ՄԵՐ ՕՐԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ա.- ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԽԵՂԱԹԻՒՐՈՒՄ

ՄՈՒՏՔ

Պսակաձեւ ժահրի տիրապետութենէն առաջ ու անոր մարումէն ետք, կար ու պիտի մնայ իրական աշխարհ մը, որուն ելեւէջները շա՛տ աւելի մնայուն ու հեռահաս ազդեցութիւն ունին ժողովուրդներու կեանքին ու առօրեային վրայ: Այդ աշխարհին պաստառը կազմուած է բազմաթիւ գոյներէ, որոնք կը կոչուին քաղաքական կեանք, տնտեսութիւն, մշակոյթ, գիտական ոլորտներ՝ իրենց ստորաբաժանումներով հանդերձ:

Համաճարակին անցողիկ կեանքէն անդին՝ մնայուն այս աշխարհին, անոր կառավարման մէջ, պատկառելի տեղ ունին պետական իշխանութիւններն ու զանոնք պետական դիրքերու հասցնող՝ քուէարկող զանգուածը: Ասոնք կը կազմեն քաղաքական աշխարհին գլխաւոր «հումքը»: Ընտրելու արարքով, քաղաքացին կիրարկողն է հին ու նոր դարերու ամենէն կարեւոր արժէքներէն մէկուն՝ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ, որուն էական իմաստը այն է, որ հասարակութիւնը՝ զանգուածը, իր ազատ կամքով, կ՚ընտրէ ներկայացուցիչներ՝ երեսփոխան, նախագահ, շրջանային կառավարիչներ եւ այլն, որոնց կը վստահի երկրին ու ժողովուրդի կեանքին կառավարումը, իրաւունք ունի հետեւելու անոնց աշխատանքին, զայն նկատել գոհացուցիչ, այլապէս՝ ունի օրինական ձեւեր՝ արտայայտելու իր դժգոհութիւնը: Այդ ձեւերուն մաս կը կազմեն ցոյցերը, հանրաքուէ. ընտրողը ի հարկին նաեւ կրնայ դիմել ոչ-բաղձալի՝ բիրտ քայլերու, մինչեւ իսկ չբաւարարող իշխանութիւն մը տապալելու միջոցին: Պատմութիւնը արձանագրած է նաեւ իշխանաւորներու գլխատում, գնդակահարութիւն եւ այլ բիրտ դրսեւորումներ:

Քաղաքակիրթ աշխարհը այսօր ինքզինք սկզբունքով հասցուցած է հոն, ուր ժողովրդավարութիւնը ըստ ամենայնի կը կիրարկուի, պէ՛տք է կիրարկուի համաձայն երկրին ու ժողովուրդի զանգուածներու շահերուն, բոլորին ապահովելու համար հանգիստ, տանելի  ապրուստ եւ անոր նախադրեալները: Մարդիկ քիչ թէ շատ ունին այն զգացումն ու բաւարարութիւնը, թէ իրենց քուէն է վճռողը, թէ՝ կայ քուէարկողներու՝ հակադիր խմբաւորումներու միջեւ ազնիւ մրցակցութիւն, մեծամասնութիւնը կը շահի իշխելու իրաւունքը, իսկ փոքրամասնութիւնը պաշտպանուած կ՚ըլլայ իշխողին կողմէ, անոր իրաւունքներն ու տեսակէտները պէտք չէ բռնաբարուին, պէտք չէ անտեսուին, մինչեւ իսկ պէտք չէ լուսանցքայնացուին, որովհետեւ, ի վերջոյ, որեւէ տեսակէտ կամ ծրագիր մշակող-պաշտպանող՝ միայն անհատի մը կամ չնչին փոքրամասնութեան մը շահերը պաշտպանելու չ՚ելլեր, պէտք չէ ելլէ, այլ իր մեկնակէտն ու վախճանական նպատակակէտը պէտք է ըլլայ բոլորին շահերուն եւ ապրուստի ապահովութեան պաշտպանութիւնը, անկախ անկէ, թէ խմբաւորումներու տեսակէտներուն միջեւ մի՛շտ ալ կ՚ըլլան տարբերութիւններ, որոնք սակայն չեն կրնար անտեսել, ոտնակոխ ընել ընդհանրականը (իսկ այսօրուան իրականութի՞ւնը…): Կը պատահի նաեւ, որ երկրի մը մէջ ստեղծուի ստիպողական այնպիսի վիճակ, այնպիսի ծանր տագնապ, որ ամենէն անհաշտ հակառակորդներ անգամ տեղ մը կը համոզուին, թէ պէտք չէ կարմիր գիծեր կտրել, ուրեմն, նոյն սեղանին կը նստին եւ կը գոյացնեն համախոհութիւն, որ քաղաքական բառարանին մէջ արձանագրուած է «համակեցութիւն» եզրով:  Մասնակի՝ խըմ-բակցային-կուսակցական եւ այլ նկատառումներ կը նսեմանան՝ ի շահ երկրին ու ժողովուրդին շահերուն (իսկ թէ գործնականին մէջ որքա՞ն կը յաջողին՝ այլ հարց):

ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Եթէ վերոյիշեալ հաստատումները լիովին, կամ առաւելագոյն չափով իրականանային, պիտի ապրէինք ներկայէն շատ աւելի՛ ապահով ու արդար աշխարհի մը մէջ, սակայն Ժողովրդավարութիւն հասկացութեան բանաձեւումէն ու բիւրեղացումէն ասդին, սկսեալ Պղատոնի օրերէն, անցնելով կանուխ եւ ուշ միջնադարերէն, ու հասնելով քաղաքական մտածողութեան զարգացման նորագոյն շրջաններ՝ մինչեւ մեր օրերը, այս բոլորը մեծ մասամբ կը մնան տեսութիւններու ոլորտին մէջ, գիրքերու եւ դասախօսական ամպիոններու շրջագիծին մէջ (չենք անտեսեր դարերու ճիգի արդիւնք՝ որոշ զարգացում): Իսկական ժողովրդավարութիւնը կը խեղաթիւրուի, կը չարաշահուի, մինչեւ իսկ ընթացք կը տրուի այնպիսի գործողութիւններու, որոնք զանգուածին մէջ կը ստեղծեն այլանդակ ու իրականութեան հակառակը արտայայտող խաղերու մասնակիցի տպաւորութիւն, հարկադրանք: Մէկ խօսքով՝ պատրանք կամ խաբկանք: Մարդիկ կը մտածեն, որ սա է կարելին, աշխարհն ու մարդկային կեանքը երբեք պիտի չըլլան կատարեալ: Մինչեւ իսկ չեն անդրադառնար, որ կարելի լաւին սահմանները անհասանելի չեն, մինչեւ իսկ եթէ զանգուածը կը ձգտի իտէալական կատարելութեան: Եւ այս «խաղերը» կը բեմադրուին թէ՛ իրենք զիրենք լաւագոյն ժողովրդավարութիւնը սեպող երկիրներու եւ թէ, մինչեւ իսկ, ամենէն բռնատիրական վարչակարգերու լուծին տակ:

Մեր նպատակը տեսաբանական նիւթերու, հարցերու մէջ մխրճուիլ չէ, այլ լուսարձակ բերել կարգ մը իրականութիւններու վրայ, որոնք յաճախ կը վրիպին մեր ուշադրութենէն, մէկ կողմէ՝ աշխարհը ցըն-ցող իրադարձութեանց, միւս կողմէ՝ մարդոց ուշադրութիւնը ոչ-էական իրադարձութեանց վրայ սեւեռելու պետական մարդոց ու անոնց արձագանգող մամուլին դերակատարութեան պատճառով: Կրնանք թուել բազմաթիւ այլ պատճառներ ալ, սակայն բաւականանաք այս երկու գլխաւոր գիծերով:

(…) Պարագան կը տարբերի, երբ աչքի առջեւ բերենք այսպէս կոչուած՝ Ազատ աշխարհի երկիրները, ուր ընտրական փոթորիկներէ բարձրացող փոշիները, արդարատենչ յեղափոխութիւններու ստեղծած աղմուկը կը ծառայեն դաժան իրականութեանց վարպետօրէն քօղարկման, յանգելու համար նոյնինքն ժողովրդավարութենէն բարիք սպասող զանգուածներուն մոլորումին, զանոնք խաբկանքի մթնոլորտի մէջ պահելու մեքենայութիւններուն զոհը դառնալուն, մինչեւ իսկ անոնց շահագործման: Այս ու նման զարգացումներ համապատասխան արձագանգներ կը գտնեն նաեւ մեզ անմիջականօրէն շահագրգռող՝ Հայաստանի ու Լիբանանի պէս երկիրներու բեմերուն վրայ:

Եթէ պահ մը կեդրոնանանք ինքզինք Ժողովրդավարութեան դրօշակիրներէն հռչակող՝ Միացեալ Նահանգներուն վրայ, առանց շատ չտարածուելու՝ աչքի առջեւ բերել վերջին մէկ-երկու տասնամեակներու զարգացումները, կրնանք աւելի յստակ պատկերով պարզել մեր դիտարկումները: Իսկ բացայայտ է, որ այսօր, ամբողջ աշխարհի աչքերը սեւեռած են Միացեալ Նահանգներու վրայ, համակիր թէ հակադրուող՝ զայն կը նկատեն տիպար օրինակ, թէ՛ անոր վարքագիծին հետեւելու եւ թէ զայն չընդօրինակելու մօտեցումով: (Ուղղամտութիւնը կը թելադրէ յիշատակել նաեւ, որ խեղաթիւրումներ միշտ ալ եղած են. մեր սեւեռակէտը այսօրուան աշխարհն է, այժմու փուլը):

