ԷԱԿԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄ ՄԸ. ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ

Սուիններով պիտի ընդունուի՞ այն խօսքը, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայութեան ապագան վտանգուած է եւ գալիքը աղօտ։

Կրնա՞յ պատահիլ, որ մարդիկ չուզեն այս խօսքը իրատեսօրէն քննել, որովհետեւ նման խնդրի մը արծարծումը կ՚ուզէ նաեւ մեծ եւ արմատական լուծումներու յանգիլ։

Ի վերջոյ ի՛նչ պիտի ըլլայ հայութեան ապագան, որ երէկ կոտորակուեցաւ Սուրիոյ մէջ եւ այսօր ահա Լիբանանի մէջ կանգնած է մեծագոյն տագնապներու սեմին։

Վերջին շաբաթներուն, եթէ աչքէ անցընենք միջազգային կշիռով լրատուական ծառայութիւններուն արձագանգը կապուած Լիբանանի մէջ ընթացող զարգացումներուն, ապա արագօրէն պիտի նկատենք, որ Լիբանան լրջօրէն կանգնած է համատարած սովի սեմին, որուն ծանր հետեւանքները նոյնպէս պիտի տարածուին մեր հայրենակիցներուն վրայ ու ատոր որպէս հետեւանք մենք դարձեալ ականատես պիտի ըլլանք, նոր արտագաղթի եւ «արիւնահոսման»։

Այս բոլորէն անդին կայ հիմնաւոր մօտեցում մը, որ Լիբանանի հայկական գաղութը պիտի պայքարի եւ պիտի գոյատեւէ։

Այո՛, պիտի գոյատեւէ, սակայն ի՛նչ պատկերով եւ ինչ կշիռով դեռ պարզ չէ ու այս կէտին կը յառաջանայ գերագոյն խնդիր մը, որ կը խօսի նոր պատկերի մը մասին եւ որուն շուրջ անընդհատ կը թեւածէ «Մերձաւոր Արեւելքի կոտորակուած հայութիւն» մօտեցումը։ Ու հոս է նաեւ վտանգը։

Այս բոլորը, անշուշտ, ոչ միայն սփիւռքի գերխնդիրն է, այլ նաեւ մեծ հարց է Հայաստանի համար, այլ խօսք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ինչ մօտեցումներ կամ հայեցակարգեր ունին կապուած սփիւռքի հայութեան։

Ամէն պարագայի այս նիւթերուն եւ Լիբանանի վերջին զարգացումներուն մասին հեռակապով խօսեցայ լիբանանահայ համայնքային գործիչ տքթ. Խաժակ Այնթապլեանին հետ։ Ստորեւ մեր հարցումներուն կը պատասխանէ Խաժակ Այնթապլեան:

ՏՔԹ. ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ. «ԻՆՉՊԷՍ ԵՐԷԿ, ԱՅՍՕՐ ԱԼ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԼՈՒՐՋ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ ՉՈՒՆԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ»

-Բոլորս շատ լաւ գիտենք եւ կը պատկերացնենք, որ Լիբանան կ՚անցնի ծանր տագնապէ մը։ Յոյսեր կա՞ն, որ երկիրը դուրս գայ այս տագնապէն։

