ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԵՐԺՈՒՄ ԵՒ ՄԵՆԻՇԽԱՆ ԸԼԼԱԼՈՒ ԱՆՀԵՌԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

Ապահովաբար COVİD-19-ը չէր, որ պատճառ կը դառնար Հայաստանի ներքաղաքական «ստուերային» կեանքի անխաղաղութեան։ Ճիշդ է, որ համաճարակէն առաջ թէ՛ հանրութիւնը եւ թէ պետական լծակները կը փորձէին իրենց կարելին ընել եւ ծրագրուած կերպով գործել, որպէսզի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդած «թաւշեայ» կառավարութիւնը կարողանայ սեղանին վրայ եղած հիմնահարցերը մէկ առ մէկ լուծել, սակայն այսօր ստեղծուած ընդհանուր պատկերը ցոյց կու տայ, որ երկու տարուան կենսագրութիւն ունեցող իշխանութիւնը կը տատանի։

Ի հարկէ, բազում են այդ տատանման պատճառները, բայց եւ այնպէս փաստ է, որ այս կառավարութիւնը չընդունելով անցնիլ արագ եւ ճիշդ լուծումներ որդեգրելու գործելաոճին՝ ոչ միայն տեղքայլի մէջ մնաց, այլեւ յետադիմեց։

Այս բոլորէն անդին, ամենամտահոգիչը այն է, որ նոյն անվճռականութեան հետեւանքով Հայաստանի մէջ օրըստօրէ սկսած է աւելի երեւելի դառնալ ամենաթողութեան բաւականին վտանգաւոր մթնոլորտ մը, որուն առաջքը առնելը պէտք է ըլլայ ներկայ իշխանութիւններուն հիմնական պարտականութիւնը։

Խնդիրը միայն ընկերային ծանր վիճակ, անգործութիւն ապրող կամ օրուայ հացի կարօտ եղող քաղաքացիներու թիւի աճը չէ, այլ նաեւ այսօրուան պատասխանատուներուն կամ նոյնիսկ երկիրը ղեկավարող գլխաւոր եւ առաջին դէմքերուն խօսքի արժանահաւատութիւնը կասկածի դնող եւ յուսալքուած մարդոց թիւի աճն է, որ Հայաստանը կրնայ առաջնորդել ոչ-ցանկալի տեղեր։ Այս խօսքի ամենավառ փաստը՝ շաբաթ մը առաջ Հայաստանի Գաւառ շրջանին մէջ տեղի ունեցած միջադէպն է, որուն ընթացքին Գաւառի հարեւան Նորատուզ գիւղի բնակիչներ անհատական սովորական վէճը կը վերածէին մեծ բախումի եւ կը յարձակէին ու մեծ աւերածութիւններ կը կատարէին տեղւոյն հիւանդանոցին վրայ, ուր աւելի վաղ փոխադրուած էին այդ միջադէպին հետեւանքով վիրաւորուած քաղաքացիներ։

Այս փաստը կարեւոր եւ երեւելի ցուցանիշ մըն էր, որ այսօր Հայաստանի մէջ ինչպիսի արք ու բարք կը տիրէ. բան մը, որուն գլխաւոր պատասխանատուները հանրութեան հետ գեղեցիկ խօսքերով եւ նոյնիսկ զուարթաոճ բառերով խօսիլ փորձող երկրի առաջին դէմքերն են։

Այս կարեւոր դրոյթէն անդին ալ կայ նաեւ հարցերը մինչեւ վերջ չտանելու, յաճախ առկայ խնդիրները չդասակարգելու կամ նոյնիսկ անոնց վերջնական լուծումներ չբերելու խուսափելիութիւնը, որ կրնայ բաւականին ծանր հարուած տալ ժողովրդականութեան թեւերով յեղափոխութիւն կատարած իշխանութիւններուն։

Տակաւին կայ մօտեցում, որ երկար ժամանակ Հայաստանը ղեկավարած ուժերը, որոնք այսօր կը համարուին «նախկիններ», որոնք զանազան մակարդակներու վրայ էականօրէն մերժուած են, այսօր եւս կը շարունակեն սխալ մօտեցումներով գործել եւ նոր մեթոտներու կամ նոր կեդրոնական դէմքերու բացակայութեան հետեւանքով ուժեղացնել գործող իշխանութիւններու ընդհանուր իրավիճակը։

Այս բոլորէն անդին Հայաստանը կը յապաղի, մեր երկիրը կ՚ուշանայ ու այդ ուշացումները՝ ըլլան անոնք անվճռականութեան կամ նոյնիսկ հեռանկար կամ ռուսական անկեղծ նեցուկ չունենալու հետեւանքով, կրնան փոշիացնել ժողովրդավարութեան եւ ամբոխավարութեան առագաստներով հպարտացող ներկայ իշխանութիւնները, որոնք իրենց սխալները եւ յապաղումները կը շարունակեն երգել հին արջի նոր երգը, ըստ որուն այս օրուան բարդ դրութեան մէկ ու միակ գլխաւոր պատասխանատուն հիներն էին, իսկ իրենք որ հանդէս կու գան նորի դիրքերով եւ նպատակադրած են նորը բերել այս երկրին, կարծես ճառահատեալ են ու սպառած։