Մանրամասնութեանց մէջ մտնելէ առաջ, արձանագրենք, որ Միացեալ Նահանգներ եւ եւրոպական զարգացած այլ երկիրներ օրինակելի շատ բան ունին Երրորդ Աշխարհի կամ թերաճ երկիրներուն համար, սակայն պէտք է զգուշանալ տարուելէ այն տեսութեամբ, թէ ինչ որ Ամերիկայէն կու գայ՝ պէտք է առանց հարց ու փորձ ընելու, առանց բանականութեան պրիսմակէն անցընելու որդեգրել: Զգոյշ եւ դատող ըլլալու համար, քաղաքական կեանքին կողքին, անշուշտ կան մշակութային եւ այլ ոլորտներ, սակայն անոնց քննարկումը այլ հարց է, առանց բոլորովին տարանջատուելու էականէն:

Բ.- ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ԽԵՂԱԹԻՒՐՈՒՄԸ

Ժողովրդավարութեան կենսափորձի ամենէն պարզ արտայայտութիւնը՝ երկրի մը մէջ բազմակուսակցական դրութիւնն է, տարբեր մտածումներ ու հայեցակէտեր ունեցող մարդոց համախմբումը՝ այս կամ այն կուսակցութեան դրօշին տակ, յետոյ նաեւ՝ անոնց միջեւ ազնիւ մրցակցութիւնը, վասն երկրին եւ ժողովուրդին ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ շահերուն:

Միացեալ Նահանգներու քաղաքական կեանքը շատ երկար ատենէ ի վեր կը գտնուի երկու գլխաւոր կուսակցութիւններու տիրապետութեան տակ. Դեմոկրատ ու Հանրապետական: Կան այլ կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, որոնցմէ մաս մը կարելի չէ նոյնիսկ կուսակցութիւն կոչել, որովհետեւ անոնց մէջ համախմբուած են մարդիկ, որոնք կը հետապնդեն այս կամ այն բարի նպատակը, կը փորձեն լուծել որոշ տագնապներ: Ամենէն պարզ օրինակը՝ կենսոլորտի ու բնութեան պաշտպաններու կամ ցեղային ու սեռային խտրականութեան դէմ ճակատողներու համախմբումներն են: Ընկերային որոշ բարեկարգում հետապնդող կարգ մը կազմակերպութիւններ կամ համախմբումներ իսկ չեն կրնար լիարժէքօրէն դասուիլ լայնածիր գաղափարներու վրայ կերտուած կուսակցութիւններու շարքին, անկախ՝ որ բոլորն ալ կրնան ըլլալ յարգելի եւ կրնան վայելել համակրանք: Եւ իսկապէս, ո՛չ ոք կը ժխտէ, որ նման խմբաւորումներ ունին յստակ տեսլական, կը հետապնդեն հասարակութեան բարիք խոստացող աշխարհի մը իրականացումը, սակայն ըստ ամենայնի, անոնց մօտ տկար կը մնան, կամ՝ անհրաժեշտ հնչեղութեամբ չեն դրսեւորուիր համապարփակ հարցերը:

ԱՆՀԱՏԻ՞, ԹԷ՞ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Արդ, աչքի առջեւ ունենալով տիրապետող երկու կուսակցութիւնները, ըստ երեւոյթին, անոնց գաղափարական հակադրութիւնն ու անկէ բխող մրցակցութիւնը յենակէտ ունին դրամատիրական «ազատականութիւնը» կամ որոշ չափով ընկերվարութիւն որդեգրելու ընտրանքները (հանրապետականները եւս ունին ընկերվարական որոշ կիրարկումներ, սակայն կը զարհուրին Ընկերվարութիւն հասկացութենէն, զայն համադաս կը նկատեն համայնավարութեան եւ իրենց ընտրապայքարներուն մէջ ալ կը ցուցաբերեն այդ մօտեցումը. (Օրինակի համար, Պըռնի Սէնտըրզ մը կը հռչակուի ընկերվարական ու համայնավար, կը դառնայ վարկաբեկ):

Գաղափարական հակադրութիւնները, մասնաւորաբար նոր աշխարհին մէջ, յաճախ կը մնան լուսանցքի վրայ, այն իմաստով, որ ընտրապայքարներու փուլերուն, անոնք ըլլան նահանգային, դաշնակցային կամ նախագահական, լուսարձակները կը կեդրոնանան ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒ, եւ ո՛չ թէ անոնց կուսակցութեան ծրագրերուն վրայ:

Առնենք նորագոյն ընտրապայքարի օրինակը, առանց շատ տարածուելու:

2016-ին նախագահ ընտրուած Տանըլտ Թրամփ, յառաջիկայ նոյեմբերի ընտրութեանց համար, ըստ էութեան մրցակից չունի իր կուսակցութեան մէջ: Նոյնն էր պարագան Պարաք Օպամայի, երբ ան կը պատրաստուէր 2012-ի ընտրութիւններուն: Անդին, դեմոկրատները առաջին փուլին հրապարակ եկան շուրջ 20 թեկնածուներով (կային նաեւ մանր թեկնածուներ, որոնց անուններն անգամ լայն յիշատակութիւն չգտան), յետոյ, ընտրապայքարի իրերայաջորդ փուլերուն, թեկնածուներու տերեւաթափ տեղի ունեցաւ, մինչեւ որ մաղին մէջ մնաց միակ թեկնածուն՝ Ճօ Պայտըն: Չմոռնանք, որ 2016-ին, նոյն խաղը խաղացուեցաւ հանրապետականներու զօրակայանին մէջ. Թրամփ ունէր 18 գըլ-խաւոր մրցակից, նմանապէս բազմամարդ էր դեմոկրատ Հիլըրի Քլինթընի կուսակից մրցակիցներու ցուցակը:

Դեմոկրատներու այս տարուան ընտրապայքարին մօտէն-հեռուէն հետեւողը ականատես ու ականջալուր եղաւ այնպիսի հակադիր տեսակէտներու, անհատական տարակարծութիւններէ անդին գացող՝ գաղափարական մրցակցութիւններու, որոնք մտածել կու տան, թէ արդեօք այս մարդիկը իսկապէս նոյն կուսակցութեան անդա՞մ են, թէ՞ այդ անունին տակ կը ներկայացնեն բաւական անհաշտ բեւեռներ: Նախկին ընտրապայքարներուն ալ, իւրաքանչիւր կուսակցութեան մէջ մրցակիցներու ներկայացուցած խճանկարը շատ տարբեր չէր: Ճիշդ է, որ նոյնինքն Ժողովրդավարութիւնը կ՚իմաստաւորուի՝ երբ տարբեր կուսակցութիւններ հանդէս կու գան հակոտնեայ կամ բեւեռային տեսակէնտերով, ծրագիրներով եւ տեսլականներով, նոյնքան ալ ընդունելի է ու բնական, որ որեւէ կուսակցութեան մէջ ըլլան ներքին հոսանքներ, ըլլան «աջեր», «կեդրոնի մարդիկ», «ձախեր», սակայն հարցը բոլորովին տարբեր բնոյթ կը ստանայ, երբ նոյն կուսակցութեան անդամները հրապարակ կու գան ամէն սահման կտրող հակադրութիւններով, տակաւին, երբեմն նոյն կուսակցութեան մրցակիցները իրարու դէմ կը հասնին ցեխարձակումի այնպիսի վարպետութեան, որ մարդ կը մտածէ, թէ հակառակորդ կուսակցութեան ախոյեաններուն բան մնա՞ց…: Իսկ այդ բոլորէն ետք, վերջին փուլին, իրարու դէմ կ՚ելլեն-կը հանուին այնպիսի ախոյեաններ, որոնք եթէ մինչեւ իսկ կը շահին իրենց կուսակիցներու զօրակցութիւնը (հիմա Պայտըն այդ ճամբուն մէջ է), ընտրողը ի վերջոյ կ՚անդրադառնայ (արդեօք կ՚անդրադառնա՞յ), թէ ստիպուած է ընտրութիւն մը կատարել ախոյեաններու միջեւ, որոնք հանդարտ դատողութեամբ՝ երբեք ալ նախընտրելիներ չէին: Եւ իսկապէս, նախորդ ընտրութիւններէն մօտաւորապէս 4 տարի ետք, այսօր ո՞վ կրնայ ձեռքը խղճին վրայ դնելով ըսել, որ ընտրեալը լաւագոյնն էր, իսկ պարտեալը, շահելու պարագային, աւելի լաւ մէկը պիտի ըլլար: Այսինքն, քուէարկողները արդեօք երէկ Քլինթըն-Թրամփ զոյգէն աւելի լաւ երկընտրանքի մը արժանի չէի՞ն, այսօր ինչո՞ւ հարկադրուած պիտի ըլլան ընտրութիւն կատարել Թրամփի մը եւ Պայտընի մը միջեւ, որոնց թերի վկայականները աղաղակող են: Միացեալ Նահանգներու պէս երկիր մը չի՞ կրնար «արտադրել» իսկապէս կարող եւ իմաստութիւն ունեցող նախագահ մը…

Տխուր իրականութեան մէջ կը ցոլան քանի մը ճշմարտութիւն: Արձանագրենք գոնէ երկուքը:

Ինչպէս նշեցինք, կուսակցութիւնները արժեզրկուած են, որովհետեւ նախ՝ թեկնածուները հրապարակ կու գան ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ծրագիրներով, որոնք յաճախ նուազագոյն չափով կ՚արտայայտեն տուեալ կուսակցութեան տեսլականները: Մինչդեռ, կուսակցութիւններու մրցակցութեա՛ն վրայ հիմնուած ընտրապայքար՝ պիտի նշանակէր նոյնինքն կուսակցութեան ղեկավարութեան կողմէ բոլորին տեսլականները մէկտեղող, համադրող եւ զանոնք տուեալ կուսակցութեան գաղափարական տարազին պատշաճեցնող համապարփակ ծրագիրով մը ներկայանալը, այսինքն, կուսակցութիւնը ըլլար ծրագիրին վերին հեղինակը, իսկ թեկնածուն եւ իր կողքին իշխանութիւն դառնալիք խըմ-բակը ըլլային այդ ծրագիրը իրականացնողը, գիտակ ու կարող մարդիկ, եւ ո՛չ թէ դրածոներ…: Նման դրութիւն բնականաբար չի նշանակեր տեսակ մը «միակուսակցականութիւն», որովհետեւ ի վերջոյ բուն մրցակցութիւնը պիտի կատարուի ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ, անոնց մարմնաւորած ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐՈՒՆ, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ դեռ՝ շատ ու շատ մարզերու մէջ լաւագոյնին հասնելու պատկերացումներուն եւ ոչ թէ… դեղին կամ սրճագոյն մազ ունեցողներուն, սպիտակամորթին ու սեւամորթին միջեւ:

Իրական պատկերը կը բացայայտէ (եթէ թափանցենք պատկերին խորքը եւ տեսնենք նաեւ ա՛յս իրականութիւնը), որ իւրաքանչիւր թեկնածու խորքին մէջ ո՛չ թէ կուսակցութեան մը կամ անոր այս կամ այն թեւին ներկայացուցիչն է, այլ անոր թեկնածութիւնը յառաջ կը մղեն վարագոյրին ետին գործող մեծ ուժեր, ընդհանրապէս՝ նիւթական մեծ կարողութիւններ կուտակած ընկերութիւններ կամ ընկերութեանց համախմբումներ։ Լաւ պրպտողը կրնայ նաեւ տեսնել, որ նոյն «ուժերը» երբեմն իրենց կառքին կը լծեն հակառակորդ ձիեր, այդպէսով ունենալու համար վախճանական շահաւորի դիրք: (Չենք մոռցած, որ ընտրուելէն կարճ ատեն ետք, Թրափ իր առաջին այցելութեան հասցէ ընտրած էր… Սէուտական Արաբիան, հրապարակաւ ներկայացաւ զէնքերու վաճառորդ-միջնորդի դերով, իսկ վերջերս, նման «միջնորդ»ի դեր ստանձնած է այս կամ այն դեղը վաճառքի հանելու շահագրգռութեամբ): Սա ինքնին շահող թեկնածուն ի սկզբանէ պարտաւոր կը դարձնէ իրականացնել զինք տուեալ աթոռին հասցնողին պահանջներն ու ակնկալութիւնները, եւ ո՛չ թէ իր կուսակցութեան կամ, աւելի՛ն, զինք ընտրող ժողովուրդի՛ն սպասումները: Այսպէսով, կուսակցութիւնները կը դառնան շատ աւելի ձեւական եւ արժեզուրկ:

Բնականաբար պէտք չէ անտեսել միւս իրականութիւնը, որ ներկայ «ժողովրդավար աշխարհ»ին մէջ, եւ ո՛չ միայն՝ Միացեալ Նահանգներու, այս քօղարկեալ բայց աղաղակող իրականութիւնը համատարած է, կը գտնէ բազմագոյն դրսեւորումներ, փորձ կը կատարուի տխուր իրականութիւնը քօղարկելու «կամքի ազատ արտայայտութեան պահպանում»ի պատրանքին ստեղծումով: Երկիրներ ու ժողովուրդներ յուզող, տագնապեցնող իրականութիւններ դուրս կը ձգուին իսկական մրցակցութեան ու պայքարի դաշտերէն, զանգուածը զբաղ կը պահուի մանրուքներով, որոնք հրապարակ կը բերուին խոշորացոյցերու տակ:

Գ.- ԱՆՑՈՂԻԿ ԵՒ ՄՆԱՅՈՒՆ ՎՏԱՆԳՆԵՐ

Միացեալ Նահանգներու մէջ (նաեւ այլուր), կուսակցութեանց իսկական դերակատարութեան ու հեղինակութեան լուսանցքայնացման շօշափելի օրինակներով՝ կարելի է կազմել հատորներ: Նման հատորներ արդէն կան: Նշեցինք, որ կուսակցութիւններ յաճախ կը շեղին, աւելի ճիշդ կ’ըլլայ ըսել՝ անոնց կը թելադրուի, կը պարտադրուի՛ շեղիլ էական հարցերու հետապնդումէն, որպէսզի զանգուածները զբաղ պահուին ցուցականով, մակերեսային ու անհետեւանք զգայացունցով, իրենց կեանքին հետ անմիջական կապ չունեցող զարգացումներով:

Այս բեմադրութեան մէկ աղաղակող օրինակին ականատես եղանք վերջին աւելի քան 6 ամիսներուն (թէեւ արմատները շատ աւելի հինէն կու գան): Ամերիկեան քաղաքական բեմը, անոր հետ ժողովուրդին ու ինչո՞ւ չէ՝ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը ամիսներ շարունակ պատանդը մնաց նախագահ Տանըլտ Թրամփի դէմ ամբաստանութիւններու եւ պաշտօնազրկումը հետապնդող քննարկումներուն: Հաւանաբար ընթերցողս չէ մոռցած, որ նախագահը ամբաստանուած էր, եւ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ դատապարտուեցաւ «Ուքրանիա-կէյթ»ի եւ յարակից յանցանքներով: Թրամփ փրկուեցաւ պաշտօնազրկումէ եւ աւելի ծանր հետեւանքներէ, շնորհիւ Ծերակոյտին «ներողամտութեան»: Չփորձենք ետ երթալ եւ պրպտել, թէ այդ բեմադրութեան վախճանը խորքին մէջ ինչպիսի՛ մեքենայութիւններու պատճառով էր, վարագոյրին ետին շարժողներէն որո՞նք պիտի շահէին կամ վնասուէին Թրամփի հեռացումէն. այդ բոլորը արդէն բաղձալի կամ անբաղձալի անցեալին կը պատկանին: Հարց տանք, թէ նախագահին պաշտօնազրկումը ոգի ի բռին հետապնդող դեմոկրատները արդեօք ա՞յդ օրերուն աւելի ուժեղ հիմնաւորումներ ունէին նման դատ հետապնդելու, թէ՞ սկսեալ այն օրէն, երբ Թրամփ ու անոր նմանները անտարբերութեամբ վարուեցան Պսակաձեւ ժահրին բերած սպառնալիքներուն նկատմամբ: (Անշուշտ կարելի է բանալ նաեւ անսպառ սուտերու եւ ինքնա-ժըխտումներու տոպրակն ալ): Փաստօրէն, «Ուքրանիա-կէյթ»ին հետեւանքով մարդ չմեռաւ, տնտեսական ու ընկերային անհամեմատ տագնապներ չստեղծուեցան, մինչդեռ այս վարակը Միացեալ Նահանգները դարձուց  աշխարհի ամենէն մեծ թիւով վարակեալներ ունեցող ու զոհերը տուող, ընկերային ամենէն ծանր վնասները կրող երկիրը: Սուր եւ իրական տագնապներ են գործազուրկերը, մամուլը արխիւներ կը պրպտէ, ցոյց տալու համար թէ այս վարակը արդէն իսկ Վիեթնամի ահաւոր պատերազմի զոհերէն աւելի մեծ թիւով զոհ խլած է, ու դեռ ճամբու կիսուն ենք: (Պուշի օրով, Էնրոնի տագնապը, իսկ աւելի ուշ՝ տնտեսական անկումին հիմնական պատճառներն իսկ հիմա խաղալիք կը թուին արդէն, իսկ 9/11ի զոհերուն թի՞ւը՝ առանց նսեմացնելու ոճրագործներուն արարքին ահաւորութիւնը…):