-Լիբանան այսօր կը գտնուի տնտեսական շատ ծանր տագնապի մը մէջ եւ ըսեմ, որ, դժբախտաբար, յոյսեր չկան՝ տագնապէն դուրս գալու: Այո, Լիբանանը յաճախ, զանազան պատճառներով գտնուած է նման վիճակի մէջ եւ յաճախ ալ կրցած է դուրս գալ, բայց այս անգամ, այս տնտեսական տագնապը քիչ մը տարբեր բնոյթ ունի: Բացատրեմ ինչո՞ւ: Ուրեմն, հակառակ անոր, որ Լիբանանի տնտեսական վիճակը վերջին տարիներուն յաճախ կայուն չէր, սակայն երկրի տարադրամը միշտ ալ կը գտնուէր կայուն վիճակի մէջ, անոր արժէքը մէկ տոլարին դիմաց, երկար ժամանակ, 1500 լիբանանեան ոսկի էր։ Այս տարի սակայն, յանկարծ այդ կայունութիւնը խախտուեցաւ, դրամանիշի վարկը շատ ինկաւ, մէկ տոլարին արժէքը հասաւ գրեթէ 10 հազար լիբանանեանի: Կայունութեան խախտումը անշուշտ պայմանաւորուած էր տարբեր հանգամանքներով. առաջին հերթին, մօտաւորապէս տարի մը առաջ, երբ Լիբանանի պետութիւնը ինքզինք գտաւ տնտեսական անելանելի դրութեան դէմ յանդիման, սկսաւ ժողովուրդին համար անհրաժեշտ տնտեսական մթերքներուն եւ այլ պարագաներուն վրայ սահմանել յաւելեալ տուրքեր, որոնց շարքին հետաքրքրական էր WhatsApp-ի գործածութեան վրայ տուրք հաստատելու մտադրութիւնը, ինչ որ պատճառ դարձաւ ժողովուրդի յանկարծակի պոռթկումին եւ սկիզբ առած ցոյցերը ձեւով մը ձախողցուցին տուրքերու դրութիւնը: Նախքան այս դէպքերը այլ հանգամանք մը եւս կար։ Երբ ժողովուրդը, յատկապէս պետական պաշտօնեաները, դարձեալ ցոյցերով, թոշակներու յաւելում պահանջեցին եւ պետութիւնը ստիպուեցաւ ընդառաջել, որուն կարողութիւնը չունէր, երկրի պիւտճէն չէր ներեր, այդպէսով տագնապը կամաց-կամաց սկսաւ խորանալ: Անշուշտ տագնապին հիմնական պատճառ է նաեւ երկրի պետական համակարգին մէջ տիրող փտածութիւնը, որուն գոյութիւնը կ՚ընդունի նոյնիսկ պետութիւնը, բայց, դըժ-բախտաբատ, միշտ ալ անկարելի եղած է առաջքը առնել: Իսկ վերջին տարիներուն Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմական վիճակը նոյնպէս մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ, որովհետեւ Լիբանանը անուղղակի կերպով շրջափակման մէջ յայտնուեցաւ, նկատի ունենալով, որ Լիբանան արտահանումներ կամ նոյնիսկ ներածութիւններ կատարելու համար կ՚օգտուէր Սուրիոյ սահմանէն: Ներկայ շրջանին ալ ամբողջ աշխարհի մէջ տնտեսական տագնապ յառաջացուցած քորոնաժահրի ազդեցութենէն անմասն չէր կրնար մնալ Լիբանանի պէս տկար երկիր մը, որ շատ մը այլ երկիրներէ աւելի ծանր տարաւ տնտեսական վատթարացումը։

Բայց այս բոլոր անպատեհութիւնները նկատի առնելով հանդերձ, թերեւս կայ ամենահիմնական պատճառ մը եւս, որ սկսած է երեւիլ՝ արտաքին քաղաքական ճնշումը: Լիբանանի տարադրամը վերջին տարիներուն շատ կայուն եղած է, ինչ որ երկրին ապահոված է ոչ թէ իր տնտեսական միջոցներով, այլ օգտուելով արտաքին վարկային փոխտուութիւններէ կամ զանազան գանձատրական ֆոնտերէ։ Իսկ այսօր այդ հիմնական վարկատու երկիրները, ինչպէս՝ Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Ֆրանսան, դադրեցուցին այդ փոխտուութիւնները, որովհետեւ իրենք իրենց պայմանները ունէին։ Այդ ալ գաղտնիք մը չէ, Լիբանանի մէջ «Հիզպուլլահ»ի հզօրացման կասեցումն է, երբ իրենք զինուորական միջոցներով չկրցան կանխել այդ մէկը, անուղղակի կերպով որդեգրեցին այս տնտեսական պատժամիջոցները։ Եւ այս մէկը դարձաւ հիմնական պատճառը, որ Լիբանանի մէջ ծայր առնէ տնտեսական սուր տագնապ եւ, ըստ երեւոյթին, տնտեսական միջոցով այս քաղաքական ճնշումը Լիբանանի վրայ պիտի երկարի, որովհետեւ յստակ նպատակ կը հետապնդէ:

-Ի՞նչ կը մտածեն լիբանանահայերը եւ մասնաւորապէս լիբանանահայ երիտասարդութիւնը, որ աւագ սերունդին համեմատած, տակաւին չէ արմատաւորուած այդ երկրին մէջ։

-Նկատողութիւնը շատ ճիշդ է, որ լիբանանահայ երիտասարդը այս երկրին մէջ չէ արմատաւորուած եւ պատճառը տնտեսական անկայունութիւնն է ու անգործութիւնը, որ հնարաւորութիւն չընձերեց, մանաւանդ լիբանանահայ երիտասարդին, այս երկրին մէջ արմատաւորուելու: Լիբանանահայ երիտասարդը կ՚առանձնացնեմ, որովհետեւ, գիտէք, Լիբանանի մէջ վերջին տարիներուն երիտասարդութեան եւ ընդհանրապէս ժողովուրդին գրեթէ 60 տոկոսին հիմնական զբաղուածութիւնը եղան պետական գործերը, պետական պաշտօնեայ ըլլալը։ Ճիշդ է, հայեր ալ կան պետական հաստատութիւններու մէջ աշխատող, բայց հայերուն մեծամասնութիւնը աւելի մասնագիտական բնագաւառներէ ներս կ՚աշխատի։ Հակուած է արհեստներու, ըլլայ ոսկերչութիւն, ինքնաշարժներու նորոգութիւն, վերջին տարիներուն ալ համակարգչային ընկերութիւններ եւ այլ արդիական ոլորտներ, իսկ վերջին տարիներուն այս բնագաւառին մէջ ընդհանրապէս անգործութիւն կը տիրէ, այդ պատճառով լիբանանահայ երիտասարդը չկապուեցաւ երկրին եւ սկսաւ ճամբորդելու առիթներ փնտռել:

-Լիբանանի համայնքի եւ համայնքի ղեկավարութեան մօտեցումները նո՞յնն են։ Այլ խօսքով, համայնքի ապրումը, կեանքը եւ ապագայի հանդէպ մօտեցումները համահո՞ւնչ են գաղութի ղեկավարութեան պաշտօնական տեսակէտին հետ։

-Ըսեմ, որ հիմնականին, այո՛, նոյնն են, թէեւ վերջին տարիներուն սկսած են յառաջանալ տարբերութիւններ: Բացատրեմ, թէ ինչ առումով. նախ ըսեմ, որ լիբանանահայ ղեկավարութիւնը ընդհանրապէս գաղութը փորձած է ղեկավարել՝ հիմնուելով Լիբանանի համայնքային դրութեան վրայ, փորձելով միշտ օգտուիլ Լիբանանի համայնքային երկիր ըլլալու հանգամանքէն, այդպէսով պաշտպանելով լիբանանահայութեան համայնքային իրաւունքները, որպէսզի գաղութի հայութեան ապահովէ առաւել իրաւունքներ, ինչ որ կը նպաստէր նաեւ գաղութի տնտեսական վիճակի բարելաւման։ Բայց վերջին տարիներուն, Լիբանանի մէջ տնտեսական եւ քաղաքական այս լարուած իրավիճակը համայնքային շատ լուրջ լարուածութիւններ յառաջացուց երկրի հիմնական համայնքներուն միջեւ, մանաւանդ սիւննի եւ շիի համայնքներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ տարբեր համայնքներու միջեւ։ Իսկ այս կացութեան մէջ մեր գաղութի նոյնիսկ ղեկավարութիւնը դիրքորոշուելու դժուարութիւն ունեցաւ, սակայն անշուշտ միշտ ալ դիրքորոշուեցաւ ի շահ Լիբանանի հայութեան: Այս հարցին մէջ տարակարծութիւն չկայ: Բայց հիմնական տարակարծութիւնները սկսան յառաջանալ, երբ հայութիւնը, ստեղծուած քաղաքական եւ տնտեսական վիճակին պատճառով, նիւթական ծանր կացութեան մատնուեցաւ, իսկ գաղութի ղեկավարութիւնը, հակառակ իր գործադրած բոլոր միջոցներուն եւ դուրսէն տրամադրուած օժանդակութիւններուն, դժուարութեան մատնուեցաւ տնտեսապէս տէր կանգնելու լիբանանահայութեան։ Այս պատճառով ալ զանազան դժգոհութիւններ, պոռթկումներ եղան որոշ հայրենակիցներու մօտ, որ բնական երեւոյթ է այսպիսի ծանր իրավիճակներու մէջ:

-Վերջերս զանազան հարթակներէ լսումներ հնչեցին, թէ լիբանանահայ գաղութի մեծամասնութիւնը յառաջիկայ փուլերուն մտադիր է Հայաստան ներգաղթել։ Կա՞յ նման մտադրութիւն։

-Հայաստան ներգաղթելու ցանկութիւնը միշտ առկայ եղած է լիբանանահայութեան մօտ, բայց դժբախտաբար պաշտօնական մակարդակներու վրայ այդպիսի մտադրութիւն կամ աշխատանք չկայ տակաւին: Ժողովուրդին մօտ այդ ցանկութեան նկատելի դառնալուն հիմնական պատճառը՝ հայրենասիրութեան կողքին, տնտեսական ծանր վիճակն է: Անկեղծ ըսելու համար, լիբանանահայութիւնը յայտնուած է տնտեսական ծանր իրավիճակի մէջ, որմէ դուրս գալու միջոցներ կը փնտռէ, ներկայիս Հայաստանը այդ «յոյսի պատուհան»ներէն մին է, եթէ ոչ գլխաւորը։ Լիբանանահայութեան մեծ մասը այսօր ունի հայաստանեան անձագիր, որով դիւրութիւն ունի երթալու Հայաստան ու հաստատուելու: Ճիշդ է, գացողներ շատ կան, բայց տակաւին ժամանակը ցոյց պիտի տայ, թէ անոնք ինչ յաջողութիւններու պիտի հասնին, որպէսզի ուրիշներուն ալ քաջալերեն եւ ճամբայ բանան:

-Իսկ այդ ներհոսքի կամ ներգաղթի պարագային Հայաստանի կառավարութենէն եւ իշխանութիւններէն որեւէ ակնկալիք կա՞յ։

-Բնականաբար, այս հարցով կան շատ մեծ ակնկալութիւններ, սակայն դժբախտաբար, հայրենի իշխանութիւնները, նոյնպէս ալ՝ սփիւռքի ղեկավարութիւնը միշտ ալ Հայաստան ներհոսքի հարցով չեն կրցած ճիշդ քաղաքականութիւն վարել եւ յստակ ծրագիր ունենալ: Սփիւռքի նախարարութիւնը, որ այս հարցով դերակատարը պէտք է ըլլար, օրին ալ չեղաւ, ներկայիս ալ, Սփիւռքի յանձնակատարի կարգավիճակով, իմ տեսակէտով, թերի է, որովհետեւ Հայաստանի իշխանութիւններու հիմնական քաղաքականութիւնը սփիւռքի հանդէպ կեդրոնացած է այն գաղութներուն վրայ, որոնցմէ տնտեսական, ներդրումային ակնկալիքներ ունին. ինչպէս՝ Ամերիկա, Գանատա եւ այլն, իսկ Միջին Արեւելքի գաղութներուն համար, ինչպիսին է՝ Սուրիան, Իրաքը եւ Լիբանանը, վերջին տարիներուն պէտք եղած ծրագիրները եւ գործակցութիւնները չեղան: Ակնկալիքները շատ են իշխանութիւններէն. ինչ տեսակի տարակարծութիւններ ալ տեղի ունենան սփիւռքեան ղեկավար մարմիններուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն միջեւ։ Այս խնդրի պարագային պէտք է գոյութիւն ունենայ յստակ համահայկական ծրագիր, որ երազային չէ, անոր գործադրումը այդքան ալ դժուար չէ։ Անշուշտ, մեծ նիւթական միջոցներու կը կարօտի, բայց կարելի է մեր ունեցած նիւթական միջոցներուն համեմատ ծրագիրներ մշակել եւ իրականացնել։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2020