ՔՈՐԷԱՅԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ ՅՈՒՍԱԼԻ՞, ԹԷ ԱՆՆԱԽԱՏԵՍԵԼԻ

Յունիս 12-ին Սինկափուրի մէջ կայացաւ պատմական հանդիպումը Ամերիկայի նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եանկ Ունի միջեւ եւ աշխարհ պահ մը շունչ քաշեց, որ հակամարտ ուժերը հեռացած էին հիւլէական բախումի մը վտանգէն: Սակայն, տարի մը առաջ սպառնալիքներ կը փոխանակուէին երկու կողմերու միջեւ եւ նախագահ Թրամփ կը սպառնար քարտէսի երեսէն ջնջել Հիւսիսային Քորէան:

Քորէական թերակղզիին բաժանումը ժառանգ մնացած էր Բ. Աշխարհամարտէն: Այդ աշխարհամասը կը գտնուէր Ճաբոնի կայսերական իշխանութեան ներքեւ, եւ Բ. Աշխարհամարտի աւարտին, այնպէս ինչպէս Եւրոպան բաժնուած էր Ամերիկայի եւ Սովետական Միութեան ազդեցութեան ներքեւ, նոյն պատկերը կը կրկնուէր նաեւ հարաւ-արեւելեան Ասիոյ մէջ: Սակայն, մինչ Եւրոպայի մէջ նացի Գերմանիոյ պարտութեամբ վերջ կը գտնէին ռազմական գործողութիւնները, Ասիոյ մէջ շարունակուեցան անոնք ազդեցութեան գօտիներու բախումներով եւ հետզհետէ զգեցան գաղափարական հակամարտութեան բնոյթ, մանաւանդ երբ ծայր առաւ Պաղ պատերազմը:

Ճաբոնի անպայմանագիր անձնատուութենէն ետք՝ Ամերիկա կը փորձէր քաղաքական եւ ռազմական պարապութիւնը լեցնել այդ աշխարհամասին մէջ: 1952-ի Տիէն Պիէն Ֆուի պարտութենէն ետք Ֆրանսա հեռացաւ Վիեթնամէն, այդ շրջանի պատերազմը ժառանգելով Ամերիկայի: Ուաշինկթընի համար աւելի հրամայական կը դառնար Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ ազդեցութեան գօտին զօրացնելու հրամայականը համայնավար նոր կայսրութեան մը՝ Չինաստանի յառաջացման պատճառաւ:

Վիեթնամի պատերազմը տեւեց 1955-էն մինչեւ 1975 եւ փաստօրէն աւարտեցաւ Ամերիկայի պարտութեամբ: Սակայն այսօր զարմանալի երեւոյթ է, որ համայնավարացած Վիեթնամը աւելի մօտ բարեկամ է իր նախկին թշնամիին՝ Ամերիկայի քան իր հարեւան համայնավար Չինաստանի:

Վերադառնալով Քորէական թերակղզիին, պէտք է նշել, թէ այդ երկրամասը բաժնուած էր երկուքի՝ հիւսիսը Սովետական Միութեան եւ Չինաստանի ազդեցութեան ներքեւ իսկ Հարաւը՝ ամերիկեան: 1950 թուականին Հիւսիսային Քորէան արշաւեց հարաւ, գրեթէ ամբողջացնելով հարաւի գրաւումը: Այդ պատերազմին նշանակալից դեր կատարեցին սովետական Միկ ռազմական օդանաւները: Սակայն, Ամերիկա, Միացեալ Ազգերու դրօշին տակ, սատար հանդիսացաւ հարաւին՝ գրաւելու համար մինչեւ 38-րդ միջօրէականը, որ 1953-ի յուլիսին կնքուեցաւ հրադուլը (armistice). սակայն մինչեւ այսօր չէ ստորագրուած խաղաղութեան պաշտօնական դաշնագիր: (…)

Ամերիկա իր հովանիին ներքեւ առաւ Հարաւային Քորէան, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ այլ հակակշռող ուժ մը չկար շրջանին մէջ ընդդիմանալու համայնավարական ազդեցութեան:

Ամերիկացի զօրավար Տակլըս Մըք Արթըր Ճաբոնի անձնատուութիւնը ապահովելէ ետք, պատրաստած էր նոր սահմանադրութիւն մը, որով երկրին կը պարտադրուէր ունենալ միայն ինքնապաշտպանութեան սահմանուած ռազմական ուժ, եւ ոչ աւելին: Սակայն Ճաբոնի այժմու վարչապետը՝ Շինզօ Ապէ վերջերս փոխեց այդ սահմանադրութիւնը աւելի սպառազինուելու համար՝ Հիւսիսային Քորէայի եւ Չինաստանի սպառնալիքներուն դիմաց:

Քորէական պատերազմը խլեց 5 միլիոն զոհեր: 40 հազար ամերիկացի զինուորներ մահացան եւ 100 հազար ալ վիրաւորուեցան: Ի դէպ, երբ քորէական պատերազմը կը սաստկանար եւ Մաօ Ցէ Թունկ կարմիր գիծը քաշած էր ամերիկացիներու դիմաց, զօրավար. Մըք Արթըր պատրաստուեցաւ համայնավար Չինաստանի դէմ ամբողջական պատերազմի, որ լի էր հիւլէական բախումներու վտանգով: Սակայն նախագահ Թրումըն, որ չէր խղճահարուած 1945-ի օգոստոսին հիւլէական ռումբեր արձակելու Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի վրայ, ընդդիմացաւ Մըք Արթըրի որոշումին եւ պաշտօնանկ ըրաւ պատերազմի հերոս զօրավարը՝ անհնազանդութեան մեղադրանքով:

Սովետական Միութեան փլուզումէն ետք՝ Չինաստանը իր հովանիին տակ առաւ Հիւսիսային Քորէան, որ շարունակեց կանգուն մնալ իբրեւ համայնավար վարչաձեւ, մերթ սպառնալով հարաւի եւ մերթ ալ Ճաբոնի, միշտ մնալով իբրեւ քաղաքական խաղաքարտ Պէյճինի ձեռքին:

Քիմ ընտանիքի երեք սերունդներ, հօրմէ որդի ժառանգելով իշխանութիւնը, ռազմականացուցին Հիւսիսային Քորէան, իսկ Ամերիկա տեղաւորուեցաւ Հարաւային Քորէայի մէջ, եւ մինչեւ այսօր կը պահէ մօտ 30 հազարնոց բանակ մը այդ թերակղզիին վրայ:

Հիւսիսային Քորէան ունի 120 հազար քառակուսի քիլօմեթր տարածք եւ 25 միլիոն բնակչութիւն: Իսկ Հարաւային Քորէան ունի աւելի փոքր տարածք՝ 96 հազար քառակուսի քիլօմեթր եւ կրկին բնակչութիւն՝ 51 միլիոն:

1953-ի հրադադարէն ի վեր հարաւը դարձաւ աշխարհի տնտեսական հրաշքներէն մէկը, իսկ հիւսիսը՝ տնտեսապէս աշխարհի ամենէն աղքատ երկիրներէն մէկը՝ մէկ միլիոն բանակով եւ աւելի քան 50 հիւլէական ռումբերով եւ բազմաթիւ միջցամաքամասային հրթիռներով օժտուած:

Վերջին մէկ տարուան ընթացքին Հիւսիսային Քորէա կը սպառնար իր հիւլէական հրթիռներով հասնիլ մինչեւ Ամերիկա իսկ նախագահ Թրամփ կը սպառնար այդ երկրին գլխուն թափել Ամերիկայի ամբողջ հզօրանքը (Fire and Fury):

Սակայն, երբ Պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօ այցելեց Հիւսիսային Քորէա՝ կացութիւնը կտրուկ կերպով փոխուեցաւ: Իսկ Քիմ Եանկ Ուն այցելեց Չինաստան, ուր կը թուի, թէ յորդոր ստացաւ համերաշխելու: Որովհետեւ նախագահ Թրամփ պաշտօնապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Չինաստանի ղեկավարութեան՝ անոր կատարած խաղաղարար դերին համար:

Նախագահ Թրամփի կարգին Ամերիկայի կողմէ յայտարարութիւններ կատարեց նաեւ Պր. Փոմփէօ, ընդգծելով որ Ուաշինկթըն կրնայ Հիւսիսային Քորէայի նկատմամբ գործածել Լիպիոյ նախընթացը: Ի՞նչ էր այդ նախընթացը. ապազինուեցաւ Լիպիոյ Քատտաֆին, նոյնիսկ իր հիւլէական զէնքի ծրագիրները փոխանցեց Արեւմուտքին: Նոյնպէս հրաժարեցաւ միջազգային ահաբեկչական ծրագիրներէն եւ գաղտնիքները յանձնեց Արեւմուտքին: Եւ երբ ամբողջութեամբ սպառազինուած էր Լիպիան, ՆԱԹՕ-ի ուժերը սուտ պատրուակներ հնարելով կործանեցին Լիպիան եւ անասուններու սահմանուած ձեւով սպաննեցին Մուամմէր Քատտաֆին: Եթէ նոյնիսկ Արեւմուտքը ապահովութեան երաշխիքներ տուած ըլլար՝ այսօր Քատտաֆին, որ չի կրնար յարութիւն առնել եւ դատի դիմել:

Սինկափուրի մէջ կնքուած պայմանագիրը չէ հրապարակուած ամբողջութեամբ: Միայն յայտարարուած են որոշ տուեալներ, որոնցմէ գլխաւորն է՝ Հիւսիսային Քորէայի ամբողջական ապահիւլէացման դիմաց Ամերիկա պէտք է տայ ապահովութեան երաշխիքներ: Բայց, ըստ Փոմփէոյի, տնտեսական պատժամիջոցները պիտի շարունակուին մինչեւ ամբողջական ապազինումը Հիւսիսային Քորէային, որ իր հերթին կը պահանջէ ամերիկեան զօրքերու հեռացումը հարաւէն եւ Ամերիկայի հիւլէական հովանոցի վերացումը այդ երկրէն:

Համաձայնութեան մաս կը կազմէ նաեւ ամերիկեան զոհերու աճիւններուն վերադարձը հիւսիսէն: Համաձայնութեան ստորագրութեան պահուն փոխադարձաբար իրարու հանդէպ չափազանց սիրալիր էին Թրամփ եւ Քիմ, եւ երկուստեք յայտարարեցին, թէ աշխարհ նոր եւ խաղաղ հանգրուանէ մը ներս պիտի թեւակոխէ:

Այստեղ նշուելիք պարագան այն է, որ երբ ամբողջ աշխարհի դիւանագիտական շրջանակները կլանուած էին Քորէայի զարգացումներով, կարծէք պահ մը մոռցուեցաւ Ամերիկայի եւ Իսրայէլի սպառնալիքը Իրանի դէմ պատերազմելու:

Մեծ պետութիւնները երբեմն կը սարքեն նման խաբուսիկ երեւոյթներ, անակնկալի բերելու համար Իրանի նման երկիրներ: Կրնայ նաեւ ճշմարիտ ըլլալ Պր. Թրամփի ցանկութիւնը՝ աւելի խաղաղ աշխարհ մը ստեղծելու:

Արդեօք Իրանի դէ՞մ ալ կը կիրարկուի միեւնոյն քաղաքականութիւնը: Հայաստան կենսականօրէն շահագրգռուած է Իրանի քաղաքական ճակատագրով: Քորէայէն Իրան երկար է ճամբան, բայց հրթիռներու եւ դիւանագիտութեան համար՝ շատ կարճ:

Ի՞նչ պիտի ընծայէ աշխարհին երկու աննախատեսելի նկարագրով պետական մարդոց ստորագրած դաշնագիրը: Աննախատեսելի համաձայնութի՞ւն մը ...:

Խմբագրական «Պայքար»ի
Լիբանան

 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018