ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ը.

ԴԱՏԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Դարձեալ եւ ուրիշ կերպով կը մեկնաբանուի խօսքը. «Ես Ինծի համար փառք չեմ փնտռեր», այսինքն՝ հիմա չե՛մ ուզեր բարձրանալ, որովհետեւ չարչարնքներէն առաջ անարգութիւն կը փնտռէր եւ ո՛չ՝ բարձրութիւն:

Խօսք. «Կա՛յ մէկը, որ կը փնտռէ, եւ Անիկա՛ է Դատաւորը» (տե՛ս Յհ 8.50):

Մեկնութիւն. Քանի որ Աստուած ուզեց պատշաճ ժամանակին բարձրացնել զԻնք Խաչով, ինչպէս Պօղոս Փիլլիպեցիներուն ուղղած նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Աստուած զայն շատ բարձրացուց եւ Անոր բոլոր անուններէն վեր անուն մը տուաւ» (տե՛ս Փլպ 2.9), իսկ Ինք կ՚ըսէր. «Փառաւորեցի եւ դարձեալ պիտի փառաւորեմ» (Յհ 12.28): Դարձեալ՝ Հայր Աստուածը դատեց զանոնք, որոնք զՔրիստոս ատեցին ու վրէժխնդիր եղան՝ քաղաքին ու տաճարին աւերումով: Եւ դարձեալ՝ վախճանին ալ պիտի դատէ զանոնք, ինչպէս Մեկնիչդ [Նանան] կ՚ըսէ:

Հարցում. այստեղ ինչպէ՞ս կ՚ըսէ, թէ Հայրը կը դատէ, քանի որ Ինք այս Աւետարանին մէջ ըսաւ, թէ՝ «Հայրը ոեւէ մէկը չի դատեր, այլ դատելու իշխանութիւնը ամբողջութեամբ յանձնած է Որդիին» (Յհ 5.22):

Պատասխան. Վարդապետները այսպէս կը մեկնեն. նախ՝ թէ դատաստանի կրկնակի իրողութիւն է, այսինքն՝ բաժանում եւ դատապարտութիւն, այնտեղ դատապարտութեան դատաստանին մասին կ՚ըսէ, որ յայտնապէս միայն Որդիին է, իսկ այստեղ՝ բաժանումի դատաստանին մասին, իբրեւ թէ ըսել. «Է, որ փառքը ձեր փառքէն կը բաժնէ ու կը զանազանէ, քանի որ դուք ըստ այս աշխարհին սնափառ էք, իսկ Ես՝ այդպէս չեմ»: Երկրորդ՝ կրնանք ըսել, թէ միայն Որդին արտաքին եւ զգալի երեւումով պիտի դատէ, սակայն Հօր ծածուկ իշխանութեամբ եւ հրամանով:

Իսկ թէ դատաստան ընելն ու դատելը Հօր կը յատկանայ, երեք պատճառով. նախ՝ որովհետեւ ծննդեամբ սկիզբն է Որդիին, այդ պատճառով Որդին Անկէ ունի դատելու իշխանութիւնը: Երկրորդ՝ Հօր Քրիստոսի մարդկութեան վրայ ունեցած մեծութեան ու վերակացութեան մասին: Երրորդ պատճառ՝ որպէսզի Քրիստոս վրէժխնդիր չերեւի, այդ պատճառով Հայրը կը դատէ զանոնք:

Իսկ երբ ցոյց տրուեցաւ, թէ Քրիստոս աշխարհի Լոյսն է, եւ ցոյց տրուեցաւ, թէ Անոր հետեւողները խաւարին մէջ չեն պտտիր, հիմա կը ցուցնէ, թէ Անոր հետեւողները կեանքի Լոյսը ունին:

ԿԵՆԱՑ ԲԱՆԻՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Լաւ գիտցէք [ամէն, ամէն ասեմ ձեզ]» (Յհ 8.51):

Մեկնութիւն. «Ամէն»ը եբրայերէն է, «հաւատարիմ» եւ «հաստատ» կը թարգմանուի, եւ կրկին անգամ ըսելը խօսքի ստուգութեան համար է:

Խօսք. «Ով որ Իմ խօսքերս գործադրէ՝ պիտի չմեռնի» (Յհ 8.51):

