ՈՒՇԱԴԻ՛Ր

Այո՛, յաճախ կը խօսինք հայ ուսուցիչին, հայ դպրոցին, հայ կրթական մշակին մասին:

Բեմերէն, հանդէսներու ընթացքին եւ ճաշկերոյթներուն գովքը կը հիւսենք հայ ուսուցիչին եւ անոր նուիրական առաքելութեան:

Սակայն անհասկնալի է, որ զանազան դպրոցներու մէջ, երկրի տնտեսական տագնապին պատրուակով, մանաւանդ այս տարեշրջանին, երբ իւրաքանչիւր հայ ընտանիք գործի, եկամուտի կարիքը ունի, առաջին հերթին հայ ուսուցիչի գործէ արձակման որոշումներ կը տրուին:

Ո՞ւր մնացին մեր խօսքերը, մեր գիտակցութիւնը, մեր նուիրաբերումը, մեր յարգանքն ու պարծանքը:

Ուրիշ մսխումներ կրճատելու փոխարէն ուսուցիչներ գործէ արձակելը դասալքութիւն է: Նոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու տեղ կառոյցներ փակելը ապիկարութիւն է: Ճամբորդութիւններ ընելու, նկարուելու, լայքեր հաւաքելու եւ այլ մակերեսային հետապնդումներով զբաղելու փոխարէն, հայ ուսուցիչին եկամուտը պահելը համայնքին ամենէն առաջնահերթ պատասխանատուութիւնն է:

Ողջունելի է որոշումը կարգ մը վարժարաններու, ուր հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական ճգնաժամին, ոչ մէկ ուսուցիչ գործէ կ՚արձակեն: Դատապարտելի են եւ քննադատելի բոլոր անոնք, որոնք պատեհ առիթը գտան այս պայմաններուն մէջ վերադասաւորումներ կատարելու:

Տագնապը կայ ու կը մնայ, հարցը այն է, թէ մենք ինչպէ՛ս կրնանք դիմագրաւել այս մարտահրաւէրը: Աշխատելու այս ոճը, այս բարդոյթը բաւական աւերներ գործած էին արդէն, եւ այսօր՝ ճգնաժամի օրերուն կրկնակի աւերներ կը գործեն: Խնդիրը ուսուցիչներ չարձակելու առաջնահերթութիւնը չէ: Բուն հրամայականը դպրոցը պահելն է, որովհետեւ ուսուցիչ արձակելով հարուած կը ստանան կրթական հաստատութիւնները: Նաեւ՝ ուսուցչական ասպարէզը չվտանգելը:

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ 

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2020