COVİD-19-ը զանազան առումներով նոր ժամանակներ պիտի բանայ մեր կեանքի հորիզոնին վրայ։ Ի հարկէ, կան մեծ դժուարութիւններ, որոնք եթէ իշխանութիւնները չկարողանան յաղթահարել՝ կրնան շատ սուղ գին վճարել։

Ամէն պարագայի փորձելով իմ ընթերցողներուն կարեւոր շեշտադրումներ ներկայացնել Հայաստանի վերջին երկու տարիներու քաղաքական կեանքի կարեւոր զարգացումներուն մասին, յաջողեցայ զրուցել մեր թերթի լաւ բարեկամ, գրող, հրապարակախօս Տիգրան Պասկեւիչեանին հետ։

*

-Համացանցի վրայ երեւցած ձեր գրառումներէն նկատեցինք, որ այդքան ալ գոհ չէք ներկայ իշխանութիւններու ընդհանուր գործելոճէն. ի՞նչ կը պակսի այս իշխանութեան։

-Ես միշտ դժգոհ եղած եմ «ներկայ» իշխանութիւններու գործելաոճէն, որովհետեւ բոլոր իշխանութիւններուն մօտ կը բացակայի հանրութեան հետ հաղորդակցելու, հանրութիւնը ներգրաւելու ձիրքը, մարդու հետ հաշուի նստելու ունակութիւնը։ Բոլոր իշխանութիւնները, այդ շարքին նաեւ՝ ինծի համար շատ յարգելի «Հայոց համազգային շարժում»ը, կանգնած են նոյն փոցողի վրայ. «Դուք հանգիստ եղէք, մենք գիտենք ինչ կ՚ընենք»։ Սա ընդհանրապէս, իսկ մասնաւորապէս այս իշխանութենէն դժգոհ եմ դանդաղկոտութեան եւ անվճռականութեան համար։

-Կայ կարծիք, որ քորոնա վարակի աւարտով աշխարհը պիտի մտնէ նոր փուլ ու շարք մը երկիրներու ղեկավարներ սուղ գին պիտի վճարեն իրենց վարած քաղաքականութեան եւ թոյլ տուած սխալներուն համար. Փաշինեանը անոնցմէ մին է՞։ Ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին։

-Քորոնա վարակը աշխարհի մէջ կենսափիլիսոփայութիւն պիտի փոխէ։ Աղօթենք, որ Հայաստանի իշխանութիւններն ալ իրենց աշխարհայեացքը փոխեն։

-Այս իշխանութիւնները քննադատողներէն շատեր ունին այն կարծիքը, թէ վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութեան համար կայ մէկ ու միակ գերագոյն խնդիր, որն է՝ հալածել նախկին իշխանութիւնները եւ թիրախ դարձնել երկու նախագահները. կա՞յ նման բան։

-Քննադատողներէն շատերը «հալածել» զայն անտեղի օգտագործելով՝ թիւր պատկեր կը ստեղծեն։ Բազմիցս ըսած եմ, կրկնեմ՝ նախկին իշխանութիւններու որոշ ներկայացուցիչներ ոչ թէ կը հալածուին, այլեւ պատասխանատուութիւն կը կրեն իրենց գործած յանցանքներու համար։ Հալածանք կ՚ըլլար, եթէ «Հանրապետական» կուսակցութեան բոլոր անդամները բանտերը ըլլային։ Անոնք ազատութեան մէջ են եւ կը շարունակեն տնօրինել շատ լուրջ տնտեսական եւ լրատուական լծակներ։

-Երբ Փաշինեան եւ իր գաղափարակիցները իշխանութեան հասան, կար կարծիք, որ իշխանութեան շարքերուն մէջ կային մեծ թիւով անփորձ անուններ։ Այսօր եւս կը նկատենք, որ վարչապետը իր իշխանութեան երկրորդ տարուան սեմին չկարողացաւ լաւ խումբ մը կազմել։ Առկայ է պարապութիւն, արդեօք այդ պարապութիւնը գաղափարակա՞ն է, թէ՞ լաւ անձնակազմը, մասնագէտները արդէն իսկ հիասթափուած են այս իշխանութիւններէն։

-Մէկ անգամէն մի քանի տարողունակ հարց տուիք։ Պիտի փորձեմ առանձնացնել եւ մէկ առ մէկ պատասխանել։

ա) Քաղաքական որեւէ ուժ երբ յեղափոխութեամբ իշխանութեան կու գայ, իր շարքերուն մէջ, պետական կառավարման մարմիններուն եւ այլուր ի յայտ կու գան մեծ թիւով անփորձ մարդիկ։ Այդ բնական է։ Այդպէս էր նաեւ 1990-ականներու սկիզբը, երբ հասարակութիւնը յաճախ չէր ընկալեր սովորականէն տարբեր մարդոց ներկայութիւնը եւ մասնակցութիւնը։

