդարեւ, քալելու գիտութիւնը նոյնիսկ կարելի է ընդարձակել եւ նստավայրերու հանդիպումները պարբերաբար փոխարինել բջիջային առիթներով: Սթանֆորտի մասնագէտ Մարիլի Օփրեցօ յայտնաբերած է, որ քալելը բարելաւած է ստեղծագործ մտածողութիւնը՝ իր ստուգած անձերու 81 առ հարիւրին պարագային:

Օրացոյցին մէջ նոր հանդիպում մը ներկայացնելը կրնայ նեղացուցիչ թուիլ, երբ մենք կը փորձենք աշխատանքային շաբթուան խառնաշփոթը մեղմացնել, բայց ընկերային հանդիպումներուն ուժը սկսած է գետին շահիլ՝ հաւանաբար փոխարինելով մարդկային ներդաշնակեցումը, որուն կը ձգտէին բազմաթիւ աշխատավայրեր:

Գործադիր տնօրէնի պաշտօնը առաջին անգամ ստանձնած Մարկարէթ Հեֆըրման կը նշէ, որ ընկերութեան Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղակայուած գործարաններուն աշխատաւորներուն համար շաբաթական հերթական ընկերային հանդիպումներ կազմակերպելու իր նախաձեռնութիւնը կատարեալ փոխակերպում եղած է աշխատանքային մշակոյթի: Հեֆըրման կը հաստատէ, որ աշխատանքային օրուան ընթացքին աշխատողները իրարու հետ հաղորդակցելու մղելը զանոնք աւելի գործակցող կը դարձնէ ամբողջ շաբթուան ընթացքին:

Աշխատավայրը կը ճնշէ աճապարելու հիւանդութիւնը, որ ժամանակակից աշխատանքի անխզելի պահանջներու հետեւանքն է, եւ ատոր ազդեցութիւնը կրնայ շատ աւելի դժուար ըլլալ, յատկապէս՝ կրտսեր աշխատողներու վրայ:

Երբ աշխատանքը դաժան, անողորմ է, «ինչո՞ւ» մենք կ՚աշխատինքին վրայ ուշադրութիւն դարձնելը օգտակար պիտի չըլլայ, թերեւս ճիշդ հիմա մենք պէտք է աւելի հոգ տանինք «ինչպէ՞ս»ին:

8 ՀԱՐՑԵՐ, ԶՈՐՍ ԱՇԽԱՏՈՂ ՄԱՅՐԵՐԸ ԿԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵՆ ԵՒ ՁԵՒԵՐ՝ ԶԱՆՈՆՔ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Աւանդականօրէն կիներուն մեծ մասը պարտաւորուած էր լիաժամ մայր ըլլալու: Սակայն վերջին տասնամեակներուն ընթացքին լիաժամ ասպարէզի նուիրուող կիներուն թիւը զգալիօրէն աճած է: Ասիկա կը յառաջացնէ նաեւ հարցեր: Կին մը կրնա՞յ զուգահեռաբար երկու պատասխանատուութիւնները ստանձնել, եւ աշխատող մայր մը կրնա՞յ խելացի ապրելաձեւի ընտրանք մը ըլլալ:

Հակառակ անոր որ աշխատող մայր ըլլալու գաղափարը տարօրինակ էր եւ արգիլուած՝ անցեալին, ներկայիս տնտեսական պայմանները աշխարհին մէջ կը դժուարացնեն ընտանիքներուն հանգիստ ապրիլ միայն մէկ ամսականով: Նաեւ՝ կիները կը ստանան բարձրագոյն ուսում եւ շատ աւելի որակեալ են, քան՝ քանի մը տարի առաջ: Ներկայիս անհրաժեշտ է մայրերուն մեծ մասին համար յաւելեալ պատասխանատուութիւններ ստանձնել եւ յաւելեալ եկամուտ ապահովել ընտանիքին համար:

Հակառակ անոր որ կիները ներդրումներ կը կատարեն տարբեր մարզերու մէջ, սակայն աշխատող հայրերուն մեծ մասը տակաւին չէ աւելցուցած իր բաժինը տան գործերուն մէջ: Ատիկա կը նշանակէ, որ նոյնիսկ այսօր մայրերը մեծապէս պատասխանատու են տան եւ զաւակներու խնամքին: Յստակօրէն այսպիսի ապրելակերպ մը վարելը վատ ազդեցութիւններ կ՚ունենայ անհատի մը մտային եւ ֆիզիքական առողջութեան վրայ:

Աշխատող մայր ըլլալու մարտահրաւէրներ

Յաւելեալ ծախսեր - Տրուած ըլլալով, որ մայրը եւ հայրը կ՚աշխատին, զաւակներուն խնամքը պէտք է վստահիլ կառոյցի մը կամ անձի մը: Այս ձեւերը կը վատնեն ընտանիքի ամսականին մեծ մասը, որ կը ներառէ նաեւ մօրը եկամուտը: Ասիկա ամենէն ընդհանրացած հարցերէն մէկն է, որ կը դիմագրաւեն աշխատող մայրերը:

Ճնշուածութիւն - Հետազօտողները աշխարհի մէջ փաստած են, որ աշխատող մայրերու ճնշուածութեան աստիճանները շատ աւելի բարձր են այն կիներու ճնշուածութեան աստիճաններէն, որոնք իրենց ժամանակը կը յատկացնեն միայն զաւակներու խնամքին կամ աշխատանքին: Երկու դերերը կատարելը եւ անընդհատ զանազան գործեր ընելը նոյն ժամանակ կրնայ շատ դժուար ըլլալ եւ ծանրաբեռնել մարմինն ու ուղեղը: Ատիկա պատճառ կը դառնայ, որ կիները իրենց ջղայնութիւնը պարպեն իրենց ընտանիքներուն վրայ, ինչ որ յանցանքի զգացում եւ յաւելեալ ճնշը-ւածութիւնը կը յառաջացնէ:

Առողջական հարցեր - Աւելորդ աշխատանքի բեռը, որ ունին աշխատող մայրերը, վատ ձեւով կ՚ազդէ անոնց մարմնի տարբեր անդամներուն վրայ՝ յառաջացնելով տարբեր առողջական հարցեր, ինչպէս՝ մնայուն շնչարգելութիւն (ազմա), յօդացաւ, սրտի հարցեր, անքնութիւն եւ մարմնային ցաւ: Մինչ աշխատող մօր բերած դրամը կրնայ աւելի առողջ ապրելակերպ մը ապահովել ընտանիքին համար, խնամքի եւ հսկողութեան բացակայութիւնը կրնայ նաեւ վատ ազդեցութիւններ ունենալ անոր առողջութեան վրայ:

Տան աշխատանքի բաժանում - Վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, որ այրերը այս օրերուն շատ աւելի տան աշխատանքի պատասխանատուութիւններ կը ստանձնեն, քան՝ 1970-ական թուականներուն: Սակայն կիները տակաւին կը շարունակեն կրել տան աշխատանքի բեռին մեծ մասը: Աշխատող մայրերը նաեւ նոյնքան կ՚աշխատին, որքան՝ լիաժամ մայրերը, եւ կ՚աշխատին աւելի քան աշխատող հայրերը, եւ անոնք, որոնք կիսաժամ կ՚աշխատին, ունին ամենէն երկար գործի ժամերը: Ասիկա կը յառաջացնէ անհաւասարակըշ-ռութիւն՝ արհեստավարժ եւ անձնական կեանքերուն մէջ, պատճառ դառնալով կտրուկ արդիւնքներու, ինչպէս՝ նուազ զաւակներ ունենալ եւ ամուսնալուծումի բարձր թիւեր:

Աշխատանքի վայրի հարցեր - Միջին հաշուով, աշխատող մայրերը նուազ կը շահին, քան՝ այն կիները, որոնք զաւակներ չունին, հակառակ իրենց արժանիքներուն եւ աշխատանքի նուիրուածութեան: Այս կիները նաեւ խտրականութեան ենթակայ կ՚ըլլան եւ կը դիտուին՝ իբրեւ նուազ նուիրուած իրենց աշխատանքին, բաղդատելով այն կիներուն, որոնք զաւակ չունին: Ասիկա կը յառաջացնէ աշխատանքէն նուազ գոհացում, հոգեբանական հարցեր եւ գործը ձգելու աւելի մեծ հաւանականութիւններ:

Հոգ տանիլ հիւանդ զաւակներու - Աշխատող մայրերու հիմնական դժուարութիւններուն մէկը հոգ տանիլն է հիւանդ զաւկին: Ասիկա՝ քանի որ հայրը ընդհանրապէս աւելի կը շահի, եւ իր գործը աւելի կարեւոր կը թուի: Սակայն, տրուած ըլլալով, որ ընկերութիւնները վճարուած հիւանդութեան արձակուրդի օրեր կու տան միայն հիւանդ պաշտօնեաներուն, կիները իրենց տարեկան արձակուրդէն օրեր կ՚առնեն կամ չվճարուած արձակուրդներ կը պահանջեն, որպէսզի հոգ տանին իրենց զաւկին: Այս պատճառով կիները պէտք է աւելի ճկուն ժամեր ունենան, ծնողական արձակուրդներ եւ հասկցող տնօրէններ:

Մօտիկութեան նուազումը ամուսիններուն հետ - Այլ հիմնական գանգատ մը աշխատող կիներուն կողմէ՝ ամուսիններուն հետ մօտիկութեան նուազումն է: Յոգնութիւնը, ճնշուածութիւնը եւ ջղայնութիւնը իրենց ամուսիններուն հանդէպ, որ չեն կատարեր տան աշխատանքի բեռին իրենց բաժինը, հիմնական պատճառներն են այս հարցին:

Անձնական հետաքրքրութիւններու ժամանակի բացակայութիւն - Սովորական ժամանցները, ինչպէս՝ մարզանքի երթալ կամ ընկերներուն հետ տեսնուիլ, դժուար է աշխատող մայրերուն համար: Նոյնիսկ եթէ ժամանակ ունենան, երբեմն շատ յոգնած կ՚ըլլան, եւ կեանքի միակ նպատակը կ՚ըլլայ յաւելեալ ժամեր քնանալ օրական: Այս տեսակի ապրելակերպը ժամանակի ընթացքին կը յառաջացնէ ընկճուածութիւն եւ դիւրագրգռութիւն:

Աշխատող կին մը կրնա՞յ յաջող մայր մը ըլլալ

Նայած, թէ որքա՛ն դժուար է աշխատող մայր ըլլալը, այդ ապրելակերպը ընտրելը լաւ գաղափար մը չէ: Սակայն երբեմն կը հանդիպինք կիներու, որոնք կը յաջողին զուգահեռաբար ունենալ զբաղած ասպարէզ մը եւ շատ լաւ ընտանիք մը՝ առանց թոյլ տալու, որ ատիկա ժխտականօրէն ազդէ իրենց վրայ:

Կարեւոր է արդիւնաւէտ ձեւով ժամանակը դասաւորել գործին, ընտանիքին եւ անձնական հետաքրքրութիւններուն միջեւ: Պէտք է նաեւ յիշել, որ յանցաւոր ըլլալու զգացումը քու ընտանիքիդ համար բաւարար ժամանակ չյատկացնելու համար երբեք օգտակար չ՚ըլլար: Աշխատող մայրերուն մեծ մասը արդէն իսկ շատ ներդրում կը կատարէ ոչ միայն զաւակներուն, այլեւ՝ ընտանիքին, ծնողքին, տնօրէնին, գործակիցներուն եւ շրջապատին: Մէկը պէտք է ընդունի, որ կարելի չէ մէկը միւսով փոխարինել, պէտք է օգնութեան դիմէ, երբ պէտք ունի եւ նոր ապրելակերպին հետ հաշտուի: Ընտանիքի միւս անդամները պէտք է նաեւ պատասխանատուութիւն ստանձնեն տան աշխատանքին մէջ: Ասիկա կը թեթեւցնէ ճնշուածութիւնն ու լարուածութիւնը, եւ կիները կրնան աւելի դիւրութեամբ իրենց զոյգ պատասխանատուութիւնները կատարել:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Փետրուար 11, 2019