ԼԻԲԱՆԱՆ. «14 ՄԱՐՏ»Ի ՆԱՒԸ Կ՚ԸՆԿՂՄԻ՞

Այդ թուա­կան­նե­րէն ան­ցած են տա­սը «եր­կար» տա­րի­ներ: Եր­կար, ո­րով­հե­տեւ տար­բեր ա­ռում­նե­րով եր­կի­րը գե­րին կը դառ­նար քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րուն եւ մեծ հա­րուած կը հաս­ցուէր Լի­բա­նա­նի տնտե­սա­կան, ըն­կե­րա­յին, կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ո­լորտ­նե­րուն:

Այ­սօ­րուան ընդ­հա­նուր պատ­կե­րին մէջ տե­սա­նե­լի է, որ Լի­բա­նան մտած է ներ­քին հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու հանգ­րուան մը, ո­րուն բարձ­րա­կէ­տը պէտք է հա­մա­րել 31 Հոկ­տեմ­բեր 2016 թուա­կա­նին տե­ղի ու­նե­ցած (շուրջ ե­րեք տա­րի նա­խա­գա­հա­կան ա­թո­ռը թա­փուր պա­հե­լէ ետք) նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւ­նը: Նա­խա­գահ զօ­րա­վար Մի­շէլ Աուն, ո­րուն հան­դէպ 14 Մար­տի ու­ժե­րը մեծ հար­ցա­կան­ներ ու­նէին, այ­սօր հան­րու­թեան կը ներ­կա­յա­նայ որ­պէս «բո­լո­րին հայր»:

Նա­խա­գա­հի ընտ­րու­թե­նէն ետք սկիզբ ա­ռած քա­ղա­քա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը կ՚ամ­րագ­րուէր Սաատ Հա­րի­րիի վար­չա­պետ դառ­նա­լով ու կա­ռա­վա­րու­թիւն կազ­մե­լով:

Հա­կա­ռակ շրջա­նա­յին տագ­նապ­նե­րու առ­կա­յու­թեան, Լի­բա­նան կը շա­րու­նա­կէ պահ­պա­նել իր ներ­քին ան­դոր­րը:

Տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով գրած ենք, որ Լի­բա­նա­նի ներ­քին անվ­տան­գու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած դրու­թիւն մըն է: Երբ 2006 թուա­կա­նին Իս­րա­յէլ 33-օ­րեայ պա­տե­րազմ կը մղէր Լի­բա­նա­նի դէմ, նպա­տակ ու­նէր վե­րաց­նել «Հիզ­պուլ­լահ»ը: Ու ատ­կէ ետք է նաեւ, որ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 ո­րո­շու­մով՝ կ՚ամ­րագ­րուէր Իս­րա­յէլ-Լի­բա­նան սահ­մա­նին ա­պա­հո­վու­թիւ­նը:

Այս մէ­կը «ար­տա­քին» ճա­կա­տին վրայ, իսկ ինչ կը վե­րա­բե­րի «ներ­քին» ճա­կա­տին։ (էտք է նշմա­րել, որ Լի­բա­նա­նի մէջ կա­րե­ւոր ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցող եր­կու «հա­կա­ռա­կորդ բե­ւեւռ­ներ»ը՝ Ռիատն ու Թեհ­րա­նը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ու հա­կա­ռակ ի­րենց ու­նե­ցած տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րուն, կը շա­րու­նա­կեն ա­մէն գնով սա­տա­րել երկ­րի ներ­քին կա­յուն ի­րա­վի­ճա­կի պահ­պան­ման:

Նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւ­նը ու ա­պա Սաատ Հա­րի­րիի քա­ղա­քա­կան հրա­պա­րակ վե­րա­դար­ձը մե­ծա­գոյն ցու­ցա­նիշն է ար­տա­քին ազ­դակ­նե­րու ներ­գո­յակ­ցու­թեան: Ու այս պատ­կե­րին վրայ ներ­կայ դրու­թիւ­նը կո­չուած է շա­րու­նա­կուե­լու եւ շատ հա­ւա­նա­կան է, որ լի­բա­նա­նեան ճա­կա­տին վրայ ե­րեւ­ցած փո­խըմբռ­նում­նե­րը նոյն­պէս տա­րա­ծուին ու «վա­րա­կիչ» դառ­նան ամ­բողջ շրջա­նին հա­մար:

Ռա­ֆիք Հա­րի­րիի սպա­նու­թե­նէն հինգ տա­րի վերջ 2010 թուա­կա­նին, ոչ ո­քի հա­մար կան­խա­տե­սե­լի էր, որ մինչ այդ ի­րա­րու դէմ հա­կակ­րան­քով լե­ցուն կող­մե­րը կրնա­յին միա­սին նոյն կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը «կի­սել»: Այ­սօր այդ կող­մե­րը՝ Հա­րի­րիի հիմ­նադ­րած «Ալ Մուս­թաք­պալ»ը եւ նա­խա­գահ Աու­նի ղե­կա­վա­րած «Ազ­գա­յին ա­զատ հո­սանք»ը միա­սին կը փոր­ձեն եր­կի­րը ա­ռաջ­նոր­դել:

Աու­նի ըն­կա­լում­նե­րը եւ ա­նոր ա­րա­բա­կան կամ ա­ւե­լի ճիշ­դը՝ սիւն­նի պա­տու­հա­նէ մը հար­ցե­րուն նա­յե­լու ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւ­նը թոյլ տուին, որ մեծ տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ ու­նե­ցող կող­մե­րը դառ­նան «մի­ջան­կեալ հա­մա­խոհ­ներ»: Մի­ջան­կալ կ՚ը­սեմ, ո­րով­հե­տեւ Լի­բա­նա­նի հա­մար կեն­սա­կան հա­մա­րուող խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը կա­րե­ւոր դեր պի­տի կա­տա­րեն քա­ղա­քա­կան հա­մայ­նա­պատ­կե­րի բիւ­րե­ղաց­ման ա­ռու­մով:

Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­կան կող­մե­րուն հա­մար առ­կայ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը «ար­տա­քին» բնոյթ ու­նին եւ ինչ­պէս Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի տար­բեր եր­կիր­նե­րու հա­մար, նոյն­պէս Լի­բա­նա­նի հա­մար մե­ծա­գոյն գոր­ծօն կը հա­մա­րուի Սու­րիոյ մէջ ըն­թա­ցող պա­տե­րազմն ու հոն «հրդե­հուած» տագ­նա­պը, ո­րուն ա­ւար­տը կամ հան­գու­ցա­լու­ծու­մը կա­րե­ւոր ազ­դակ պի­տի դառ­նայ երկ­րին հա­մար:

Իր ա­մե­նէն «փայ­լուն օ­րեր»ուն 14 Մար­տի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն հա­մար հիմ­նա­կան հա­կա­ռա­կոր­դը Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւնն էր: Այ­սօր ալ այդ հա­կակ­րան­քը կայ եւ այդ տա­րա­կար­ծու­թեան շեր­տե­րուն մէջ կայ նաեւ ա­րա­բա­կան աշ­խար­հին ընդ­հա­նուր հա­կա­ռա­կու­թիւ­նը Սու­րիոյ նա­խա­գա­հին դէմ: Ա­րաբ­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թեան հա­մար Սու­րիոյ նա­խա­գա­հը «ան­բաղ­ձա­լի տարր» է: Այս­տեղ է նաեւ, որ 14 Մար­տի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը «ի­րենց սնուն­դ»ը կը ստա­նան սիւն­նի աշ­խար­հէն:

Բայց այս­տեղ նշմա­րե­լի է, որ նոյն քա­ղա­քա­կան թե­ւին ծննդո­ցի օ­րե­րուն ընդ­հա­նուր ի­րադ­րու­թիւ­նը ա­ւե­լի վե­րահս­կե­լի էր, քան ինչ որ է այ­սօր: Ու հա­կա­ռակ այդ հան­գա­ման­քին, Լի­բա­նան կը շա­րու­նա­կէ դան­դաղ, բայց հաս­տատ քայ­լե­րով թիա­վա­րել:

14 Մար­տի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը, որ այ­սօր կը գտնուին «մերձ ի մահ» վի­ճա­կի մը մէջ, կո­չուած են վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել ի­րենց ամ­բողջ ար­ժե­հա­մա­կար­գը:

Այդ ու­ժե­րը տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով ա­րեան գին վճա­րե­ցին հաս­տա­տուն մնա­լու հա­մար ի­րենց կե­ցուածք­նե­րուն մէջ: Սա­կայն այ­սօր տար­բեր է: Քա­ղա­քա­կան կեան­քի ընդ­հա­նուր դրուածք­նե­րուն մէջ ալ մշտա­կան զո­հի, կամ զոհ տուա­ծի հո­գե­բա­նու­թիւ­նը կրնայ բա­խիլ «ռէէլ փո­լի­թիք»ի կա­նոն­նե­րուն հետ:

Ու ե­թէ ա­րագ հա­մե­մա­տա­կան մը կա­տա­րենք մօ­տիկ ան­ցեա­լի ընդ­հա­նուր դրու­թեան հետ, յստա­կօ­րէն կ՚ու­րուագ­ծուի, որ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը յայտ­նուած է նոր անց­ման փու­լի մը առ­ջեւ:

Լի­բա­նան­ցի հա­սա­րա­կու­թեան կա­րե­ւոր մա­սին հա­մար այ­սօր ըն­դու­նե­լի չէ, որ լի­բա­նա­նեան «Հիզ­պուլ­լահ»ը կը շա­րու­նա­կէ մաս­նակ­ցիլ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին: Բա­ցի այդ ալ կայ Թեհ­րա­նի դե­րին հան­դէպ առ­կայ ընդ­հա­նուր հա­կակ­րան­քը, ո­րուն ար­մատ­նե­րը «ներ­լի­բա­նա­նեան» չեն: Բայց այս բո­լո­րէն ան­դին կայ Մոս­կուա­յի դէ­պի Մի­ջին Ա­րե­ւելք «մեծ վե­րա­դարձ»ը: Վե­րա­դարձ մը, որ ան­պայ­ման պէտք չէ դի­տար­կել որ­պէս Թեհ­րա­նի հա­մար ե­ղող մի­ջամ­տու­թիւն կամ վե­րա­դարձ, այլ ա­ւե­լի՛ն:

Այս ծի­րին մէջ է նաեւ, որ Լի­բա­նա­նի մա­րո­նիթ­նե­րը, ո­րոնք կը հա­մա­րուին Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեա­նե­րու շար­ժիչ ուժ, յա­ռած են դէ­պի հե­ռա­ւոր Մոս­կուա:

Վստա­հա­բար բա­ցուո­ղը նոր փուլ մըն է, ո­րուն մէջ զգա­լի պի­տի դառ­նայ «ա­րա­բա­կան գա­րուն»ը «կեր­տող» ու­ժե­րուն բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը:

Այդ բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը կրնայ հա­մա­րուիլ ճա­րա­հատ պար­տու­թիւն, բայց եւ այն­պէս դեռ վաղ է այդ ա­ռու­մով եզ­րա­կա­ցու­թիւն­ներ կա­տա­րել:

Մէկ բան յստակ է, որ Լի­բա­նա­նի գե­րիշ­խա­նու­թեան դրօ­շա­կով հրա­պա­րակ ե­լած ու­ժե­րը, ո­րոնք բո­լո­րուած էին 14 Մար­տի ա­նուան տակ, այ­սօր կ՚ապ­րին մեծ յու­սա­բե­կում­նե­րու հանգ­րուան մը:

Ա­նոնց մեծ նա­ւը՝ «ա­րա­բա­կան գար­նան» նա­ւը մտած է ընկղ­մե­լու փուլ ու այդ պատ­ճա­ռով է նաեւ, որ այդ քա­ղա­քա­կան թե­ւին հիմ­նա­կան ու­ժե­րը բա­ւա­կան ժա­մա­նակ ա­ռաջ խոյս տուած են «մեծ ա­լիք­նե­րու» զար­նուած եւ ընկղ­մե­լու պատ­րաստ նա­ւէն:

Այ­սօր առ­կայ ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կի լոյ­սին տակ հասկ­նա­լի կը դառ­նայ, որ մինչ ե­րէկ քա­ղա­քա­կան կեան­քը յա­ռաջ կը մղուէր եր­կու «հա­կա­սա­կան» ու­ժե­րու՝ 8 եւ 14 Մար­տի «բա­խում­նե­րով», այ­սօր ար­դէն կը կա­ռա­վա­րուի բո­լո­րո­վին տար­բեր ձե­ւա­չա­փե­րով: Յստակ է, որ երկ­րին մէջ նախ­կին լա­րուա­ծու­թիւ­նը չկայ ու այս­պէս ը­սած՝ «ա­րեւմ­տեան դրօշ» ծա­ծա­նող «քա­ղա­քա­կան ճար­տա­րա­պետ­ներ»ուն դե­րը մտած է նոր փուլ:

Սիւն­նի թե­ւին հա­մար Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն մնալ «ան­բաղ­ձա­լի», բայց եւ այն­պէս այդ մօ­տե­ցու­մը չի խան­գա­րեր, որ երկ­րի վար­չա­պե­տին՝ Սաատ Հա­րի­րիին ա­ռաջ­նոր­դած՝ «Ալ Մուս­թաք­պալ» հո­սան­քը «բա­նակ­ցու­թիւն­ներ»ու ա­ւե­լի քան քա­ռա­սուն նիստ կա­յաց­նէ «Հիզ­պուլ­լահ»ին հետ: Ու մինչ «ա­րա­բա­կան գար­նան» նախ­կին շե­փո­րա­հար­նե­րը հետզ­հե­տէ կը ստուե­րա­նան, յստակ է նաեւ, որ երկ­րի գլխա­ւոր ու­ժե­րը վճռած են ա­մէն գնով զայն ղե­կա­վա­րել «խա­ղաղ պայ­ման­նե­րու» մէջ:

Այս բո­լո­րին լոյ­սին տակ յստակ է նաեւ, որ մօ­տիկ ան­ցեա­լին, որ­պէս 8 եւ 14 Մար­տի գլխա­ւոր ա­ռաջ­նորդ հա­մարուող գոր­ծիչ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն պա­հել ի­րենց «ա­ռաջ­նա­կարգ» դիր­քե­րը:

Թե­րեւս ա­նուա­նում­նե­րը փո­խուած են, ստեղ­ծուած են նոր դա­շինք­ներ եւ քա­ղա­քա­կան հրա­պա­րա­կի «կար­կան­դակ»ը «կի­սուած է» հա­ւա­սա­րա­զօր բա­ժին­նե­րու:

Լի­բա­նա­նը այ­սօր ալ ու­նի բա­ւա­կան բարդ հար­ցեր, ո­րոնց ա­մե­նէն էա­կա­նը սու­րիա­ցի փախս­տա­կան­նե­րուն հարցն է: Ա­սոր վրայ պէտք է գու­մա­րել երկ­րի տնտե­սա­կան տագ­նա­պը, ան­գոր­ծու­թիւ­նը ու աշ­խա­տա­ւոր խա­ւին ամ­սավ­ճար­նե­րու յա­ւել­ման խնդի­րը:

Այս ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կին մէջ չէ բա­ցա­ռուած նաեւ, որ Լի­բա­նա­նի յա­ռա­ջի­կայ տագ­նապ­նե­րը բխին երկ­րի խոր­քէն ու աշ­խա­տա­ւո­րա­կան խա­ւե­րուն շուրջ բո­լո­րուող քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թիւ­նը դառ­նայ հիմ­նա­կան ուժ երկ­րին մէջ նոր օ­րա­կարգ կազ­մե­լու հա­մար:

Յի­շեց­ման կար­գով պէտք է նշել 2015 թուա­կա­նի ամ­րան տե­ղի ու­նե­ցած բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րը, ո­րոնք երկ­րի­րը կրնա­յին դնել բա­ւա­կան սուր տագ­նապ­նե­րու առ­ջեւ:

Հոն բա­ցա­կա­յո­ղը քա­ղա­քա­կան «մեծ յոր­դոր»ներն էին ու ներ­կայ ե­ղո­ղը լի­բա­նան­ցի պարզ քա­ղա­քա­ցիին մտա­հո­գու­թիւն­ներն ու խնդիր­նե­րը, ո­րոնք հիմ­նուած էին շատ ար­դար եւ ի­րա­ւա­ցի պա­հանջ­նե­րու վրայ:

Ի վեր­ջոյ 14 Մար­տի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը կամ ո­րե­ւէ քա­ղա­քա­կան ուժ այ­սօր ստի­պուած է վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել իր տե­սու­թիւն­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ Լի­բա­նա­նի ներ­քին ու կեն­ցա­ղա­յին հար­ցե­րը սկսած են շատ ա­ւե­լի հնչե­ղու­թիւն ու­նե­ցող հար­ցեր դառ­նալ, քան իս­րա­յէ­լա-ա­րա­բա­կան հա­կա­մար­տու­թիւ­նը, կամ Ռիատ-Թեհ­րան բազ­մաբ­նոյթ լա­րում­նե­րը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

շար. 2 եւ վերջ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2017