բ) Վարչապետի ամենամեծ վրիպումը շրջապատ ձեւաւորելու հարցով ունեցած թեթեւամտութիւնն է, որ, ի հարկէ, կը բխի իր եւ քաղաքական իր խումբի ամբոխահաճոյ կեցուածքէն։ Բայց Օսիփեանը, Վանեցեանն ու միւսները արդիւնքն էին ոչ միայն քաղաքական թեթեւամտութեան, այլեւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան մէջ պատահած քատրային երաշտի։

գ) Վարչապետը կը հրաժարի այլ ուժերու աջակցութենէն եւ այդ ցանկութիւնը հիմնականին մէջ կը բխի միանձնեայ ու մենիշխան ըլլալու անոր, մեղմ ըսած՝ անհեռատես վարքէն։

-Խնդիր է նաեւ իշխանափոխութեան հարցը, այն իմաստով, որ թարմ եւ առողջ քաղաքական ուժերու բացակայութիւնը պարզ քաղաքացին կը դնեն այլընտրանք չունենալու հարցին առջեւ։ Այդ պատճառով ալ հասարակութեան մեծ տոկոսը իր մտքին մէջ կ՚ըսէ. «աւելի լաւ է Նիկոլը մնայ, քան թէ հիները վերադառնան»։ Այս մասին ի՞նչ կը մտածէք։

-Չեմ հաւատար, թէ նախկինները վերադառնալու որեւէ հնարաւորութիւն ունին։ Անոնք սկիզբէն սխալ կեցուածք որդեգրեցին՝ կարծելով, թէ յեղափոխութեան հետեւանքով ոչ թէ պարտուած են, այլեւ ձեւափոխուած են։ Մէկ անգամէն ընդդիմութիւն դարձան՝ չհասցնելով, աւելի ճիշդ, չփորձելով վերաիմաստաւորել պարտութեան պատճառները։ Երբ Սերժ Սարգսեանի ամենամերձաւորը երկարաշունչ ու անհամ նամակ կը գրէ, ինքն ալ չ՚ենթադրեր, որ կը նպաստէ այս իշխանութեան երկարակեցութեան, ես կ՚ըսէի նոյնիսկ՝ յաւերժացման։

-Երեսուն տարուան կենսագրութիւն ունեցող Հայաստանի պետութեան համար գերագոյն խնդիր կը շարունակէ մնալ պետութիւնը իշխանութենէն զատորոշելու խնդիրը՝ այն իմաստով, որ ոչ մէկ ղեկավարութիւն իշխանութեան գալէ ետք կարողացաւ եւ մանաւանդ ուզեց շարունակել նախկին իշխանութեան, առնուազն լաւ մէկ ծրագիրը կամ մօտեցումը։ Ի՞նչ է իրական պատճառը անընդհատ հինը բնովելու, «սեւցնելու» եւ նոյնիսկ լաւ կէտերը, ծրագիրները անտեսելու եւ «այրելու» այս մօտեցման. սա քաղաքական մոլուցքի արդի՞ւնք է, կա՞մ ընդամէնը սնապարծութեան հետեւանք։

-Կրթութեան խնդիր ունինք, որ չենք կրնար լուծել։ Ամէն ինչ անկէ կու գայ։ Իշխանութիւնն ու պետութիւնը զանազանել չկարողանալն ալ քննադատող միտքի սղութեան հետեւանք է։ Ոչ ոք իրեն հաշիւ կու տայ, որ Խորհրդային Հայաստանի ընթացքի գրեթէ կէսի չափ՝ արդէն երեսուն տարի, անկախ Հայաստան ունինք։ Հիմքերը շօշափելու փոխարէն պատերու գոյնն ու դրան բռնակներու ձեւը կը քննարկենք։

Եթէ այս օրուան իշխանութիւնը ըսէր՝ ամուր հիմքերով անճոռնի տուն ունինք, կը հաւատայի, որ եկած են գործ ընելու։ Բայց կ՚ըսեն՝ մենք աննախադէպ ենք, մեզմէ առաջ ոչինչ եղած է, միաժամանակ, սակայն, հլու-հնազանդ կ՚ենթարկուին նախորդներու ստեղծած օրէնքներուն եւ ձախողումները կը բացատրեն անոնց անկատարութեամբ։ Եթէ յեղափոխական էք, «Էնթերնասիոնալ»ը երգեցէք, այնտեղ կ՚ըսուի, չէ՞. «Այս հին աշխարհը կը փորենք մենք / մինչեւ հիմքերը, եւ յետոյ / մեր նոր աշխարհը կը շինենք մենք…» եւ այլն։ Բայց իրենք ալ գիտեն, որ ատոր կարիքը չկայ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2020