Այս նշումներով, չենք ուզեր ըսել, թէ վարակին ծագման եւ տարածման ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ՚իյնայ նախագահին եւ կարգ մը գործակիցներու ուսերուն, սակայն զայն դիմագրաւելու, անհը-րաժեշտ կանխամիջոցները ճիշդ ատենին որդեգրելու անոնց թերացումը անվիճելի է (հոն՝ ուր կանխամիջոցները աւելի կանուխ որդեգրուեցան՝ առանց քաղաքականացուելու, առանց ոչ-գիտական հիմնաւորումներու՝ արձանագրուեցան նուազ վնասներ, հետեւաբար նաեւ՝ բնականոն կեանքի վերադարձի քայլերը սկիզբ առին աւելի կանուխ եւ տրամաբանական ձեւով): Նախագահին ու անոր գործակից-կուսակիցներուն վնասաբեր ձախաւերութիւնները կրնային սկուտեղի վրայ դըր-ւած պարգեւ նկատուիլ դեմոկրատներուն համար, ո՛չ թէ տագնապը ինքնանպատակ քաղաքականացումի տանելու, զայն չարաշահելու իմաստով, այլ ցոյց տալու՝ թէ իշխանութեան վրայ պահուող նախագահն ու իր համբակ գործակիցները ինչպիսի՛ ցնդաբանութիւններով հրապարակ կու գան գրեթէ ամէն օր, մինչեւ իսկ օրը մէկէ աւելի անգամ, սխալ ցուցմունքներով վտանգի տակ կը դնեն քաղաքացիները (տեսանք, թէ ինչպէ՛ս՝ նախագահին կողքին կեցող մասնագէտներ քաղաքավարօրէն կը հերքէին անոր «գիւտերը», որոնք մինչեւ իսկ ստեղծեցին պատկերասփիւռէն առեւտրական ծանուցում կատարողի տպաւորութիւն…): Մինչդեռ, եւրոպական կարգ մը երկիրներու պետական վարիչները, անկախ այլապէս քննադատելի եւ անբաղձալի ուղեգիծերէ, այս իմաստով շարժեցան իմաստութեամբ, հետեւեցան գիտութեան մարդոց եւ մասնագէտներու թելադրանքներուն, ըրին կարելին, բայց անկէ անդին, իրենց ժողովուրդներն ալ տեսան, որ համաճարակը ունի նաեւ անկարելիի սահմաններ…

Նման կրաւորականութիւն՝ դեմոկրատներու կողմէ, կրնայ դիտուիլ իբրեւ ազնիւ վերաբերմունքի արտայայտութիւն, այսինքն՝ խուսափում այս տագնապը աժանօրէն քաղաքականացնելու փորձերէ: Սակայն նախընթաց փորձառութիւնները կը ստեղծեն կասկածներ, թէ ընտրապայքարներուն իրական վարիչները կը մնան լուսարձակներէ հեռու եւ անոնց համար շահեկան չէ նման «փոթորիկ» ստեղծել՝ երբ իրենք պատրաստ չեն, անկէ շահ չեն կրնար ապահովել: Այլ խօսքով, դեմոկրատ եւ հանրապետական՝ տեղ մը կը նոյնանան հասարակաց խրամատին մէջ. նորագոյն օրինա՞կը. միասնաբար քուէարկուած՝ նիւթական օժանդակութեանց գումարներուն մեծ ու հարուստ ընկերութեանց-դրամատուներուն գանձանակները հոսեցնելու իրականութիւնը (անոնցմէ մէկ քանին վերադարձուցին իրենց տրամադրուած գումարները, որպէսզի իսկապէս դժուարութեան մատնուած փոքր ընկերութիւններ օգտուին):

Այլ երկիրներու մէջ, չարաշահութեան մրցանիշներ ալ կ՚արձանագրուին, ի՜նչ խօսք…: Իսկ արդեօք բարեբախտութի՞ւն պէտք է սեպել այն, որ շրջանային կառավարական մակարդակներու վրայ տեղ ունին նաեւ կարողներ եւ իմաստուններ:

«ԱԽՏ»ԻՆ ՏԱՐԱԾՈՒՄԸ՝ ԱՅԼՈՒՐ

Կուսակցութեանց դերին նսեմացումը, մարդկութիւնը կենսաւորող եւ բարգաւաճումի տանող գաղափարական աշխարհին լուսանցքայնացումը եթէ ամերիկեան եւ նման կարգ մը երկիրներու «մենաշնորհ»ն է, չէ բացառուած, որ անոր արձագանգները տարածուին զարգացման մէջ եղող երկիրներու մէջ, հոն՝ ուր «ամերիկեան կամ արեւմտեան արժէքներ» յաճախ կ’ընդունուին առանց քննարկումի եւ հարց ու փորձի, առանց դատողութեան:

Ի մտի չունինք այն երկիրները, որոնք արդէն իսկ ճանչցուած են իբրեւ բռնատիրական, զինուորականներու խաղալիք եւ միակուսակցական: Անոնք ինքնաբերաբար դուրս կ’իյնան ներկայ քննարկումէն: Ի մտի ունինք այն երկիրները, ուր կայ բազմակուսակցականութիւն, կը խաղացուի անկէ բխող ժողովրդավարութեան խաղը (կամ՝ պատրանքը), եւ սակայն, իշխանական կուսակցութեանց մէջ ԱՆՀԱՏ մը կը դառնայ առանցքային դէմք, անվիճելի հեղինակութիւն, որուն որոշումներն ու ծրագիրները առանց այլեւայլի կ’որդեգրուին նախ իր կուսակցութեան, ապա նաեւ իշխանութիւնը մարմնաւորող օղակներու կողմէ: Նոյնը կը պատահի նաեւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու մէջ, անոնք ըլլան խորհրդարանական կամ արտախորհրդարանական: Հետեւանքը կ’ըլլայ այն, որ նման երկիրներու մէջ իրողապէս կը ստեղծուի անհատ-մենատէրերու կողմէ ստեղծուած՝ շինծու ժողովրդավարութիւն մը, շատ աւելի նախնական եւ վնասաբեր՝ քան Միացեալ Նահանգներու ընկալեալ պատկերը: Այդ երկիրներուն մէջ, կուսակցութիւն մը յաճախ կը ծնի ու կը գործէ իր հիմնադիր-ղեկավարին հետ, իսկ եթէ ան որեւէ պատճառով հեռանայ կամ հեռացուի դիրքէ-պաշտօնէ, կուսակցութիւնը փուլ կու գայ, անդամները կը բախեն նոյն տիպի այլ կուսակցութիւններու դռները, պարզ այն պատճառով, որ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ համապարփակ ծիրը, հիմունքը կը մնան բացակայ, լաւագոյն պարագային՝ թերի: Միացեալ Նահանգներու պարագային, կուսակցութեանց անուանական ներկայութիւնը ձեւով մը ինքզինք նուիրականացուցած է եւ դարձած՝ ընդհանրապէս անբաղձալի իրականութիւններ ծածկող թափանցիկ շղարշ մը:

Բնականաբար հարց կրնայ ծագիլ, թէ ի վերջոյ, ո՞րն է նախընտրելին. բռնատիրութի՞ւնը, միակուսակցական կարգավիճա՞կը, թէ՞ ձեւական ժողովրդավարութիւնը, այսինքն՝ չարեաց փոքրագոյնը:

Նման հարցում անհեթեթութիւն է, որովհետեւ նախ եւ առաջ կ’անտեսէ մարդուն Իմաստութիւնը, դարերու փորձառութիւնն ու անկէ բխած բարիքները: Պարզ ու կարճ պատասխանը այն է, որ մարդը, ո՛ւր որ ալ գտնուի, իրաւունք ունի բարօր եւ ապահով կեանքի պայմաններ ունենալու, ժողովրդավարութիւնը, ինքնին, կ’ենթադրէ, որ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած ներկայացուցիչները, ի՛նչ պաշտօնի ալ որ կոչուին, հարկադրուած զգան ընդառաջելու երկրին ու զանգուածին ակնկալիքները կենսաւորելու: Պետական կամ կուսակցական պատասխանատու դիրքերու պէտք է հասնին իմաստուն ներկայացուցիչներ, եւ ո՛չ թէ խեղկատակ, տկարամիտ եւ ամբոխավար խամաճիկներ: Այլ խօսքով, ա՛յս մօտեցումով ու տրամաբանութեամբ է, որ պէտք է վերարժեւորուին կուսակցութիւնները (բազմակարծութիւնը անխուսափելի է ու՝ բարիք), տրամաբանականի սահմաններուն մէջ յարգանք պարտադրեն իրենց գաղափարներով եւ տեսլականներով, եւ ո՛չ թէ առաջնորդի դիրքին վրայ եղողին «գրաւչութեամբ»: Երկիրներ կառավարելու համար, մինչեւ իսկ ամենէն անհաշտ կուսակցութիւնները պէտք է կարենան գտնել գործակցութեան եւ ազնիւ մրցակցութեան դաշտեր, իսկ ծանր տագնապի օրերուն՝ ունենան մինչեւ իսկ ամենէն սուր հակառակորդին հետ համակեցութիւն գոյացնելու յանդգնութիւնը: Նման յանդգնութիւն բարիք բրած է բազմաթիւ երկիրներու:

Եզրակացնելու համար ըսենք, որ Պսակաձեւ ժահրն ու նման պատուհասներ ի վերջոյ անցողիկ են, ունին ժամանակաւոր բնոյթ, որքան ալ երկարատեւ ըլլան ու ծանրագոյն հետեւանքները թողուն աշխարհի տարածքին: Աւելի կարեւորը՝ մնայուն սպառնալիքներուն յաղթահարումն է եւ աւելի արդար ու բարօր աշխարհի մը հետամտութիւնը, որ, ինքնին, կը հարկադրէ իսկական ժողովրդավար երկիրներու միջեւ լայն գործակցութիւն, ամէն տեսակի անարդարութեան դարմանում: Հոն հասնելու ճամբան չ’անցնիր Ժողովրդավարութիւնն ու գաղափարական կուսակցութիւնները նահատակելու «սխրագործութիւններէն»: (Քննարկումը կարելի չէ սպառած նկատել, սակայն կ’արժէ երբեմն թափանցել Պսակաձեւ վարակին իրական, կամ այլ՝ շինծու տագնապներէն բարձրացող մշուշէն անդին):

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2020