ԲԱՐԻ ՈՂՋԵՐԹ

Կեանքի հոլովոյթին մէջ կը մշակուին ծանօթութիւններ, որոնք մշտանորոգ դրոշմ կը թողուն մեր յիշողութեան պաստառին վրայ:

Երբեմն բախտաւորութիւնը կը վիճակուի ջերմ բարեկամութիւններու հաստատ կամուրջներ հաստատել անձնաւորութիւններու հետ, որոնք ճշմարիտ մարմնաւորումը կը պատկերացնեն գլխագիր մարդու:

Մեսրոպ Վարդապետ Պարսամեան մէկն է անոնցմէ:

Վերջերս Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին տեսուչ նշանակած է Տ. Մեսրոպ Վարդապետ Պարսամեանը:

Հակառակ իր յարաբերաբար երիտասարդ տարիքին, Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը ամբարած է հարուստ փորձառութիւն սփիւռքահայ կեանքի ընդարձակ շրջագիծէն ներս, ծա-ռայած ըլլալով տարբեր գաղութներու մէջ:

Պրիւքսելէն Ժընեւ, Նիս, Փարիզ, Սենթ Լուիզ (Միացեալ Նահանգներ) եւ վերջերս ալ ստանձնած էր լուսարարապետի պաշտօնը Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի Ս. Վարդան Մայր տաճարին:

Պաշտօնավարութեան այս շրջանին ան մօտէն ծանօթացած է հայկական տարբեր միջավայրերու եւ արժէքներու, առանց սակայն ամենադոյզն կերպով կորսնցուցած ըլլալու իր լաւատեսութիւնն ու կորովը:

Մեսրոպ Վարդապետ դրական ներդրում ունեցած է հոն, ուր առաքուած է եկեղեցաշէն գործով, միշտ թիրախ ունենալով հայածին երիտասարդութիւնը: Հակառակ ծառացող դժուարութիւններու՝ օտար շրջապատի մէջ հասակ առնող երիտասարդ հայերը ներշնչելու հայու հոգիով, ան երբեք ընկրկած չէ: Իր աշխատանքը եղած է բեղուն եւ արդիւնաշատ: Արդարեւ իր պաշտօնավարութեան աւարտին, ամէնուրեք ան իր ետին թողած է բարի համբաւ: Աւելի՛ն, Մեսրոպ Վարդապետ երբեք չէ վարակուած օտարամոլ մթնոլորտէն: Մնացած է հաւատարիմ իր ուխտին՝ ծառայելու մեր եկեղեցւոյ գերագոյն կեդրոնին, Սուրբ Էջմիածնին, հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ մայր հայրենիք Հայաստանի յաւերժութեան:

Լուսաժպիտ, վարակիչ հաղորդականութեամբ եւ հրապուրիչ խառնուածքով, հեզահամբոյր հաւատքի այս մարդը, հոն է, ուր գտնուած է Հայ Եկեղեցին:

Բանիմաց եւ մշակուած մտքի տէր, Մեսրոպ Վարդապետ եղած է անզիջող՝ պահելով եւ պաշտպանելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բացարձակ, աներկբայ գերակայութիւնը: Անխոնջ ընթերցող եւ քաջածանօթ արեւելահայ եւ արեւմտահայ հայ գրականութեան, ան անդուլ աշխատած է սիրեցնելու հայ գիրքը իր գործած շրջապատէն ներս: Քաջածանօթ Հայ Եկեղեցւոյ ծիսականութեան եւ դարաւոր աւանդութեանց, տիպար եւ անբասիր այս հոգեւորականը լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մէկը կը հանդիսանայ իր սերունդին:

Աշխատունակ եւ ուսումնատենչ, Նիւ Եորք իր պաշտօնավարութեան յարաբերաբար հակիրճ միջոցին, հակառակ իր բազմազբաղ առօրեային, Մեսրոպ Վարդապետ ընդունուած էր Fordham համալսարանէն. Իբրեւ PHD-ի թեկնածու: Ան միշտ հետամուտ եղած է գերազանցելու ինքզինք եւ յարատեւօրէն յառաջդիմելու:

Աւարտած է Սուրբ Էջմիածնի ճեմարանը «գերազանց» որակումով: 2004-2007 թուականներուն, երբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը առաքած էր զինք Սթրազպուրկ իբրեւ Էջմիածնի ներկայացուցիչ, ան ժամանակ գտած էր հետեւելու Մարք Պլոք պետական համալսարանի Կաթոլիկ աստ-ւածաբանութեան հիմնարկի դասընթացքներուն եւ 2007 թուականին արժանացած մագիստրոսի տիտղոսին: Իսկ 2005 թուականին մասնակցած է Իրլանտայի մայրաքաղաքը՝ Տապլինի մէջ Միջազգային կրթական կեդրոնի կողմէ կազմուած անգլերէն լեզուի եւ մշակոյթի դասընթացքներուն:

Հեռու յաւակնոտութիւնէ եւ փառասիրութենէ, Մեսրոպ Վարդապետ կ՚ընդգրկէ իրեն վստահուած այս յոյժ կենսական առաքելութիւնը գլուխ հանելու անսայթաք վճռակամութեամբ: Յիրաւի ճեմարանին շարքերէն պիտի գան վաղուան մեր հոգեւորականները եւ Հայր Սուրբը լաւագոյն գրաւականն է այս գործին յաջողութեան, որովհետեւ ինք մօտէն իրազեկ է նոր հոգեւորականները պատրաստելու աշխատանքին բոլոր ծալքերուն: Վեհափառ Հայրապետը վստահած է ճեմարանի տեսուչի պաշտօնը Մեսրոպ Վարդապետին, քաջ գիտնալով, թէ ինչ առաքելու-ը պիս Էվեաբան այս առաւօտ Մայր եկեղեցւոյ մէջ ջանէն երու էջ։ տմիջօրէին նորընտիր պատրիարքին համար «Հրաշափառ»ի արարողութիւն տեղի կ՚թիւն, որ վստահած էր Հայր Սուրբին, ան փայլուն յաջողութեամբ իրականացուցած է: Արդարեւ, երբ Վեհափառ Հայրապետը 2004 թուականին զինք առաքած էր արտասահման եւ յաջորդող տասնհինգ տարիներուն, Մեսրոպ Վարդապետ իրեն վստահուած բոլոր պաշտօնները կատարած է բծախնդրութեամբ, վեր պահելով Սուրբ Էջմիածնի վարկն ու պատիւը եւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի վստահութիւնը իրեն նկատմամբ:

Գէորգեան ճեմարանի տեսուչի պաշտօնը նոր մարտահրաւէր մը կը ներկայացնէ Մեսրոպ Վարդապետին:

Ներկայիս Գէորգեան ճեմարանի զուգահեռ կան նաեւ երկու այլ ուսումնական կեդրոններ, ուր կը պատրաստուին անի ուսում եւ ապա Սեւանի ճեմարանին մէջ կը շարունակեն իրենց քոլէճական ուսումը: Վերջին ուսումնական հանգրուանը Գէորգեան ճեմարանն է, որուն շրջանաւարտները պատրաստուած կ՚ըլլան յանձն առնելու իրենց վստահուած յանձնարարութիւնները: Ներկայիս, ընդամէնը 170 ուսանողներ կ՚ուսանին այս երեք կեդրոններուն մէջ: Կ՚արժէ յիշել, թէ Գէորգեան ճեմարանը այսօր Հայաստանի տարածքին վրայ գործող ամենահին կրթական հաստատութիւնն է հիմնուած ըլլալով 1874 թուականին:

Նկատի ունենալով հայ բնակչութեան յարաճուն աճը, հեռանկարներ կան Ռուսաստանի Սեն Փեթերսպուրկի մէջ նաեւ հաստատել հոգեւոր ճեմարան մը:

Մեսրոպ Վարդապետ միշտ սիրայօժար եւ անայլայլ կերպով ստանձնած է իրեն սահմանուած ամէն պատասխանատուութիւն:

Նիւ Եորք իր միամեայ պաշտօնավարութեան ընթացքին, Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը առիթը ունեցաւ ծանօթանալու գաղութին, հայկական կեանքէն ներս տիրող դրական եւ ժխտական երեւոյթներուն: Անշուշտ ինչպէս տարբեր հայկական համայնքներէ ներս, ուր Հայր Սուրբը եկեղեցաշէն գործունէութիւն ծաւալած էր, անկասկած մեր գաղութն ալ պիտի վայելէր արգասիքը իր գործունէութեան:

Մեր գաղութին կորուստը Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին շահը դարձաւ:

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2019