«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՄԲ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ԽՆԴՐԵՆՔ ՄԵՐ ԱՆՁԵՐԸ ՈՒՂՂԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

-Ո՜վ Ռոնտա. կրնա՞յ պատահիլ, որ մարդ զգայ իր մեղաւոր վիճակը, սակայն զղջում չունենայ:

-Այո՛, կրնայ պատահիլ այդ բանը, եթէ խոնարհ չէ: Երբ եսասիրութիւնը զղջումին մէջ կը մտնէ, մարդ կը մտածէ.

-Ինչպէ՞ս այս բանը ըրի, ինչպէ՞ս ուրիշները տեսան զիս: Ի՞նչ պիտի մտածեն իմ մասիս… եւ կը չաչրչարուի:

Իսկ եթէ այս հարցումները ընէ.

-Ինչպէ՞ս կրկին անգամ իյնկայ: Ինչպէ՞ս այստեղ հասայ. ասիկա եսասիրութեան նշան է եւ ո՛չ թէ զղջումի:

Մարդ պէտք է հասկնայ, որ մեղանչեց խոնարհութեամբ Աստուծոյ ողորմութիւնը խնդրէ: Պէտք է ըսէ.

-Աստուած իմ, մեղանչեցի. ներէ՛ զիս. հին մարդ եմ, գթա՛ ինծի: Եթէ չօգնես ինծի, վիճակս պիտի վատթարանայ ու պիտի չյառաջանամ: Առանձինս չեմ կրնար յառաջանալ:

Եւ պէտք է զգուշանայ, որ կրկին անգամ չմեղանչէ:

Շատեր յանցանք գործեցին ու տառապեցան, որովհետեւ զԱստուած վիրաւորեցին, եւ ո՛չ թէ որովհետեւ մարդոց աչքէն ինկան, որով եւ սրբացան:

Մարդ երբ աշխարհիկ կեանքով կ՚ապրի եւ ապա իր կապը կը կտրէ աշխարհի հոգիին հետ, սակայն այդ հոգիէն յաճախակի կերպով կը քաշուի ակամայ կերպով: Այս բոլորով հանդերձ, սակայն պէտք չէ յուսահատի: Յառաջանալը կը կայանայ իրար անցնելուն մէջ՝ դրական առումով, որ անհատին կը յանդիմանէ գործած սխալներուն համար, եւ այն բաներուն՝ որ պէտք է գործէր: Այդ ատեն է, որ կը գիտակցի աստուածային շնորհքին ու իրաւացի կերպով կը հաւատայ Տիրոջ ըսածին, թէ՝ «առանց Ինծի դուք ոչինչ կրնաք ընել» (Յհ 15.5): Եթէ ջանադրութեամբ, մնայուն կերպով ու մեծ խոնարհութեամբ կը պայքարի, իր յոյսը դնելով Աստուծոյ անսահման կարողութեան վրայ, ապա Արդար Աստուածը կ՚ողորմի իրեն:

ՆԵՂՈՒԻԼ ՄԵՐ ՄԵՂՔԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

-Ո՜վ Ռոնտա. ի՞նչպէս կարելի է, որ մարդ կրկին անգամ նոյն մեղքին մէջ չիյնայ:

-Եթէ կը ցաւի իրապէս մեղքի մը համար՝ որու մէջ ինկաւ, ապա կրկին անգամ նոյնին մէջ պիտի չիյնայ: Ներքին ինքնաոչնչացումն ու անկեղծ ապաշխարութիւնը անհրաժեշտ յառաջընթաց ունենալու համար: Մարկող Ճգնաւորը կ՚ըսէ. «Մարդ եթէ չի՛ տխրիր այնպիսի տխրութեամբ, որ կը համապատասխանէ իր մեղքին, ապա՝ դիւրութեամբ դարձեալ պիտի իյնայ այդ մեղքին մէջ եւ ուրախանայ»: Փոքրիկ մեղքը փոքրիկ մեղք կը պահանջէ, եւ հակառակն ալ ճիշդն է:

-Ինչպէ՞ս կը հասկնանք, որ չենք տխրած այնպիսի տխրութեամբ, որ «կը համապատասխանէ մեր մեղքին»:

-Կրկին անգամ նոյն մեղքին մէջ իյնալն իսկ կտրուկ փաստն է: Եթէ կատարծդ քննութիւններուն արդիւնքով իմանաս, որ պաքթերիաներ կան, կ՚ըսես.