Մեկնութիւն. Նախ՝ որ հաւատքով ու սուրբ գործով կը պահեն, ինչպէս Դաւիթը կ՚ըսէ. «Սիրտիս ներսիդին պահեցի խօսքերդ» (Սղ 118.11), եւ այլն: Երկրորդ՝ քանի որ Աստուծոյ Բանը սերմն է. ինչպէս միւս աւետարանիչները կ՚ըսեն. «Ով որ կը սերմանէ, խօսքն է որ կը սերմանէ» (տե՛ս Մր 4.14), որովհետեւ յաւիտենական կեանքը Աստուծոյ Բանին մէջ է, ինչպէս որ սերմը զօրութեամբ պտուղին մէջ է, այդպէս ալ, ով որ Աստուծոյ խօսքը կը պահէ, երանութեան կեանքին կը հասնի, ինչպէս կ՚ըսէ. «Յաւիտեան պիտի չմեռնի» (Յհ 8.51): Ասով յայտնի է, թէ Քրիստոսի հետեւողները կեանքի Լոյսը ունին, ու այս է երրորդ խօսքը, որ կը ցուցնէ, թէ Քրիստոս յաւիտենական է, ինչպէս կ՚ըսէ. «Ով որ Իմ խօսքերս գործադրէ՝ յաւիտեան պիտի չմեռնի» (Յհ 8.51):

Դարձեալ՝ Քրիստոս ասիկա երեք պատճառով ըսաւ. նախ՝ կը ցուցնէ, թէ անոնց նկատմամբ վրէժխնդրութիւն չէր ուզեր, այլ՝ անոնց փրկութիւնը կ՚ուզէր, այդ պատճառով կ՚ըսէ. «Ով որ Իմ խօսքերս գործադրէ՝ պիտի չմեռնի»: Երկրորդ՝ ցոյց կու տայ, թէ Իր վարդապետութիւնը դիւական չէ, քանի որ սատանային գործը մահէն փրկել չէր, այլ՝ մահուն բերել [հասցնել]: Երրորդ՝ կը ցուցնէ, թէ Հայրը կը սիրէ Քրիստոսի փառքը ու Անոր հետեւղներունը դատաստանի ժամանակ:

Խօսք. «Հրեաները ըսին.

-Հիմա գիտցանք, որ դեւ կայ մէջդ» (Յհ 8.52):

Մեկնութիւն. Որպէս թէ ըսել. «Նախ՝ միայն կարծեօք, թէ դեւ կայ մէջդ, հիմա՝ յայտնի եւ ստոյգ կերպով գիտենք», նախ՝ որովհետեւ Աստուծոյ մէջ սուտ երբեք չի գտնուիր, այլ՝ սատանային մէջ, իսկ Քու խօսքերդ սուտ են: Երկրորդ՝ քանի որ սնափառութիւնը սատանային [յատուկ] է, ինչպէս խօսքերուդ մէջ կ՚երեւի:

Խօսք. «Աբրահամ մեռաւ, մեռան նաեւ մարգարէները» (Յհ 8.52):

Մեկնութիւն. Թէեւ անոնք Աստուծոյ խօսքը պահեցին [գործադրեցին], որ աւելի զօրաւոր է, քան Քու խօսքդ, եւ Դուն իսկ կ՚ըսես.

Խօսք. «Ով որ Իմ խօսքերս գործադրէ՝ մահ պիտի չճաշակէ» (Յհ 8.52):

Մեկնութիւն. Յայտնի է, թէ խաբուեցան քանի որ Քրիստոս մահուան անուանակցութենէն խօսեցաւ հոգեւոր մահուան մասին, իսկ անոնք մարմնաւոր մահուան մասին խօսեցան, այդ պատճառով ծաղրելով զՔրիստոս, երկու բան կը խնդրեն Անկէ.

Առաջին. Մի՞թէ Դուն աւելի մեծ մէկն ես, քան մեր Հայրը՝ Աբրահամը, որ մեռաւ, ինչպէս նաեւ մարգարէներն ալ [մեռան]:

Մեկնութիւն. Իբրեւ թէ անոնցմէ մեծ չես:

Երկրորդ. Արդարեւ, Դուն Քեզ ո՞վ կը կարծես:

Մեկնութիւն. Իբրեւ թէ ըսել յայտնի է, թէ ստութեամբ Դուն Քեզ կը գովես:

Խօսք. «Յիսուս պատասխանեց» (Յհ 8.54):

