ՓԱՐԻԶ ՊԷՅՐՈՒԹԻՆ Կ՚ԸՍԷ. «ԵՍ ՀՈՍ ԵՄ...»

Բաւական արագ զարգացումներ կ՚արձանագրուին Պէյրութի մէջ։ Պայթումին հետեւանքները տակաւին չեն մաքրուած մայրաքաղաքի զանազան շրջաններէն, բայց եւ այնպէս, քաղաքական ընդհանուր պրիսմակին մէջ առկայ զարգացումները ցոյց կու տան, որ ցնցումի կողքին արտաքին որոշ ուժեր կ՚ուզեն անպայման ներգործօն դեր մը ունենալ Լիբանանի պարագային։ Ճիշդ էր՝ ի դէպ, որ Լիբանանի վարչապետ Հասսան Տիապ մատնուած էր բաւական բարդ դրութեան մը, բայց ոչ ոք կ՚ակնկալէր անոր այսքան արագ հրաժարականը։

Երկու հարիւր օր Լիբանանը ղեկավարած Տիապի կառավարութիւնը խորքին մէջ «Հիզպուլլահ»ի եւ երկրի նախագահ զօրավար Միշել Աունի կողմէ կարեւոր ճիգ մըն էր։ Այստեղ հիմնական միտքն էր, որ իրենք կարող են երկիրը կառավարել առանց Սաատ Հարիրիի, որ սիւննի մեծամասնութեան տէր կը հանդիսանայ։ Ու թերեւս այնքան ալ ստոյգ պիտի չըլլայ դիտարկել, որ իրօք Տիապի այլընտրանքը ամբողջութեամբ ձախողեցաւ, բայց եւ այնպէս, գետնի վրայ լիբանանցիներ ոչ մէկ դրական մեծ քայլ մը տեսան ու այդ պատճառով ալ եղան յուսախաբ։ Իր ղեկավարութեան առաջին օրերուն Տիապ հանրութեան ներկայացաւ բաւական ինքնավստահ հայեացքներով, բայց ժամանակի ընթացքին անոր բոլոր մօտեցումներն ու «քաղաքական կամքը» ջուրը ինկան։ Ո՛չ նախագահ Աուն, ոչ ալ «Հիզպուլլահ» ուզեցին, որ Տիապ մօտեցումները յառաջ տանի եւ ամենակարեւորը՝ բացուի արաբական աշխարհին։ Այս վիճակին հետեւանքով Տիապ երկիրը տարաւ շատ աւելի վատ վիճակի մը, որու հիմնական բանաձեւումն է «Լիբանան մեկուսացուած» է յանկերգը։ Այս վիճակին մէջ էր նաեւ, որ տեղական արժոյթի անկումին, դրամատուներու սուր տագնապին եւ տարրական պահանջներու (ելեկտրականութիւն, ջուր) անբաւարար մատակարարման զուգահեռ Պէյրութ ականատեսը դարձաւ մեծ եւ մինչեւ հիմա ալ «անհասկնալի» պայթումի մը, որ մայրաքաղաքը տակնուվրայ ընելէ բացի՝ խառնեց բոլոր ջուրերը։

Զանազան առիթներով ըսուած է, որ Պէյրութի մեծ պայթումները իրենց հետ կը բերեն նոր օրակարգեր եւ այսօր՝ Ֆրանսայի ձեռքի երեւումը ինչ որ տեղ կը յուշէ, թէ Լիբանան մտած է նոր փուլ մը. փուլ մը, որ կրնայ ճակատագրական ըլլալ։ Եւ շրջափուլ մը, որ կրնայ իր հետ բերել նոր լուծումներու ընդհանուր ծրար մը։ Փարիզի առաջարկին, Լիբանանի նեցուկ պետութեանց խորհրդաժողովի հիւրընկալման փաստին, ինչպէս նաեւ նախագահ Մաքրոնի Պէյրութ տուած «արբանեակային» այցին հետ կը նկատենք, որ նոր փուլը արդէն իսկ բացուած կը յայտարարուի վարչապետ Տիապի քաղաքական ասպարէզէն արագ եւ անկումային հեռացումով... Ու եթէ յառաջիկայ զարգացումները այս թափով շարունակուին, ապա բոլորին համար պարզ պիտի դառնայ, որ արդէն իսկ կան պատրաստի մի քանի բեմագրութիւններ, որոնք Լիբանանը պիտի տանին ապահով ափ։ Անշուշտ, ամենակարեւորը զիջումներու ընտրանքներուն անսալն է։ Այստեղ գլխաւոր դերը պիտի տրուի Արեւելքի կամ Արեւմուտքի նկատմամբ որոշ համակրանքով Լիբանանի երկու կողմերուն։

Կը ծագի հարց. արդեօք լիբանանցիք պատրա՞ստ են իրական եւ անկեղծ զիջումներու։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2020