-Պէտք է սպաննել այդ պաքթերիաները:

Սակայն չես սկսիր պատշաճ դեղեր ստանալու: Դուն հիւանդ ես ախտով մը, կը փափաքիս առողջանալ ատկէ, անընդհատ անհրաժեշտ եղած քննութիւններ կը կատարես, սակայն այդ բոլորը անարդիւնք կը մնան, եթէ չսկսիս բուժուելու:

Կ՚ըսես. «Որոշ քմահաճոյք մը ունիմ», եւ վայնասիւնէ բացի բան չես ըներ: Այդպիսիով ուժաթափ կ՚ըլլաս, կը յոգնիս, տխրութենէն կը հիւանդանաս եւ ոչինչ կ՚ընես: Իսկ երբ կ՚առողջանաս, կը հարցնես, թէ ինչո՞ւ հիւանդացար: Ես չեմ թելադրեր քեզի դուն քեզի ուշադրութիւն չընելու, ինչպէս նաեւ չես ըսեր, որ գէս մեղքերդ անցնին առանց ուշադրութեան ու յանդիմանութեան, այլ՝ կը թելադրեմ քեզի, որ որոշ չափով տխրիս: Անտարբեր ըլլալն ու խղճալու վիճակի մէջ ըլլալը նոյնն են: Անճիշդ գո՞րծ մը գործած ես: Մտածեցի՞ր այդ մասին: Տեսա՞ր զայն: Գիտակցեցա՞ր ատոր: Խոստվանեցա՞ր զայն: Յառաջացիր: Միտքիդ մէջ պահէ զայն, որպէսզի զգոյշ ըլլաս յաջորդին նոյն վիճակի մէջ չյայտնուելու համար: Տխրութիւնը առանձինն անօգուտ է: Պէտք է համեմատական տանի բարելաւութեան փորձին հետ: Այդպէս ալ, մնայուն կերպով հիւանդին վրայ լալը անօգուտ է, եթէ չապահովեցինք անոր բուժման օգնութիւն մը:

-Ո՜վ Ռոնտա. եթէ մեր մեղքերուն համար իրապէս կը ցաւինք, այդ մէկը մեզ չ՚առաջնորդե՞ր չտխրելու:

-Ոչ. պէտք է տխրիս եւ տխրութիւնը պէտք է ցաւի մեղքին հետ: Եթէ չցաւիս, ապա կրկին անգամ նոյն մեղքին մէջ պիտի իյնաս: Իսկ եթէ զղջումին ցաւը քեզ յուսահատութեան առաջնորդէ, այդ կը նշանակէ ուրեմն, որ պէտք եղածէն աւելի տխրեցար: Դուն քեզի քիչ մը զօրութիւն շնորհէ, եւ դիմագրաւէ մեղքը քիչ մը դրական անտարբերութեամբ:

ԻՆՔԶԻՆՔ ՅԱՆԴԻՄԱՆԵԼ ԵՒ Ո՛Չ ԹԷ ՉՅՈՒՍԱԼ

-Ո՜վ Ռոնտա. դիւրի՞ն է խորապէս զգալ մեր սխալ վիճակը:

-Աստուած, Իր սէրէն մղուած թոյլ չի տար, որ մեր հոգեւոր կեանքին սկիզբը զգանք մեր սխալ վիճակը, որպէսզի ետդարձ չկատարենք: Դիւրազգած մարդիկ կան, որոնք չեն կրնար դիմանալ, որով կը վնասուին: Մեր աչքերը կը փակուին, որով մեր բոլոր յանցանքները չենք տեսներ…:

-Ո՜վ Ռոնտա. մեղքերս չեմ տեսներ ու սիրտս քարի նման է:

-Յաճախ Աստուած կ՚արտօնէ նման վիճակներ, քանի որ սատանան մեզ յուսահատութեան մէջ կը նետէ: Մարդ պէտք է իր մեղանչական վիճակին մասին զատորոշողութեամբ մտածէ: Զղջումը, որուն մտահոգութիւնն ու անյուսութիւնը կ՚ընկերակցին՝ Աստուծմէ չէ. սատանան իր պոչը խոթած է այդ բանին մէջ:

Մարդ պէտք է զգոյշ ըլլայ. կրնայ ըլլալ, որ սատանան զինք աջէն բռնէ՝ զղջումէն, եւ զինք ձախին մէջ նետէ՝ տխրութեան եւ յուսախաբութեան, եւ զինք մարմնական եւ հոգեկան յոգնութեան մղէ, որով զինք աւերուած վիճակի կը հասցնէ: Կրնայ ըլլալ ըսէ անոր.

-Դուն մե՛ծ մեղաւոր մըն ես եւ պիտի չփրկուիս:

Ու անոր համար ահաւոր ձեւի մտահոգութիւն եւ յուսահատութիւն կը ստեղծէ:

Մի՛ արտօներ սատանային, որ իր ուզածը ընէ: Երբ ըսէ քեզի.

-Դուն մեղաւոր ես:

Ըսէ անոր.

-Քու ի՞նչ գործդ: Ե՛ս է, որ կ՚որոշեմ թէ երբ մեղաւոր եմ եւ ո՛չ թէ դուն:

-Ո՜վ Ռոնտա. մարդ հոգեկան մելամաղձոտութիւն կը զգայ. ի՞նչն է պատճառը:

-Մելամաղձոտութեան ու հոգեկան ճնշումի պատճառը դիւրազգած խղճմտանքն է: Այդ պատճառով, մարդ պէտք է իր հոգեւոր հօր դիմէ՝ օգնութիւն խնդրելով: Կրնայ ըլլալ, որ իր մեղքը շա՜տ փոքր է, սակայն սատանան կը մեծցնէ զայն, որպէսզի զինք յուահատութեան եւ յուսալքութեան հասցնէ: Ինչպէս նաեւ զինք մեծ տխրութեան կը մղէ:

Սատանան ինչո՞ւ չ՚երթար եւ անզգայ մարդու մը խիղճը չի փորձեր: Հակառակը, այդ մարդուն մտածել կու տայ, թէ իր մեծ մեղքերը գրեթէ ոչինչ են:

Մարդ պէտք է ինքզինք ճանչնայ ինչպիսին որ կայ, եւ ո՛չ թէ ինչպիսին՝ որ սատանան ցոյց կու տայ իրեն: Բաւարար է, որ մարդ զղջայ, որովհետեւ իր մեղքերը սատանային մեղքերէն աւելի քիչ են, ինչպէս նաեւ [մարդը] արդարացումներ ունի, քանի որ հողէն ստեղծուեցաւ եւ անուշադրութեան պատճառով կրնայ սահի ու ցեխին մէջ մտնէ:      

Պէտք է անիւը սատանային ուզածին հակառակ ուղղութեամբ դարձնենք: Եթէ ըսէ մեզի, թէ մեծութիւն ենք, ապա՝ աճեցնենք ինքնայանդիմանութիւնը: Իսկ եթէ մեզ ոչինչի վերածեց, ապա ըսենք՝ «Աստուած պիտի ողորմի ինծի»: Այսպիսիով, այն մարդը, որ վստահութեամբ եւ Աստուծոյ յուսալով կը վարուի, հոգեւորապէս կը բարձրանայ, զղջում ձեռք կը բերէ եւ խոնարհութիւնը կը գիտնայ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 25

21 փետրուար 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 11, 2021