Մեկնութիւն. Քրիստոս նախ երկրորդին կը պատասխանէ, իսկ երկրորդով՝ առաջինին: Այնտեղ, ուր կ՚ըսէ. «Աբրահամ՝ ձեր հայրը, ցանկաց աշխարհ գալս տեսնել» (Յհ 8.56), իսկ առաջինին համար գիտելի է, որ զԻնք փառասէր կը համարէին, այդ պատճառով Քրիստոս այս մէկը կը վերացնէ:

Խօսք. «Եթէ Ես Ինքզինքս փառաւորեմ՝ այդ փառքը ոչինչ կ՚արժէ» (Յհ 8.54):

Մեկնութիւն. նախ՝ ըստ հրեաներու կարծիքին կ՚ըսէ, որոնք ո՛չ կը հաւատային եւ ո՛չ ալ կը փառաւորէին: Երկրորդ՝ եթէ մարմնական փառք կը փնտռեմ, ոչինչ կ՚արժէ, այսինքն՝ սուտ, որովհետեւ ինչպէս որ էակն ու ճշմարիտը կը հակադարձեն զիրար, այդպէս ալ ոչինչն ու սուտը: Իսկ Քրիստոսի փառքը սուտ չէր, որովհետեւ Հօր Աստուծմէ էր, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Ան որ զիս կը փառաւորէ՝ Իմ Հայրս է» (Յհ 8.54):

Մեկնութիւն. Հայրը փառաւորեց զՔրիստոս. նախ՝ սքանչելագործութեամբ, երկրորդ՝ յարութեամբ, երրորդ՝ համբարձումով, չորրորդ՝ դատաստանի ժամանակ: Իսկ Քրիստոսի Հայրը հրեաները չէին փառաւորեր եթէ ոչ՝ միայն խօսքով, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Անոր որուն համար մեր Աստուածն է կ՚ըսէք, բայց չէք ճանչնար զԻնք» (տե՛ս Յհ 8.54):

Մեկնութիւն. Հրեաները Աստուծոյ համար կ՚ըսէին, թէ իրենց Հայրն է, եւ ստախօս են. նախ՝ քանի որ կատարեալ եւ կենդանի հաւատքով չեն ճանչնար զԻնք, որով որդեգրութիւն կ՚ըլլայ: Երկրորդ՝ գործով ալ չէին ճանչնար:

Խօսք. «Բայց Ես կը ճանչնամ զԻնք» (Յհ 8.55):

Մեկնութիւն. Որովհետեւ Քրիստոս բնութեամբ Աստուծոյ Որդի էր, այդ պատճառով ալ նոյն գիտութիւնը ունէր Հօր հետ, ասիկա ըստ բոլորին, իսկ ըստ մասնաւորին, քանի որ Աստուածութեամբ միշտ Հօր հետ էր, իսկ մարդկութեամբ՝ յղացման սկիզբէն ունէր գիտութիւնը՝ միացած Բանով:

Խօսք. «Ձեզի նման ստախօս մը պիտի ըլլամ» (Յհ 8.55):

Մեկնութիւն. նախ՝ հրեաները ստախօս էին, որովհետեւ կ՚ըսէին, թէ զԱստուած գիտենք [կը ճանչնանք], սակայն Որուն չէին գիտեր, նոյնպէս Քրիստոս ստախօս կ՚ըլլար եթէ ըսէր՝ թէ զԱստուած չեմ գիտեր, Որուն գիտէր: Երկրորդ՝ անոնք ստախօս էին, որ կ՚ըսէին թէ Աստուած իրենց Հայրն է, իսկ Ան ստախօս կ՚ըլլար, եթէ չըսէր, թէ Աստուած Իր Հայրն է:

Խօսք. «Կը գործադրեմ Իր խօսքերը» (Յհ 8.55):

Մեկնութիւն. Քրիստոս ասիկա կ՚ըսէր, որովհետեւ ճշմարիտ գիտութիւնը հաւատքով ցոյց կը տրուի, որովհետեւ բոլոր չար գործերը տգիտութեան պատճառով կ՚ըլլան, ինչպէս կ՚ըսէ Արիստոտէլը, թէ իւրաքանչիւր չար տգէտ է:

Իսկ հիմա առաջին հարցումին կը պատասխանէ, թէ՝ Աբրահամէ՞ն ալ մեծ ես: Կ՚ըսէ՝ այո՛, մեծ եմ, այդ պատճառով կ՚ըսէ։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 85

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2021