​ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ԴԱՇՏԻՆ ՀԱՄԱՐ ՀԻՄՆԱԿԱՆԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՃԻՇԴ ՕՐԱԿԱՐԳ ՁԵՒԱՒՈՐԵԼՆ Է

Քաղաքական բաւական ձանձրացուցիչ ամառ մը բոլորելէ ետք այսօր պարզ կը դառնայ, որ գործող քաղաքական ուժերը (խօսքը յատկապէս ընդդիմադիր դաշտին մասին է) կը փորձեն իրենց «թեւերը սոթտել» եւ պատրաստուիլ նոր փուլի: Հայաստանի մէջ գրեթէ «աւանդութիւն» սկսած է դառնալ, որ իւրաքանչիւր տարուան աշնանամուտին հայաստանցի ժողովուրդը ապրի «թէժ աշուն» մը ունենալու յոյսերով: Անշուշտ այդ «թէժ աշուն»ը իրականութիւն կը դառնայ շնորհիւ երկրի ընդդիմադիր ուժերուն, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով այսօր յայտնուած են բաւական բարդ եւ անորոշ դրութեան մը առջեւ: Անշուշտ այսօրուան քաղաքական դաշտի ընդհանուր պատկերին կազմութեան մէջ կարեւոր եւ հիմնարար դեր մը ունեցան Ապրիլ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները: Ու բոլորին համար պարզ դարձաւ, որ երկրի իշխանական ղեկավարութիւնը՝ «Հանրապետական» կուսակցութիւնը մեծ ուժականութիւն ունի շարունակելու իր քաղաքական դաշտը առաջնորդողի դերը:

Ընտրութիւններուն հետ կապուած հնչեցին բազմապիսի քննադատութիւններ։ Բայց եւ այնպէս, երբ Հայաստանի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը քննենք, ապա բացայայտ ու յստակ կը դառնայ, որ եթէ այսօր երկրին մէջ քաղաքական անորոշութեան մը ընդհանուր պատկերը կայ, ապա այդ անորոշութեան մէջ կեդրոնական դեր ունին նաեւ ընդդիմադիր շապիկ կրող բոլոր ուժերը: Վերադառնալով ամրան Հայաստանի մէջ տիրող ընդհանուր «պարապութեան», ապա այդ առումով կարեւոր է նկատի առնել ընդդիմադիր դաշտի շարք մը ներկայացուցիչներու կողմէ հնչած դիտարկումները:

Այս առումով ուշագրաւ խօսք հնչած է Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի առաջնորդած Հայ ազգային գոնկրէսին (ՀԱԿ) կողմէ, որուն ներկայացուցիչներէն Միասնիկ Մալխասեան խօսելով Հայաստանի «Առաջին լրատուական» կայքին ըսած է. «Այսօր բոլոր օրակարգերը սպառուած են»: Մալխասեանի կարծիքով՝ «Ժողովուրդը պէտք է նոր օրակարգ թելադրէ: Մենք շատ ցանկութիւններ ունինք, բայց նախ այդ ցանկութիւնները պէտք է ժողովուրդը ընդունի ու ապա օրակարգ թելադրէ: Ժողովուրդը վերջին ընտրութիւններուն տուած է այդ հարցերուն պատասխանը: Մինչեւ նոր օրակարգ ձեւաւորուիլը, կը կարծեմ՝ բաւական ժամանակ պէտք է: Հիմա պէտք է սպասենք նոր ժամանակներու, նոր օրակարգերու, պէտք է նոր պահանջներ յառաջ քշենք: Իմ կարծիքով՝ ժողովուրդը ինքն է, որ օրակարգ պիտի թելադրէ»:

Մինչ ՀԱԿ-ի մօտ սպասողական իրավիճակ կը տիրէ ու այդ կուսակցութեան տարբեր մակարդակի պատասխանատուներ կը վստահեցնեն, որ «աշնան պիտի խօսին», անդին անորոշ իրադրութիւն կը տիրէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանի մօտիկ անցեալին կազմած «ՕՐՕ» դաշինքի շրջանակներուն մօտ: Օհանեան եւ իր ընկերները, որոնք քաղաքական իրենց նշաձողը բաւական բարձր լարած էին, ծանր հարուած ստացան Ապրիլի ընտրութիւններուն ու յստակ է, որ մինչեւ այս պահը չեն յաջողած այդ հարուածի «շոք»էն դուրս գալ: Սէյրան Օհանեանի խումբը, որ կը հաւատար ամէն գնով իշխանափոխութիւնը իրականութիւն դարձնելու մօտեցումին, այսօր յայտնուած է ներքին սպառման փուլի մը առջեւ, որովհետեւ Հայաստանի պէս երկրի մը մէջ հանրութեան համար եղած «անսպասելի» պարտութիւնները ժողովուրդը կը վերածեն աւելի ապերախտ քայլերով շար-ժըւող զանգուածի:

Գալով խորհրդարանին մէջ գոյացած ընդդիմադիր թեւին՝ հոն եւս յստակ է, որ այդ ուժերուն մօտ ալ օրակարգ ձեւաւորելու բաւական լուրջ խնդիր կայ:

Օրինակ մը տալու համար, պէտք է նշել Երեւանի փողոցներուն անուանափոխութեան պարագան, որ ամրան ամենէն տապ օրերուն եւ երկրին մէջ քաղաքական օրակարգի «սով»ին հետ զուգընթաց ստացաւ «թէժ բնոյթ» եւ դարձաւ Հայաստանի զանգուածային լրատուամիջոցներուն նիւթ «հայթայթող» գլխաւոր խնդիր:

Այսօր եթէ հասարակութեան տրամադրութիւնը վիճակագրող որեւէ կազմակերպութիւն փորձէ այդ առումով տուեալներու տախտակ մը կազմել, ապա բացորոշ պիտի ըլլայ, որ Ապրիլին յատկապէս մայրաքաղաք Երեւանի մէջ կարեւոր միաւորներ հաւաքած «ԵԼՔ»ը նոյնպէս յայտնուած է անկումի մէջ:

Այս բոլորը, ի հարկէ, կը կատարուին քաղաքական լուրջ օրակարգի բացակայութեան հետեւանքով եւ շատ հաւանական է, որ Հայաստանի մէջ այսօր առկայ իրադրութիւնը նոյն կերպով շարունակուի:

Քաղաքական դաշտին մէջ ընդհանուր օրակարգի բացակայութեան մասին կարծիք յայտնած է վերլուծաբան Յակոբ Պատալեան, որ այս առումով շեշտադրած է, թէ հակառակ ժխտական տարազով եղած առիթներուն, Հայաստանի հասարակութիւնը կորսնցուցած է երկու կարեւոր առիթ՝ քաղաքական օրակարգ մը ձեւաւորելու համար: Պատալեան ըսած է.  «Հայաստանի ներքաղաքական դաշտին մէջ օրակարգը լեցուն է կուսակցական եւ իշխանական շահերէ բխող հարցերով, իսկ ներքաղաքական, հասարակական օրակարգը թարմացման կարիք ունի՝ հաշուի առնելով երկրի ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրները»:

«Չեն երեւար այն անհատները, որոնք ցանկութիւն ունին, սակայն կարողութիւն չունին այդ խնդրով զբաղուելու: Հայաստանը վերջին ժամանակներուն, օրակարգի բացը լրացնելու համար կորսնցուցած է երկու հնարաւորութիւն՝ ապրիլեան պատերազմը եւ ՊՊԾ գունդի գրաւումը: Այդ «առիթներ»ը բացասական իմաստով հնարաւորութիւններ էին, սակայն ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէին շարք մը կարեւոր հարցերու վրայ: Բայց ատոնց հանդէպ յետագայ ուշադրութիւն չեղաւ ո՛չ իշխանութեան մօտ, ո՛չ քաղաքական դաշտին մէջ: Այն հարցերը, որոնք յառաջացած էին սրուած ընկերային-տնտեսական եւ հոգեբանական իրավիճակի պատճառով, տեղի չունեցան: Հասարակութիւնը ինք չկարողացաւ ատոնց տէրը ըլլալ, իշխանութիւնը չուզեց, իսկ քաղաքական ուժերը կա՛մ չկրցան, կա՛մ չփափաքեցան ու փորձեցին այդ ամէնի վրայ քաղաքական միաւորներ հաւաքել», ըսած է Յակոբ Պատալեան:

Խօսելով աւելի «արմատական» համարուած ուժերուն ու յատկապէս Ժիրայր Սեֆիլեանի ու անոր շուրջ եղող ուժերուն մասին՝ Պատալեան շեշտած է. «Գաղտնիք չէ, որ բաւական մեծ անկումներու մէջ ինկած այս ուժերը ցայսօր ալ չեն կարողացած հասկնալ, որ Հայաստանի մէջ բռնի ուժի կիրառմամբ որեւէ քաղաքական օրակարգ կարելի չէ ձեւաւորել: Ինչքան ալ դժգոհ ըլլայ Հայաստանի ժողովուրդը ներկայ իշխանութիւններէն, շատ յստակ սկսած է դառնալ, որ բռնի միջոցներով, ցոյցերով, ծանր եւ արկածային քայլերով որեւէ սայլ տեղէն չի շարժիր, այլ ընդհակառակը որպէս ընդդիմութիւն ներկայացող որեւէ ուժի մինչ այդ «հաւաքած» միաւորները կը լեցուին իշխանութեան ջրաղացին մէջ»:

Ան անդրադարձած է նաեւ իշխանութեան մասին ու ըսած. «Հակառակ մերթ ընթ մերթ իշխանական գործիչներու կողմէ հնչող հաւաստիացումներուն՝ նոյնպէս յստակ է, որ հոն եւս կան որոշ խմորումներ, որոնք կապ ունին յատկապէս 2018 թուականի անցումային համարուող եւ կառավարման ձեւի փոփոխման գործընթացներուն հետ: Հոս եւս չի բացառուիր, որ գոյանան կարգ մը անհարթութիւններ, բայց ի վերջոյ շատ բացայայտ է, որ հակառակ կարգ մը ընդդիմադիր գործիչներու «լայնբերան» խօսքերուն՝ յստակ է, որ յատկապէս Մոսկուայի նեցուկը եւ զօրակցութիւնը վայելող «Հանրապետական» կուսակցութիւնը կը շարունակէ մնալ առաջատար ուժ: Ոչ միայն անոր համար, որ «Հանրապետական»ը անպարտելի է, այլ անոր համար, որ քաղաքական ընդդիմադիր դաշտին մէջ մինչեւ այս պահը, նոյնիսկ իշխանական ուժին հետ որեւէ առումով մրցելու կարողականութիւն ունեցող տարրեր չկան»:

Իսկ, ի՛նչ կրնայ պատահիլ, եթէ Ծառուկեան-«ԵԼՔ»-Օհանեան նոր դաշինք մը կազմուի, դժուար է պատասխանել, որովհետեւ այդ ուժերը քաղաքական թատերաբեմ փորձած են մտնել յաճախ արեւմտեան պատուհանով (անշուշտ բացի Ծառուկեանէն), բան մը, որ բոլոր հաշուարկներով եւ յատկապէս ներկայ հանգրուանին բացառուած է Հայաստանի մէջ:

Աւարտին՝ վերադառանլով նիւթի բուն ատաղձին՝ հարկ է անգամ մը եւս մատնացոյց ընել, որ Հայաստանի համար այսօր ամենաէական հարցը քաղաքական օրակարգի մը ձեւաւորումն է, որուն իրական նպատակը երկրի ամենէն կարեւոր հարցերը սեղանի վրայ դնելն է:

Հայրենի ժողովուրդը ներկայ պահուն փողոցներու անուն փոխել-չփոխելէն անդին մեծ հարցեր ունի երկրի առողջապահական, կրթական, Արցախի անվտանգութեան եւ մարդագրական պատկերի նահանջի հետ կապուած:

Ու յստակ է նաեւ, որ Հայաստանի ընդդիմադիր դաշտի բոլոր ուժերը կը նախընտրեն «դիւրին» գործերով զբաղիլ, քան թէ ճիշդ եւ պիտանի օրակարգի մը ընտրութիւնը ընել:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2017