ՈՒԽՏԱՎԱՅՐԵՐԸ

-Ամէն ինչ պատրա՞ստ է. ստուգեցէք, որ բան մը պակաս չըլլայ:

Կը զգուշացնէր մայրս եւ կը յորդորէր շուտ քնանալ, որպէսզի տարուան վերջին տաղաւարին աշխոյժ մասնակցութիւն բերենք:

-Մա՛մ, սկսա՞նք կանուխ քնանալու խրատներուն, արդէն Խաչէն վերջ դպրոցը կը սկսի, ո՛չ արձակուրդ կը մնայ, ո՛չ ալ ուշ քնանալ: Կ՚արթննանք առտու, մա՛մ, այսօր ալ վայելենք ուշ քնանալը,- կը պատասխանէր եղբայրս:

... Եւ հանրակառքին մէջ ուրախ երգերով, հաճոյախօսութիւններով չէինք զգար ժամերուն հոսքը: Մեծ հօրս ատենին բնակած աւանը այսպէս տարին մէյ մը կ՚այցելէինք, կը վազվզէինք վանքին շուրջը, մոմ կը վառէինք մօրս շշնջացած աղօթքին ներքոյ, ուր անունները կը հնչէին ննջեցեալներուն, այս աւանին մէջ հասակ առած մեր ծանօթներուն:

Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքին հայաւանն էր Թել Ապիատը, ուր կայանած էին մեր հայրերը Եղեռնէն ետք եւ հայկական համայնք մը հիմնած իր Ս. Խաչ եկեղեցիով եւ նոյն եկեղեցւոյ մէջ՝ կիրակնօրեայ դպրոցով:

Տասնամեակէ մը ի վեր յիշեալ սրբավայրէն ներս ուխտագնացութիւն տեղի չ՚ունենար, վերաբացուած է վանքը երկար դադարէ ետք, որուն ընթացքին հրկիզուեցաւ, խաչազրկուեցաւ, կողոպտուեցաւ եւ դարձաւ զինեալներու կացարան: Վերաբացուեցաւ այո՛, բայց արդեօք պիտի ունենա՞յ անցեալի հմայքը գալիքին:

-Կարգին հայ էք եղել, հա՛, արաբների գրկում մեծացած:

Արձագանգեց հարեւանս, երբ լսեց Խաչվերացի տօնին առընչուող մեր գործունէութիւնը, որ յիշելով պատմեցի իրեն Հրազդանի Քաղսի գիւղի ուխտագնացութեան մասին պատմածը լսելէն ետք:

Հարեւանս քաղսեցի է եւ յաճախ ընտանեօք կ՚երթան հայրական օճախը շէնցնելու, յատկապէս սեպտեմբեր ամսուան առաջին կիրակին, որ Քաղսիի ուխտագնացութեան օրն է:

-Մենք Քաղսին շատ ենք սիրում, Ան ճան, յաճախ ենք գնում. մենակ տենայիր ինչքան մարդ էր հաւաքուել էնտեղ՝ Լոլոզիկ սարի գլխին. ժայռափոր փոքր մատրան նման մի կառոյց է, ուր գնում ու մոմ ենք վառում: Ո՞նց էին բարձրացել 200 մեթր տիք սարը...:

Պատմեց խանդավառօրէն Քաղսիին եւ Լոլոզիկին մասին:

Կ՚արժէ պարզել այս անուններուն ակունքը: Քաղսի գիւղին անունը, ըստ ոմանց, յառաջացած է տեղի սառնօրակ ու քաղցր ջուրէն: Ոմանք ալ «Աշխարհացոյց»ի քաղս բառի նշանակութեան հետ կ՚առընչեն, որ կը նշանակէ որձ այծ, քոշ, նոխազ (Վ. Ռ. Գրիգորեան, Քաղսի, Երեւան, Լուսակն 2009, էջ 152), քանի որ քաղսեցիները առաւելապէս անասնապահութեամբ կը զբաղին:

Կոտայքի մարզի, Հրազդան քաղաքի գիւղերէն է Քաղսին, որ ունի մօտաւորապէս 3 հազար բնակչութիւն, որոնք, հարեւանիս պէս, արմատները հոն թողած, հեռացածներու ծնողները ըլլալու են: Շատերուն զաւակները արտասահման, յատկապէս Ռուսաստան, գացած են աշխատանքի համար, ոմանք՝ Երեւան փոխադրուած:

Հրազդանի կիրճին մէջ ծուարած այս գողտրիկ գիւղին ուխտագնացութեան օրը կը համընկնի սեպտեմբերի առաջին կիրակի օրուան, երբ գիւղի բնակչութիւնը մատաղներով կը բարձրանայ Լոլոզիկ սարը, որ նաեւ Թրասար կը կոչուի իր սրածայր գագաթին պատճառով:

Քաղսին հարուստ է Ն. Ք. երրորդ հազարամեակի դամբարաններով, 17-19-րդ դարու խաչքարերով: Ունի «Թուխ մանուկ» մատուռը եւ 1855-ի եկեղեցւոյ հիմքին վրայ կառուցուած Ս. Աստուածածին եկեղեցին:

«Թուխ մանուկ» անունին մասին Գարեգին Եպսկ. Սրուանցտեանց կը գրէ՝ «Հայաստանի մէջ հազիւ գրեթէ կը գտնուի գեղ մը, որ «Թուխ մանուկ» չունենայ, թէեւ քաղաքներու մէջ ալ կը գտնուին», մինչ Աճառեանը մի քանի հեղինակներու կարծիքները նկատի ունենալով «Թուխ մանուկ»ները կը համարէ միջնադարեան երեւոյթ եւ կը գրէ՝ «Բարբառներուն մէջ «Թուխ մանուկ» կը նշանակէ նոր յայտնուած կամ անանուն սուրբի գերեզման, որուն վրայ փոքր տնակ մը կը կառուցեն իբրեւ ուխտավայր»: Սրուանցտեանց կը մեկնէ նաեւ, որ «Թուխ մանուկ»ները պաշտած են նաեւ թուրքերը եւ ըստ ժողովուրդին, ան քուրտի զաւակ եղած է եւ քրիստոնեայ դառնալով նահատակուած եւ սուրբ դարձած»:

Հայերը բացի վանական ուխտավայրերէն ունին նաեւ երկրորդական ուխտավայրեր, ուր մոմ ու խունկ կը վառեն, ինչպէս ջերմախտի ջուրեր, ուր ջերմողները կը լողան, ծառեր, որոնց ոստերուն հանդերձի կտրուած կտորներ կը կապեն կամ գլուխէն կտրուած մազի փունջեր: Այս բոլորը «Թուխ մանուկ» կը կոչուին:

Վանի մէջ, օրինակ, յատուկ ջրհոր մը կար, որ կը գտնուէր Ս. Նշան եկեղեցւոյ մատուռին ներսը եւ «Թուխ մանուկ» կը կոչուէր:

Հինէն եկած թելի մը շարունակութիւնը նկատելի է, նաեւ հաւատքի դրսեւորման տարբեր եղանակներով տիեզերքի բարիքներուն մեծարումը:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020